Read the book: «Թորոս Լեւոնի»

Font::

ԳԼՈՒԽ Ա ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼԻՍ 1145-ԻՆ

Բոլորովին տարբեր քաղաք մ՚էր 1142 Քրիստոսի թուականին Կոստանդնուպոլիս քաղաքը, որ, այսօր Ստամբոլ կ'անուանի. ամէն պատմիչք եւ ճանապարհորդք սքանչանալով կը պատմեն անոր հրաշնլիքը, ար թէ Եւրոպիոյ ժողովրդոց եւ թէ Ասիոյ արաբացվրց զարմանքը կը շարժէր: Հիմկու Նուրի Օսմանիէին տեղը` համբաւաւոր հռոմէական Ֆորում ըսուած կրկէսն էր, ընդարձակ ձուաձեւ տարածութեամբ, փառաւոր կամարակապ դահլիճներէ եւ արձաններէ շրջապատեալ, եւ մտից համար երկու յաղթական կամարքը կը յաջորդէին, 120 ոտք վերամբարձ տորիկեան սիւն մը Փիդիասի ձեռագործ պղնձէ Ապոլոնի արձան մը կը կրէր, որու գլուխը արեւու ճաոագայթներ կը ցոլային` գաւազան եւ գունդ ի ձեռին: Պուքոլէոնեան արքունիքը, որ հազար տարի կայսերաց բնակարանն եղաւ, իր փառաւորութեամբ, ընդարձակութեամբ եւ ամրակառոյց հաստատութեամբ` գէր ի վերոյ էր, քան զկապիտոլէոն, քան զպերկամայի արքունիքը, Ադրիանոսի Կ'իզիքի տաճարը, եգիպտական բուրգերը եւ փարոսը: Երեք գմբէթք անոր գլուխը կը պսակէին եւ պղնձէ ոսկեզօծ երդիկը իտալացի մարմար սիւներ կը վերցնէին. իր ահագին պարտեղները աստիճանաբար Պրոպոնդիտի ծովեզրը կ'իջնէին, հինգ եկեղեցի իր մէջ կը պարփակէր. փռիւգացի կը ճեայ սիւներով կամարակապ եւ ամբաւ սենեակներն ու սրահները մոզաիկներով, արձաններով, պատկերներով, որ աեսնողաց զարմանք կը պատճառէին: Արեւելեան պերճանք եւ արեւմտեան ճաշակ միացեր էին զարդարելու համար աս քաղաքը, օտարականը ապուշ կը մնար, երբ ամէն անկեան գլուխ` հոս ոսկեղէն դուռ, հոն մարմարիոնէ մարդկանց եւ կենդանեաց արձաններ, անդին պղնձէ փիղեր կը տեսնէր: Եւ գարնան ժամանակ բնութեան գեղեցկութեան չափ չի կար. այդ գեղեցիկ ծովը ցամաք կը շրջապատէր իր հսկայ ծառերով, իր հարուստ բոյսերով, իր համով պտուղներով, իր գեղեցիկ առուակներով, սոխակներու երգերով, եւ Կ'ոստանդնի քաղաքը կանգուն իր բարձր պարիսպներով, որու ամրութիւնն էին երեք հարիւր ութսունվեց աշտարակք, վեհ կ'երէար քան զամեն մայրաքաղաք, դիրքով, օդով եւ իշխանութեամբ. եւ մոռցնել կուտաբ Հռոմ, Երուսաղէմ եւ Բաբելոն:

Ժողովուրդը` ինչպէս բոլոր մեծ քաղաքներու մէջ` ամէն վիճակի մարզիկներով լեցուն, ամէն տեսակ կերպարանքներու եւ հագուստներու զանազանութիւն կ'ընծայէր աչաց. իսկ այն պալատին եւ կրկիսուն շրջակայքը, իշխանաւորաց գահաւորակները, ասպետաք ձեւերուն խրոխտութիւնը, զինուորաց արհամարհոտ գոռոզութիւնը, հասարակ ժողովրդեան զբաղման երթեւեկը դիտող աչքերու զբօսանք մ՚էր: Բայց այս ժողովրդեան բարոյական եւ ներքին վիճակը արտաքին տեսքին տարբեր կերպով կը պատասխանէր. մէկ մասը քաղքին աղտոտ, զազիր, մշտնջենաւոր մութի դատապարտեալ, վասնզի հարուստները` տուներով կը նտղցնէին ճամփաները եւ աղքատներուն խաւար եւ աղտեղութիւն կը թողուին: Նեղ ճամփաներուն մէջ գողերն ու մարդասպանք կը վխտային, եւ ամէն չարագործութիւն կը դիւրանար խաւարին մէջ: Արդարութիւն չի կար ամենեւին եւ ոչ ամօթ, վասնզի անզգամութիւնը օրէնքն երէ չէր պատժուէր եւ ոչ ալ հեղինակը կը նշմարուէր:

Այս վիճակին մէջ անշարժ բան մը թէ կար, որ փոփոխութիւն չէ կրած տարիներէ ի վեր, ծովն էր օձապտոյտ շրջաններով, որ Վոսփորէ ի վար, նոյնպէս անփոփոխ կը տարածուէր իր փայլփլուն եւ գեղեցիկ ալիքներով եւ երկինքը իր անջինջ պայծառութեամբ: Եւ աս ծովուն վրայ, ինչպէս այսօր, նաւերը, նաւակները կը վխտային, նաւաստիներուն աղաղակը, խուժանին շարժմունքն ու ժխորը ամէն բան կը կեն դանաըներ, ձայները` փոխանակ թրքերեն լինելու` յունարէն էր, շարժմունքը աւելի եռանդուն էր եւ ասիական ծանրութեան տիպն քիչ ունէր:

Վեցաթի նաւակ մը Իշխանի կղզիներ են կ'իջնէր ան միջոցին, ճղքեւռվ ջուրը ուժգնութեամբ եւ կը մերձենար արքունեաց ծովեզրին, որ դէպի Պրոպոնտոս կը խոնարհէր: Պաղատական պաշտօնեայ մը` նաւուն մէջ ղեկին քով նստած էր, քովը երիտասարդ մը, որ գրեթէ չէր խոսէր, եւ հազիւ միավանկերով քովը շարունակ խօսող պաշտօնատարին երբեմն կը պատասխանէր. ճերմակ բեհեզեայ նիւթ մը գլուխը փաթթած, լայն եւ բարակ մոխրագոյն վերարկու մը վրան, ասուէ բանուած բաճկոն մը հազիւ կ'երեւէր, որ իր անդրաւարտեաց վրայ կ'իջնէի, ոտքերը` կօշիկներ եւ վրան ամենեւին զէնք չի կար. կը նայէր, կը լսէր, կը տեսնէր, բայց իր սուր եւ խոր ու սեւ աչքերն իր երկայն արտեւանունքն երէն ծածեյալ, երբ դիմացինին երեսը կը նայէին, այն ժամանակ միայն պարզութեան եւ միամտութեան քօղ մը կառնուին. եւ իր միտքը բոլորովին հեռու էր:

Կարելի չէր սուր աչքի մը իր կորովի ձեւը չի նկատել, թէպէտ ինք թոյլ եւ անհոգ կերպ մը առնուլ կը ձեւանար. եւ աչքերը, որ մարած էին ընդհանրապէս յանկարծ ի մոռացութեան փայլակնէր կ'արձակէին, իր դեռաբոյս ընչացքն եւ գանգուր մօրուքը մասամբ իր ծնօտը կը ծածկէին, մազերը գլուխը կը պսակէին. եւ այդ զօրաւոր ու շղուտ կազմուածքը հազիւ քսան-քսաներկու տարու զինք կարծել կ'ուտար տեսողաց. միայն երկու հոնից մէջ խորհրդածութեան ուղիղ գիծը կրնար մատնել թէ այս պարզութեան տակ խորին խորհուրդներ կը ծածկուէին:

Նաւակը ծովեզրը գտաւ, եւ պաշտօնատարին զինուորներն ու ծառաները դուրս թափուեցան օգնելու իրենց տիրոջը, որ իշխանական ծանրութեամբ քայուերն կառնուր. իսկ մեր երիտասարդը առանց քերանը բանալու, տարէց գրեթէ հիսնամեայ` մարդու մը ձեռք տուաւ եւ ելաւ, եւ իբրու թէ աչքերը գոց` կը հետեւեր պաշտօնատարին, որ երբեմն ետին դառնալով իրեն աչք մը ձգելով պարտէզներու, ծաղիկներու, արուեստական վտակներու, կամուրջներու եւ արձաններու մէջեն կը շարունակէր իր ճամփան մինչեւ հասան փառաւոր դռան մը առջեւ, ուր շքեղազարդ սպասաւորաց եւ թիկնապահաց խումբ մը կ'իմացնէր ինքնակալին ներկայութիւնը. հոն պաշտօնատարը առաջ անցնելով` նուաստ խոնարհութեամբ ողջունելով գոռոզ երիտասարդ մը, որ անձնապահապետի պաշտօնը ունել կ'երեւար, անոր ցոյց տուաւ պատանին եւ կամաց ձայնով մը` «Ահա ապստամբ հայուն որդին, զօր ըստ բարձր հրամանի բերի», ըսաւ: Երիտասարդ անձնապահապետը, որ կոմսի տիտղոսն ունէր, ամենայն ամբարհաւաճութեամբ «Սպասեցէ՛ք» պատասխանեց եւ գլուխը անդին դարձուց: Իսկ ապստամբին որդին բառի մը, շարժմունքի մը, վատութեան մը, ամբարտաւանութեան մը եւ ոչ փոքրիկ մասնիկը կորսնցուց, իր ծածկեալ աչքերը ամէն բան կը տեսնէին, եւ իր անտարբերութիւնը ամէն բան կը լսէր: Եւ որ զարմանալին է, այդ ամբարհաւաճ արհամարհանաց, այդ երիտասարդին յունական աիտղոսին ներքեւ հայ մը նշմարելով նաեւ` անդրդուելի կերպարանքը հաստատ պահեց: Վասնզի սրտին անթափանց խորերուն մէջ իւր արհամարհանքը կայսերական պալատին գմբէթն երէն ալ աւելի բարձր էին. վասնզի արդէն որոշած էր իր նշանավճիռը` – Համբերութիւն անխռով: Ուստի նոյնպէս մարած աչքերու քօղով կը դիտէր այդ թիկնապահաց զինուորական խումբը, որ 3500 հոգի էին ի հայոց մեծաւ մասամբ կազմեալ` ոսկի եւ արծաթ զէնքերով պերճացեալ: Ամէն վայրկեան շարունակ կը հասնէին երեւելիք, յարգապատիւք, ամենապայծառք եւ ամենակատարալք, նաեւ ամենաազնուականք` անդամք կայսերական ընտանեաց: Իսկ ծերակուտական ծերոց, հիւպատոսներ ու, ներքինապետներու, պատրիկներու, սեբաստոսներու, զօրավարներու, կիւրապալատներու, գանձապետներու, մետրապոլիտներու եւ ուրիշ բարձրաստիճան կղերականաց եւ իշխանազուն տիկնանց եւ օրիորդաց անբաւ շարժմունքը, անոնց ճոխ պերճանքն, ուր ոսկեթել կերպասներ, ծիրանիներ, ակունք եւ մարգրիտք աչքերը կը շլացնէին` աննկարագրելի էր, ինչպէս իւրաքանչիւր իրարու հանդիպած վայրկենին սիրոյ, բարեկամութեան, քաղաքավարութեան ցոյցերը, որ աստուած միայն գիտէր թէ ինչչափ ատելութիւն, ինչչափ նախանձ, ինչչափ հեռու կը ծածկէին ըստ մեծի մասին: Եւ Ապստամբին որդին այս ամէն կը գիտէր` եւ կը խորհրդածէր իր միամիտ կերպարանաց տակ, մինչ մեծ շարժմունք մը բոլոր պալատականք կը դղրդէր իմացնելով թէ կայսերական ներքին սենեակները բացուեցան: Նոյն վայրկենին զինուորական հագուստներու պարզութեամբ մարդ մը կորովի եւ քաջակառոյց կազմուածքով, դիտող աչք մը յանկարծ նետեց մեր պատանուոյն, եւ դէպ իրեն ուղղելով քայլուածքը` հեգնող ամբարտաւանութեամբ վերեն վար զննելով «Կերդնում, – ըսաւ, – որ ապստամբ Լեւոնին տղան ես դու». եւ առանց պատասխանին սպասելու` «Հայրդ նախ երբեմն Կիլիկիա ճանչցայ, եղբայրդ հոս ճանչյցայ», եւ քանի մը ներկայից դառնալով արհամարհանոք մը աւելցուց. «Առիւծներն ալ իրենց վիժածը ունին»: Եւ իր երկայն սուրին շառաչիւնովը հեռացաւ, եւ ամէն սէթնեթեալ պալատականք խորշելով ճամփայ կ'ուտային իրեն, մինչեւ անհետացաւ:

Ծերը, որ իր երիտասարդ տիրող քով կեցէր, յարգանօք եւ արձանի պէս մինչեւ նոյն վայրկեան կենաց նշան ամենեւին չէր տուած, աս վերջի նախատանաց ձայնեն յանկարծ ցնցուելով մը անոր աչքերը դարձուց, որ անշարժ, իբր անզգայ, հանդարտ ձայնով մը «Ի՞նչ է, Բաբկէն», հարցուց:

– Լսեցի՞ր, տէր, աս մարդուն հայհոյութիւնը:

– Լսեցի:

– Գիտե՞ս թէ ով է այն անզգամը:

– Գիտեմ, Անդրոնիկոսն է:

– Ո՛հ, թէ որ ինձի թողուիր…

– Գիտեմ ինչ պիտի զրուցես, գիտեմ թէ ի՜նչ կ'ընէիր, բայց քեզի զրուցէր եմ թէ ես եւ ինձի հետ գտնուողները ոչ կիրք, ոչ բարկութիւն, ոչ զօրութիւն, ոչ ցոյց, ոչ խելք եւ ոչ զգայութիւն պիտի ունենան. ուրեմն պէտք է իմ օրինակիս հետեւիս եւ դու` մինչեւ որ ժամանակը գա: Համբերել եւ լռել, ա՛յս է մեր օրէնքը:

Եւ այս խօսքերը այնպիսի ցուրտ արեամբ եւ անհոգութեամբ եւ կամաց ձայնով զրուցուեցան, եւ Բաբկէն վայրկենին այնպիսի անհոգ ձեւ մը առաւ, որ ոչ ոք կրցաւ նշմարել թէ աս խօսքերը ապագային վրէժխնդրութեան օրէնքը կը պարունակէին:

Եւ ահա արքունի սենեկապետ մը մօտենալով այս մեր խումբին` «Հայ Լեւոնի որդին Թորոս ո՞վ է», հարցուց: Երիտասարդը իբր քունէ արթնցած` «Ես եմ», պատասխանեց: «Եկ ուրեմն, կայսրը քեզ կուզէ», ըսաւ: Երբ գահույից սենեկին առջեւն հասան, պահապանք ըստ սովորութեան Թորոսի վրայ փնտրեցին, որ զէնք չի գտնուի. արարոզապետն իրեն իմացուց թէ ինչ էր երկրպագութեան եւ շարժման ձեւը, եւ իբրեւ թէ կասկածելով լսողին իմացականութեան վրայ կրկնեց ու ներս մտուց:

Արծաթէ պատուանդաններով ոսկեղէն գահույից վրայ նստած էր Մանուէլ Կոմնենոս կայսրը, զօր մեր պատմիչք Կիռ Մանուէլ կ'անուանեն, Կոստանդին Պերպերուժենին որդին էր, որ զլեւոն գերի տարեր էր: Յաղթանդամ եւ կորովի երիտասարդ մ՚էր, պսակն ի գլուխ, գաւազան ի ձեռին` շրջապատ եալ ինչ որ բնութիւնը եւ մարդկային արհեստներն սքանչելիք կրցեր են ստեղծել, չորս կողմը պար առեալ, մեծամեծաց եւ տիկնանց. «Վե՛ր կաց, որդիդ Լեւոնի, – ըսաւ կայսրը, – արեւ եւ ազատութիւն կը շնորհեմ քեզ, տուն եւ ռոճիկ եւ ամէն պիտոյքդ գանձեն պիտի հոգացուին. ջանայ արժանի լինիլ բարութեանցս, եւ երախտագիտութիւնն լինի քու առաքինութիւնդ»: Եւ դառնալով կղերականաց բազմաթիւ խումբին, ուր բարձրաստիճան պատրիարք, մետրապոլիտք եւ եպիսկոպոսք ծանր եւ պատկաոելի շարուած էին` «Իմ կրօնական դիտաւորութիւնքս ալ, սուրբ հարք, ետքը ձեզի կ'իմացնեմ եւ կը փափագիմ, որ այս ազնուական երիտասարդին հոգեկան դաստիարակութեանն ալ խնամք չի մոռնաք»: Խորին խոնարհութեամբ սուրբ հարք պատասխանեցին, իրենց սայրասուր աչքերը հայ երիտասարդին վրայ նետելով:

Կայսերական ընդունելութիւնը վերջացաւ, եւ Թորոս դուրս ելաւ գահույից սենեկեն եւ հազիւ թէ քանի մը քայլ հեռացաւ, փոքրահասակ մարդ մը, որ անձին մեծութիւն տալու համար` կրցածին չափ կանգուն վիզը կ'երկնցնէր, զուարթ երեսով մըիրեն մօտենալով` «Կայսրը ինձի հրամայեց ձեր անձին պիտոյքը խնամոք հոգալ, ուստի հրամայէ, որ երթանք միատեղ ձեր բնակարանը ձեզի ցոյց տալու»: Թորոս անխօս սկսաւ հետեւիլ մարդուն:

Հազիւ թէ քանի մը քայլ մնացեր էր պալատին մեծ դռան, եւ ահա պարզ հագուած մարդ մը մօտեցաւ մեր կարճահասակ կոկոզավիզ պաշտօնատարին եւ կամաց ձայնով մը սկսաւ խօսիլ, եւ քիչ մ՚առաջ անցնելով, մեր կարճուկը կանգ առաւ, եւ բարձրկեկ ձայնով բայց խոնարհաբար` «Խնդրեմ, – ըսաւ, իր բարձր վիզը վար առնելով, – խնդրեմ քիչ մը սա սենեակը մտնենք, որպէսզի իմանամ թէ ի՛նչ է ձեր յանձնարարութիւնը»: Երբ սենեակը մտան մեր չորս անձինքը, Թորոսին նստարան մը հրամցնելով, որու մօտ արձանի պէս կանդնեցաւ Բաբկէն, իրենք բաւական հեռացան, ան ատեն պաշտօնատարը ըսաւ շփոթ ձայնով մը:

– Չեմ կրնար հասկնալ թէ իմ պաշտօնս ի՞նչ պիտի լինի ան ատեն:

– Ձեր պաշտօնը պարզ ձեւ մը պիտի ունենայ եւ շատ հանգիստ. ի՛նչ ռոճիկ, ի՛նչ ծախք որ պիտի ընէք կամ պիտի համարուիք ընելու թէ տան վարձու, թէ սննդեան, թէ զգեստի, թէ ծառայի եւ վերջապէս ամէն բանի համար պարզապէս ծոցերնիդ դնելու նեղութիւնը պիտի քաշէք: Ահա այսչափ եւ աս ալ կարծեմ շատ ծանր եւ անտանելի բեռ մը չի կրնար համարուիլ ոիցէ մարդու համար:

– Իսկ իմ պաշտօնս ի՞նչ պիտի ըլլայ:

– Կ'երեւայ, որ չի կրցայ իմացնել, թէպէտ շատ որոշ զրուցել կարծեցի: Փոխանակ այս ազնուական երիտասարդին խնամոց հոգը ունենալու, ծախքերն ընելու, վերջապէս իր մատակարարը լինելու, ամենեւին բան մը պիտի չընէք, երբ կայսերական թոշակներն կ'ելնենք կ'առնէք ծոցերնիդ կը դնէք, ողորմութիւն կ'ընէք, եկեդեցեաց կ'ուտաք, ի՜նչ կ'ուզէք, կ'ընէք:

– Այդ իմացայ, բայց ես ի՞նչ պիտի լինիմ:

– Տէր էք լինիչ ի՛նչ որ կամիք լինել, ինչո՛վ, որ կ'ուզէք ըզբաղիլ:

– Ի՞նչ զրուցեմ թէ որ հարցնեն այս երիտասարդին համար:

– Ես ձեզ կ'ապահովեմ, որ մէկը բան մը պիտի չի հարցնէ եւ դուք ալ ազատ կ'ըլլաք չի պատասխանելու:

– Բայց թէ որ ետքը խնդիր ըլլա…

– Իմ, այսինքն` ինձի յանձնողաց կողմանէ, եւ սա հայ երիտասարդին կողմանէ ամենեւին խնդիր մը չի կրնար ծագիլ, միայն քեզի կը մնա խոհեմութեամբ վարուիլ քու հաշիւներուդ մէջ եւ չափազանցութեամբ բան ամենեւին չընել, որպէսզի վերջը խոյզ խնդիր լինելով թէ դու քու վաստակդ չի կորսնցնես եւ թէ`… վերջապէս դու չի վնասուիս:

– Հիմա հասկցայ, – ըսաւ մեր բարեկամը խորին յարգանօք եւ զուարթութեամբ, – շատ շնորհակալ եմ, որ ինձի այսպէս տիրութիւնը մը կ'ընէք եւ իմ շահերուս այսպէս կը պատասխանէք, աս ձեր բարեկամութեան չեմ գիտէր թէ ի՜նչ տեսակ շնորհակալութիւն ընեմ:

– Միմիայն մէկ կերպով, այսինքն` լուռ եւ անշշունջ մնալով, ամենեւին եղածին վրայ ուրիշներու հետ չի խօսելով եւ թէ որ կը ներէք ըսել` չի շաղակրատելով. վասնզի տան ատեն կ'իմացուի եւ գանձը ձեզի բան մը գի վճարէր:

– Իրաւունք ունիք. ուրեմն ես երթամ, քանի որ իմ պաշտօնս յայտնի եղաւ:

– Այո՛, բայց միայն սա դռնեն գոնէ մէկտեղ դուրս ելնենք:

– Շատ լաւ, սիրով, – ըսաւ մարդը, եւ քանի մը քայլ առաւ դէպի դուռը, յանկարծ իբրեւ ի քունն արթննալով եւ խելաբրելով դարձաւ ի բարի խրատուին` «Բայց դուք ի՞նչ շահ ունիք, – ըսաւ, – այս գործիս այսպէս լինելուն, որ ինձ այսչափ բարութիւն կ'ուզէք ընել, ա՛յդ կ'ուզեմ իմանար:

– Թէ որ դուք այսչափ շատ հետաքրքրութիւն ընել կ'ուզէք եւ ինձի այնպէս բանէր կը հարցնէք, որոց պատասխանը չեմ գիտէր, ինձի ուրիշ բան չի մնար, այլ միայն քալել երթալ, վասնզի ինչպէս դուք բարձր հրամանաց հնազանդելու պարտաւոր էք, նոյնպէս եւ ես եւ թերեւս աւելի:

Ուստի քիչ մը ատեն կանգ առաւ, եւ դարձեալ մտածն լեն վերջը արթուն պաշտօնատարը հաշիւ մ՚ընելով, որ այն մարդուն խօսքին մտիկ ընելն էր իրեն համար շահաւոր` «Գոնէ, – ըսաւ, – ինձ իմացուցէք, որ ո՞ւր պիտի նստին աս անձինքը, որ երբ ինձ տեղեկութիւն մը հարցնեն, կարէնամ պատասխանել:

– Շատ լաւ, – ըսաւ խօսակիցը, – երթանք մէկտեղ:

ԳԼՈՒԽ Բ ԲՆԱԿԱՐԱՆ ԹԷ ԴԱՐԱՆ

Այսպէս երկու յոյն առջեւեն եւ Թորոս ու իր ծառան ետեւնուն անցան արքունի դռնեն, որ ի կրկէս կը հանէր, նոյնպէս կրկին յաղթական կամարներէն, եւ վերջապէս մտան բուն քաղաքը, ուր բարձր երկայն պատեր, մեծամեծ դռներով պալատներ, եւ երեւեյաց տուներ կը նշանակէին, որոց երբեմն կը յաջորդէին փոքր եւ ցած փայտաշեն տներ, եւ ուր տեղ-տեղ ժողովուրդը կը խռնուէր, ինչպէս ամէն մեծ քաղաքներու սովորական է, եւ դարձեալ ամայի փողոցնէր, մինչեւ հասան պարզ դռան մը առջեւ, որ բարձր քառակուսի պատի մէջտեղ բացուած էր, եւ երբ դուռը զարնուեցաւ, շուտ մը բացուեցաւ, սովորական պարտէզ մը տեսնուեցաւ քանի մը մեծամեծ ծառերով եւ խիտ առ խիտ վարդենիներով զարդարուած, պարտէզին վերջին ծայրը բնակութեան տունն էր. կրկնայարկ տուն` բոլոր պատուհաններն պարտէզի վրայ կը հայէին երեք կողմեն. իսկ ինչ որ ծառայութեան կը վերաբերէր` միայարկ պարտէզին դռան քովի պատերուն տակ շինուած էր:

Դուռը բացողը իր հա գուսան երէն յայտնի` սովորական մաքուր տունի մը ծառայ էր, եւ երբ աս մեր չորս անձինքը ներս կը մտնէին, տարէց կին մը խոհանոցին դռնեն գլուխը դուրս երկնցնելով կը նայէր բնական հետաքրքրութեամբ մը: Դռնեն ներս ոտուընին դրածնուն պէս առաջնորդը դարձաւ ըսաւ կարճուկին.

– Բարեկամ, ահա տունը ճանչեցիք կարծեմ, ունի՞ք ուրիշ փափագ մ՚ալ:

– Ո՛չ, այլ…

– Ուրեմն մեր կողմնակի դաշնադրութիւնը կատարեալ է ըսելով այնպիսի ձեւ մ՚առաւ, որ կ'իմացնէր դիմացինին թէ երկայն խօսելու ժամանակ չի կար. ուստի նա ալ հասկնալով, բարեւ մը տուաւ. եւ դուրս ելաւ, թողլով իր երեք ընկերները այդ տան առանձնութեան չորս պատերուն մէջ, որ տաճկի կանանոցի կամ կուսանաց վանքի մը կը նմանէր եթէ իր փոքրիկութիւնը չլինէր: Երբ դուռը գոցուեցաւ, ան ատեն անծանօթը պարզ եւ խորին յարգանօք դարձաւ Թորոսին եւ ձեռոք տանը ներքին դուռը ցցնելով` «Կ'ուզէ՞ք, իշխան, ձեր բնակարանը տեսնել, – ըսաւ, – եւ ինչ որ պակաս կայ հրամայել ձեր ծառային»: Իսկ նա, որ տարիներէ ի վեր բացի իր Բաբկէնեն ուրիշէ մը այսպիսի վարմունք չէր տեսած, դարձեալ ամենեւին զարմանք ցոյց չի տալով իր անտարբեր կերպովն առաջ անցաւ, գտաւ փոքրիկ սրահ մը, երկու սենեակ երկու կողմը, որոնց մէկը սեղանատուն էր, միւսը` հիւր ընդունելու սենեակ, իրենց ամէն կարասիքով. սրահին ծայրը սանդուխ մը, որ վերի յարկը կը տանէր, ուր նոյնպէս երկու սենեակ կար մին անկողնոյ, միւսը` աշխատութեան, ուր բացի կարեւոր բազմոցներէ եւ կարասիքներէ, կային մաքուր զէնքեր պատերէն կախուած. անկողնոյ սենեակը ազնուական երիտասարդի մը պէտք եղած ամէն զգեստեղենք կային, նոյնպէս անկողնոյն պարզ եւ ազնիւ հանդերձանքը կ'իմացնէին թէ արթուն կնոջ մը աչք կամ ձեռք անցէր էին հոնկից. Փոքրիկ բաղանեաց խուց մը` անկողնի սենեկեն դռովմը կը զատուէր: Երբ աչս ամէնքը տեսան, առաջնորդը դարձեալ, «Դեռ ի՛նչ բանի որ պէտք ունիք, իշխան, խնդրեմ, հրամայէք», ըսաւ: Իսկ Թորոս առաջին անգամ իր սուր աչքերը ցցնելով դիմացինին, ըսաւ. «Վայրկեան մ՚ալ սա սենեակը դառնանք»: Եւ երկրորդ անգամ դիմացի սենեակը մտնելով` շիտակ ձեռքը երկնցուց կորաձեւ ահագին սուսերին, որ պատեն վար կախուած էր, վար առաւ, կէս մը քաշեց պատենեն, զննեց, եւ ճանչնալով իր հօր` Լեւոնին սուրը, եւ դարձեալ իր տեղը զետ եղելով` «Բարեկամ, – զրուցեց հատիկ-հատիկ բառերուն վրայ կենաւռվ, – կը զրուցես անոր, որ աս տունը պատրաստեց, եթէ հրեշտակ է` իմ սրտիս կէսն իրն է այս վայրկենես», եւ կեցաւ: Մարդը` «Երբ հրաման ընէք հոստեղի սպասաւորին` պատրաստ եմ միշտ ձեր ծառայութեան», ըսաւ եւ խոնարհ ձեւով ողջունեց ու գնաց:

Ան ատեն Թորոս դառնալով ծառային` «Բաբկէն հայրիկ, – ըսաւ, – սա տանը դիրքը տեսա՞ր, ել, քանի որ մութը չէ կոխած, շուրջ պտոյտ մը ըրէ, դիտէ առանց դիտելու, տես առանց նայելու, նայէ սա տանը կռնակը ի՞նչ տեղի կը պատասխանէ, սա պատը ինչի՞ յեցեալ է, տո՞ւն է թէ պարտէզ, տեղեկութիւն մը. մ՚ուշանար, որ կերակուր ուտենք»:

Երբ Բաբկէն գնաց, ելաւ Թորոս անշշունջ քննելու տախտակամած պատերուն շէնքերը, ամենեն փոքրիկ ճեղքը մանր զննութեան նիւթ եղաւ իր արծուի աչքերուն, եւ վերջապէս անկողնոյ սհնեկին մէջ կանգնեցաւ հատուածոյ տախտակի մը առջեւ եւ հեգնական ժպիտ մը ծնաւ իր շրթանց վրայ: «Ահա իմ փնտրածս, – կ'ըսէր, – դաւաճան տախտակ, դուն բիւզանդացի դուռ մ՚ես, բայց ի՛նչ կը ծածկես քու կռնակդ, իրաւ սա անկողինը, սա բեհեզեայ վարագոյրները, սա զգեստներուն ծալքերը նաեւ կը զրուցեն թէ հրեշտակի մը թեւերը անցէր են անոնց վրայեն, բայց հազար տարի առաջ վկայուած է թէ խաւարի հրեշտակներ կային, որ լուսոյ հրեշտակաց կերպարանք կառնուին, եւ սա քաղքիս մէջ, սա անիծեաղ Բաբելոնին մէջ լուսոյ հրեշտակ, ի՜նչ անկարելի հրաշք է. լաւ՛, այս ամէն աղէ՜կ, բայց հօրս սուրը ներսի սենեակը կախուա՛ծ, ի՜նչ կը նշանակէ, ո՜վ կը նշանակեմ կի՞ն մը. բայց այդ սուրը յաղթանակի յիշատակաց գանձատունեն հանուած է, ի՛նչ տեսակ կին կրնայ լինիր Բայց այսօր ինչչա՛փ նոր պատահարք իրարու կը յաջորդեն. բանտէ ազատիչ, եղբօրս դաւաճանը տեսնել, որ զիս կարհամարհէ, կայսրը ու իր ամբարտաւան պատգամը, որ մինչեւ իմ հոգիս հայութենէ հանել կուզէ, իր բոլոր ժողովրդեան հոգին քաղէր իր քահանաներուն հետ բաժնէր եւ աստուծոյ բան մը չէ ձգէր: Ո՛հ, թէ որ այդ մարդը իր թագին եւ իր ժողովրդոց օգուտը ճանչեր, կամ թէ ես իր տեղը լինէի՜: Ես իմ բանտիս մէջ ի՛նչ որ իմ ազգիս, իմ տոհմիս անցեալին վրայ սորուեցայ իմ հորմես, ի՛նչ որ աս հին յունաց եւ արդի հոռոմոց վրայ ուսայ իրենց գրքերեն, որ իրենց վանքերուն գրքատանց մէջ փոշոտած եւ որդնոտած էին` թէ որ այդ մեծ թագով պսակեալ գլուխը ուսած լինէր` անշուշտ այդ յիմար ճառատանքը ինձի չէր ընէր. եւ փոխանակ զիս նկունս արհամարհելու, իմ ազդս հալածելու` արեւելեան քրիստոնէութեան փաղանգ մը կը կազմեր կեդրոնացնելու համար իր ազգը եւ զմեզ, որպէսզի արեւելքի եւ արեւմուտքի յարձակմանց կարէնար դիմանալ, որոնց կամ մէկուն եւ կամ միւսին առջեւ օր մը դիաթաւալ պիտի կործանի, եւ այս մայրաքաղաքը պիտի դառնայ Անի մը հափափեալ եւ առեւանգեալ: Բայց ո՜վ զիս մոռացեալս, ծովուն անապատի բանտեալս` յիշել տուաւ այդ տղայամիտ կայսեր, ար ինձ արեւ եւ ազատութիւն կը շնորհէ. ո՛հ, իմ Սեւ լեռան պայծառ արեւ, ե՜րբ քու սեւ ժայռերուդ վրայ պիտի կանգնիմ, եւ զթորոս ան ատեն պիտի տեսնեն իմ ազգս եւ օտարները, չէ՛ թէ տղայ մը, որ վերեն վար կը կշռեն, այղ հսկայ մը, որու հետ խօսելու համար պէտք է վարեն վեր խօսին. եւ պէտք է այդ Անդրոնիկոս համոզուի, թէ կորիւնը առիւծ է. ո՜հ դաւաճաններ, խեղճ երիտասարդ մը իրօք առիւծ էր, կորիւն առիւծու, իմ եղբայրս, իմ Ռուբենս, ճիշտ (այսօրուան տարիքս ունէր, առիւծի ուժ, առիւծի սիրտ ունէր. աչքին լոյսն առի՛ք արեւը խաւարեցուցիք. երեք մտանք բանայ, անոնք հոն հալումաշ մեռան, եւ ես մինակ կ'ելնեմ, բայց խրատուած անոնց օրինակեն եւ անոնց սխալներէն: Ո՜վ աստուած իմ, տո՛ւր ինձ մտաց կարողութիւն չի մատնելու զիս, մինչեւ, որ Ռուբինեան խաչին դրօշակը տնկեմ Տորոսի բարձանց վրայ: Բայց ահա առջի քայլերս ինձի կը ցնցեն աս խաւարին մէջ, աս անոք, անօգնական թշնամի երկրին մէջ բարեկամ ձեռք մը առ իս կարկառեալ. բայց բարեկամ հազար ձեռքեր միթէ իմ հարազատիս չէի՞ն կարկառեալ. գեղեցիկ, անձնեայ, կորովի, անվեհեր, սիրելու համար, բարեկամութեան համար միայն ստեղծուած, ո՜վ կրնար ըսել թէ մարդ մը կրնար գտնուիլ, որ զինքն ատէր, կանայք բոլոր իրեն սիրահար էին, երիտասարդք բոլոր իր ձեռքը կը փնտրէինք ո՜հ բիւզանդեան սէր, ո՜հ բիւզանդեան բարեկամութիւն. աս քաղքին պարիսպները ինչքա՜փ անիծեալ կիրք կը պատսպարէն. այդ պալատին ոսկեզօծ շողշողուն գմբէթները քանի՜ զազիր ապականութեանց շիրիմներէն: Իրաւ հօրս սուրը իմ սիրտս շարժեց, բայց միթէ Անդրոնիկոս ինք չի կրնար լինիլ այդ սուրը հոս` սա՛ պատեն վար կախել տուողը, որպէսզի զիս ալ եղբօրս ճամփան ղրկէ եւ ազատի ան վրեմխնդրութենեն թէ որ Ռուբենի նման եղբայր մը՞ կա… բայց Ստեփանէ՜ բայց Մլե՜հ ի՞նչ եղան, ձայներնին չի կայ. թէ որ անոնք շարժէին, կեանքի նշան տային, զիս բանտեն հանող մը անշուշտ չէր գտնուէր… Կիլիկիա Ի՜նչ վիճակի մէջ է, ո՞վ ինձի տեղեկութիւն մը պիտի կարէնայ տալ… Ես… այո՛, ես. պէտք է անձամբ երթամ, բայց մինչեւ այն օրը ես պէտք է լինիմ ան հռովմայեցուոյն պէս, որ իր հայրենիքը ազատելու համար սուտ խենթ մ՚եղաւ, ես ապուշ մը կ'ըլլամ, եւ թէ որ նա զիս այնպէս կարծե` հաւանական է թէ բոլոր պալատականք այնպէս պիտի կարծեն: Բայց ապուշ մը կին կրնա՞յ սիրել… այդ դուռը դնող, այդ սուրբ կախող ձեռքը իմ դիմակս հաւանական թէ կուզէ սկրդել… տեսնենք ո՞վ պիտի յաջողի այս խաղին մէջ, եւ յաղթութիւնը որո՞ւ պիտի լինի: Անշուշտ իմս, այո՛, իմս պէտք է լինի. վասնզի ես ցամաքի եւ ծովու պիտի տիրեմ. այս է գուշակութիւնը… այո՛, գուշէկութիւն երազի. բայց ի՜նչ է երազը, ո՜վ կրցեր է մեկնել անոր ուսկից գալը, ի՜նչ է անոր նշանակութիւնը… ես ուզեցի իմանալ երազը` Մովսէսի Ծննդոց գրքեն մինչեւ Գորգիաս Լէոնդացի, Դանիէլի Բաղդասարեն մինչեւ Բռոթակոր Ապտերացի, եւ համոզուած եմ թէ երազները նշանակութիւն ունին, երբ որոշ են, պարզ հոգուոյ, յստակութեան քունի մէջ եւ ծնունդ հանդարտութեան մտաց, եւ իմ փառաւոր ծերս յիրաւի աստուածային կերպարանք ունէր իր վսեմ եւ լուսալիր դէմքով, իր փառահեղ մօրուքով, իր նշոզագեզ աչօք, որու ակնթարթը զիս տղայութենէ ի մարդ փոխարկած էր, երբ արթնցայ: «Ի՜նչ, – ըսաւ հայրս Լեւոն, – հացը` հայրենի հող, ձուկը` ծով կը նշանակէ, դու ծովու եւ ցամաքի պիտի տիրէս, ու ես չպիտի տեսնեմ»: Եւ իրօք քանի մը օր անցաւ ու ինք մեռաւ, եւ ես մնացի մինակ, աս աշխարհիս վրայ օտար, բանտարկեալ, պաշարեալ բոլոր իր թշնամիներեն… իր թշնամիները թէ որ մինակ լինէի՜ն, բոլոր հայութեան թշնամիներէն. վասնզի ես թէ որ բանտեն կազատիմ այսօր, անշուշտ հայ մը չի գայ աշխարհքիս վրայ, որ հայուն անկախութիւնը եւ ազատութիւնը մտածէ: Միթէ՞ իմ պապերս, Ռուբեն Կոստանդին, հօրեղբայրս Թորոս եւ հայրս Լեւոն թէ որ ուզէին, թէ որ խնդրէին յունական արծուոյն սոթտած թեւերուկ տակ մտնել Լամբրոնական Օշիններու, Հեթումներու պէս ուրանաղով հայութեան իրաւունքը, հայրենեաց եւ ազգութեան սէրը, միթէ՞ այս թուլամորթ եւ քնէած կայսերք, որոնք անգործ ամբարտաւանութեան, վաւաշոտութեան եւ աստուածաբանական վարդապետութեանց ստուերներու տակ կը թաւալին, կը մերժէի՞ն զանոնք. քաւ՛ լիցի: Բայց անոնք արքայական արիւն ունէին երակներու մէջ, եւ աչն նշանաւոր օրը կը յիշէին` ուր հայ ժողովուրդը` սինլոքորը, ռամիկը, շինականը, որ ազնուական չէր, որ ազատ չէր, որ եկեղեցական չէր` ոչ Վեստ Սարգսի պէս, ոչ հրաշագործ Գետադարձ կաթողիկոսին պէս, ոչ Կիրակոս Երէցի պէս, կ'երթար կը դիմէր առ Վահրամ, եւ անոր քաջութեան ընկերացած ջարդուբուրդ փախստական ընելեն վերջ յունական բանակը, որ Անիի բան լիքները` մատնութեան նշան` ձեռքը կ'ուգար քաղաքը պահանջելու, եւ ետքը թողած զէնքերը` յուսահատ եւ լքեալ Աշոտներու, Սմբատներու, Գաւգիկներու գերեզմանաց վրայ վերջի եւ անյուսութեան արցունքը կը թափէր. ահա այդ ժողովրդեան սէրն էր, որ կ'ագեւորէր իմ պապերս եւ յունական ատելութեամբ եւ արդար վրէժխնդրութեամբ կ'ելնէին Տորոսի բարձանց վրայ կանգնելու ազատութեան դրօշակը, եւ ես այդ սիրտը ունիմ եւ կը զգամ, ե՛ս որ չէ թէ միայն իմ նախահարցս զաւակն եմ, այլ այս օտարախորթ հուէաց գրականութեան, որ չեն գիտէր եւ չեն ճանչեյր իրենց Լիգուրկները, իրենց Լէոնիտասները, իրենց Արիսդիտները, այլ կը նսաին ժամերով եւ գրերով կը վիճեն, կը կռուին եւ կը հալածեն իրենց դաւանակից եղբարքը կաթիլ մը ջուրի, հացի մը խմորի` անիմանալի բառի մը մեկնութեան համար: Խելագարներ, թէ որ աստուած տա իքնձ կատարել իմ փափագներս, ո՜հ, դիտեմ թէ ի՜նչ կ'ընեմ, բայց յոյսերս մեծ, եւ վիճակս դժուարին. տեսնե՜նք…»:

Այս խորհրդածութեանս վրայ էր, երբ Բաբկէն ներս մտաւ: Իսկ Թորոս զինքը առանց խօսեցնելու միւս սենեակ տանելով հարցուց թէ ի՞նչ տեսաւ. եւ ինչպէս կ'երեւակայէր` բարձր պատերէ զատ բան մը չէր կրցած նշմարել: Ուստի առանց ժամանակ անցնելու իջան ընթրեւու, վասնզի արդէն ճաշու ժամանակը անցէր էր, եւ իրենք առաւօտուընէ մինչեւ երեկոյ դեռ բան չէին կրցեր ուտել: Բայց անօթութենեն աւելի հետաքրքիր էր Թորոս իմանալու թէ ի՞նչ էր կերակրոյ պատրաստութիւնը այս անսովոր տան մէջ` ուր դարանակալ ձեռք մը կը նշմարուէր կամ սրտի. կամ կենաց. ուստի իջաւ սեղանատուն եւ երբ ակնարկեց Բաբկէնին նստիլ սեղան իրեն հետ, երբ նա կը քաշուէր, «Բաբկէն հայրիկ, թէ որ պարագաները պահանջէն, ես քեզի կ'իմացնեմ թէ ե՞րբ ինձի սեղանակից պիտի չլինիս, իսկ ուրիշ ժամանակ մեր բանտի սովորութիւնը չենք փոխէր. եւ որոշ գիտցիր թէ ինձ աւելի ախորժելի է հօրս հաւատարմին եւ իմ տղայութեանս խնամածուին հետ անուշ հացն ու պանիրն ուտել` քան թագաւորաց շնորհեալ խորտիկներն օտարներու հետ վայելել», եւ նստան: Կերակուրներն ընտիր եւ համեղ էին առանց շռայլութեան, գինին ազնիւ էր եւ պտուղներն պատուական, Թորոս առանց բառ մը զրուցելու ելաւ սեղանեն, տան սպասաւորը, որ կը ծառայէր, հարցուց ան ատեն թէ` «Ի՞նչ հրաման ունէր երկրորդ օրուան կերակրին համար», իսկ Թորոս պարզութեամբ պատասխանեց. «Այսօրուան կերակուրը ով քեզի պատրաստել հրամայեց` ւանոր կը հարցնես»:

Եւ ինք քաշուեցաւ վերնայարկը. նախ Բաբկէնի ապսպրելով վարի հիւրի սենեակը անկողին մը տարածել եւ պառկիլ եւ միշտ արթուն քնանալ. «Թէպէտ, հաւել ժպտելով, այդպիսի պատուէր մը աւելորդ էր այնպիսի մարդու մը համար, որ 12 տարեկան սկսած էր հօրեղբօրը եւ հօրը ամէն պատերազմաց գտնուիլ եւ խելամուտ էր թէ թշնամեաց բանակէ մը շրջապատեալ միշտ զգոյշ պէտք էր լինել»: Եւ առանց երկար խորհրդածութեան մտաւ անկողին եւ պառկեցաւ, իբրեւ թէ իր հայրենի Վահկայ բերդին տղայութեան ապահով սենեակը լինէր, եւ քունն թէպէտ քանի մը ժամ ուշացաւ վրայ հասնելու, բայց վերջապէս այնպիսի տարիքի մը մէջ` օրուան զանազան դիպուածներու պատճառած սրտայուզութիւնը յաղթեցին կամքին զօրութեան եւ քնացաւ. երբ արթնցաւ, ինչպէս տղայութեան սովորութիւնն էր, մէկեն ցատկեց անկողնեն եւ բնականաբար աչքը դարձուց խաբուսիկ դռան, որ անշար պատի մը կերպարանք կը պահէր, պատուհանը բացաւ եւ տեսաւ, որ Բաբկէն պարտէզին մէջ անխռով կը շրջաւգայեր. երիտասարդին ակնարկին վրայ վեր ելաւ, եւ առջի նայուածքը` հար եւ նման Թորոսի` խաբուսիկ դռանը եղաւ:

– Բաբկէն հայրիկ, – ըսաւ իշխանազունն, – ի՜նչ հետաքննին աչք կը նետես այդ պատին վրայ, ի՞նչ տեսար:

– Հիմա չէ որ տեսայ, – պատասխանեց Բաբկէն, – երէկ տեսայ ես այդ դաւը, բայց վտանգը իմ կարծածիս պէս չելաւ:

– Ի՞նչ ըսել կ'ուզես:

– Ան կ'ուզեմ ըսել թէ ես կարծէի, որ այդ դռնեն սուսերաւոր թշնամի մը պիտի ելնէ, իրօք թշնամի մը եղաւ, բայց իմ կարծած տեսակես չէ:

– Ի՞նչ կ'ըսես, Բաբկէն, բան մը չեմ հասկնար:

– Դու ինձի ըսիր թէ «արթուն քնացիր», եւ ես արդէն միտքս դրած էի. բայց ի՞նչ օգուտ արթուն քնանալ վարի սենեակը անկողնի մը վրայ տարածեալ, ուստի պէտք էր այնպէս դիրք մ՚առնէի, որ տան մէջի շարժմունքը տեսնէի եւ հայոց միակ յուսոյն վրայ հսկէի. ուստի երբ ամէն ձայն դադրեցաւ քաղքին մէջ` քիչ մ՚ալ անկողին փոխենք, ըսի, ելայ կամաց մը իջայ պարտէզ ու սօսի ծառեն յարմար անկողին մը չի գտնելով, անոր վրայ զետեղեցաւ եւ իրօք մինչեւ կ'էս-գիշէր ամէն տեղ լուռ էր եւ խաւար, բայց յանկարծ ու քու պատդ տեսայ, որ ճեղքեցաւ, եւ տկար լուսոյ գիծ մը նկարուեցաւ. ձեռքս սա պահած թուրիս տարի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, ըսի, ինձի համբերութիւն տա…

– Ի՜նչ. պիտի պոռայի՞ր:

– Աստուած չընէ՛. ճիւղեն ներս պիտի ցատկէի, մենք մեր Սեւ լեռը լաւ կը ցատկենք, բայց միջոցը շատ էր, պատուհանը նեղ, անշշունջ ցատկելն անհնար, եկողը կրնար փախչիլ, մանաւանդ որ լոյսը տկար էր, ուրեմն` եկողը վախկոտ, ուրեմն` պէտք էր սպասել. եւ վայրկեանը տարի մը եղաւ, լուսոյ երկայն, վերեն` վար գիծը սկսաւ շարժիլ, բայց անզգալի կերպով, եւ ահա գլուխ մը տեսայ. փառք քեզ, Լուսաւորիչ, ըսի, սուրը տեղը դրի. սատանի գլուխը կը նկան մ՚էր. բայց ի՜նչ կուզեր. մտիկ կ'ընէր, կուզեր իմանալ թէ դու իրօք քուն ե՞ս. երբ ապահով եղաւ, դուռը կատարեալ բացուեցաւ, քօղարկած լուսով մը ի ձեռին մտաւ սենեակը, նախ զգուշութեամբ սենեակը զննեց, վերջը կամաց-կամաց մօտեցաւ դէպի քեզ, եւ երբ իր երեսր տեսայ, զիս դող առաւ…

– Ինչո՜ւ, ի՜նչ կար երեսին վրայ, ի՜նչ էր:

– Լուսոյ պէս աղուոր էր. սատանան երբ աղուոր է` ես շատ կը վախեմ, մանաւանդ հիմա, քեզ կը դիտէր, քու վրադ կ'աղօթէր, ես ալ կ'աղօթէի, որ այդ գեղեցիկ սատանային ճանկեն Լուսաւորիչ քեզ ազատէ, քանի մը վայրկեան կեցաւ, եւ վերջը գիտես թէ մէկը զինք ցնցեց, առաւ իր լոյսը եւ ինչպէս անշշունջ մտաւ, նոյնպէս հալածեցաւ գնաց: Տեսիլն աներեւոյթ եղաւ:

– Այ՞ս էր բոլոր քու տեսիլքդ ու վախդ, Բաբկէն հայրիկ, – ըսաւ ծիծաղելով Թորոս:

– Այդ կինը թէ որ շատ աղուոր չըլլար, չէի վախեր:

– Կ'իմանամ, կը վախես, որ խելքս անոր կ'երթայ եւ մեր լեռները կը մոռնամ, այնպէս չէ՞:

– Այո՛, ստոյգ ալ ատ է: Թէ որ այդ կինը աս քաղաքը ձգէ, քեզի հետ գա, իր նզով հաւատքը թողու, Լուսաւորչի հաւտա, մենք անիկայ մեր լեռներուն թագուհի կ'ընենք. բայց հոռոմ կինը անիծած է. դու ալ մեր իշխանը` լաւ ես, խելօք ես, գիտուն ես, շատ կարդացող ես, վարդապետի չափ բան գիտես, բայց կնիկ, տեսած չունիս. վախեմ, որ ինչպէս մեր հայու գրքերը մոռցար ու վանքին բանտը հոռոմի գրքերը կը կարդայիր, մեր կնիկներն ալ չի մոռնաս այդ հոռոմին կը նկան համար: Ես լուսահոգի հօրդ կ'ըսէի. «Տէ՛ր, մեր Թորոս իշխանը լաւ է, բայց այդ նզոված ազգին գրքերը կը կարդայ, վախեմ Լուսաւորչի հաւատքն մոռնայ»: Նա ինձ կ'ըսէր.

«Բաբկէն, Թորոսեն մի վախեր, նա ինձմէ խելօք` հօրեղբօր պէս է, օր մը մեզ պիտի մոռցնէ, մեզմէ քաջ, մեզմէ լաւ պիտի լինի. դու հոգ մ՚ընէր, կը տեսնես»: Ե՛ս ալ անհոգ կը լինէի, բայց երբ կը տեսնէի Նարեկ բարձիթողի, ու որդնոտած, փոշոտած հոռմի գրքերը գաղտուկ կը բերէիր ու գիշերն ի լուռ կը կարդայիր` «Աստուած պահէ մեր իշխանիկը» կ'ըսէի: Հիմա տեսայ այդ կինը, իր դեղձան մազերը ոսկեկապ ձգած կը ռնկեն, որ ականջդ ի վար քեզ դիւթել կը ջանար, վախն առաւ զիս, աստուած քեզ պահէ, Լուսաւորիչ քեզ լոյս տա:

– Հոգ մ՚ընէր, Բաբկէն հայրիկ, աստուած կը պահէ. իմ սիրտս քիչ մ՚ապահովցաւ, ինչպէս հոռոմոց գրքերը զիս ապահով ըրին իրենց կրօնքին վտանգեն, իրենց կանայք ալ զմեզ կ'ապահովեն իրենց արանց վտանգեն: Դու շատ լաւ ըրեր ես, այս գիշեր անկողինդ թռչուններէն փոխ առէր ես, ա՛լ ապահով կրնաս գիշերները քնանալ, վասնզի թշնամին քու կարծածիդ չափ զօրաւոր չէ. ո՜յ գիտէ թէ նիզակակից մ՚ալ չէ մեզի:

– Աստուած պահէ հոռմի մը նիզակակցութենեն, – ըսաւ ծերուկն, երեսը խաչակնքելով, – հարցո՛ւ այդ փռանկներուն թէ ի՞նչ վաստակ ըրին ատօնց օգնութենեն, հոռոմը կը խոստանար անուշ-անուշ բարեկամութիւն, պաշար, առատութիւն, միւս կողմէ ձեռքի տակէ խոտերն ու արտերը կ'այրէր, ցորենն ու գարին ջուրը կը թափէր, գեղն ու քաղաք անապատ կ'ընէր, երբ մեր Կիլիկիա հասան քու պապուդ օրը, հայրս կը պատմէր, աստուած լուսաւորէ անոնց հոգին, ձի չէր մնացեր տակերնին, ճամփան ամէնն ալ սատկած էին, մարդիկ ըսես հալումաշ եղած անօթութենէ, հիւնդութենէ, գիտես թէ բարակ ցաւի էին հանդիպէր, մենք կ'ըսէինք, որ ամէնն կը մեռնին, ան քաջ պարոններ ու փռերներն թէ որ մեր հայու հացն չուտէին` Երուսաղէմ չէին մտնէր, բայց նա, որ շատ խելօք մարդ էր, աստուծոյ սիրոյն համար ալ, իր սիրոյն համար ալ, անոնց թագաւորին գնաց, պէտքերնին լցուց. կերան, խմեցին, ութ օր չանցաւ, ամէն մէկը մեյմէկ ցուլ դարձան, ուժովացան, գնացին ամէն տեղ առին, Ս. գերեզմանն ալ ազատեցին, ի՛նչ օգուտ, սա փռանկները ուժով են, քաջ են, լաւ բազուկ ունին, բայց գլուխնին դատարկ է, խելք չունին, սա հոռոմք հակառակն են, ուժ չունին բայց շատ գիտեն, խորը կը տեսնեն, նայէ՛ ատօնց տէրտէրներու աչքին, դժոխքի ճրագ կը նմանի, գիտես թէ սատանան մէջը կը պլպլա: Ես աս գիշերվնէ ի վեր հոռոմ մարդկանցմէ աւելի կնիկներէն կը վախնամ:

– Փուճ տեղ կը յոգնիս, Բաբկէն, – ըսաւ Թորոս լուրջ կերպով, – մենք հիմա քարէ, փայտէ բարեկամ մը չունինք, պէտք է որ պատրաստուինք աս անիծեալ քաղաքեն փախչելու, ծոցերնիս ստակ մը չունինք, որ նաւու մը վարձք կարէնանք ընել, քու ըսածիդ պէս թէ որ խելօք լինինք եւ առիթ մը երբ պատահի անկից օգուտ քաղել չդիանանք, մենք ալ քու փռանկներեղ ավիզի դատարկ գլուխ կը լինինք: Դու նայէ սա քաղաքս, այս օր պտոյտ մը ըրէ. տե՛ս, նայէ՛ հայ մը կը տեսնես թերեւս, ամէն հայու ականջ մի՛ դնէր, հայերէն խօսող ուրացեալ հայ կարելի է շատ գտնես, բայց սրտով հայ շատ քիչ կայ, մանաւանդ տէրտէրներէն զգուշացիր, անոնց լաւը սուրբ է, բայց գէշը սատանայեն ալ վատ է: Երբ իմ վրայ խօսք դառնա, զրուցէ՛ թէ ապուշին մէկն է, զրուցէ թէ միտքը բռնուած տարտամ մարդ մ՚է, հօրը հիւանդութենեն վերջը փոխուեցաւ զրուցէ, ցաւի, ողբա իմ վրաս. իսկ թէ որ մարդ մը հանդիպիս, իրօք ճշմարիտ մարդ մը, քանի մը տեսութենէ վերջ ինձ իմաց տուր անունով, տեղով, անցեալով եւ յետոյ, երբ որ ուզեմ, ինձի կը բերես: Ահա քու ընելիքդ:

– Լաւ, – ըսաւ Բաբկէն, ելաւ երթալու:

Շատոնց էր` Լեւոնի մեռնելեն վերջը` այսչափ երկար խօսակցութիւն չէր ունեցեր իր երիտասարդ տիրոջ հետ, ուստի ուրախ էր սրտով, թէպէտ դէմքը ծիծաղի սովորութիւնը մոռցեր էր: Եւ երբ դուրս կ'ելնէր, ձայնեց Թորոս.

– Բաբկէն հայրիկ, փող ունի՞ս:

– Մէկ փող չի կայ, բայց աստուած ողորմած է:

– Ինչպէ՞ս:

– Երբ ոտք չունէինք աստուած ոտք տուաւ, հիմա ալ ստակ վունինք, աստուած մեծ է, կ'ուտայ, դու հոգ մ՚ընէր:

ԳԼՈՒԽ Գ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՁԵՌՔԸ

«Լաւ՛, – ըսաւ Թորոս ժպտելով, երբ Բաբկէն գնաց, – աղէկ գիտէ ծերուկն, որ ես ալ փող մը չունիմ. պատուական մարդ, աստուած իրեն յաջողութիւն տա. տեսնենք ինչպէ՜ս կը դառնա եւ երբ, վասնզի ան մարդկանց մին էր, որ պարապ դառնալ չեն գիտէր: Ի՜նչ մտածութիւն` ծառին վրայեն հսկել իմ վրաս, եւ ի շնորհս Բաբկէնի իմացայ թէ ո՞վ է անձը, որ զիս կը խնամէ, թէ որ այդ խնամքը ծուղակ մը չէ. վանքի մը մէջ բանտարկեալ անձի մը սիրահարուիլ, ուսկի՞ց զիս տեսեր է, ո՞ւր ճանչեր է. ահա չորս տարի է որ աշխարհքի հետ մեր ամէն յարաբերութիւնք կտրուած էին, սենեակ մը երկթէ վանդակներով մեզի կը ներէր կղզուոյն բարձրութենեն տեսնել ծովը շրջապատեալ, եւ խեղճ հայրս երկու հողի վրայ աչերը սեւեռեալ` կը նայէր հողը, որ Ռուբենի գերեզմանն էր, եւ որու քով ինք պիտի թաղուէր, եւ ծովեն անդին քիչ մը հեռուն Ասիոյ ծովափունքը, որոնց շարունակութիւնը կ'երթայ մինչեւ Կիլիկիա: Կիլիկիա, ուր երբեմն թէպէտ տղայ, կը յիշէի առյւււծը, որ Տորոսի բարձանց վրայ կանգնած` կը դիտէ` ահա մեր սահմանը կ'ըսէր, որ աստուած որոշէր է. ահա սա լեռներուն գիծը եւ ծովու ալեաց փայլը թէ որ կարէնայի՜նք հայութեամբ լեցնել այդ երկիրը, կը յիշեմ նաեւ այն օրը, որ նա դղեակը դարձաւ մեծ պատերազմէ մը` վերջը, ուր շարունակ ամիսով հօրեղբօրս հետ մէկտեղ սկիւթացուոց ահագին բանակի մը արշաւանաց դէմ կը պատրաստուէին, ի՜նչ սոսկալի ամիս էր ան: Ես մօրս եւ եղբօրս հետ կ'ելնէինք մեր լեռանց վրայ այցելութեան ան խեղճ, ժողովրդեան, որ փախեր լցուէր էին կանանց, տղայոց եւ կենդանեաց բազմութեամբ ապաստարան գտնելու Տորոսի ժայռէոու վրայ, մարդիկ բոլոր զինեալ հօրեղբօրս եւ հօրս հետ բարբարոսաց բանակը կը դիտէին, որ չբաւականանալով աւարաւ, գերութեամբ ու կործանմամբ` կ'այրէին, կը վառէին գիւղեր, աւաններ ու քաղաքներ, արհաւիրք եւ սարսափ պատած էր զամենքը, ամէն անհամբեր հօրեղբօրմես ակնածողք` հօրս աննկուն եւ յանդուգն քաշութիւնը գիտնալով իրեն կը դիմէին. «Մինչեւ ե՞րբ պիտի սպասենք, – կ'ըսէին, – դու ե՛լ, մենք ամէնքս քեզի հետ ենք, հա տանք, լմնցանք, մինչեւ ե՞րբ սպասենք», – Իսկ Լեւոն, հայրս` «Տղա՛ք, խենթացա՞ք, – կ'ըսէր, – ես մեծ եղբօրս այսպիսի վտանգաւոր ժամանակ անհնազա՞նդ լինիմ, աստուած չընէ, ես լաւ կշռած եւ խելամուտ եղած եմ, որ առաքինի իշխան եւ հմուտ ու իմաստուն զօրավար է նա, այսպէս ժամանակ խորհուրդ տալն անգամ յանցանք է. երբ ըսէ` պատերազմինք, պատերազմինք ու մեռնինք, բայց ան ատեն միայն»: Ետքը տեսանք, որ կը հատսնէին Տիգրան, Սպլասաթ իրենց խում բերով, Գող Վասիլ իր աննկուն վաշտերով, եւ ահա լատինացի սպառազինաց փոքրիկ խումբ մ՚ալ վրայ հասաւ, եւ պատերազմի փողը սկսաւ հնչել Վահկայ բերդին վրայեն, փողհարք լեռները կը հնչեցնէին, եւ ամէնքը գնացին: Ես ան ատեն տասը տարու էի, եւ Ռուբեն, որ ինձմէ երեք տարու մեծ էր, սուր մը ձեռքը եկաւ զիս գտաւ. «Քալէ՛, Թորոս, – ըսաւ, – մենք ալ երթանք պատերազմի, մենք կնիկ ե՞նք, որ հոս դղեակը նստինք». ես տարտամ կը մտածէի, վասնզի սուր չունէի, երբ մայրս վրայ հասաւ, երկուքնիս ալ զինեալ եւ անզէն բերդին աշտարակին մէջ բանտարկել տուաւ:

Օր մը հոն կ'եցանք, մէկ մ՚ալ յաղթութեան ձայներ լսուեցան, մեր բանտին դռները բացուեցան. իրաւ, թէպէտ ամէն աչք սգոյ արցունք կուլային, բայց դարձեալ յաղթութեան ուրախութիւնը զամենքը գինովցուցեր էր. իսկ հայրս երբ տեսանք, շփոթեցանք, չէինք գիտէր ո՞ղջ էր թէ մեռած, վիրաւոր կարծեցինք եւ իմացանք թէ յոգնած էր եւ թէ յաղթութիւնը գրեթէ նորա քաջութեան սքանչիլիքն էր: Անկողնին մէջ պառկած օրերով` բոլոր զօրագլուխները կ'ուգային զինքը փրկիչ կ'անուանէին, եւ հօրեղբայրս նախ կը վկայէր աննախանձ թէ աստուծմէ վերջը Լեւոն Կիլիկիոյ ազատարարն եւ առիւծն եղաւ: Ամէն օր կ'ուգար զինք տեսնելու: Ի՜նչ ուրախ օրեր անցան մինչեւ գերութեան օրերն, որ եկան. ոհ, մոռնամ այն օրերը եւ շյիշեմ: Ներկային վրայ` այո՛, պէտք է մտածել, բայց ներկան անծանօթ ապագայ մը ունի. տեսնենք սա կինը անշուշտ ինձի պիտի երեւայ, եւ սա քօղը պիտի վերնայ. ինչ կը նշանակէ. թէ որ յոյները զիս սպաննել ուզէին` ի՞նչ դժուարութիւն կար իրենց համար. սպասենք ուրեմն»:

Սպասաւորը եկաւ ճաշի հրաւիրելու. իշխանը, որ երբ իջաւ, տեսաւ, որ յարգանօք կ'ողջունէր զինքը առջի օրուան մարդը, որ տուն առաջնորդէր էր եւ բնակեցուցեր, դարձեալ իմացնելով թէ պատրաստ է ամէն հրամանները կատարել. իսկ Թորոս իր անհոգ եւ միամիտ ձեւը հագնելով, պատասխանեց թէ գոհ է եւ գանգատի նիւթ ամենեւին չունի: Ուստի ճաշը կատարելեն վերջը առանց երկար խօսակցութեան մտնելու այդ մատակարարին հետ, քաշուեցաւ դարձեալ վերի սենեակը` իմացնելով թէ քուն ունի:

Թէ որ Ալեքսանդրէ սկսեալ բոլոր երեւելի մարդիկ ծանր պարագաներու նախերգանաց մէջ կրցեր են քնանալ, պէտք չէ զարմանալ, յաջողութեան ապահովութիւնը միշտ յոգնած մտքի մը քուն կը պարգեւէ, այսպէս եղաւ նաեւ մեր Թորոսին, որ դարձեալ քունի թաղուեցաւ. բայց քուն մը, ուր իրեն կ'երեւար թէ գեղեցիկ, ոսկեթել մազերով կին մը թեթեւ քայլերով իբր ստուեր անկողնին շուրջը կը պտտի, ու քանի անգամ, որ ձեռքը իրեն կ'երկնցնէր` փախուստ կ'ուտար. աս խաղը շատ անգամ հանդիպելով վերջապէս աչքերը բացաւ եւ մարդ չի կար. աչքը խաբուսիկ դռանը դարձուց եւ տեսաւ կիսաբաց, թէպէտ կորովի, թէպէտ բնութենեն աներկիւղ, սաստիկ զարմացաւ տեսնելով, որ իր անշարժ սիրտը կը թնդար, կը բաբախէր եւ զօրութիւն մը զինք կը ձգէր, կը քաշէր դէպ այդ կիսաբաց դուռը. ուստի կանգնեցաւ գինովի մը պէս, դուռը սողաց, անհետ եղաւ իր մատանց դպելուն, եւ մտաւ նա նոր սենեակ մը, ուր լռութիւն եւ միայնութիւն կը տիրէր. քօղարկեալ վարագոյրներով պատուհաններ լոյս կը նուազեցնէին, բազմոց մը եւ խորանի պէս թան մը կար մէկ կողմը, դէպի հոն դիւեց եւ հազիւ թէ քայլ մը առաւ, մնաց… Եղբօրը` Ռուբենին, կենդանի պատկերը պատին վրայ կախուած, գոյնզգոյն, թարմ ծաղիկներով պսակուած տեսաւ. աս տեսարանը մէկեն զինք փոխեց, սրտին փոթորիկը դադրեցաւ, ալեկոծութիւնը հանդարտեցաւ, եւ յորդառատ արցունքի հեղեղ մը երեսնիվար կը վազեր, ձեռքը` ճակատն ու մթնցած աչքերը կը գոցէին, արձան մը տխրութեան հոն կեցէր էր, երբ փափուկ, պզտի ձեռք մը` անուշ ձայն մը, որ իր անունը կ'ուտար, զինքն ի խորունկ քունէ արթնցուց. եւ երբ տղու մը պէս իր ձեռքը թոյլ տուաւ այն ձեռքին եւ աչքերը դարձուց անոր, որ զինք կը կոչեր, յիրաւի սքանչելի, ազնուական եւ լուրջ կերպարանք մը տեսաւ, պարզ` զգեստներուն, պարզ` զարդարանաց եւ պարզ իր գեղեցիկ հասակին համեմատութեան մէջ: Աչքերը իրեն յառեալ` «Բաւ է այդչափը, իմ սիրուն Թորոս, – ըսաւ, – արցունքը մեր կանանց իրաւունքն է, ձեր բաժինը վրէժն է. ես շատ գիշերներ անցուցեր եմ այդ պատկերին առջեւ արցունքով»: Իսկ Թորոս այդ ձիւնափայլ ձեռքը իր շրթանց տարաւ, ուզեց խօսիլ, չի կրցաւ, վասնզի արցունք եւ սրտի յուզմունք ձայնը խեղդէր էին. իր քաղցր խրատուն իբր գորովալի մայր` ձեռքեն բռնած տարաւ բազմոցին վրայ քովը նստեցուց եւ բեհեզեայ թաշկինակաւ իր եւ անոր արցունքները կը սրբէր: Երկայն վայրկեաններ անցան եւ այս երկու տարբեր գեղեցկութեանց սքանչելիքն իբրեւ հին բարեկամներ ձեռք-ձեռքի, ծունկ-ծունկի, աչք-աչքի կիսանուաղ կը նայէին, մինչեւ աչքերը կենդանութիւն առին, եւ վերջապէս Թորոս կամաց ձայնով մը ըսաւ. «Չեմ գիտէր ով ես. բայց հրեշտակ մը չի կրնար ուրիշ կերպարանք մը ունենալ եւ ոչ ուրիշ ձայն մը, եւ ոչ այդ գորովալից խնամքը. զիս թշուառ պանդուխտս, հէգ բանտարկեալս, դժբախտ գերիս, ո՞ւր տեսար, ինչո՞ւ կարեկցեցար եւ ինչպէ՞ս սիրեցիր. աս պատկերին առջեւ չի հասած հանելուկը հանել անկարելի էր, բայց հիմա կարծեմ թէ կը խելամտիմ»:

– Այս էր իմ փափագս ալ, երկայն, սովորական եւ անհամ տարփական խաղեր ինձի սիրելի չեն: Ուստի նախ զիս, իմ անցեալս սուիտի ճանչես: Իմ անունս Եւփիմէ է. իմ հայրս` Ալեքսիս, Փոքր Հայոց կուսակալ. երբ Սեբաստիա Հայոց թագաւորաց յանձնուեցաւ, Արծրունի իշխանի մը աղջկան հետ կ'ամուսնանայ, եւ Պոլիս դառնալեն տարիներէ վերջը ես կը ծնիմ. ես կ'աթնկէր տղայ միակ մխիթարութիւն կը մնամ մօրս, որ իր նոր ազգութեան հետ բոլորովին չէր կրցեր հաշտուիլ մինչեւ իր մեռած վայրկեանը, ուստի ես հազիւ չափահաս եղած Կոստանդին կայսրը զձեզ կալանաւոր բերաւ Կիլիկիայէ, մայրս առանց ձեզ ճանչելու անմխիթար էր ձեր անկման` համար. ընկերացեալ հօրս հին բարեկամաց` ամէն ջանք ի գործ դրաւ` առանց երբեք երեւալու, եւ յաջողեցաւ զձեզ բանտեն ազատել եւ արքունեաց դուռը նաեւ բանալ ձեզի. այն օրէն` եւ առջի տեսնուելուն զիս Ռուբենի հետ նշանելու միտք յայտնեց, մանաւանդ որ տարեկից էինք: Բայց Ռուբենի սրտաբաց կերպը, գեղեցկութիւնը, բիւզանդացի կանանց անբարոյական վրաձգողութիւնը, նորա ալ զուարճութեանը անյագ սէրը Հօրս մտաց հաստատութիւնը խախտեց, եւ դեռ մէկուն չի բացուած սկսաւ ջանալ զիս համոզել, որ այդ երիտասարդեն անցնիմ, քանի որ ապագայ դժբախտութիւն մը ակներեւ էր, բայց իմ սիրտս այդ պատճառաբանութեանց չէր կրնար համոզուիլ, նախանձը զիս կ'ուտէր, եւ անտարբեր կը ձեւացնէի ինքզինքս. պատերազմ կար ներսս, եւ մէկուն չէի կրնար բանալ. ուստի մօրս հնազանդելու համար ամէն ջանք ըրի, եւ Ռուբենի անունն` անգամ ալ բերնես չելաւ. մայրս կարծէր թէ մոռցեր էի, եւ ես Ռուբեն կ'երազէի: Զանազան անձանց հետ ամուսնութեան առաջարկներ ըրաւ բայց ես միշտ կը հեռացնէի, մինչեւ որ ծանր հիւանդութեամբ պառկեցայ, եւ բանդագուշանքս մօրս յայտնած էին գաղտնիքս, ուստի խեղճը բժշկին խորհրդով զիս Ռուբենի հետ ամուսնացնելու ամէն ջանք ընելու խոստմունք ըրաւ, եւ հիւանդութիւնը նոյն վայրկենին բարեփոխութիւն ունեցաւ, եւ օրաւուր ես առողջութեան մէջ հաստատուեցայ, գոյներս եկան. Ռուբենի հետ մէկ քանի տեսութիւն իր կեանքի ձեւը փոխեցին, եւ Ռուբեն առանց` մեզի սպասելու առաջարկութիւն մը ըրաւ մօրս` հօրը հաւանութիւնն ընդունելու պայմանաւ: Մեր ուրախութիւնը` մանաւանդ մօրս ուրախութիւնը` անկարելի է պատմել. բայց ինչչա՜փ կարճ եղան ուրախութեան օրերը: Յանկարծ դժբախտ դիպուածին լուրը տարածուիցաւ, մայրս զիս մխիթարելու կը ջանար, երբ ինք ինձմէ աւելի հիւանդ էր, ես անկողին ինկայ, սաստիկ ջերմ մը զիս կը տանջէր. նոյն միջոցին մայրս ուրիշ սենեակ մը մեռէր էր: Պառաւ հօրաքոյր մը իմ վրաս կը հսկէր երկու տարի, եւ հօրս բարեկամ, ծեր եւ փորձ բժիշկ մը, որ հազիւ թէ ես քիչ մը շարժէլու սկսայ` զիս հիւծեալ եւ մաշեալ` Իշխանաց կղզին օդափոխութեան տանել հրամայեց, մեր բնակարան տունն ինք որոշելով. հոն հօրաքոյրս եւ ինք ինձի հետ միայն կը զբաղէին եւ կ'առնէին զիս մօտակայ վանքը կը տանէին մեծաւորին, եւ բժիշկը կը նստեցնէր զիս պատուհանի մը առջեւ, բարի եւ սրամիտ ծերուն դիտաւորութիւնը իմացայ այն օրը` երբ զքեզ հօրդ հետ տեսայ, պարտէզին մէջ կը շրջագայէիք. Ռուբեն կենդանացած կարծեցի, եւ գետին պիտի գլորէի թէ որ արթուն ծերը, որ զիս աչքեն չէր կորցնէր, զիս չբռնէր. մարելուն հետեւանք սոսկալի ջղային ցնցմունքներ եկան եւ այն օրէն կեանքը իմ երակներուս դարձաւ. զքեզ երբեմն տեսնել նոյն պատուհանեն իմ դեղս եղաւ. տեսայ դարձեալ զքեզ հօրդ դագաղին ետեւեն, երբ բանտեն գերեզմանատունը կը տանէին, երդում ըրի ան ատեն զքեզ ազատելու համար ամէն ջանք ընել. տարի մը անօգուտ աշխատեցայ իմ պատուական բժշկիս հետ, եւ երբ Մանուէլ հօրը տեղն անցաւ, ալ ապահովեցայ, իսկ քու սրտիդ համար ամենեւին երկբայութիւն չունհի. եւ այնպէս համոզուած էի թէ Ռուբենի այնչափ նման եղբայրը, որ զիս այնչափ սիրեց` անկարելի էր, որ անոր սրտին նման սիրտ չունենար, եւ թէ նորա յիշատակը մեր սրտերուն հանգոյց չլինէր:

– Այսպիսի ազնիւ սրտի, այդ հրաշագեղ կերպարանաց, այդչափ իմ ազատութեանս համար եղած ճգանց, եղո՜ւկ, դառնացեալ սրտէ մը զատ ոչինչ չունիմ, եւ այն կրնա՞յ բաւական փոխարէն համարուիր

– Ի՞նչ, – ըսաւ աղջիկը, եւ աչքերն այնպիսի լուսոյ նշոյլ մը փայլատակեցին այս հարցական թառին հետ, որ Թորոս զարմացաւ, – դու սի՞րտ մը միայն ունիս. չէ՛, Թորոս, դու այդ սրտիդ հաւասար ապագայ մ՚ալ ունիս, դու իշխանութեան ընդարձակ երկիր մ՚ալ ունիս եւ անոնք կը մոռնա՞ս. ես քու ձեռքիդ երբ փափագեցայ, քու իշխանութեանդ փառքին ալ մասնակցիր փափագեցայ, ահա կը տեսնես, որ ես շատ ըահասէր եմ եւ շատ փառասէր, մի՛ կարծէր զիս այն կանանցմէ, որոնց մտքին ընդարձակութիւնը իրենց սրսկապանեն անդին չի կրնար տարածուիլ, ո՛հ, չէ՛, ես քեզի ինչպէս Ռուբենին` իշխանական աթոռ մը կը փափագիմ, ես ձեր այս տոհմական կազմուածքին մէջ Պլուտարքոսի դիւցազուններ կը տեսնեմ. ներէ՛, ես դեռ մօրս ազգին դիւցազունքը չեմ ճանչեր, եւ կրնաս ապահով լինել, որ անխոնջ գործակից մը եւ ամենայն վտանգաց անվեհեր դիմագրաւ մը հիս պիտի գտնես: Դու ճանչցար հօրդ սուրը, զօր քեզի համար պարտաւորեցայ զինարանեն գողնալու հարիւրապատիկ իր գնոյն վճարելով (նիւթական գնոյն է խօսքս), եւ դու արժանի մնացիր զայն կրելու:

Թորոս առանց իմանալու բազմոցեն ծունկի վրայ եկեր էր աս հրաշագեղ մարգարէուհուոյն առջեւ, իր բոլոր խոհեմութեան առաջադրութիւնները մէկդի դնելով, եւ երբ դադարեցաւ խօսքեն`

– Քուկդ եմ, – ըրէ զիս ինչ որ կ'ուզես. դու փառասէր ես, կը սես, կ'ուզես թագուհի ըլլալ, եղի՛ր, միայն հայ եղիր, եւ առաջին սպասաւորդ եւ խոնարհ ծառադ ես կը լինեմ, եւ բոլոր իմ ազգս քու հպատակդ կը լինի, միայն թէ օտարին գերութենեն ազատի:

Եւ աս խօսքերն ըսելով ձեռքերը կը պագնէր, իսկ նա, որ հանդարտէր էր, ելաւ վերցուց Թորոսը, եւ թեւը մտնելով դէպի կեղծ դուռը գնաց, որ կիսաբաց մնացեր էր եւ երբ կուղէր մտնել ու Թորոս զինք կ'արգիլէր`

«Մի՛ վախեր, – ըսաւ, – քու սպասաւորքդ իմ միամիտներս են, մօրս ձեռքը մեծցած. դու ալ անշուշտ քու ծառայիդ վրայ ապահով ես, ուսկի՞ց կը վախես, մանաւանդ որ իրենց ապսպրած է, առանց քու կոչիդ, սանդուխհն վեր չելնել: Կ'ուզեմ տեսնել անձամբ թէ բանի մը պէտք ունի՞ս, ի՞նչ կը պակսի քեզի»: Եւ այս ըսելով դարանները կը բանար, գզրոցները կը զննէր եւ տեսնելով, որ բանի մը ձեռք դպուած դեռ չի կար` «Պէ՞տք է զրուցել, աւելցուց, որ ինչ որ իմս է, քուկդ է, ինչ որ հոս կայ, քու գործածութեանդ համար է, անշուշտ դու ստկի պէտք ունիս, եւ ապահով եմ, որ գզրոցին բանալին դեռ դարձած չէ. հիմա որ մենք ալ իրարու ենք` կը յուսամ թէ իմս քուկդ է, քուկդ իմս է»:

– Քու աս խնամքդ; քու այսչափ երկար…

– Մի՛… – ըսաւ Օրիորդը, իր ձիւնափա՛յլ մատը Թորոսի շրթանց վրայ դնելով, ժպիտով մը, – միգուցէ ասկից վերջը շնորհակալութիւն բառը բերնեդ հանես, մեր մէջ առեւտուր մը կայ, չէ՞ մի, որ դու ինձի աս փոքրիկ տան փոխարէն արքայական աթոռ մը պիտի տաս, աս շորերուն փոխարէն ծիրանի, աս երկու ապուշ սպասաւորաց փոխարէն ազգ մը հպատակ, թէ որ խաբուող մը կայ, ես չեմ, Թորոս:

Փոխանակ պատասխանի Թորոս ան սիրուն, ձեռքը համբոյրներով ծածկեց, երբ աղջիկը ցնցուելով մը` «Մենք չիմացանք ժամանակը. պէտք է երթամ, – ըսաւ, – երբ զիս տեսնել ուզես, սա դարանին խորը սա օղակը քաշէ եւ ես կ'ուգամ»:

– Թէ որ ես չհամարձակիմ օղակը քաշելու:

– Ամէն համարձակութիւն ինձմէ՞ կը սպասես:

– Ես որ կարծէի թէ աշխարհիս վրայ բան մը չի կար, որ զիս շփոթէր եւ վախեցնէր, ինքզինքս փոխուած կը գտնեմ: Ես որ երեք կայսեր գահույից առջեւ սրտի տրոփ մը չունեցայ, ի՞նչ եղայ, չեմ գիտէր: Հիմա տղու մը պէս կը դողամ քու առջեւդ. ի՜նչ է աս:

– Աս կնշանակէ, որ դու դեռ տղայ ես, եւ պէտք է քու դաստիարակութեանդ վրայ հսկեմ ես: Այս երեկոյ ուրեմն կ'երակուրեն վերջը կը տեսնուինք, երբ ամէնքը պառկին:

Եւ աս ըսելով ձեռքը տուաւ, որ պագնէ, եւ դռնեն անհետ եղաւ ու գնաց: Իսկ Թորոս մնաց հոն այն դռան առջեւ, փոխուած մարդ մը բոլորովին, սիրտը նոր, անծանօթ զուարթութեամբ մը զեղուն, եւ խաւար աշխարհք լուսաւոր եղած էր իրեն համար. երեկոյեան արեւուն վերջի ճառագայթները վճիտ ոսկեղէն էին, ծառերու եւ ծաղկանց կանաչը շատ աւելի գեղեցիկ էր, քան մէկ քանի ժամ առաջ, օդը առողջ եւ թեթեւ էր շնչելու, եւ վերջապէս երբ պատուհանեն վար նայելով տեսաւ զբաբկէն, այնչափ իրեն գեղեցիկ երեւցաւ իր փշոտ եւ հաստ յօնքերով եւ իր յիսուն բայց կորովի տարիներով, որ եթէ չամչնար, պիտի ցատկէր, իջնէր եւ համբուրէր:

Բայց ինքզինք զսպելով, ակնարկ ըթաւ, որ վեր գա:

ԳԼՈՒԽ Դ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՎԻՃԱԿԸ

Թէպէտ զուարթութիւնը կը փայլէր Թորոսի բոլոր կերպաբանաց վրայ, թէպէտ ամէն պատրաստութիւն ունէր խօսելու` քան լսելու, բայց Բաբկէնի լուրջ եւ տխուր կերպարանքը առժամայն ազդեցութիւն մը ըրին սրամիտ երիտասարդին վրայ, որ իր տարիքեն անհամեմատ վեր էր իր քսան տարիներուն մէջն ալ: Բաբկէն` թէպէտ հազիւ թէ պարզ կարդալ եւ անունը ստորագրել միայն գիտէր, արտաքոյ կարգի խոհուն, անհամեմատ ուժով, տոկուն եւ անխոնջ պատերազմի մէջ, անդրդուելի, հաւատարիմ եւ նախանձայոյզ ազգասէր մարդ մ՚էր:

Թորոսի եւ Լեւոնի յաջողութեանց անթոյլ գործակից, եւ առաջինին պաշտող յիշատակին երկրապագու կրօնամոլ, միտքը դրած էր, որ եթէ Թորոս երկայն ապրէր, անտարակոյս Կիլիկիոյ անկախութիւնը ան ողորմելի վիճակը չէր ընկնէր. ուստի Լեւոն իրեն համար աննման քաջակորով երիտասարդ մ՚էր, զուրկ ան խորագիտութենեն եւ նախատեսութենեն, որ իշխանի մը եւ զօրավարի առաջին յատկութիւնքն են: Բայց որովհետեւ հաւատարմութեան մէջ անդրդուելի էր, խնդրեց Լեւոնի ծառայութեան մէջ մտնել եւ նորա գերութեան անբաժանելի ընկեր եղաւ. բանտին մէջ երկրորդական անձինք էին իրեն համար Լեւոն ալ, Ռուբեն ալ. ամէնքը երկու եղբայր նման կը գտնէին իրարու, ինք Թորոսի եւ իր եղբօր մէջ անբաւ հեռաւորութիւն կը գտնէր: «Ռուբեն, – կ'ըսէր, – հօրը ճիշտ զաւակն է, ուժով, թեթեւամիտ, քաջ մինչեւ ի յանդգնութիւն եւ ի հրաշագործութիւն ծանր վտանգի մէջ, որ կրնան զինք երբեմն ի յուսահատութիւն տանիլ, բայց պզտիկը, ո՛հ իր գլուխը երբեք պիտի չի կորսնցնէ, իր հօրեղբօրը պէս պիտի լինի անյոյս վիճակներու մէջ` անխռով եւ հնարագէտ»: Ուստի Թորոս իր հայրենասէր յոյսերուն զաւակն էր:

Ոչ Ռուբենի աչագրաւութիւնը եւ մահը եւ ոչ Լեւոնի վախճանը, որ զինք տխրեցուցեր եւ դառնացուցեր էին, կարելի էր բաղդատէք Թորոսի փոքրիկ մէկ հիւանդութեան հետ, ուր Բաբկէն ինքզինք կը մոռնար, ա՛լ պարտաւորութիւնը չէր, որ անքուն կը հսկէր պատանուոյն սնարին քով, այլ գորովագութ մօր մը աչալրջութիւնն էր. մինչեւ իր խոշոր եւ հաստ ձայնը դայլայլիկ մը առնուլ կը ձեւանար եւ կը փափկանար թէ որ կարելի ըլլար իր ահագին ձեռքերը նաեւ պիտի մանրանային, երբ դեղին սկահակը իրեն կ'երկնցնէր. այնչափ խնամք կը տանէր զինքը խնամելու եւ տածելու ժամանակ:

Ուստի, հիմա երբ տխուր ու դառն ներկայացաւ, Թորոս` «Ի՞նչ կայ, Բաբկէն հայրիկ, ընքուիներդ շատ խաւար կ'երեւան այսօր,– հարցուց, միթէ ամենեւին հայ սրտով մարդ մը չի կրցա՞ր գտնել»:

– Երանի՜ թէ չի գտնէի. գէշ, իշխանիկս, գէ՜շ:

– Ի՛նչ գէշ, զրուցէ՛ գլուխդ երերցնելուդ, ո՞ւր է գէշութիւնը:

– Միտ դիր, իշխանիկս. ես հոսկից ելայ անծայր քաղքին մէջ բոլոր շուկաները պտտեցայ, մէկ կիլիկեցի հայ մը տեսնեւու համար, որ կարէնամ լուր մը առնուլ թէ մեր լեռները, մեր տղաքը ի՞նչ եղան. իրիկուն եղաւ, ալ յոյսս կտրէր էր, մեյ մ՚ալ մէկը զիս դրդեց կամաց ձայնովի «Բաբկէն եղբայր», ձայնեց. գլուխս վերուցի, նայիմ` երկայն հասակով մէկը, բեռնակրի հագուստներով, չի ճանչցի.

«Մի՛ խօսիր, – ըսաւ, – միայն ետեւես եկու, ես ալ զքեզ կ'ուզէի տեսնել»: Ո՞վ էր, չգիտէի, ան քիչ մը առջեւեն, ես ալ անոր հետեւելով շարունակեցինք ճամփան` մինչեւ խղճուկ իջէան մը հասանք, եւ սենեակ մը բացաւ: Երբ դուռը գոցեց «Զիս չի ճանչցի՞ ր», հարցուց. «Չէ» ըսի: «Բարի նշան, թէ որ դու ալ զիս չի ճանչցիր, ուրեմն սատանան ալ զիս չի կրնար ճանչել: Վահկեցի Կոստանդինը չե՞ս ճանչեր»: Իրօք Վահկեցի բերդակալն էր, եւ սկսաւ ինձի պատմել թէ ինչպէ՞ս բերդին անձնատուր լինելեն վերջը, բռնէր էին զինք հոռոմք ու շղթայակապ նաւումը մէջ դրած Պոլիս կը ղրկէին, եւ թէ ինչպէ՞ս շղթաները կոտրելով նաւաստիներն ու պահապանները սպաննէր եւ նաւը Սելեւկիոյ ծովեզրը կրցեր էր խրեւ եւ անկից Տորոսի ծովեզրեայ ժայռերուն եւ մացառներուն մէջեն` գիշեր-ցերեկ, շատ անգամ անօթի, ծարաւ` քանի մը ձիթուն, քանի մը եղջիւր միայն ուտելով, վերջապէս Սեւ լեռ գտեր էր, եւ թէ ինչպէ՞ս հոռոմները ամէն տեղ զմեր հայրերը կը հալածէին, կը չարչարէին, եւ թէ ամէնքը կը մրմռային, եւ թէ ան մեր անպիտան ազգուրաց Լամբրոնի իշխան-ները` անհոգ, անկարեկիր էին անոնց նեղութեանց, որովհետեւ իրենք իրենց առ կայսր հաւատարմութեան վարձք առած էին պատիւ եւ իշխանութիւն: Իսկ Մամեստեայ հոռոմ կուսակալը` ամէն օր զհայն ու իր հաւատքը կը հայհոյէր, եւ ամէնքը աոտուծմէ Լեւոնի տղոց մէկուն հասնելուն կը սպասէին, որ զէնքի վազեն: Ուստի Կոստանդին հարցուցեր էր թէ ո՞ւր են Մլեհ եւ Ստեփանէ. եւ իմացեր էր թէ Հալէպու Նուրետտին ամիրային ծառայութեան մէջ մտած էին. ելեր գնացեր էր զանոնք գտնելու, եւ հազիւ թէ Ստեփանէ համոզուէր էր Կոստանդինի հետ Կիլիկիա դառնալու, Մլեհ վրայ հասնելով, ոչ թէ միայն իր եղբօրը միտքը շրջելու` այլեւ զկոստանդին մատնելու երդում ըրած էր, եթէ նոյն օրը տաճկին հողերեն դուրս չելնէր:

Կոստանդին ալ յոյսը տրած եկեր էր Պոլիս, որ թէ կարելի է մեր կղզուոյն բանտը կոխէ, հայրդ ու զքեզ ազատէ եւ տանի Կիլիկիա կամ մեռնի. ուստի զքեզ կուզէ հիմա տեսնել:

Իսկ Թորոս աս պատմութիւնը մտիկ ընելեն վերջը առանց պատասխան մը տալու եղաւ եւ մտախոհ` սենեկին մէջ վեր-վար կը շրջագայէր` երբ Բաբկէն արձանի պէս անշարժ կեցէր էր. վերջապէս Թորոս դառն ժպիտով մը`

– Բաբկէն հայրիկ, – ըսաւ, – շատ կ'ուզէի Կոստանդինը տեսնել, վասնզի կ'երեւակայեմ թէ ինչչափ, որ շատախօս է, նոյնչափ եւ աւելի ալ քաջ է, բայց այս անիծեալ կառավարութիւնը, որ աւազակներու, գողեր ու համար ինչչափ անփոյթ է, այնչափ արթուն է մեզի պէս գերիներու համար, ո՛վ գիտէ թէ Կ'ոստանդնի հոս գտնուիլը ոստիկանութեան լրտեսները չեն գիտէր, եւ արդէն կամաւ թողած են, որ պատի եւ տեսած ու տեսնուած մարդիկը նշանակեն: Քանի որ Մլեհ այդչափ անարգ սիրտ մը ունի, եւ Ստեփանէ այդչափ հողդողդ է, քանի որ Լամբրոնի իշխանքը հոռոմոց գերութենեն չեն ձանձրացեր, ես պէտք է իմ ազգիս գլխուն ճարը տեսնեմ. զրուցէ Կոստանդնին, որ զիս տեսնել անօգուտ է, թող զիս Սեւ լեռը սպասէ: Այսչափ տարի համբերեց, շատ-շատ` տարի մ՚ալ համբերէ: Ի՛նչ տեղեկութիւն, որ բերէր է` ինձի բաւական է: Բայց չի հարցուցի՞ր թէ ինչ միջոց, քանի հոգի ունի եղեր, որ աս մայրաքաղաքին դռան առջեւ կը ղզիի մը բանտ մը կոխելու յանդգնութիւնը ունեցեր է:

– Քիչ մը դրամական օգնութիւն գտնելով քանի մը եկեղեցականներէ, գենովացի նաւ մը վարձեր է, հինգ ալ ընկեր գտեր է իրեն պէս անվեհեր մարդիկ եւ աս խորհուրդը մտածէր է:

– Բայց դու ի՞նչ ըսիր, Բաբկէն, աս մեր Կոստանդնին մտածութեանը:

– Ըսի թէ յիմարութիւն է, եւ բարեբախտութիւն մ՚է, որ արդէն բանտին դուռը բացուած լինելով իրենց քաշութեան կարօտութիւն չէ մնացած, որ Կիլիկիոյ միմիայն յուսոյն թերեւս անօգուտ մահը պիտի պատճառէր: Ուստի չե՞ս ուզէր իրեն գալը զքեզի հետ տեսութեան:

– Չեմ ուզէր, որ այսպիսի քաջ մարդիկ հուսակտուր լինին, ուստի դու կրնաս խոհեմաբար զիս տեսնելու անօգուտ եւ վնասակար հետեւանքը իմացնել:

– Արդէն գրեթէ իմացուցի, եւ ինք շատ տխրեցաւ, վերջին պատասխանի մը կսպասէ վաղը շուկայի մեծ դռան առջեւ:

– Ահա, վերջին պատասխանն ալ դարձեալ աս պիտի լինի: Երթալ եւ մեր լեռներուն մէջ ինձի սպասեւ:

– Այսչա՞փ: Ուրի՞շ:

– Կ'երեւայ թէ ուրիշ մտածութիւն մ՚ալ դու ունիս, Բաբկէն հայրիկ:

– Այո՛, ունիմ:

– Զրուցէ՛ ուրեմն:

– Կը հրամայե՞ս, որ զրուցեմ: Ի՞նչ կարգիլէ, որ մենք ալ Կ'ոստանդնի պատրաստ նաւով դառնանք Կիլիկիա. կարելի չէ՞, որ Կոստանդին հազիւ հասած դեռ մարդ իր գալուն հոտը չառած, մտնենք իրեն հետ նաւը եւ շուտով ճամփայ ելնենք:

Եւ այս խօսքերը ըսելուն` Բաբկէն իր երկայն ընքուիներուն տակեն իր սուր աչքերը Թորոսի բիբերուն վրայ տնկած պատասխանի մը կը սպասէր: Այդ նայուածքը եւ նորա նշանակութիւնը միայն Թորոս կրնար իմանալ, ուստի անխռով պատասխանեց, ոչ թէ Բաբկէնի մտքին, այլ սրտին խօսելով:

– Մենք մեր բանտեն ելնելուն երկրորդ օրը թէ որ այս բնակարանը թողունք եւ փախինք, կարելի է, որ կարէնանք ողջ-առողջ Կիլիկիա հասնիլ, միթէ բոլոր յունաց սրընթաց նաւերը մեր ետեւեն չե՞ն սրանար, միթէ ան կառավարութիւնր, որ Լեւոնի մահուընեն գրեթէ տարի մը վերջը իր ապուշ տղան բանտեն ազատելու համար այնչափ բարեխնամ աղաչանաց խուլ եղաւ, եւ հազիւ շնորհք մը ընելու զիջաւ, կը յուսա՞ս թէ գաղտնի մեր վրայ չի հսկէր եւ մեր առաջին անխոհեմութեան անյուշ բանտի զմեզ չի դատապարտէր: Ես ալ կը սիրեմ ազատութիւն, ես ալ կը յիշեմ մեր լեռներուն պայծառ արեւը, երեկոյեան զով քամին եւ անջինջ երկնքին պարզութիւնը, եւ բան մը չի կայ, աս լաւ լսէ՛, Բաբկէն, բան մը, որ կարէնայ զիս իմ պարտքես, իմ առաջաղրութենես կասեցնել, բայց ուխտ ալ ունիմ, որ հախուռն բան մը չընեմ:

Աս վերջին խօսքերը, որ Բաբկէնի ճակատը պարզեցին եւ յօնքերը իրենց բուն տեղը տեղաւորեցին, դեռ իր վստահութիւնը ամբողջ չի կրցան գրաւել, եւ Թորոս լուռ կը նշմարէր, ուստի իբրեւ թէ նորա մտաք խորունկը չի թափանցած` քանի մը պտոյտ ընելէ վերջ, սենեկին մէջ, ըսաւ.

– Ես քեզի ուրիշ գաղտնիք մը պիտի հաղորդէի, սա գռան գաղտնիքը, որ պարզուեցաւ: Օրիորդը, որ դու նախ տեսար, որու թերեւս միայն պարտական ենք մեր ազատութիւնը, հայ է մօր կողմէ եւ սրտով բոլորովին:

– Փա՜ռք աստուծոյ:

– Այդ կողմեն ալ սիրտդ հանգիստ բռնէ. առ սա քանի մը ոսկին, անցիր դիմացի կողմը Ղալաթիոյ քաղաքը, հոն հայոց եկեղեցի ալ կայ նայէ՛, տեսնուէ՛ ազգայնոց հետ, ի՞նչ վիճակի մէջ են, իմացիր, թէ որ առանց կասկածի ստուեր տալու կրնաս իմանալ թէ գենուացի նաւեր կան, որ ոչ Միջերկրական միայն` այլ նան. Պոնտոսի ծով կ'երթան, տեղեկութիւն ա՛ռ, ամէն ճամփայ լաւ է Կիլիկիա մտնելու համար: Ամենեն ապահով տեղ տեսնուելու համար` հայ եկեղեցին կրնայ լինիլ. բայց այդ նաեւ ինձի համար արգիլուած է, թերեւս, ինձի համար աս բանտը չեմ գիտէր առաջինեն որչափ ընդարձակ է: Տեսնենք… Դու խոհեմութիւն ունիս, պէտք չէ որ ես քեզի կը կրկնեմ թէ ինչ վիճակի մէջ ալ լինիս, պէտք է ջանաս իմանար բայց միշտ առանց հարցնելու: Ժամանակը արդէն ուշ է, դու ալ յոգնած ու անօթի, երթանք կերակուրի:

Թէպէտ Բաբկէն իրօք անօթի էր, բայց կար բան մը, որ դեռ իրեն համար վարագուրեալ էր մասամբ, այսինքն` աղջիկը, որ «մօր կողմէ հայ էր եւ որ իրենց ազատութեան համար աշխատէր էր». եւ քանի որ մանրամասն պատճառները չէր իմացեր, իր ախորժակը կատարեալ չէր. բայց որպէսզի Թորոսի կամաց դէմ չի մեղանչէ, որ աններելի յանցանք կը համարէր, ամէն կերակուրներէն կշտապինդ կերաւ, Կիզիկոնի վճիտ գինին լաւ մը խմեց, եւ երբ Թորոս ելաւ քաշուեցաւ իր սենեակը, իր լայն յօնքերը վեր առնելով եւ իր սուր աչքերը գոհութեան ժպիտով մը անոր յետոց վրայ դարձնելով «Աստուած յաջողութիւն տա, իշխանիկս», կը մռմռար քթին տակեն, «Դու շատ խելօք տղայ ես, որ աղջիկ մը խելքդ հափափէ ու քեզ կնիկ դարձնէ, ալ ես այս գիշեր հանգիստ կրնամ քնանալ. դու զուարճացիր ինչչափ կ'ուզես, բաւական է, որ տարին չանցած աս նզովուած քաղքին պարիսպներէն մէկ մը դուրս նետուինք…: Մեր լեռները հարցուցի, մեր ազգին ընդհանուր վիճակը հարցուցի… իմիններս ամչցայ հարցնելու` վախեցայ հարցնելու… ո՞վ գիտէ, ի՞նչ եղան, ո՞ղջ են, մեռա՞ծ են, ո՞ւր են… իրաւ է որ անոնք հարցնելու ժամանակ ալ չի կար, անշուշտ ան ալ չէր գիտեր… Լաւ տղայ է Կոստանդին, քաշ է, ի՛նչ օգուտ, որ թեթեւ է. ո՛վ գիտէ Մլեհի՞ն էր յանցանքը թէ իրեն…»:

Այս մտածութիւններով սկսաւ մրափել Բաբկէն հայրիկ իր նստած տեղը, եւ իրօք ալ իրեն ան մրափը իր տղայութենեն ի վեր ամէնուն քունին տեղ կը բռնէր, եւ որ իրեն համար բաւական էր քսանչորս ժամ պատերազմելու եւ քառասունութ ժամ քալելու:

ԳԼՈՒԽ Ե ԴԻՈՆԻՍ

Այս փոքրիկ տան անմիջապէս կից տուն մը կար, որու մէկ սենեակը միայն տեսանք մենք` սենեակ կամ մատուռ աղջկան մը սիրոյն, որ գաղտնիք մ՚էր ամէնոմէ համար բացի ծեր Գիոնիսեն, որ աս որբ աղջկան ոչ միայն բժիշկ, այլեւ խնամակալ, խորհրդական, սրտակից վարժապետ եւ հայր եղած էր միանգամայն:

Դիոնիս տկար եւ նիհար մարմնոյ մէջ կորովի սիրայ ունէր եւ մեծահանճար գլուխ մը, ի բաց առեալ իր արհեստը, որ զինք ուսմանց եւ գիտութեանց տարեր էր ի տղայ տիոց, իր զանազան ճամփորդութիւնքը ի Փոքր Ասիա, յարաբիայ, հեգիպտոս եւ հասորեստան իր միտքը ընգարձակեր եւ հարստացուցեր էին, եւ դիտող ու հետաքննին բնութենեն ամէն գաղտնեաց պատճառը փնտրելով, մոռցեր եւ թերեւս արհամարհէր էր սրտի զգացմունքները: Եւ վերջապէս, երբ յոգնած եւ տկարացած երկար եւ բազմամեայ պանդխտութիւններէն Բիւզանդիոն դարձեր էր, իբրեւ թէ յանկարծ աչքերը բացուէր էին տեսնելու եւ իմանալու թէ ժամանակը անցէր էր. ուստի փիլիսոփայաբար որոշէր էր իր միայնութիւնը ուսմամբ մխիթարել, եւ իր արհեստին պատճառաւ Ալեքսիսի` Եւփիմէի հօր հետ վերաբերութիւն ունենալով քիչ-քիչ անոր բարեկամաբար եւ եղբայրաբար կապուեցաւ, անոր ընդարձակ պալատին մէջ իր սենեակները ունեցաւ, եւ առանց զգալու ան մարդը, որ կարծէր թէ ընտանեաց սէր, զաւկի սէր իր սիրտը մուտք պիտի չունենային, իր սիրտը գորովալից գտաւ անոնց ամէնուն համար, որ Ալեքսիսի էին. անոր կինը իր քոյրն էր, անոր որդիքը իր ալ հարազատ զաւկներ եզան, եւ ազատ սիրտ ունեցող կարծեցողն օր մը տեսաւ թէ իր խեղճ սիրտն ալ գերի էր տղոց ճչերուն, խնդալուն, տխրութեանց եւ ուրախութեանց, եւ ինքնաբերաբար քարոզ եւ դաստիարակ եղած էր անոնց բարոյականին, ինչպէս բժիշկ եւ խնամածու էր անոնց կենսականին: Իր աս պարտաւորութիւնննրը կրկնապատկեցան, երբ Ալեքսիս իր մահուան անկողնին մէջ ծեր բարեկամին յանձնէք իր ընտանիքը: Ալ ան օրէն վերջը Դիոնիս տան հայրը եղաւ, եւ տեսանք թէ ինչպէ՛ս ոչ միայն անոնց պիտույից այլ նաեւ անոնց ամէն քմոյշներուն կը ծառայէր, եւ Եւփիմէ իր ազնիւ բնաւորութեամբն ու կարեկից սրտովն բռնաւոր մ՚էր խեղճ ծերուն գլխուն, որ նորա կամաց հակառակիլ չէր գիտէր, եւ անձնասէր ծերութիւնը ժամանակ չէր գտնէր իր բերմանն հետեւելու: Ուստի ինչ որ Եւփիմէ կուզեր, Դիոնիս կը կատարէր. եւ որովհետեւ իր արհեստին եւ ուսմանց համար մեծ համբաւ ունէր եւ ծանր պարագաներու մէջ կը փնտրուէր թէ կայսերական եւ թէ մեծատոհմ ընտանիքներէ եւ ամէնքը զինք կը յարգէին, ուստի կրցեր էր յաջողիլ իւր ազդեցութեամբս ու խնդրանոք զմեր Թորոսն ալ բանտեն ազատել, եւ այդ տան մէջ, որ անյայտ մաս մ՚էր Եւփիմէի պալատին` տեղաւորել:

Այս ընդարձակ բնակարանին նկարագիրն ընել աւելորդ է: Ժամանակին շռայլութիւնը ինչ-որ սովորութիւն ըրած էր զարդարելու համար մեծամեծաց պալատները, ընդարձակ ոսկեձեղուն սրահներ եւ սենեակներ պատկերներով, գորգերով, բազմոցներով հոն աւելիով կը գտնուէին եւ բնական է, որ տարիներով ընդարձակ գաւառի մը կուսակալ իր կողոպուտները մայրաքաղաքին մէջ վայելէ: Ուստի Ալեքսիս Ծերակոյտի անդամ անուանեալ եւ իր քաղցր բնաւորութեան համար կայսեր սիրելի` տանը շքեղութիւնն ու պերճանքը մեծ պարտաւորութիւն կը համարէր, մանաւանդ որ իր հայ թագաւորազն կինը ամէն բանէ աւելի գոհ ընել կուզեր, վասնզի սաստիկ կը սիրէր, եւ նորա մաղձոտ եւ տխուր վայրկեններէն կ'ակնածէր, որ առանց գանգատ մը յայտնելու, հայրենի երկրին յիշատակին` աչքի փայլ մը կ'ունենար, եւ հռանդեամբ` իրաւ շատ քիչ անգամ` իր տղայութեան ձիարշաւները՛ եւ խազերը տարեկից աղջկանց հետ կը յիշէր:

Եւ աս կինը թէպէտ բուն հայրենիքեն վտարանդի, վասնզի իր պապը` Սենեքերիմ, թողէր էր Վասպուրական աշխարհք եւ եկեր էր բնակելու Սեբաստիա, բայց դարձեալ հին հայրենեաց յիշատակներով սնեալ` ինչչափ հեռացել էր, նոյնչափ ալ անոր վրայ սէր ունէր. ուստի իր էրիկը միշտ տխրութեամբ կ'ուտար իրեն հին Հայաստանի ցանցառ նամակները, որ երբեմն-երբեմն իրեն տեղեկութիւն կը բերէին նորա թշուառութեանց:

Ուստի իրեն մխիթարութիւն միայն Կիլիկիոյ Ռուբինեանց յաջողութիւնքն էին, եւ ինչ որ անոնց յառաջադիմութեան համար կը խօսուէր` զինքը գաղտնի ուրախութեամբ կը լեցնէին, եւ Ալեքսիս Թորոսի եւ Լեւոնի քաջագործութեանց լուրերը ինք կը բերէր կատակով եւ միշտ կ'աւելցնէր. «Մեզի համար անհաճոյ, եւ քեզի շատ հաճոյ լուրեր կան դարձեալ»: Իսկ երբ Լեւոն իր զաւակներով գերի բերուեցաւ մեծ քաղաքը, այս կինը սրտի սուգ առաւ եւ կրցած օգնութիւնը ըրաւ եռանդագին, ինչպէս վերը յիշեցինք: Եւ երբ ինքն ալ մեռաւ` Եւփիմէ մնաց միմիայն ժառանգ հայրենի ստացուածոց եւ մայրենի հայասիրութեան: Թէպէտ իր սէրը աւելի հետեւանք կրնար համարուիլ ուրիշ դժբախտ սիրոյ, ինչպէս երբեմն կը յայտնէր Դիոնիս փոքրիկ ժպիտով մը առանց վիրաւորելու իր սանուհին, որ անտարակոյս ոիցէ՛ կատակի կրնար համբերել, երբ ան մարդեն կ'ուգար. եւ աններելի կը համարէր այնպիսի զաւեշտի ստուեր մը նաեւ թէ ուրիշը համարձակէր յանդգնէր: Վասնզի այդ չքնաղ եւ արքունի կերպարանքին փափութեան եւ մտաւորական սրամտութեան ներքեւ բուռն եւ խրոխտ բնաւորութիւն մը կար, որ կարելի էր կոտրտել եւ փշրել, բայց ոչ երբեք ծռել եւ հակել. եւ ծերուն բոլոր խրատները ու հայրական յորդորները անօգուտ կը լինէին, երբ իր լուսալիր աչքերը հրալիր կը դառնային շանթահարելու համար իր կամաց ընդդիմահարները: Բայց ժամանակը եւ բախտին խիստ հարուածները, որ իր երիտասարդ տարիքին վրայ բռնացան, սկսած էին զինք համոզել իր խնամակալին խորհուրդներուն ջանալ զիջանիլ, եւ աւելիդ խոհեմութիւն ունենալ մեր այս պատմութեան օրերուն: Ուստի երբ Եւփիմէ անմիտ, յամառ եւ անիրաւ վիճաբանի մը կը պատահէր եւ կը զգար հրալից ամպը, որ ճակտին վրայ կը դիզուէր, կը լռէր եւ իր դաստիարակին ժպիտ մ՚արձակելով կ'առնէր կը քալէր, եւ հանդարտութիւնը հասնելեն վերջը դարձեալ կ'ուգար ի կռիւ, բայց ալ զէնքերը փոխուած էին, իր սուր միտքը փոխանակ շանթերու` թունաւոր նետեր կ'արձկէր, հեգնութիւն եւ երգիծանք կը սրանային իր շրթունքներէն: Եւ դարձեալ այս ամէն բնաւորութեան խստութեամբ ալ թէ որ կանայք փախչէին իսկ իր ընկերութենեն, էրիկ մարդիկ գիտնալով ալ թէ անխոց պիտի չելնեն իր պալատեն` դարձեալ կը վազէին փափագով իր տեսութեան: Այսչափ զօրաւոր են կը նկան մը գեղեցկութեան հրապոյրքը:

Ուստի նոյն գարնան երեկոյին, Բիւզանդիոնի վճիտ երկնքին լիալիր լուսնով մը, նստած էին Եւփիմեայ մեծ սրահին յարակից կախաղանաւոր կիտրոն եա պարտիզին մէջ քանի մը հիւրեր Օրիորդին բազմոցին շուրջը: Իսկ նա իրենց սիրաշունչ շողոքորթութեանց այնպիսի ժպիտներով կը պատասխանէր, որ անկարելի էր որոշել թէ հաճույի՞ց էին արգասիք եթէ արհամարհանաց: Վերջապէս երիտասարդ մը, որու սնապարծութիւնը հագուստներէն կը վազեր, որու պչրանքը հոգուոյն նուաստութեան հայելին էր, սրտնեղութեամբ ոտք ելաւ եւ կիսով գլովսը դէպ Օրիորդը դարձնելով

– Զարմանք է, – ըսաւ, – որ Կոմնենոսի մը նաեւ ձեր գեղեցկութիւնը անուշ բառ մը չունի պատասխանելու, արքայազուն մըինձի պէս, որ կայսերական պատուանդաններուն վրայ է իր ծննդեամբ, թերեւս շատ նուաստացաւ հաճոյանալու համար ձեզի:

Եւփիմէի առաջին շարժմունքը նետի հարուած մը ընդունող առիւծին էր, եւ հազիւ թէ իր գեղեցիկ ճակատը ցնցեց եւ աչքերը փայլակեցին, միտքը եկաւ թէ իր բախտը իրեն կը սպասէր եւ ինք երջանիկ էր, ուստի ելաւ հանդարտ ձեւով`

– Ներէ, արքայազն իշխան, թէ որ ես անզգայ կը գտնվիմ ձեր կատարելութեանց, որոնց բարձրութիւնը մէկը չի կրնար ուրանալ. ուստի ձերն է յանցանքը թէ որ ձեզի հաւասարները չի փնտրեցիք:

Եւ այս խօսքերը ազնուական ծանրութեամբ մը զրուցելեն վերջը` նոյնպէս զամենքը ողջունելով, գլուխը բարձր` թագուհուոյ մը պէս իր սենեակները քաշուեցաւ, ուրախ, որ դիւրութեամբ ազատեցաւ ընկերութենէ մը, որ զինքը կը ձանձրացնէր, ուրախ գտնելու համար ան ընկերութիւնր, որուն համար սիրտր կը տրոփէր:

Իսկ նոքա, որ մնացին` մեղադրեցին Իսաք Կոմնենոս, որ այնպիսի նախատանոք եւ կոպտութեամբ վարուեցան գեղեցիկ Օրիորդին հետ, եւ ղրկեց զիրենք անոր ընկերութենեն: Իսկ Դիոնիս որ անշշունջ կը դիտէր աս ամէն եղածները, զիրենք ամէնն ալ ճամփայ դնելեն վերջը, ուղղուեցաւ գտնելու իր սանուհին, որ իրեն կը սպասէր եւ որ զինք տեսածին պէս, մէկեն դիմաւորելով «ի՞նչ է կարեւոր զրուցելիքդ», ըսաւ:

– Իմ զրուցելիքս հարցմունք մ՚է, ի՞նչ է քու միտքդ հայ երիտասարդին համար:

– Այս հարցմունքդ զիս կը զարմացնէ, դու լաւ գիտես իմ միտքս:

– Անոր միտքն ի՞նչ է:

– Անշուշտ իմ միտքս ինչ որ է` անորն ալ նոյնը պէտք է ըլլա:

– Խնդրեմ ուրեմն ես ալ մէկ մը տեսնվիմ իրեն հետ եւ իր բերն են լսեմ եւ ըստ այնմ շարժիմ:

– Վտանգ մը կա՞յ արդեօք, շուտ մը ինձի զրուցէ:

– Շատ անհամբեր ես, զաւակս, դու իմ ըսածս ըրէ:

Եւփիմէ առանց ժամանակ անցնելու աս վերջի խօսքերուն վրայ մէկեն սրացաւ սենեակէ սենեակ եւ գաղտնի դուռը բանալով, տեսաւ, որ Թորոս ոտքի վրայ իրեն կը սպասէր. առանց ամենեւին խօսելու ձեռքեն բռնեց եւ շիտակ հոն տարաւ, ուր Դիոնիս նստած կը մտածէր, եւ երբ երկուքն ալ իր առշեւը կանգնած տեսաւ, առանց կերպարանքը փոխելու եւ առանց շարժմունք մը ընելու միայն իր սուր աչքերը Թորոսին վրայ ուղղելով`

– Եւփիմէ զրուցած է քեզի իմ ով ըլլալս, ինք իմ զաւակս է, ուրեմն պէտք է ինձ միտքդ շուտով յայտնես:

Այս առանց յառաջաբանի լակոնական հարցմունքին հետեւանքը թէպէտ երկայն էր, բայց Թորոս մէկեն, մէկ նայուածքով դատեց դիմացի մարդը, հարցմունքին նշանակութիւնը եւ մօտակայ վտանգ մը:

Ուստի առանց դանդաղելու պատասխանեց.

– Թէ որ Օրիորդը այսչափ գեղեցիկ եւ սիրելի յատկութիւններ ալ չունենար, միայն ինձի ըրած բարերարութիւնքն բաւական էին ինչ որ ունիմ` իմ անձս իրեն նուիրելու:

– Բաւական է, ազնիւ երիտասարդ, ես ալ քեզմէ սա պատասխանին կը սպասէի: Հիմա նստէք եւ մտիկ ըրէք, որ ըստայնմ շարժինք: Վտանգ մը կայ, եւ վտանգը քու ազգայիններեդ մէկեն կը հասնի, որ երբեմն քու հօրդ բերդակալն է եղեր եւ շատ ալ վտանգաւոր մարդ, 1ւ հիմա Պոլիս կը գտնուի ծպտեալ ու ոստիկանութեան լրտեսները զինք ճանաչէր են եւ իրեն հետքը նաեւ գտեր. աս գիշեր խորհուրդ ալ կայ զինք ձերբակալելու. բայց այս դիպուածեն վերջ կայսեր շնորհքին վրայ վստահիլ անկարելի է եւ մեծ անխոհեմութիւն. ուրեմն դու ի՞նչ կը մտածես, ի՞նչ պիտի ընես:

– Դեռ հիմա աս վայրկենիս կ'իմանամ մօտալուտ վտանգը, թէ որ կարելի է փախիլ` հիմա փախինք, կ'ըսեմ: Բայց ո՞րն է ապահով ճամփան:

– Հիմա ապահով ճամփան սա տունը չի կենալն է, եւ ամիսի մը չափ ժամանակ ծածկուիլն ու ոստիկանութեան կարծեցնել թէ դու փախած ես:

– Ես բանտէ նոր ելած` աս ընդարձակ քաղաքին ոչ լաւ տեղեակն եմ եւ ոչ ծանօթ մը ունիմ. ինչ որ ըսես, կը կատարեմ:

– Լաւ, ուրեմն պատրաստուի շուտով դու եւ ծառադ: Զգեստդ եւ յունարէնէ կատարեալ գիտութիւնդ զքեզ չեն մատներ. խոհեմութիւն քեզի չեմ յիշեցնէր. ես զքեզ կը ճանչեմ: Հիմա ուրեմն պէտք է ճամփայ ելնես:

Ելաւ ծերուկը եւ դռան մօտենալով «Լազա՜ր» կանչեց: Մէկեն երեւցաւ արդէն մեզ ծանօթ տնտեսը:

– Պատրա՞ստ է ամէն բան:

– Այո՛, տիար:

– Ուրեմն, – ըսաւ Թորոսի, – քու ծառադ ալ պէտք է պատրաստուի:

– Ան միշտ պատրաստ է, – պատասխանեց Թորոս եւ շտկուիցաւ դէպի դուռը: Իսկ Եւփիմէ առանց մէկ բառ մը կորսնցնելու, մէկ մը ծերուն, մէկ մը Թորոսին կը նայէր եւ առանց Թորոսի թեւը թողլու եկաւ մինչեւ նորա սենեակը, եւ փոքրիկ կապոց մը շինելով ստկի ու ճերմկեղէնի կը սպասէր` երբ Բաբկէն իր տիրոջ հետ վեր ելաւ: Եւփիմէ առանց բան մը զրուցելու կապոցը Բաբկէնի ձեռքը տուաւ. անկից վազեց Լեւոնի կախուած սուրը առաւ, Թորոսի երկնցուց, որ ան սիրուն ձեռքը իր շրթանց տանելով սուրը առաւ մէջքը կապեց: Եւ ասոնք ամէնը արագ, բայց անխռով կատարուեցան, իբրեւ թէ շատոնց որոշուած լինէին, եւ երեքը մէկեն ծերուն քով գտնուեցան:

– Լաւ, – ըսաւ ծերը, – հիմա, Լազար, նայէ՛ ծառայ, աղախին չի գտնուի դուրսը:

– Մարդ չի կայ, տիար. եւ բոլոր լոյսերը մարած են:

– Աստուած բարի յաջողութիւն տա ձեզի, – ըսաւ ծերը եւ Թորոսի ձեռք տուաւ, որ նոյնպէս ձեռքով պատասխանեց:

Եւ երբ սենեկին դռան քով եկաւ, դարձեալ պագաւ Եւփիմէի ձեռքը, որ մինչեւ ան վայրկեան բառ մը բերն են չէր հանած եւ միայն այն ատեն աչքերը արցունքով` «Աստուած հետդ ըլլա» ըսաւ. իսկ Թորոս մեյ մը երկինք նայեցաւ, մ՚եյ մ՚ալ անոր, եւ գլուխը դարձուց դէպ իր ճամփան, ամենայն արագութեամբ, ծածկելու համար սրտին յուզմունքը. Բաբկէն անշշունջ կ'երթար իբրեւ իրեն շուքը:

Պալատին մէկ պզտի դռնեն Լազար սիրենք դուրս հանեց, եւ լուռ անձայն փողոցներու մէջեն արագ-արագ կ'երթային այս երեք անձինքը, երբ իրենց քովին կ'անցնէին խաւարի եւ անզգամութեան արբանեակներ. մինչեւ որ իրենց սահմանեալ տեղը իջան քանի մը գիշերապահ խմբիկներ ալ եղան, որ իրենց հարցմունք ընելու եթէ պատրաստուէին, Լազար անոնց գլխաւորին ականջեն բան մը զրուցելով ճամփայ կ'առնէր, մինչեւ հասան տան մը դռան առջեւ. հոն Լազար բանալի մը հանելով դուռը բացաւ եւ իր ընկերները ներս մտցնելով դուռը կամացուկ մը գոցեց:

– Շնորհէ ձեռքդ, իշխանդ իմ, – ըսաւ, – որ աս մութուն ձեզ առաջնորդեմ, եւ Թորոսի ձեռքն առնելով տարաւ սենեակ մը. Բաբկէնի համար դժուարութիւն չի կար, վասնզի մութուն ալ կը տեսնէր. «Դուք հոս նստէք» ըսաւ Լազար եւ աներեւոյթ եղաւ: Իսկ մեր երկու հայերն մնացին մթութեան եւ խաւարի մէջ, գոնէ Թորոս գիտէր թէ ինչ բանի համար էր այս գիշերային փախուստը. երբ Բաբկէն, որ կարծէր գուշակել` ինքնիրեն կ'ըսէր. «Իշխանիկս աս գիշեր աչք գոցած չէ, ես լաւ քնացա… արդեօք Կ'ոստանդնի գալը իմացա՞ծ են. երբ այդպէս է, իրաւ աս հոռոմները սատանայ են. ես չի կրցայ ճանաչել, անոնք ինչպէ՞ս ճանաչեցին… հիմա ո՞ւր կ'երթանք, անտարակոյս պիտի տեսնենք… հոռոմ աղջիկը իրաւ գեղեցիկ է… բայց ան սուր աչուի, մեծճակատ ծերը ո՞վ էր… է՜հ, Բաբկէն, ամէն բան կիմանանք… աստուած տար յաջող լինէինք, մէկ մը մեր Սեւ լեռը գտնէինք…»:

Այսպէս կը խորհրդածէր Բաբկէն, երբ Լազար երեւցաւ` «Երթանք, տիար իշխան», ըսաւ: Քանի մը քայլ առնելով դուռ մը բացաւ եւ ինքզինքնին լուսնի լուսոյ մէջ եւ ծովեզրը գտան: Երեք ջուխտակ նաւ մը կը սպասէր: Հազիւ թէ տեղաւորեցան` նաւը սկսաւ սուրալ պատռելով ծովը` թողլով աջ կողմը մայրաքաղաքին եւ ձախ կողմր Ղալաթիոյ ափունքը, քանի մը ձկնորսի նաւեր եւ քանի մը պահնակ նաւեր միայն կային ծովուն վրայ, որոնց մէկ հատը միայն մօտենալով նաւուն եւ Լազար իր նշանի բառը տալով ազատ իրենց ճամփան կը շարունակէին նաւուն գլուխը դէպի Վոսփոր միշտ ուղղելով: Կ'անցնէին շարունակ եւ ետ կը ձգէին այսօրուան Պեշիքթաշ, Օրթագեղ, Առնաւուտ գեղ եւ կարգաւ արուարձանաց շարունակում թիւնքը դէպի վեր, մինչեւ որ հասան Թարաբիայի ծովեզրը տան մը առջեւ եւ հոն նաւակը կեցաւ: Ան ատեն Լազար ելաւ ցամաք եւ ձեռամբ հրամցնելով զթորոս, որ ցատկեց ելաւ նաւեն Բաբկէնի հետ, նաւավարներուն քանի մը խօսք ըրաւ ու ճամփեց: Հոն ծովեզրը զիրենք թողլով պտոյտ մը ըրաւ, մտաւ տան քովի ճամփան, զարկաւ ցած երկաթապատ պատուհան մը, եւ պառաւ կին մը ձայն տուաւ ներսեն. երբ իր անունը տուաւ` «Աստուածածին, – ըսաւ կինը, – այս ատեն, Լազար, ի՞նչ կ'ուզես»:

– Բա՛ց, մայրիկս, – ըսաւ ձայնը, – հիմա խօսելու ժամանակ չէ, զովը զմեզ սառեցուց:

Պառաւը նիգերը խախտեց, եւ քովնտի դուռը բացուեցաւ: Լազար ներս մտնելով նշանացի լռութիւն հրամայեց պառաւին, եւ կանթեղը առնելով ձեռքեն հիւրերը ներս մտուց եւ դռնապանի բնակարանը թողլով, շիտակ զիրենք մաքուր սենեակ մը հանեց, ուր անկողին ամենայն ինչ պատրաստ կար իրենց պիտույից համար:

Գիշերը յառաջացեր էր, լուսինը լիալիր կը թագաւորէր երկնքին վրայ եւ հանդարտ ընթացքը կը շարունակէր, ծովը հանդարտ նոյնպէս, իբրեւ թէ երբեք ալեկոծութիւն չէր ունեցեր. բնութիւնը վերջապէս իր բոլոր գեղեցկութեամբ զարդարեալ խաղաղութեան կերպարանքն ունէր. Թորոս պատուհանին առջեւ նստած կը նայէր, բայց տեսարանին գեղեցկութիւնը ոչ կը տեսնէր, ոչ կը զգար, այլ նամանաւանդ թէ ատելի կ'երեւար իրեն ամէն բան, եւ դժուար էր որոշել եթէ վերահաս վտանգը՞ արդեօք թէ գեղեցիկին երեսեն հապճեպ աքսորն էր, որ իրեն ծանր կը թուեր, բայց ստոյգն հոն էր, որ լուսինը արիւնագոյն կ'երեւէր աչքին, ծովը պղտոր հայելի մ՚էր, ծաղիկները հոտ չունէին, եւ սոխակը, որ վար գերուն մէջ կը դայլայլէր մահուան երգի պէս ատելի էր իրեն, վասնզի Եւփիմէ չի կար: «Աւա՜ղ, ուրեմն առանց անոր հայրենեաց փրկութիւնն նաեւ իմ սրտիս չպիտի քաղցրանա՜յ», մրմնջեց եւ շտկուեցաւ դէպ անկողին, երբ յանկարծ միտքը եկաւ Բաբկէն, որ հոն կեցէր էր արձանի պէս. միտքը նաեւ եկաւ թէ քանի որ դուրս ելած էին իրենց տանեն ոչ բառ մը նա արտասանած` եւ ոչ ինք իւր պապանձման մէջ խօսք մը անոր ուղղած էր. թէպէտ սէրը խիստ, նախանձոտ եւ անողոք խորհրդական մ՚է եւ կը մերժէ ամէն բան, որ սէր չէ, բաց Թորոս շատ մեծ սիրտ ունէր մոռնալու համար այդ ազնիւ մարդուն հաւատարմութիւնը իրեններուն եւ իրեն. ուստի ճամփան փոխեց եւ անոր մօտենալով` «Բաբկէ՛ն հայրիկ. դու ի՞նչ կը խորհիս աս մեր դիպուածին», ըսաւ դառն եւ մտերմական ժպիտով մը միանգամայն:

– Ի՜նչ զրուցեմ, իշխանիկս, վտանգ մը թէպէտ կ'երեւայ մեր փախուստ են, բայց կը թուի նաեւ թէ յաջող ելք պիտի ունենանք, վասնզի մինչեւ հիմա կոտրած, թափած չուն ինք: Ոչ թշնամին զմեզ հալածեց եւ ոչ ճամփանիս կտրեց. ու սուրը պատեանեն հանելու չի պարտաւորեցանք:

– Ճշմարիտ է, Բաբկէն, թէ վտանգաւոր դիպուածներ կրնայինք ունենալ, բայց հազիւ թէ բանտեն ելած` բանտի սպառնալեաց ներքեւ գտնուիլ շատ ծանր է: Հաւերը կը խօսին. արշալոյսը մօտ է, երթանք քնանալ, քու անկողինդ…

– Ո՜հ, իմ անկողինս հոն է, ուր որ բազմոց մը կայ, աստուած քեզի հանգստութիւն տա, իշխանիկս:

Թորոս հազիւ թէ անկողին մտաւ, քունն ալ իր աչաց վրայ ծանրացաւ, վասնզի յոգն ու յոգնածութիւն այն տարիքին մէջ քուն չեն վտարէր նամանաւանդ թէ կ'անուշացնեն: Երբ արթնցաւ, արդէն արեգակը իր ճառագայթներով երկնքի վրայ կը թագաւորէր եւ բնութիւն բոլոր ոտքի վրայ էր: Նոյնպէս Բաբկէն դուրսի սենեակը արեւուն հետ ելած անձայն եւ անշշունջ կը պտտէր եւ առանց երեւալու ձկնորսներու, նաւավարներու, ծովու եւ ցամաքի անցորդներու երթեւեկը ու իրենց օթեւան ած ամառանոցը կը գիտէր, եւ ակռաները կճրտելով` «Անիծեալ քաղաք, նզովեց քաղաք, հիմնահատա՛կ ըլլաս». կը մռմռար: Եւ վերջը երբեմն աչք մը կը ձգէր կապոցին, որ Օրիորդը իրեն յանձնած էր իր այլայլութեան մէջ առանց բառ մը զրուցելու, «Մեր Տիկինը, աստուած լուսաւորէ հոգին, երբեք ինձի այդպիսի ամբարտաւան աչք ձգած չունէր, Բաբկէն հայրիկ, հոգիս, հայրիկ, Ռուբենս քեզ եմ յանձնէր, նայէ՛, կրակոտ է… Թորոս խելօք է, բայց տղայ է…» մեղր կը վազեր շրթունքներէն, ան մեռաւ, մեր բախտը դարձաւ, վերջի անկողին ընկնիլն էր. նորէն ինձի յիշեց, յանձնեց եւ աչքերը իր խոշոր ձեռքերով բռնեցի, կը սրբէր: «Ո՞ւր է անանկ տիկին… աս հոռմի կանանց քիթն երկինքն է…»: Եւ Թորոսի ներսը ոտքի ձայնը լսելով` տղու մը պէս աչքերը դարձեալ լաւ մը շփեց ու սենեակը մտաւ, գնաց:

ԳԼՈՒԽ Զ ԱՌԻՒԾԻՆ ԿՈՐԻՒՆԸ ԱՌԻՒԾ է

Մենք տեսանք, որ Եւփիմէ մինչեւ վերջը առանց դիմադրութեան կամ խորհրդածութեան բառ արտասանելու օգնէր էր նաեւ Թորոսի փախստեան, վասնզի իւր սրամտութիւնը վտանգը յայտնէր, նշմարէր էր: Բայց երբ սրահներու մթութեան մէջ տեսաւ թէ իր սիրելին անհետացաւ` «Ո՛հ, աստուած իմ», ըսաւ եւ բազմոցի մը վրայ ընկաւ երկու ձեռքերն երեսին վրայ սքօղելով, իսկ Դիոնիս անխռով մօտենալով

– Եւփիմէ՛, – ըսաւ, – տխրութեանց եւ արտասուաց ժամանակ չէ, քա՛ջ եղիր, որպէսզի կարէնանք կատարեալ վտանգին առաջն առնուլ:

– Դեռ վտանգ մնա՜ց ուրեմն, – ըսաւ աղջիկը սոսկումով:

– Անշուշտ` թէ որ անհոգ նստինք, ոչինչ` թէ որ աշխատինք:

– Բայց չեմ գիտէր թէ ի՜նչ պէտք է ընել:

– Ես ամէն բան պատրաստէր եմ, անհոգ եղիր, միայն զիս մի շփոթէր:

– Ո՛հ, ինչպէ՞ս կ'ուզես, որ անհոգ լինիմ, երբ իմ Թորոսս կորսուի:

– Թորոս կորսուած չէ, եւ վաղը ես ձեր պսակը կատարել պիտի տամ:

– Ի՜նչ կը զրուցես…

– Այո՛, այդ արարողութիւնը գրաւական մ՚է քու ապագայ երջանկութեանդ համար, եւ ո՛յ գիտէ թերեւս զէնք մ՚ալ է ապագային անկարծելի արկածից համար:

– Բայց ես Թորոսին վրայ ամենեւին կասկած չունիմ:

– Ես ալ չունիմ, մանաւանդ թէ շատ համարմունք ալ ունիմ. բայց ժամանակը, պարագաները, բախտին փոփոխութիւնները մարդկային խեղճ սրտին վրայ շատ եւ անկարծելի ազդեցութիւններ ունին: Ես չեմ կրնար իմ Եւփիմես` իր պատիւը, իր ստացուածքը, իր գեղեցկութիւնը երիտասարդութեան փոփոխամտութեան անձնատուր ընէի պսակի արարողութիւնը բաւական գրաւական մ՚է:

– Ես բոլորովին քու կամացդ հետեւելով ալ` չեմ կրնար մոռնալ ամէն օրուան պսակներու ոչնչանալն պատրիարքական վճիռներով:

– Մեր եկեղեցին շատ թուլացուցած է ամուսնութեան կանոնաց խստութիւնը, բայց հայոց մէջ այդպէս չէ. Անուոյ թագաւորներն նաեւ գիտեմ թէ ամուսնութեան կանոնաց անհնազանդ գտնուելու յանդգնութիւն շատ քիչ անգամ ունեցեր են: Բայց ժամանակ կորսնցնել պէտք չէ:

– Ես քեզի արգելք չեմ, հայրիկ, ըրէ՛ ինչ որ կ'ուզես:

Ծերը շուտ մը ելաւ ծառայ մը կանչեց, ապսպբեց Թորոսի տան ծառայող երկու անձինքը առնուլ` դեռ չի լուսցած` նաւակ մը դնել Թարապիայ տանիլ. երկու որմնագործ, որ արդէն իր հրամանին կը սպասէին` բերել տուաւ եւ գաղտնի դուռը ամրացնելեն վերջը հռոմայեցի ծեփով (որու գաղտնեաց հմուտ էր ինք) որմնել տուաւ ներսեն եւ անմիջապէս նստաւ թուղթ մը գրեց բարեկամ հայ վարդապետի մը, ուսկից կը խնդրէր ծպտեալ իր ցոյց տուած ժամատեղն գտնուիի եւ երբ այս ամէն բանն կարգադրեց ու կատարեց` բարի գիշեր մաղթելով իւր սանուհուոյն, գնաց իր սենեակը, քաշուեցաւ քնանալու:

Իսկ Եւփիմէ տեսնելով իր ծեր խնամակալին անխռով վստահութիւնը, հանդարտեցաւ. կանչեց իր նաժիշտները զինքը հանուեցնելու, եւ իր երկրորդ օրուան երջանկութեան մտածութեամբ զբաղած մոռցաւ գրեթէ ալեկոծութիւնը, որ քանի մը ժամ առաջ զինք կը տարուբերէր, եւ երջանիկ քունի մէջ ընկղմեցաւ: Երբ առաւօտուն արթնցաւ, Դիոնիս ելած` քանի մը երեւելի անձանց այցելութիւն ըրած, իր է՛ն կարեւոր տեղեկութիւններն ստացած եւ վտանգը հեռացնելու ամէն հնարք ի գործ դրած էր: Ուստի երբ Եւփիմէին քով մտաւ` նա իւր առջի նայուածքեն ապահովեալ`

– Հայրիկ, ի՞նչ պիտի ընենք այսօր, – հարցուց:

– Կը հագնուինք, կը զարգարուինք եւ կ'երթանք զուարճանալու:

– Զուարճութիւ՜ն… ո՜հ, բառը գեղեցիկ է, զուարճութիւն Դիոնիսի համար, իր գրքերեն, իր ուսմունքներէն դուրս. ինչչա՛փ սուղի կը լինիմ քեզի, սիրո՛ւն հայրիկ, – ըսաւ Եւփիմէ եւ ծերուն երեսները պագաւ: Դիոնիս իր բոլոր փիլիսոփայական ծանրութեամբ չի կրցաւ ախորժանաց ժպիտ մը չարձակել, վասնզի ծերերուն բնական է ախորժիլ երիտասարդ գգուանքէ: Բայց դարձեալ պէտք եղած պատրաստութիւնները տեսնել հրամայեց, ամէն բան կարգի դրաւ, եւ երբ ճաշն ըրին, ու Եւփիմէ կը հարցնէր թէ պէտք չէ՞ր պատրաստուիլ, «Քիչ մ՚ալ կ'ըսէր ծերը պէտք է համբերել, վասնզի ոստիկանութեան կը սպասեմ». եւ իրօք ծառայ մը եկաւ իմացնելու թէ ոստիկանութեան մեծը կը խնդրէր այցելութիւն մ՚ընել պալատին` Տիկին օրիորդի հրամանաւ:

Եւ ահա ոստիկանապետն ներս մտաւ ու ամենայն մեծարանոք ողջունելէ վերջ`

– Տիկին օրիորդ, – ըսաւ, – խնդրեմ հրաման տաք, որ քանի մը սենեակներու փոքրիկ խուզարկութիւն մը ընեն մեր պաշտօնատարք:

Ի՜նչ արդեօք, – ըսաւ Եւփիմէ, – միթէ մեծ յանցա՞նք մը` ոճի՞ր մը իմ տանս մէջ կը յուսացուի:

– Յուսացուի՜լ, չէ, բայց ո՜յ գիտէ, տանը Յարմարութիւնը, դիրքը` կասկածներ կրնան տալ, ուստի ամէն անոնք փարատելու համար…

– Լաւ՛, տիար, ի՛նչ խուզարկութիւն, որ ուզէք` տէր էք:

Ան ատեն, շիտակ արդէն մեզի ծանօթ կողմը երթալով, ան սենեակը, որ Թորոսի անկողնին սենեկին կը պատասխանէր, փնտրեցին, նայեցին եւ երբ տախտակամածին բերանը քարածեփ պատ մը գտան` ամէն իրենց կասկածները փարատեցան. եւ ոստիկանաց գլուխն խստութեամբ կարճահասակ մարդու մը դառնալով, որ արդէն մեզի ծանօթ է, վասնզի անգամ մը տեսանք,

– Աս երիտասարդին փախստեան պատասխանատու դո՞ւ ես, տիար Միքայէլ, – ըսաւ, – հսկողութիւնը քեզ կինկներ. պէտք էր, որ դու անոր ամէն շարժմունքը դիանայիր. եւ ահա մարդը անյայտ կը լինի, եւ ոչ միայն ինք, այլնաեւ անոնք, որ դու տուած էիր իրեն ծառայելու, եւ դու, ապուշ ու անմիտ բառ մը չունիս պատասխան. դատաստանին կը մնա քեզի պատասխանելու. փուճ տեղ բերանդ մի՛ բանար հոս խօսելու:

– Բայց, տիար…

– Մի՛ խօսիր, անօգուտ կաշխատիս ինձ պատասխան տալու Համար, պահէ քու բոլոր ճարտասանութիւնդ դատաւորին, անոր առջեւ միայն պէտք կայ խօսելու: Ոստիկա՛նք, այս մարդը դատարան տարէք:

– Բայց անգամ մ՚ալ մտիկ ըրէք, ես այդ երիտասարդին ծառայողները չեմ ճանչեր, անգամ մը միայն տեսայ, երկու օր առաջ եւ այսօր…

– Այդ խօսքով քու յանցանքդ կը ծանրացնես, դու չի ճանչցած մարդկա՞նցդ յանձնեցիր քու հսկողութեանդ յանձնեալ մարդիկ: Տարէ՛ք, տարէ՛ք:

Իսկ խեղճ Միքայէլ, զարմացական ձեւեր ընելով, եւ ճակտեն ջրի պէս քրտինք թափելով, երկու ոստիկանաց մէջեն դուրս ելաւ դատարան երթալու:

Ոստիկանութեան գլուխը յարգանօք ողջունելով զեւփիմէ եւ Դիոնիսի կամաց ձայնով յայտնելով իր զարմանքը կ'ըսէր. «Տէրութիւնը կառավարող մեր մեծերը յիրաւի զարմանալի են, ազատ կը թողուն ասանկ վտանգաւոր մարդ մը աս ծովու պէս քաղքին մէջ, մեզի լուր մը չեն տար, եւ խեղճ մարդու մը, որ իր գլխուն տէրը չէ, կը յանձնեն, եւ հիմա կ'ելնեն մեզմէ կը փնտրեն»:

– Եւ դու, տիար, անշուշտ երբ փնտրես` մէկը կրնաս գտնել:

– Անշուշտ, – ըսաւ ոստիկանութեան պետը, – թէ որ փախցնողը Դիոնիս չէ:

– Թէ որ նա ինքն է՞:

– Ուրեմն չեմ գտնէր, – ըսաւ ժպտելով պաշտօնատարը:

– Լաւ կ'ընես, – զրուցեց ծերը նոյնպիսի ժպիտով մը:

– Բաւական է այսչափս, իմացայ, ե՞րբ ինձի հրաման մը եկաւ ձեզմէ եւ չի կատարուեցաւ, սիրտդ հանգիստ բռնէ, թող հայ երիտասարդը հանգիստ պտտի, միայն թէ Անդրոնիկոսեն զգուշանայ, վասնզի ամէն չարեաց պատճառ նա է, բաւական է թէ հայ մը գտնուի խնդիրի մը մէջ` իր ատելութիւնը դաւ եւ վտանգ կը տեսնէ հոն, երկինք, երկիր իրար կը խառնէ: Քանի-քանի՜՜ անգամ կայսրը եւ Ծերակոյտը աս ապուշ երիտասարդին ազատութիւն տալու հրաման ըրին, եւ ինք միշտ արգիլելու ճարը գտաւ, եւ հիմա, որովհետեւ ապստամբ ու վտանգաւոր հայ մը տեսնուած կայ եղեր քաղքիս մէջ, իր գրգռութեամբ երիտասարդը կ'ուզուի, որպէսզի բանտի դատապարտուի, եւ այդ Միքայէլը Անդրոնիկոսի մարդն է: – Աս խօսքերն ըսելով ոստիկանապետը թողուց եւ գնաց:

Իսկ Դիոնիս սանուհոյն գալով, հրաւիրեց պատրաստուիլ երթալու եւ գտնելու համար Թորոս: Եւ քիչ մը ժամանակեն վերջը երկու դեսպակ կը թողուին պալատը եւ կը շտկուէին դէպի ծովեզրը, ուր գեղեցիկ նաւակ մը իրենց կը սպասէր:

Նոյն գիշերը Թարաբիայի ամառանոցին մեծ սրահին մէջ Թորոսի եւ Եւփիմէի պսակի հանդէսը կը կատարուէր հայկական արարողութեամբ, Բաբկէն կնքահօր պաշտօն կը կատարէր ամենայն գոհութեամբ, ներելով սրտանց Եւփիմէի արեան մէջ ինչ որ յունական կաթիլներ կը գտնուէին, եւ ծածկելով ինչչափ որ կարելի էր տրտմախառն ուրախութեան արցունքին քանի մը կաթիլներն:

– Երբ ամէն բան կատարուեցաւ եւ գիշերը կէս եղաւ, Դիոնիսի կարգադրութեամբ մեր հարսն ու փեսան հասարակ նաւակ մը մտած Բաբկէնով, երկու ծառայով եւ մէկ նաժիշտով կ'անցնէին դիմացի Ասիոյ ծովափունքը, եւ ծովեզրեն մղոն մը հեռաւորութեամբ անտառախիտ ծառերի շրջապատեալ գիւղական ամայի տուն մը պատրաստ կը գտնէին զիրենք ընդունելու համար. հոն ի՛նչ որ բնութեան սքանչելիք կար, այս երկու գեղեցիկ անձանց ուրախութիւնը կը պսակէր. Բաբկէն իր լեռներուն գարունը կը Յիշէր, եւ երբ իր երկու սաները կ'ելնէին բնակարանեն եւ կը սկսէին հեռանալ, իր երկսայրին մէջքը` հեռուանց անտեսանելի` անոնց յետոց կը հետեւեր, պահապան եւ աչալուրջ գամփռի մը պէս ամէն ծառի` ամէն բլրակի շուքը կը քննէր, որ վտանգ մը անոնց չի պատահի:

Ութ օր աս երջանիկ կեանքն անցուցին մեր նորապսակ ամուսինք, եւ Թորոս իր հարսին քով կը գտնէր ան ամէն գեղեցիկ եւ բարձր զգացմունքները, որ երազն են երիտասարդութեան փափագանաց, ու իւր երջանկութեան` միայն իր լեռները կը պակսէին, եւ այն ազգային ազատութեան սէրը որ իր նախահոր` Ռուբենի արեան հետ իր երակներուն մէջ կը շրջէր:

Ութ օր էր նաեւ, որ Դիոնիսեն լուր ամենեւին չի կար, այլ ըստ սովորութեան տնտեսը ամէն օր կերակուրը կը բերէր արշալոյսին հետ եւ մէկեն կը հեռանար, որպէսզի կասկածի տեղիք մը չի տայ: Յանկարծ երեկոյ մը ծեր Դիոնիս երեւցաւ. թէպէտ շատ դժուար էր նորա երեսին վյրայ գաղտնիք մը նշմարել, բայց Եւփիմէ իրեն սիրալիր ընդոնելութիւն մը ընելէ վերջը, երբ քիչ մ՚ատեն տան առջեւ աղբիւրին քով նստան, կասկածոտ ծիծաղով մը ըսաւ.

– Հայրիկ, դու մեզի բան մ՚ունիս զրուցելիք, եւ կ'երեւայ թէ կը դանդաղիս:

– Այո՛, Եւփիմէ, լաւ գիտցիր թէ բան ունիմ ձեզի հետ խօսելիք, եւ շատ կարեւոր բան:

– Ինչո՞ւ կ'ուշացնես, կ'երեւայ թէ շատ անախորժ լուր մը պիտի ըլլայ:

– Ես, քանի օր է, Թորոսի փախստեան համար նաւ մը կը նայիմ, եւ այսօր հազիւ թէ փնտրածս գտա…

– Ինչո՞ւ այդչափ շուտով, հայրիկ, միթէ ինձի համար նաւուն մեշ տեղ չի կա՞յ:

– Մանաւանդ թէ ան կը ցավիմ, որ իմ կարծածիս չափ շուտ չի կրցայ շարժիլ. վասնզի այսօր փոքրիկ նամակ մը ինձ կ'իմացնէր թէ ձեր փախստեան տեղն իմացուէր է ձեր թշնամիներէն, ուստի արտորնօք եկայ զքեզ տանելու, Եւփիմէ: Մինչեւ որ Թորոս իր գործերը կ'արզի չդնէ, մինչեւ որ յաջողութիւնը իրեն չի ծիծաղի, դու ոչ թէ իրեն օգտակար, այլ վնասակար կրնաս լինիլ:

– Ամենեւի՛ն, – ըսաւ Եւփիմէ, որոշ եւ վճռողական ձայնով, – կը փափագէի մանաւանդ, որ դիպուածը այնպէս բերէր, որ կարէնայի զքեզ համոզել իմ ըսածիս ճշմարտութեան:

– Քեզի հետ այս նիւթիս վրայ վիճել ինձ աւելորդ է, տէր եւ դատաւոր այս խնդրոյս մէջ` ինձմէ շատ աւելի ուրիշ մը կայ, – ըսաւ ծերը Թորոսին դառնալով:

Իսկ Թորոս այն միջոցին դէպի անտառին խորը աչքերը •անկած կը դիտէր` կէս ուշադրութիւն մ՚ընելով այս խօսակցութեան, ու երբ ծերը`

– Իշխա՛ն, դու մեր խօսակցութեան կ'երեւայ թէ ուշ չես` դնէր, բայց ես շատ կարեւոր նիւթի մը վրայ կը խօսիմ:

– Այո՛, ձեզ ալ ուշ կը դնեմ, բայց ուրիշ բանի մ՚ալ ուշ կը դնեմ, – ըսաւ առանց իւր սուր աչքը խախտելու իւր նպատակեն:

Ան ատեն Դիոնիս ու Եւփիմէ նոյն կողմը դարձուցին իրենց աչքը եւ թան մը չի տեսնելով դարձան Թորոսի, որ տեսնելով ալ իրենց հարցնող նայուածքին առանց պատասխանելու, ոտք ելաւ, մէկ ձայնովի

– Բաբկէ՜ն, – կանչեց,

– Բաբկէն հոն չէ, – ըսաւ ծառայ մը:

– Ուրեմն, – զրուցեց Թորոս, – հիմա կ'ուգայ եւ մեզի որոշ լուր մը կը բերէ:

– Ի՜նչ բանի լուր, – հարցուց Եւփիմէ այլայլելով:

– Կ'երեւայ թէ, սիրելի Եւփիմէ, մեր թշնամիները, որոնց համար լուր առած ըլլալը իմացուց Դիոնիս, մեզի այցելութիւն մ՚ընել կը փափագին:

– Եւ դու հիմա որ բան մը կը դիտէիր, անո՞նք էին, տեսա՞ր…

– Հինգ-վեց հոգի եւ զէնքի փայլիւն տեսա…

– Ի՜նչ կ'ըսես, հինգ-վեց հոգի՜…

– Թէ որ այդչափ են մեր թշնամիները, – ըսաւ Թորոս ժպտելով, – Բաբկէն միայն բաւական է զանոնք ցրուելու, իսկ թէ որ անօթ կրկինն են, պէտք է որ ես ալ օգնեմ: Բայց խնդիրը հոն չէ, – աւելցուց Թորոս Դիոնիսի դառնալով, – «մեր թշնամիները» կրնա՞նք իմանալ թէ որոնք են. կայսրը եւ իր ոստիկանութիւ՞նն է, թէ մասնաւոր մարդիկ:

– Հիմա աս միջոցին քու թշնամիդ Անդրոնիկոս Կեսարն է. բայց թէ որ իր փոքրիկ խումբը վիրաւորուի եւ ցրուի` իրենց վերադարձը չգիտեմ թէ ինչչափ բազմութեամբ կրնայ լինիր

– Ուրեմն մեզի պարտք կը ձգես այնպէս շարժէլու, որ ասոնցմէ ողջ չի դառնայ:

– Ան չէ իմ միտքս, բայց ըլլալիքը յայտնի է, մէկ փախստական մը տասնապատիկ բազմութեամբ կը դառնա:

– Քու նաւդ ե՞րբ կ'ուգայ հոս` աս ծովեզրը:

– Վաղն առաւօտ կանուխ:

– Ահա, Բաբկէն, – ըսաւ Թորոս, որ ծովեզրին կողմեն կ'ուգայ, – հիմա ճիշտ լուր կառնունք… աս ծանր քալուածքեն ալ կը ցցնէ թէ վտանգը մեծ չէ:

Սպասելու լռութիւն մը տիրեց, մինչեւ որ Բաբկէն հասաւ, առանց այլայլութեան նշան մը ունենալու իր կերպարանքին վրայ, իբրեւ թէ բան մը տեսած չէր, իսկ երբ որ Թորոս նշանացի հարցուց ի՞նչ լուր կար, ան ատեն պատասխանեց.

– Ես անտառին մէջ պտոյտ մը կ'ընէի երբ, տեսայ, որ քալելու եւ կամաց խօսելու ձայն կ'ուգար ծառերու մէջ քիչ մը հեռուեն, ուստի թումբի մը խստութեան մէջ ծածկուեցայ եւ տեսայ որ երկուք-երկուք 12, 13 հոգիի չափ զինեալ մարդիկ քովես անցան. եւ այնչափ մօտ, որ մէկ հատը, որ տեսած էի արդէն, ճանչցայ. նոյն մարդն էր, որ ասկից տասն օր առաջ առիւծին կորիւնը կը նախատէր: Վերջապէս տեսայ, որ անոնք պտոյտներ կ'ընէին անտառին մէջ խուզարկութեան համար, ուստի, ես ալ կամաց մը ելայ, դէպ իրենց եկած ճամփան գնացի, եւ տեսայ, որ մակոյկ մը զիրենք բերած էր, եւ մէջը պահապան մէկ հոգի մը ձգէր էին:

– Լաւ, – ըսաւ Թորոս անխռով, – կարծեմ թէ մեր կերակուրի ժամանակն է եւ պէտք է քիչ մը բան ուտել, որովհետեւ հաւանական է թէ վերջը ժամանակ չունենանք:

Եւ չորսերնին մէկտեղ շտկուեցան դէպի տունը, երբ դռնեն մտան` պարտէզին վրայ դիտող աչք մը պտտցուց Թորոս եւ Բաբկէնին քանի մը բան ապսպրեց կամաց ձայնով, որ անմիջապէս դռներուն մէկը քարերով ամրացուց եւ միւսը առջի վիճակին մէջ ձգեց. երբ նստան կերակուրի մեր երկու հայերը` ըստ իրենց սովորութեան կերան, Եւփիմէ կը խաղար քան թէ կ'ուտէր, իսկ ծերը մտախոհ քանի մը պատառ առնելեն վերջ` «Ի՞նչ է քու միտքդ», ըսաւ Թորոսի, երբ նա դադրէր էր ուտելէ եւ անհոգ կը խորհեր:

– Մենք պարտական ենք ինքզինքնիս պաշտպանելու. մանաւանդ որ մասնաւոր անձի մը թշնամութիւնն է, որ մեր կենաց ոխերմաբար կը դարանի, եւ գիշերուան մութը իրեն ընկեր կառն ու: Կը տեսնեմ թէ դու, իմաստուն մարդ մը, որու նման ես շատ քիչ տեսեր եմ, կը վարանիս, կ'երեւակայեմ թէ քսանը հազիւ անցած երիտասարդի մը գինուց վարժութեան վրայ վստահութիւն չունենաս, բայց այդ մի հոգար, ես տղայ տարիքես զէնքի վարժութեան եւ վտանգի մէջ ծնէր եւ սնէր եմ. անոր համար ալ աս իրիկունը չեմ մտածէր, վաղը կը մտածեմ, այս իրիկուն ան մարդիկը ժամ մը չի քաշէր հաւու պէս կը թօթափին:

Եւ աս խօսքերը այնպիսի անհոգ արհամարհանք մը ունէին, եւ իր յստակ ու որոշ ձայնը այնչափ փոխուած չէր, որ եթէ իր մեծ աչքերուն բոցը չլինէր, որ ամէն շարժմունքին կայծակ կը հանէր, արձան կը կարծուէր, այն միջոցին Բաբկէն ներս մտաւ.

– Ե՛լ, իշխանիկս, – ըսաւ, – մարդիկը կ'ուգան, ինչպէ՞ս պիտի ընենք:

– Թո՛ղ զիրենք, որ մեծ դռնեն ներս մտնեն, դու, երբ ամէնքը կը մտնեն, դուրսը կեցիր, ո՜վ որ ելնէ` մահուան հարուած մը տուր:

– Բայց դու հոս մինակ ես, անոնք կամ տասներկու կամ տասներեք են:

– Դու լսեցի՞ր, Բաբկէ՛ն հայրիկ, քու պաշտօնդ դռանը դուրսը` մարդ ողջ չի հանելն է:

Այնպիսի անդիմադրելի եղանակաւ մը զրուցուեցաւ այս, որ Բաբկէն դուրս ելաւ առանց խօսելու, քթին տակեն աղօթք մը մռմռալով. անտարակոյս աղօթքը Թորոսին համար էր:

Տան վարի պատուհանները երկթէ վանդակներ ունէին, ճրագները վերցնել տուաւ. վերի փեղկերը` ըսաւ Դիոնիսին թէ` պէտք է պաշտպանել, որպէսզի Եւփիմէ չի վախնայ: Իսկ ինք թռաւ սանդուխներէն վեր, Լեւոնի ահագին սուրը մերկ աջ ձեռքը բռնած եւ երկսայրի սուրը մէջքը, իջաւ փայլակի մը պէս. Եւփիմէի, որ անխօս կեցէր էր, գգուանօք ձեռքը պագաւ. «Սիրտդ հանգիստ բռնէ, ժամ մը չի տեւէր, ասիկայ դիպուած մ՚է, – ըսաւ, – վաղուան համար մտածենք»: Սա անխռով խօսքերը թէպէտ կ'ապահովէին քիչ մը անոր սիրտը, եւ կուզեր խօսիլ` բայց չի կրցաւ, ու նոյն միջոցին տեսաւ, որ Թորոս զինք ձգեց, դուրս ելաւ պարտէզ եւ տան դուռը վրայեն գոցեց ու պատին քով թուփերուն մէջ ծածկուեցաւ: Ինք տան շուքին մէջն էր, ո՛վ որ դռնեն մտնէր` որոշ կը տեսնէր լուսնի լուսով. եւ ահա կիսաբաց դուռը բացուեցաւ եւ մէկիկ-մէկիկ գողի պէս կը մտնէին իր սպասած մարդիկը. մտնողը մէկ մը կանգ կառնուր, չորս կողմը կը դիտէր եւ դէպի դուռը կը յառաջանար: Երբ եօթ-ութ հոգի ներս մտան եւ առջի մտնողները տան դռանը եւ թուփերուն մօտեցան` ահագին եւ սոսկալի ձայն մը որոտաց. Թորոս ինքն էր, եւ հարուած հարուածի վրայ կը յաջորդէր. արդէն երեք հոգի գետինը կը տապլտկէին եւ երկուքը փախան. հազիւ ան ատեն երեք հոգի թշնամիներէն կարողացան նորա վրայ հարձկիլ, բայց այս յարձակմունքն ալ նոյնչափ օգտակար եղաւ իրենց` որչափ առջի յանկարծակի գալն. երկու հոգի դարձեալ մահացու վիրաւոր կ'ինկնէին, եւ իր ահագին սուրը մէկդի կը թռցնէր զէնքերու բեկորները, թեւեր, մատեր, եւ վիրաւորք կամ վատք, որ դուրս կ'ելնէին, Բաբկէնը կը գտնէին, որ հարուած մը միայն տալով կը պառկեցնէր զիրենք. եւ որպէսզի արգելք չըլլան ուրիշ ելլողներոմէ` խղճմտանքաբար ոտքերնին կը քաշէր եւ պատին տակ կը դիղեր: Երբ երեք-չորս եղաւ դիակը եւ տեսաւ, որ դեռ ներսը գինուց հարուածները չեն դադրիր, «Քիչ մ՚ալ ներս մտնենք, – ըսաւ, – վասնզի երկայն եղաւ»: Ճիշտ ժամանակին մտաւ, վասնզի չորս-հինգ հոգի զթորոս շրջապատած սուրերնին ձեռուընին կանոնաւոր յարձակում կ'ընէին. ասոնց մէկուն կռնկին` Բաբկէնի սուրին հարուածը` զայն գետին գլորցուց, եւ աս անակնկալ օգնութիւնը միւս ամէնքը յուսահատեցուց. փախչելու որոշումն աւին: Թորոս սաստիկ յոգնած էր, իսկ Բաբկէն` «Ասոնք ալ թող երթան սատանային գիրկը, ո՜ւմ յոգն է, – կ'ըսէր, – բաւական է, որ սա ինկածներուն մէջ ան անպիտան մեծաբանն ալ գտնուի` որ չէր հավտար թէ առիւծու կորիւնն միշտ առիւծ է: Ապրի՜ս, իշխանիկս, տես քանի՛ մարդ դիաթաւալ կացուցէր է… ես գիտէի, որ քաջ էր, բայց ինչչափ ժամանակ է ոչ կռիւ տեսած էր, ոչ զէնք գործածած… լաւ՜ սկսանք, մեր Սեւ լեռն հասնինք, ան ատեն տասնապատիկ պիտի մեծնա…»:

Աս միջոցին լռութիւն տիրած էր պարտէզին մէջ, գինուց շաչիւն եւ շառաչիւն ամէն բան դադրած էր, միայն քանի մը վիրաւորք եւ հոգեվարք կը տքային. ան ատեն Թորոս` «բացէ՛ք դռներն» գոչեց, եւ տան դռներն բացուեցան. ճրագներն վազցուցին, տունն ու պարտէզր լուսաւորեցան. դուրսն ու ներսր եօթ-ութ դիակք կայի՛ն, եւ մեր քաջակորովը կանգնած էր անոնց մէջ, կ'ապսպրէր ծառաներուն ողջ մնացողներն ներս առնուլ եւ դարմանել: Իսկ Եւփիմէ երբ տեսաւ զթորոս` ողջ բայց արիւնով ներկուած, եւ երբ իմացաւ թէ` չէր անգամ վիրաւորուած, աչքերը ուրախութեամբ երկինք կը վերցնէր, գոհութիւն կ'ուտար աստուծոյ: Եւ առանց ծառաներուն սպասելու ինք ջուր կը բերէր, որ իր փեսան մաքրուի, լուացուի: Եւ երբ Թորոս ան ահագին աշխատութենեն վերջը բազմոցին վրայ տարածուեցաւ, Եւփիմէի երեւակայութեան մէջ աշխարհիս բոլոր Աքիւլլեսներէն եւ Հերակլեսներէն աւելի բարձր էր, ուստի դառնալով Դիոնիսին`

– Վաղը նաւը, որ պիտի գայ, մենք ալ մէկտեղ կերթանքյ այնպէս չէ՞, հայրիկ, – ըսաւ:

Իսկ Դիոնիս առանց պատասխանելու աս հարցման` Թորոսին կը նայէր, որ նոյնպէս պատասխան չտալով ծերուն կարծիքը կուզեր իմանալ: Իսկ նա երբ տեսաւ թէ երկուքն ալ լուռ կեցէր են` «Ո՞ւր է Բաբկէն, Բաբկէն հայրի՜կ» սկսաւ կանչել: Բաբկէն ներս մտաւ գլուխն ու երեսը ծածկած եւ հազիւ քանի մի քայլ կրցաւ առնիւլ միայն, նստաւ եւ գլորեցաւ. ամէնքը տեղերնեն ցատկեցին ելան եւ գլուխը բոլոր արնաշաղախ տեսան. ինք մարած էր կամ մեռած: Դիոնիս մէկեն` մօտեցաւ, զննեց գլխուն պատռածը, լուաց, վէրքերը դարմանեց, պատեց եւ իմացուց թէ սուրի հարուած մը ճակտին ոսկորը թէպէտ կտրէր էր, բայց ուղեղին չէր վնասած, ուստի ապահովցուց զամենքը` յուսացնելով թէ քիչ մը ժամանակեն կրնար առողջանալ բոլորովին: Աս վերջին խօսքը մխիթարեց զթորոս բայց Եւփիմէի խնդիրը չի լուծեց:

ԳԼՈՒԽ է ԱՐԾՐՈՒՆԵԱՑ ՇԱՌԱՒԻՂ ՄԸ

Դիոնիս թէպէտ ուրիշները ապահովցուց Բաբկէնի համար, բայց զինքը մէկ-երկու ժամ ամենեւին չի թողուց, եւ պաղ ջուր շարունակ գլխուն վրայ դնել հրամայելեն եւ իրեն խօսիլն արգիլելեն վերջ, ելաւ պտոյտ մը ըրաւ անկելոց մէջ. ամէնքը մեռած կամ հոգեվարք էին. տասնմէկ հոգի: Ծերը սկսաւ մտածել. ուրեմն երկուքը փախած էին, եւ առաւօտուն երկրորդ այցելութիւն մը կարելի էր Անդրոնիկոսի կողմեն, որ անոնց մէջ չի կար. եւ Դիոնիս կ'երեւակայէր թէ անշուշտ այդ խումբին գլխաւորը գտնուած էր նա, ուրեմն փախած էր եւ պիտի դառնար, եւ թերեւս Բաբկէնի հարուածը տուողը նա ինքն էր: Ուստի ծառայ մը առած հետն եւ լապտէր մը, դէպի ծովեզրն գնաց եւ ծովուն քով մարդ մը տեսաւ, որ կը ջանար գրկելու ուրիշ ահագին մարդ մը, որ ինկած էր գետին, եւ որ տեսնելով թէ երկու հոգի դէպ իրեն կ'ուգան` ցատկեց մակոյկի մը մէջ, որ ծովերն էր, ու միջոց մը անցնելով կեցաւ եւ սկսաւ դիտել. ծռեցաւ Դիոնիս եւ զննեց մարդն ու իր վէրքը, մարդը Անդրոնիկոս ինքն էր, վէրքը սուրի մը հարուած, որ աջ թոքը վիրաւորած էր, եւ թէ որ թողուէր, մահաբեր կրնար լինիլ, ուստի շուտ մը ծոցեն շիշ մը հանելով թաշկինակը թրջեց եւ վէրքին բերանը խցեց, արեան դադրիլը եւ դեղին զօրութիւնը Անդրոնիկոսի հառաչանաց ձայն մը հանել տուին: Այն ատեն ծերը քիչ մը մտածելեն վերջ դէպի ծովեզրը գնաց եւ մակոյկին մէջ կեցող մարդուն ձայն արձկեց.

– Բարեկամ, – ըսաւ, – դու կը տեսնես, որ մենք քու տիրոջդ թշնամի չենք, իր վէրքը պատեցինք, եւ թէ որ կ'ուզես իր կեանքը ազատել` եկ մեզ օգնէ, որպէսզի կատարելապէս մահվնէ ազատենք զինքն:

Մարդը քիչ մը մտածելեն ետք խրեց իր մակոյկը ցամաք, ելաւ նաւեն եւ ծառային հետ շալկելով վիրաւորը շտկուեցան դէպի տուն: Եւ այսպէս Դիոնիս ապահովեցաւ թէ ալ մարդ չի կար լուր տանելու մայրաքաղաքը: Մանաւանդ որ բուն թշնամին իրեն ձեռքն էր: Միայն չէր կրնայ գուշակել թէ ի՞նչ ընդունելութիւն պիտի ընէր Թորոս իր մահացու թշնամին ափն անցնելով. եւ գոհ եղաւ` երբ լոյսը մօտեցնելով տեսաւ, որ նա անտարբեր եւ հազիւ թէ արհամարհոտ աչք մը ձգեց իր ոխերիմ թշնամուոյն վրայ, եւ Բաբկէնին մօտ կուզեր տեղաւորել, որպէսզի դիւրին լինի երկուքին ալ միասին խնամք տանիլ: Բայց ծեր բժիշկը, որ Թորոսի մեծահոգիութիւնը կը տեսնէր, նոյնը չէր հաւատար ոչ Անդրոնիկոսի եւ ոչ Բաբկէնի համար, ուստի զատ սենեակներ երկուքն ալ զետեղել կը մտածէր: Եւ ահա Եւփիմէ երեւցաւ սենեկին դուռը Բաբկէնի ձեռքեն բռնած, որուն անխռով կ'առաջնորդէր դէպի սենեակը, իմացնելով Դիոնիսի թէ ինք իւր հիւանդը նայելու մտադիր էր, իսկ թշնամուոյն խնամքը ուրիշներուն կը վերաբերէր:

Դիոնիս` մակոյկին պահապանը եւ ծառայ մը Անդրոնիկոսի քով ձգելեն վերջ, երկու մնացած ծառայից հետ մօտակայ ամայի եւ անջրդի հեղեղատի մը մէջ նետել տուաւ դիակները ու երբ ամէն թան կարգի դրաւ, դարձաւ տուն իր վիրաւորները տեսնելու: Անդրոնիկոս կը զառանցէր, ուստի պէտք եղած դարմանները ինչ որ կարելի էր այնպիսի տեղ ապսպրելեն վերջ, Եւփիմէի սենեակը դռան առջեւ եկաւ եւ տեսաւ Բաբկէն, որ անկողնին մէջ նստած կը պատմէր Թորոսին:

– … Ինձի ըսիր թէ դռնեն ողջ մարդ պիտի չելնէ, ես տեսայ փախչողները, ըսածդ մոռցայ. հօրեղբայրդ ըսած էր մեզ. «Տղա՛ք, փախչողին մի դպէք, թողէք երթան», միտքս հոն գնաց, երբ ուշադրեցի, վազեցի ետեւնուն, մէկը դռնեն տասը քայլ անդին գետին փռեցի, միւսը մեծ էր, ուժով կը թուեր. ծովուն մօտ հասայ, դարձաւ, ի՜նչ տեսնեմ, մեր մարդն էր: «Աղուէ՛ս, կա՛ց, – ըսի, – առիւծին ձագը տեսա՞ր», հազիւ թէ սուրը կուրծքին դրի, գլխուս սուրի լաւ հարուած մը իջուց, ինք ալ գլորեցաւ: Աչքերս մթնցան, աղբիւրին վազեցի, լուացի արիւնը, տեսայ որ չի կտրիր. վերարկուս վիրքին վրայ բռնեցի գոցեցի. հոս եկայ. գլուխս պտոյտ կ'ուգար: Տիկինին ձայնը լսեցի, որ «Բաբկէն հայրիկ» կը կանչեր, եւ ալ ինչ եղայ, չիմացա…

– Լաւ, – ըսաւ Դիոնիս, – ես ալ քեզի արգիլած եմ, որ չխօսիս, հանդարտ պէտք է նստիս: Բաբկէն լռեց եւ Եւփիմէ ամէնը ճամփեց ու իր վրան առաւ գնա խնամել. դուրս ելան եւ հոն Թորոս ու Դիոնիս սկսան խորհուրդ ընել երկրորդ օրուան ճամփորդութեան վրայ` եթէ նաւը գա, եւ որոշեցին, որ Թորոս երթա, իսկ Բաբկէն առողջանայ լեն վերջ Դիոնիսի եւ Եւփիմէի հետ գա:

Ուստի աս որոշմունքն ընելէ վերջ արդէն կէս-գիշերն անցած էր, Թորոս ընկողմանեցաւ բազմոցի մը վրայ, իսկ ծերը երբեմն իր `հիւանդներում այցելութիւն կ'ընէր, երբեմն կը մրափէր, մինչեւ արշալոյսը երեւցաւ: Բաբկէն քանի-քան ի անգամ նոյն գիշերն աղաչեց Եւփիմէի, որ զինքը թողու եւ հանգչի, բայց նա շարունակ պաղ ջուր դնելով գլխուն եւ լռել հրամայելով լուսցուց: Եւ երբ տնտեսն, ըստ սովորութեան, իրենց պատրաստ կերակուրը բերաւ, իջաւ առանձին պատուերներ տալու եւ ետքը իր հիւանդին քով քաշուեցաւ:

Թորոս եւ Դիոնիս նաւուն գալը կը գիտէին, եւ նաւ չէր երեւար, ծովեզրը կ'իջնէին, լուր չի կար, եւ այսպէս կ'անցունէին ժամանակը մինչեւ կէսօր: Անդրոնիկոսի վիճակը աւելի ծանր էր, թէպէտ Դիոնիս չէր յուսահատած, իսկ Բաբկէն թէպէտ ինքզինքը լաւ կը գտնէր` կամայ ակամայ իր բռնաւոր տիրուհուոյն ձեռքը մնացեր, Թորոսի կը հարցնէր` «Ա՛լ բաւական չէ՞», որ կը ժպտեր եւ պատասխան չէր տար: Կէսօր եղաւ, եւ ճաշի նստան, թէպէտ ամէնուն սիրտը անհանդարտ. Դիոնիս երեւակայելով, որ Անդրոնիկոսի մը անհետանալը չէր կրնար յուզմունք ար չհանել եւ ոստիկանութիւնը Թորոս փնտրելով զանի պիտի գտնէր. Թորոս, որ նաւուն կը սպասէր եւ Եւփիմէեն ու Բաբկէնեն պիտի բաժնուէր. Բաբկէն, որ իր տիկնոջ խնամքն երէն կը քաշուէր, կ'ամաչէր եւ ձեռք են ազատելու ճարը չէր տեսնէր, միայն Եւփիմէ անխօս, անմռունչ բժշկին հրամայած պաղ ջուրը Բաբկէնին գլխուն առանց պակաս ընելու` նստած տեղեն ծովը կը դիտէր. անոր համար ալ հազիւ քանի մը պատառ առած ելաւ հիւանդին քով երթալու: Դիոնիս իմացուց թէ ալ Բաբկէնին համար վտանգ չի կար. եւ թէ ուղեղին ցնցմունքն, վէրքին եւ հարուածոյն հետեւանք հիւանդութիւնն ալ անցէր էին, ուստի հանգիստ կրնար ընել. իսկ Եւփիմէ առանց պատասխան տալու գնաց վեր եւ հազիւ թէ սենեակը ելաւ եւ պատուհանին աչք մը ձգեց` գողի մը պէս մատուըներուն վրայ կռխեղով` իջաւ սանդուխեն եւ պարտէզին դուռը գտաւ. հոն տնտեսը դիմաւորելով` ձեռքի կապոցը առաւ. – Նաւեն լուր առի՞ր, – հարցուց:

– Գենովացի նաւը կ'ուգայ, ջուրը պիտի առնու եւ ճամփայ ելնէք

– Լաւ, դու մտիր սեղանատուն եւ իմաց տուր:

Եւ ինք կապոցը ձեռքը սրացաւ վեր, մտաւ իր սենեակը:

– Բաբկէն հայրիկ, բժիշկը քեզի հրաման կ'ուտայ ելնելու եւ հանդարտ ծանր քալելու. դու ինչպէ՞ս ես:

– Ո՜հ, Տիկինս, աստուած քեզի երկար կեանք տա, ես լաւ եմ, ահա կը տեսնես, – ըսաւ ճակտին լաթը վերցնելով եւ կանգնելով:

– Չէ, մ՚արտորար, – ըսաւ Եւփիմէ, վէրքը լաւ մը փաթթեց, ինչպէս տեսեր էր Դիոնիս են, գլխարկը գլուխը գրաւ, – հիմա հանդարտ քայլերով դուրսի սրահը գնա, ինձի սպասէ:

Եւ աս խօսքերը այնպէս մայրենի անուշութեամբ մը ըսաւ, որ խեղճ Բաբկէնի աչքերը չցուեցան, եւ առանց բերանը բանալու ձեռքը երկնցուց. Եւփիմէ ձեռքը տուաւ եւ կորովի ծերը իր շրթունքները վրան դնելուն երախտագիտութիւնն եւ որ մեծն է մանաւանդ իր համարմունքը կը յայտնէր, բոլորովին զղջալով իւր առաջին գիշերուան կասկածանաց վրայ: Ուստի դուրս ելաւ, նստաւ սրահը եւ որովհետեւ Տիկինը րսած էր թէ ալ առողջ էր, միտքն ինկաւ թէ անօթի է, եւ զղջաց թէ ինչպէ՞ս Տիկնոջը չէր հարցուցեր թէ ի՞նչ կրնար ուտել:

Այս ծանր խորհրդածութեան վրայ էր Բաբկէն, երբ Թորոս եւ Դիոնիս սանդուխին վրայ երեւցան կամաց ձայնով խօսելով:

– Դու չե՞ս ճանչեր Եւփիմեն, – կ'ըսէր ծերը, – ոչ թէ միայն դու, ես նաեւ չգիտեմ թէ ի՞նչ կերպով պիտի կարէնամ ազատիլ ձեռքեն:

– Ես ալ չեմ ուզէր եւ չեմ կրնար իրմէ զատուիլ, բայց դու, ազնիւ բարեկամդ իմ, դու, որ աշխարհք կը ճանչես, լաւ կրնաս դատել իմ վիճակս եւ թէ ի՛նչ վտանգներու դիմագրաւ պիտի երթամ. ինչպէ՛ս այսպիսի անձ մը, բայց դուռը կը բացուի…

Երկու խօսակիցք ապուշ մնացին, տեսնելով, որ սենեկեն դուրս ցատկեց վայելուչ եւ պարզ հագուստով, մէջքը դաշոյնով, խիստ ժպիտով տասնութ տարեկան գեղեցիկ եւ կորովի պատանի մը, որ առանց խօսելու սրահին մէջ կանգնեցաւ, եւ անքթիթ իրենց կը նայէր: Անոնց զարմանքեն աւելի մեծ եղաւ Բաբկէնի հիացումը, որ ձեռքերը երկինք վերցնելով`

– Փա՜ռք աստուծոյ, կեցցէ՜ մեր քաջ Տիրուհին, – կանչեց:

Եւ լռութիւնը դարձեալ յաջորդեց: Վերջապէս Դիոնիս դառնալով Թորոսի`

– Տեսա՞ր, իշխան, – զրուցեց, – ես քեզի չասի՞…

– Լաւ՛, – ըսաւ Թորոս, – ես կեանք մը ունէի զոհելու ազգիս համար, կէսը դու կը յափշտակես, Եւփիմէ:

– Ոչ այդպէս, կեանք մը ունէիր նուիրելիք ազգիդ, ահա երկուք ունիս անոր նուիրելիք, իմ երակացս մէջ ալ կայ այդ քու Արծրունեաց արիւնեդ. եւ Դիոնիսին դառնալով աւելցուց Եւփիմէ անխռով, – ժամանակ պէտք չէ կորսնցնել, երթանք: Բաբկէն բաւական զօրեղ է, ի՞նչ կը դանդաղինք:

– Դու պէտք է մտածես թէ ձեր օգտին համար ես հոս պէտք է մնամ, գոնէ քիչ մ՚ատեն:

– Մեր օգուտը` աստուած եւ քու ընկերութիւնդ է: Անոնք փուճ խօսքեր են, հայրիկ, ոչ դու առանց ինձի կրնաս ապրիլ, եւ ոչ ես առանց քեզի եւ Թորոսի: Ահա ինչ որ ստացուածք ունիմ, հոս է, իսկ մնացածը որ չեմ կրնար տանիլ` կը թողում յափշտակողին, կա՛մ ան է, որ Թորոսի բախտը ինձի հազարապատիկը կ'ուտայ, կա՛մ ան է, որ եթէ ողջ մնացինք անշուք եւ առանձին կեանք մը կը վարենք գոհութեամբ աստուծոյ այն անհամար արարածոց պէս` որոց վաղիւն նա ինք կը հոգա:

Եւ ձեռքը ծերուն բերնին վրայ դնելով, ժպտելով մը, որ չի պատասխանէ` ձեռքեն բռնեց եւ Թորոսի ալ ակնարկեց ծրարը առնուլ, որ ներսն էր, ու ինք առջեւեն կ'իջնէր. իսկ Թորոս երբ սենեակը մտաւ, իր աչքին առջի բանը որ դիպաւ, Եւփիմէի դեղձան մազերու ոսկեփայլ կոյտն էր, որ գետինը փռուած կը կենային, առաւ համբուրեց անոնք եւ նայեցաւ երկինք, շնորհակալ եղաւ, որ աստուած այսպիսի կին մը իր առջեւ կը հանէր, որ հայրենեաց զոհողութեանց աոաջինը իր գլխուն վրայեն կը սկսէր: Ուստի առանց երկմտելու առաւ վերարկուն, զէնքերը ու ծրարը եւ սկսաւ հետեւիլ անոր, որ զուարթ երեսով ամենեն առաջ կ'երթար անվախ եւ համարձակ:

Հիւսիսային հովը ուժով եւ յաջող կը փչէր. նաւը իր բոլոր առագաստները բացած կը սահէր, կը թռէր, եւ մեր չորս ճամփորդները երեւալէ զգուշանալով` նաւակներու հետաքրքիր նայուածքներէն կը հեռանային Վոսփորի ափունքներէն, եւ վերջը ահագին մայրաքաղաքին տեսութենեն գոհ եւ ուրախ սրտով, եւ դեռ մութը չի հասած, ցամաքը սկսաւ անհետանալ, եւ Մարմարայի մէջ կը յառաջանային հանդարտ ու խաղաղ:

Խեղճ Բաբկէն դեռ անօթի էր, թէպէտ ուրախ, եւ իր ուրախութիւնը կ'աւելնար, քանի որ միայն երկինք ու ծով կը տեսնուէր: Երբ մեր նաւորդքն իրենց, սպարտական ընթրիքն ըրին, եւ վերջը Դիոնիս Բաբկէնի վէրքը զննեց եւ լաւ վիճակի մէջ գտաւ, երբ ամէն թան յաջող եւ երջանիկ սկիզբով երջանիկ կատարած կը խոստանար Բաբկէն ոչ թէ առողջ, այլեւ երիտասարդ կ'երեւէր, եւ երբ Եւփիմէ իրեն աս աշխուժին վրայ կը կատարէր, նա, Տարտանելը թէպէտ գէօ շէին անցէր, ծիծաղելով կ'ըսէր` «Տիկին, մի՛ զարմանար, իմ լեռներուս հոտը ես արդէն շնչեցի»:

ԳԼՈՒԽ Ը ՀԱՅՐ ՍՈՒՐԲԸ

Եւփիմէ ուրախ էր, վասնզի ինչ որ սրտին սիրական ունէր` հետն էր. Բաբկէն ուրախ էր, վասնզի կին, զաւակք եւ հայրենիք պիտի տեսնէր. Թորոս` թէպէտ անթափանց` ուրախ էր, վասնզի կը յուսար` քանի որ կը հեռանար. ազատութիւն, փառք, հայրենի ժառանգութիւն եւ ամենայն ունենալու. թէ որ մէկը կար, որ անտարբեր կ'երեւար եւ որ թերեւս դժգոհ ալ էր առանց յայտնելու` Դիոնիս էր. սրամիտ, փորձ եւ նախատես. ամէն բան կը քննէր, ամէն բան կը հարցնէր. նաւապետին, նաւաստիներուն հետ կը խոսէր, հեռուն նաւ մը, ծոց մը իր սուր աչքերեն չէր փախչէր. եւ դիտակը, նորահնար գործիք ձեռքը, իր հետաքրքրութեան օգնականն էր: Նաւը, որ ինք վարձեր էր թէպէտ Կիլիկիա երթալու նպատակաւ, բայց Գենուացի նաւապետին Կիպրոս զրուցէր էր. ան միտքով, որ Կիլիկիոյ սահմանները երբ հասնին` հոն ելնեն: Մանաւանդ որ ինք համոզուած էր թէ Կիլիկիոյ բոլոր ծովեզերքը խիստ պահպանութեան վիճակի մէջ էին, եւ տէրութեան նաւեր Թորոսի սպասելու հրաման առած էին: Ուստի երբ առանձին իր մտածութեան հետ կը մնար, Եւփիմէի Յանդուգն յամառութիւնը կը նզովեր եւ ինքզինք կը մեղադրէր, որ բաւական քաշութիւն չէր ունեցեր դիմադրելու նորա աս ուղեւորութեան. թէպէտ երբ անոր մօտենար` իւր բոլոր մաղձը, տխուր նախատեսութիւնքը, անոր զուարթ կատակներուն եւ ծիծաղներուն առշեւ կ'անյետանային: Եւ եթէ մխիթարութեան առիթ մը կար` այն էր, որ, տասն օր հազիւ թէ եղած` նեղուցները անցէր եւ միշտ յաջողակ հողմով աջ ու ձախ Արշիպեղագոսի կղզիներու նջեն կը հասնէին. ոչ Սարակինոսաց հեն, ոչ ասպատակ, որ այն ժամանակներ սովորական էին եւ ոչ Բիւզանդական կայսրութեան պատերազմական նաւ մը իրենց հանդպած չունէր: Ձախ կողմը Տորոսի լեռներ արդէն իրենց ժայռոտ զլուխները կը ցցնէին, որոնց վրայեն Բաբկէնի աչքերը չէին զատուէր. վասնզի սկիզբն եւ նախաշաւիղ էին իր Սեւ լեռներուն. ուստի կամաց եւ անմռունչ կ'երգէր երգը` զօր Ռուբենի առջի ընկերները` Տորոսի բարձանց վրայ նոր հասած` երգեր էին:

 
Սեւ լեռներ, սեւ լեռներ,
Ձեր գըլուխներ է համպերէ մըթընցեր,
Դուք, ամպեր, սեւ ամպեր,
Ուսկի՞ց կ'ուգաք, ո՜վ ամպեր,
Ինչո՞ւ մութ էք, ո՜վ ամպեր:
 
 
Հեռու երկիր բարձրաբերձ են մեր լերինք,
Սպիտակափայլ միշտ ձիւնազարդ գըլխընին,
Հոն արեգին պայծառ նշոյլք չեն տոչոր,
Ի բնակիչսն նոքա անուշ կ'ակնարկեն:
 
 
Սեւ լեռներ, սեւ լեռներ,
Ձեր գըլուխներ է համպերէ մըթընցեր,
Դուք, ամպեր, սեւ ամպեր,
Ուսկի՞ց կ'ուգաք, ո՜վ ամպեր,
Ինչո՞ւ մութ էք, ո՜վ ամպեր:
 
 
Փոթորկալից մեզ բուռն հողմեր հոս բերին,
Մեծին Հայոց Մասիսն էր մեր խանձարուրք,
Արագածու գլուխն էր մեր արքունիք,
Նրպատ, Գրգուռ, Բիւրակն էր մեր շտեմարան:
 
 
Սեւ լեռներ, սեւ լեռներ,
Տէր գըլուխներ է համպերէ մըթընցեր,
Դուք, ամպեր, սեւ ամպեր,
Ուսկի՞ց կ'ուգաք, ո՜վ ամպեր,
Ինչո՞ւ մութ էք, ո՜վ ամպեր:
 
 
Ըսէք ուրեմն թէ օտար չեմք, ո՜վ ամպեր,
Մեծին Հայոց մենք եւս որդիք հարազատ,
Հոս վըտարեալ ի մարդադէմ գազանաք,
Ազատութեան ի սուրբ անուն կը գոռամք:
 
 
Սեւ լեռներ, սեւ լեռներ,
Ձեր գըլուխներ է համպերէ մըթընցեր,
Դուք, ամպեր, սեւ ամպեր,
Ուսկի՞ց կ'ուգաք, ո՜վ ամպեր.
Ինչո՞ւ մութ էք, ո՜վ ամպեր:
Ո՜վ բարեկամ դուք, ամպեր,
Տո՛ւք մեզ ձեր շուք, ո՜վ ամպեր,
Եւ ի շռինդ եւ հօր մարտի,
Մեզ օգնութիւն տո՜ւք շանթեր:
 

Պայծառ գիշեր մ՚էր, նա կ'երգէր. երիտասարդութեան գեղեցիկ օրեր, սիրոյ եւ յաղթութեան յիշատակներ` ամէնքն այն երգին հետ իր անդրդուելի սիրտն կը տրոփէին, երբ փոքրիկ թաթի հարուած մը յուս զինք յուշի բերաւ:

– Ի՞նչ է, Տիրուհիս:

– Բաբկէն հայրիկ, – ըսաւ Եւփիմէ անուշ ձայնը, – ի՞նչ կ'երգէիր:

– Է՜հ, մեր լեռները, մեր երիտասարդութեան յիշատակները կ'երգէի, մեր տղաքը ո՜յ գիտէ ինչ կ'երգեն, ննջեցելոց երգեր թերեւս. տեսնենք թէ մեռելներու քունեն ինչպէ՞ս պիտի արթննան:

– Ի՞նչ կարծես, հիմա որ երթանք, չէ` կարելի, որ անտարբեր մնան ձեր իշխանները Թորոսի ձայնին:

– Մեր իշխանները, Տիրուհիս, միշտ անտարբեր կը մնան. բայց մեր լեռնցիք զանոնք կ'արթնընեն, թէ որ պէտք ալ լինի կը բռնադատեն, որ միանան եւ նաեւ հնազանդին. թէ որ իշխաններան մնա, որ թէպէտ քաշ են` բայց նախանձոտ եւ հպարտ, մենք միշտ ողորմելի գերի կը լինէինք ամէնուն` յոյնին եւ սարակինոսին: Բայց ժողովուրդը տեսա՞ր, ամէնքն ալ զինուոր են, ամէնքը կը կռուին. անոնք էին, որ Ռուբենի, Կ'ոստանդնի, Թորոսի ձայնին միացան ու ժողովուեցան. ո՜հ Թորոսը տեսնէի՜ր, հա, մեր իշխանիկը՛ անոր կը նմանի. բայց ի՜նչ մարդ էր, երկու աչերն երբ մէկուն վրայ ձգէր, գիտէիր թէ սիրտդ կը կարդայ, գէշ մտածողն ալ, լաւ մտածողն ալ աչքին երեւալեն կը վախնային. մեր մեծ վարդապետները, ան մեծմօրուք եպիսկոպոսները` ամէնքը կը վախնային իրմէ. ինչ խօսք, որ զրուցէին կը չափէին. մեր լեռը` բոլոր վանք ու անապատ է, կարգաւոր աբեղայ լեցուն է, մէկ հատ չի կար, որ անկից չակնածէր. շատին խօսիլ չէր տար. մարգարէի պէս գիտէր թէ ինչի՞ համար եկած են, ի՞նչ կ'ուզեն. մենք անոնց սեւ հրեշտակ կ'ըսենք, Թորոսին սպիտակ հրեշտակ կ'ըսէինք. նա անոնցմէ խելօք էր. լաւ՜, բայց բան մը զրուցե՞մ, Տիրուհի, օր մ՚եղաւ, որ մենք անկից խելօք բան խորհուրդ տուինք, նա մտիկ չըրաւ: Ան մեծ կռիւն, որ եղաւ, ուր Լեւոն` աս մեր իշխանիկին հայրը, որ առիւծի մը կը նմանէր, այնպէս քաջացաւ, որ ողջ բանակի մը գործ կատարեց, ամէն իշխանք զարմացեր մնացեր էհն, ժողովուրդը` «Միայն Ռուբինեանք կ'ուզենք» ըսին. մենք ալ կայինք հոն` ժողովրդեան քանի մը հարիւր խելօքները. ըսինք, որ այդ իշխանները այսօր Թորոսի ու Լեւոնի քաշութեամբ ազատեցան սկիւթներէն, վաղը անոնց դէմ դաւաճանութիւն կ'ընեն. քանի որ պատրաստ այստեղ են` ամէնքը բռնենք հաւի պէս կարտենք` արքայութիւն ուղարկենք. շատ չէ յիսուն-վաթսուն հողի մեծ ճօճերեն, բոլոր երկիրը կը խաղաղի, ամէնքն ասոնց կը հնազանդին, հայր կը լինի մէկ սիրտ, մէկ հոգի: Իրենք ներս էին Վահկայ բերդին աւազանին վրայ նստած մեծ ու պզտիկ իշխանք, մենք պարտէզին ծայրը կայնած էինք: Հոն մեծ իշխանը, մենք ինչ որ առանձին խոսէր էինք` բառ առ բառ իշխանաց ըսաւ թէ ասոնք ազգին խաղաղութեան համար, հիմա աս վայրկենին դուրսն այսպէս խօսեցան եւ խորհուրդ ըրին թէ զձեզ ջարդեն. մենք ապուշ մնացինք, իսկ Թորոս մեզ յանդիմանեց, իշխանները վստահեցուց, սիրոյ, խաղաղութեան յորդորեց, եւ ըսաւ, որ` «Եթէ աստուած` իր ծառաներէն ոմանց առաւելութիւն տա, պէտք չէ հպարտանալ եւ ոչ ալ նա խանձիլ, այլ յօգուտ ժողովրդեան եւ ի սէր ազգութեան եւ արդարութեան գործածել», ու ամէնքը սիրով ու ընծայուք ճամփեց: Այսպիսի անձ մ՚էր, որ իր թշնամիներն անգամ դիտէր բարեկամ ընել, թէ որ անգամ մը միայն տեսնուէր: Ետքը իր եղբօր օրով մենք գիտենք, որ հայ իշխաններ, լատին իշխաններ եկան ձեր թագաւորին հետ միացան, որ առաջ բարեկամ էին կուտէին, կը խմէին մէկտեղ, թէ որ մենք անոնք ամէնքը սպաննած լինէինք, ուսկից ետք մեր վրայ պիտի ժողւուէին: Էն խելօքն ան անիրաւութենէ որ վախնայ, անիրաւին կերակուր կը լինի:

– Չէ՛, այնպէս չէ, Բաբկէն, – ըսաւ Թորոսի կամաց բայց խիստ ձայնը, – անիրաւութիւն միշտ վատ բան է. ան կարծուած այսօրուան օգուտր շատ եւ չի կարծուած վնասներ կը ծնանի. աւելի լաւ է արդարութեամբ մեռնիլ, քան թէ անիրաւութեամբ իշխել:

– Ես գիտեմ, որ դու հօրեղբօրդ պէս կը մտածես, փառք աստուծոյ, որ անոր ալ կը նմանիս, եւ կը յուսամ թէ նոյնպէս ալ յաջողիս:

– Բայց ո՞ւր պիտի հանէ զմեզ նաւը, – հարցուց Բաբկէն:

– Այդ ինձ չի վերաբերիր, ահա մարդը, որ պաշտօն ստանձնեալ է զմեզ ցամաք հանելու: Ան վայր կենին իր պաշտօնը կը լմննայ, իմս կը սկսի:

– Այո՛, – ըսաւ Դիոնիս, որ Կիլիկիոյ ափանց վրայ շտկած իր դիտակը անթարթափ կը նայէր, – բայց մենք, իշխան, չպիտի կարէնանք հոս ցամաք ելնել, այլ պէտք է շիտակ Կիպրոս երթալ` վասն-

զի շարունակ ծովեզրը նաւեր կ'երեւան, որ կ'երթեւեկեն, անշուշտ մեզի համար է իրենց զգուշութիւնը:

– Ո՛վ որ հնազանդիլ չգիտէր` չգիտէր հրամայել, քու է հիմա իշխանութիւնը, ըրէ՛ ինչպէս գիտես, ինչպէս արժան կը դատես:

Ուստի Դիոնիս ուղղուելով նաւապետին եւ իրեն հետ քիչ մը խորհրդակցելեն վերջ, նաւը շտկեցին Կիպրոսի վրայ, մանաւանդ որ հովը յաջող էր եւ քիչ վերջը ահա ցամաք սկսաւ անհետանալ եւ կղզին երեւիր Իրօք մեր ճանապարհորղքը բաւական ձանձրացեր էին ծովեն, ցամաքի զուրկը սկսէր էր զիրենք յոգնեցնել, ուստի Եւփիմէ առանց իր զուարթութիւնը կորսնցնելու նաեւ ցամաք մը ոտք կոխելու մեծ փափագ ունէր, եւ երբ Կիպրոսի հիւսիսային կողմը սկսաւ նկարուիր, արմաւենեաց բարձր գլուխներն երեւիլ, Դիոնիս, որ զգուշութիւն եւ նախատեսութիւն ինքն էր, կասկածելով խնդրեց նաւապետեն, որ փոխանակ Կիւրինէ քաղքին մօտենալու քիչ մը դէպի արեւելք անշեն տեղ մը ցամաք հանէ, ուր գիւղ մը եւ քանի մը հիւղեր կ'երեւէին ցիրուցան. շուտով մակոյկ մը մեր չորս ճանապարհորդքն ծովեզրը դուրս դրաւ, եւ նաւն սկսաւ հեռանալ իր ճամփան:

Թէպէտ Բաբկէնի սիրտը տխուր էր Կիլիկիոյ ափանց հեռանալուն, բայց զարմանքով կը նայէր այս կզզոյն, որ շատ նմանութիւն ունէր իւր հայրենի երկրին հետ. նոյն ծառերն էին, նոյն բերքերն եւ նոյն լեռներու գօտիներն, նոյն կլիման ու բրինձն. միայն հոս հայու լեզու եւ հայու կերպարանք չի կար: Ուստի տրտում կ'երթային ծովեզրը հիւրընկալ տեղ մը գտնելու համար, երբ Եւփիմէ, որ Թորոսին թեւն ի վար կախուած կը քալէր`

– Տե՛ս, – ըսաւ, – սա սեւազգեստ մորուոք հեծեալը, որ անսովոր գլխարկ մը դրած լեռան ստորոտը կը ձիավարէ:

Թորոս մէկեն թեւն ազատեց եւ սրացաւ դէպ նոյն կողմն, վասնզի հայու վարդապետ մը տեսաւ վեղարաւոր, եւ երբ «Հայր սո՜ւրբ» ձայնեց ուժզին, եկեղեցականը ձին դարձուց եւ սկսաւ դէպի նա ձիավարել հանդարտիկ եւ երբ հասաւ` մօտեցաւ Թորոս ակնարկ մը նետելով եւ երկայնահասակ, թիկնաւէտ, կենդանի աչքերով վաթսուն տարեկան ծեր մը տեսաւ, որ աւելի զինուորի կը նմանէր իր շարժմունքներէն, քան թէ խաղաղութեան քարոզ` սեղանի պաշտօնէի մը, որ նոյնպէս իր սուր աչքերն Թորոսի ուղղելով, կը զննէր:

– Աստուած օգնական, հայր սուրբ:

– Աստուած պահապան, որդեակ:

– Այս կողմերը հայոց բնակարան ո՞ւր կրնայ գտնուիլ:

– Հոս` մեր Ս. Մակարայ վանքը կայ:

– Ձեզ նեղութիւն ընել չէ մեր միտքը, բայց քանի որ ազգային անձինք կան, մեզ աւելի սիրելի է անոնց հիւր լինիր Հեռո՞ւ է շատ վանքը հոսկից, հայր սուրբ:

– Երկու ժամի չափ կը տեւէ:

– Ուրեմն ներեցէք մեզի` ձեր ազգայնոց, որ ձեզ ընկերանանք:

– Սիրով եւ ուրախութեամբ, որդեակ, – ըսաւ վարդապետը, – եւ խորազնին ակնարկ մը ձգելով ամէնուն վրայ եւ երիտասարդի մը պէս ցատկելով ձիեն ու Եւփիմէին նայելով, աւելցուց.

– Կը տեսնեմ, որ ձեր մէջ այնչափ երիտասարդ եւ տկար անձինք ալ կան եւ որ աւազի վրայ քալելեն այնչափ յոգնած ու կարմրած են, որ աս դարուերն շատ նեղութեամբ պիտի ելնեն. ուստի սիրով կ'ընծայեմ իրենց իմ կենդանիս:

Այս խօսքին շնորհակալութեան բառ մ՚ըսելով Թորոս, փետուրի պէս ձիուն վրայ դրաւ զեւփիմէ եւ Բաբկէնին յանձնելով, ինքն ալ հայր սուրբին ընկերութեամբ սկսան յառաջանալ: Քիչ մը ատեն Լռութեամբ ճամփան շարունակելեն վերջ, իբրեւ թէ երկու կողմն ալ կը սպասէին իրարու, որ առաջին լինին խօսելու, վերջապէս հայր սուրբ չի կրնալով համբերել եւ Թորոսի յամառութենեն ձանձրացած ըսաւ ժպտելով.

– Զարմանք է, տիար, որ այսպիսի թարմ պատանեակ մը հետերեւիդ աս օտար երկրները կը պտտցնէք:

– Զարմանքի ժամանակի մէջ կապրինք, հայր սուրբ, – ըսաւ Թորոս անխռով, – անոր համար կը տեսնէք զիս, որ բանի մը վրայ եւ ոչ ձեզի պէս աստուածաշնորհ անձի մը երկսայրի սուրին վրայ կը զարմանամ, եւ մանաւանդ թէ ուրախութիւն նաեւ կը զգամ, որ քաջ նիզակակից մը մեզի կ'աւելնայ:

– Լաւ՛, որդեակ, – ըսաւ վարդապետը, – ուրախ եմ, որ ժամանակին յարկը կը ճանչէք, եւ ես ձեր աս տարիքին վրայ` տեսնելով այդ սրատես խոհեմութիւնը` մեծ յոյս կառնում եւ իմ փափագներս ու երազներս գրեթէ կատարեալ կը տեսնեմ:

– Շատ մութ կը խօսիք, հայր սուրբ:

– Ես շատ պայծառ կը խօսիմ, բայց դուք, իշխան, չէք ուզէր հասկն աղ եւ ձեր խոհեմութիւնը չափազանցութեան կը տանիք, եւ ան մարդուն, որ իր կեանքը քառասուն անգամ` մանաւանդ թէ հազար անգամ ձեր եւ ազգին փրկութեան համար վտանգի դրած է, վստահութիւն ցցնելէ ալ կը զգուշանաք, եւ դեռ նոր տեսութիւն մը իրմէ զլացաք:

– Խնդրեմ ձեր անունը ինձ շնորհել, – ըսաւ Թորոս հետաքննին եւ հրամայական աչք մը դարձեալ հայր սուրբին վրայ նետելով:

– Կոստանդին Բարձրբերդցին եմ, որ անցեալները դեռ ամիս ու կէս հազիւ կայ Բաբկէնին հետ տեսնուեցայ Պոլիս, դուք զիս չէք ճանչեր, եւ ես ալ զձեզ Բաբկէնին ընկերութենեն երեւակայեցի:

– Եւ Բաբկէն դարձեալ քեզ չի ճանչե՞ց:

– Ան ատեն զիս ուրիշ հագուստներով տեսաւ եւ սեւ մորուոք:

– Բայց դու վտանգ մը անցուցիր Պոլիս, եւ շատ չէ, որ հոս եկար:

– Այո՛, աս նզովից արմատ յոյները իմացեր էին իմ գալուստս, ուստի նոյն գիշեր զիս բռնել միտք դրած էին, եւ ես փոխանակ դռնեն անցնելու, ինչպէս կը սպասէին, երդիկեն անցայ եւ իմ ճամփաս գնացի խաղաղութեամբ եւ փոխանակ Կիլիկիա ելնելու, ինչպէս կը յուսային, եկայ Ս. Մակար քանի մը ամիս ճգնելու, մինչեւ որ այցելութիւն լինի հաստուծոյ:

Եւ երբ Թորոս աս խօսքին վրայ փոքրիկ ժպիտ մ՚արձակեց, Կոստանդին ծիծաղով մը պատասխանեց, բայ դարձեալ շուտով ծանրութիւն մը առաւ, վասնզի երիտասարդին վսեմ կերպն ակնածութիւն կը հրամայէր, եւ Կոստանդին կ'ըսէր ինքնիրեն թէ` «Յիրաւի Թորոս անունովն ալ, բնութեամբ ալ կենդանացէր է հեղբօրորդին. տեսնենք քաջութեամբ ալ թէ անոր կը նմանի` Թորոս Բ. կ'ունենանք»:

Ծովեզրը արդէն ձգէր էին եւ դար վեր կ'ելնէին անտառոտ ժայռերու եւ պարտէզներու մէջեն, հեղեղատի մը աջն ու ձախ շաւիղին հետեւելով. եւ Բաբկէն, որ անկարծելի տեղ մը հայոց վանք գտնելուն ուրախ էր եւ շատ ալ նմանութիւն իր Սեւ լեռան բնութեան եւ կղզոյն մէջ եւ նաեւ Եւփիմէի անվեհեր ձիավարութեան վրայ` զուարթ դէմքը զգեցաւ բոլորովին: Անոր` հայր սուրբին պաշտօնին վրայ, հայոց ընդհանուր եկեղեցականաց վրայ տեղեկութիւն կ'ուտար, անոնց ճգնաւորական կեանքին վրայ գալով, կը պատրաստէր Եւփիմէ անապատական ընթրիքի մը, վասնզի օրն ալ արդէն սկսած էր երեկոյիլ: Եւ ահա մեծամեծ աւազաններ եւ տեղ-տեղ պարտէզներ, ուր մշտադալար նարնջենի եւ կիտրոնի էր, շէնքի մը մօտիլը կը ցուցնէին, եւ վերջապէս եղեւին անտառի մը ստորոտը երեւցաւ Սրբոյն Մակարու վանքը, եւ մեր հինգ բարեկամները քանի մը վայրկեան ետքը առաջնորդութեամբ վանահօր` իրենց բնակարանը կը հանգչէին:

ԳԼՈՒԽ Թ ԿԻՊՐՈՍԻ ՍՈՒՐԲ ՄԱԿԱՐ

Այն գիշերը մեծ ուրախութեամբ եւ զուարթութեամբ վայելեցին վանքին հիւրընկալութիւնը մեր ուղեւորք, եւ Բաբկէն զարմանքով տեսաւ սեղանին վրայ իր քով նստած աշխարհականի զգեստներով ճերմակ մորուոք մը, որ առանց խօսելու իր բոլոր ծանրութեամբ եւ լաւ ախորժակով կ'ուտէր, Բաբկէն երբեմն-երբեմն քովնտի ակնարկ մը կը նետեր սա նոր սեղանակցին, որ ամենեւին իրեն ուշ չէր դնէր: Վերջապէս վանահայրը տեսնելով թէ սեղանին վրայի լռութիւնը այս պատճառաւ իրօք վանականաց սեղան մը կը դառնար, ինք որ աբեղաթող կը համարէր այն օրը իր միաբանից

– Բաբկէն հայրիկ, – ըսաւ, – ձեր ճամփու ընկեր վարդապետը չե՞ս փնտրեր:

– Հայր սուրբ, ես կը յուսայի եւ կը փափագէի զինքն հոս գտնել, բայց ձեր հրամանը գիտէ տնօրինել. մենք զինուոր ենք կրօնաւորաց համար ալ լսէր ենք թէ զինուոր են` իրենց վանահօր կը հնազանդին:

– Նորա փոխարէն ահա քեզի ուրիշ բարեկամ մը ես գտայ, Սեւ լեռնեն է նա ալ, իրեն տեղեկութիւն ինչու չես հարցնէր:

Բաբկէն քննող աչօք դարձեալ նայեցաւ քո վինին, բայց չի կրնալով ճանչել, եւ սեղանին հորթի, կաքաւի եւ կաթնեղէնի պատրաստուած խորտիկներն ու համադամներն, Կիպրոսի տեսակ-տեսակ գինիներն իր ախորժակին յարմար գալով, եւ նորա յամառ լռութենեն ձանձրացած

– Հայր սուրբ, – ըսաւ, – սա բարեկամը ինձմէ անօթի կ'երեւայ, ոչ անուն կ'ուտայ եւ ոչ ձայն կը հանէ:

– Բաբկէ՛ն, – ըսաւ քովինը շեշտակի իրեն նայելով, – զիս չե՞ս ճանչեր:

– Աստուած վկայ Կոստանդին ինքն է, նա է, անոր ձայնն է, – ըսաւ Բաբկէն դէպ անոր դառնալով եւ աչքերը խոշոր-խոշոր բանալով, – փառք աստուծոյ, ողջ է:

– Փառք աստուծոյ, որ զիս ճանչեցիր:

– Թէ որ ձայնդ չի լսէի, խա՛չ, որ պիտի չճանչէի:

Ամէնքը սկսան խնդալ, ուրախութիւնը կը տիրէր սեղմանին վրայ. վանահայրը, որ պատուական եւ իմաստուն անձ մ՚էր եւ որու իմացուցած էր Կոստանդին ո՛վ ոք լինելն, կատարեալ հիւրատմեծար գտնուեցաւ իրենց, եւ խոստացաւ ամէն դիւրութիւն եւ ապահովութիւն ճարելու Տորոսի լեռները գտնել տալու համար հայ իշխանին: Ահ գիշերը ապահովութեան եւ վստահութեան վիճակի մէջ` Դիոնիս իր տաժանելի աչալրջութենեն յոգնութիւն կառնուր, Բաբկէն ուրախ էր ամէն բան դիւրանալուն, Թորոս թէպէտ սակաւախօս` գոհ էր ամէն բան մինչեւ այն օր անվտանգ յաջողելուն: Եւփիմէ միւսին գոհութիւնը տեսնելով զուարթութիւնը գեղեցկութեան հաւասար կը փայլեցնէր, իսկ Կ'ոստանդնի ուրախութիւնը անպատմելի էր: Այս մարդը շարունակ իր Մեծին Հայաստանի ճամփորդութիւնները կը պատմէր, վասնզի հայաբնակ երկիր չի կար, որ հինգ տարի շարունակ պտտած չլինէր, Վրաստանէ մինչեւ Միջագետք, Սպիրէ մինչեւ Ատրպատական` տեղ չէր ձգած, որ խուզած չըլլար, վասնզի կենաց յոյս մը կը փնտրեր Կիլիկիայէ դուրս եւ չէր գտնէր. հայ թագերու պաշտպանութեան համար շինուած բերդեր, բերդաքաղաքներ օտարին իշխանութեան եւ բռնութեան գործիք ու ամրութիւն եղած էին: Անի նաեւ, մեծ Անին, հազար ու մէկ եկեղեցուոյ Անին, նա՛ ալ կենդանութեան յոյս չէր տար. եւ ժողովուրդը, որ անգամ մը գնացեր իր թագաւորաց գերեզմաններուն վրայ ողբ դրեր, լացէր էր, ալ չէր հավտար թէ նոցայ ստուերներն դարձեալ պիտի ելնեն կանգնին, փրկել Հայաստան: Քրիստոնեայ դրացի եւ ազգակից ժողովուրդ Վիրք, նաեւ հայ զօրավարաց ձեռամբ վարեալ, հայ ազգը հալածելու եւ հարստահարելու կը նկրտէին. Վասպուրականի դասալիք Արծրունեաց յիշատակը անհետացեալ էր գրեթէ, եւ յիմար ժողովուրդ մը կործանեալ գահին պատուանդաններուն վրայ կաթողիկոսական բաժանման աթոռ մը հաստատելով կը մխիթարուէր:

Այս երկար պատմութեան ամէնքը կը մրափէին, Թորոս միայն այս կենդանի աշխարհագրութեան եւ վիճակագրութեան մէկ բառը չէր կորսնցնէր եւ մութ մնացած խնդիրները կը պրպտէր, կը լուսաբանէր. Կոստանդին կը զարմանար, կը շփոթէր իր իմաստալից հարցաքննութեան առջեւ, որ ամէն բան կը ճշտեր` տեղերը, վիճակները, հեռաւորութիւնները: Երբ ամէնքը իրենց տեղը գնացին ննջելու` դեռ աս երկու անձինքը նստած կը խոսէին Կիլիկիոյ վրայ. հայ եւ օտար ժողովրդոց թուոյն, վիճակին, յոյսերուն, իշխանաց, կառավարութեան ձեւին, զօրաւոր դիրքերուն եւ ամրութեանց վրայ. մինչեւ որ նաեւ հաւերն ալ սկսան խօսիլ, եւ Կոստանդին ինք պարտաւորեցաւ յորդորել զթորոս երթալ քնոյ հանգիստն առնուլ: Երբ Թորոս գնաց, տեսաւ, որ իր սենեկին դռանն առջեւ Բաբկէն մէկ աչքը քուն, միւսն արթուն կը պտտի. եւ երբ զինքը տեսաւ` գնաց իր հին զինուորակիցը գտնելու: Մտաւ սենեակը, ուր Կ'ոստանդնի հետ պիտի պառկէին. առջի խօսքը, որ ըսաւ Կոստանդին` աս եղաւ.

– Բաբկէն, աստուած վկայ, որ աս իրիկուն համոզուեցայ թէ Կիլիկիա իր փրկիչը գտաւ. սա երիտասարդը` թէ որ ինչչափ խելք ունի, այնչա՛փ ալ քաշութիւն ունի` հորմեն ալ վեր, հօրեղբօրմեն ալ վեր պիտի լինի:

– Դու ի՞նչ կ'ըսես, եղբա՛յր, անցեալ օր վեց-յոթ հոգի իրար վրայ անշունչ գետինը ձգեց, տասներեք հոգի էին մեր վրայ յարձակողները:

– Այդ հոռոմ ծերը եւ իր աղջիկն ի՞նչ բան ունին ձեր հետ:

– Աղջիկը Հոռոմ չէ, իշխանին պսակեալ կինն է. մեր Արծրունի թագաւորաց ցեղեն է:

– Իշխանը պսակուեցաւ՞… Արծրունի կին առաւ՞… լաւ, հա՛, քիչ մ՚ալ սա ծերն հայ մկրտիր, Բաբկէն:

– Ծերը հայ չէ, բայց հոռոմ ալ չէ, վասնզի շատ լաւ է եւ հայու բարութիւն կուզէ:

– Բաբկէն, դու ցնդէր ես, խելքդ կորուսէր ես, այս մարդը հոռոմ է, ոգեմն լաւ մարդ չի կրնար ըլլալ, հայու ալ բարութիւն չի կրնար ուզել:

– Տէ՛, ի՞նչ կ'ըսես. նայէ՛ աս իմ գլուխը հայու գլուխ է, խոթէ սա մատդ ոսկորին մէջ, աս գլուխը հոռոմները կոտրեցին այդ մարդ լաւցուց. հիմա հաւտացի՞ր… մենք բանտեն ուսկի՞ց պիտի եւնէինք թէ որ աս մարդը չըլլար, թէ դա աղջիկը չըլլար: Ատօնք մեզ ազատեցին. մենք նորէն բանտ մտած էինք քու պատճառաւդ` թէ որ աս ծերը մէգի չի փախցներ… թէ որ աս ծերը մեզ հետ չլինէր, մենք հոռմի նաւերուն մէջ ինկած բռնուած էինք. ծոցը պզտի. հաստ գաւազան մ՚ունի ծակած, մէջը փայլուն. կը դնէ աչքին, կը նայի աշխարհքին ծայրը ինչ կ'ընեն մարդիկ` կը տեսնէ, կ'իմանայ:

– Հիմա հաւտացի թէ լաւ մարդ է այդ ծերը եւ հոռոմ չէ, – ըսաւ Կոստանդին եւ կօշիկները հանելով վերարկուն քաշեց գլուխն` երկնցաւ պառկելու:

Նոյնը ըրաւ Բաբկէն, բազմոցին միւս կողմը, եւ սկսան քնել: Վանահայրն իր հիւրերուն քունը չի խանգարելու համար առանց զանգակի իջեր էր իր միաբանից հետ Վանայ անշուք եւ փոքրիկ եկեղեցին, ժամերգութիւն կատարելու. պատարագին ամէնը ներկա էին, եւ երբ սարկաւագը «Ազատութիւն եղբարց մերոց գերելոց» կ'երգէր` Բաբկէն մեծաձայն «Ամէն» գոռոց, ու ամէն գլուխ, երբ իրեն կը դառնային, ինք անխռով եւ մեծ հաւատոք իւր աղօթքը կը շարունակէր:

Երբ եկեղեցիեն ելան, վանահայրը լաւ ճաշ մը պատրաստել աւէր էր իր հիւրերուն. եւ վերջը անոնց փափագը կատարելու համար ինքն ալ իրենց հետ որսի ընկերացաւ: Կոստանդին ուրախ աչօք կը տեսնէր եւ կը համոզուէր Թորոսի թեւին զօրութեան եւ աչքին ճշտութեան ի նետաձգութիւն, նորա սրընթաց կորովոյն, որ այծեման պէս վախերու եւ գահավէժներու եզերքը կը վազեր, եւ այնչափ տարուան անշարժութիւնն, որ իր միտքը սրացուցեր եւ բարձրացուցեր էր, ջիզերուն ուժը չէր թմրեցուցեր: «Ահա երիտասարդը, որ մէկ հատիկ մարդ է մեր փրկութեան համար. ես յիմա՜ր, որ Հալէպու ամիրային պալատը կ'երթայի մարդ փնտրելու եւ երկու թեթեւամիտ տղաք կը գտնէի, որոնց մէկուն սիրտը այնչափ չար էր, որչափ գլուխը թեթեւ. իրաւ աստուած մեր խեղճ լեռները կը սիրէ եղեր»: Ետքը կը դիտէր Եւփիմեն, որ ծերուն հետ կը քալէր միշտ աչքը Թորոս են չի զատելով: «Հա՛, մեր Լեւոնին տղան բարեբախտ ալ է, այդ կինը գեղեցիկ եւ ազնուական է, եւ մեր իշխանը սրտանց կը սիրէ. բայց այդ ծերը ի՜նչ է իր սուր եւ արհամարհոտ աչքերով, հազիւ թէ աղջկան ըսածներուն պատասխան կ'ուտայ, միտքն ալ գիտես թէ ուրիշ տեղուանք կը պտտի…»: Եւ աս խորհրդածութեան մէջ յանկարծ, երբ որսը միտքը գար` երկու նետ կը նետեր, որք երբեք պարապը չէին սլանար: Երբ Թորոս բաւական զուարճացաւ, եւ որսն ալ առատ դիզուեցաւ, վանքին վերի գլուխը, ուր վանահայրը եղեւնի ծառերուն շուքին տակ սեղանը պատրաստել տուած էր կանաչ խոտին վրայ ծովը առջեւնին եւ անդին ամպերու պէս դիզուած Տորոսի լեռները, բաժակներ քամուեցան Կիլիկիա ազատութեան եւ անոնց կենդանութեան համար, որ կեանքերնին այղ սուրբ նպատակին համար պիտի վտանգէին:

Երկրորդ օրը, Թորոս` վանահօր եւ Կ'ոստանդնի ընկերութեամբ` ծպտեալ սրընթաց կենդանեօք կ'երթար Լեֆքոսիայ քաղաքը տեսնելու եւ անկից վերջը ութ օր շարունակ բոլոր շրջակայքը կը պատեր` կը քննէր բնակչաց կեանքը, իրենց զուարճութեանց զեղծմունքը, կղզուոյն պաշտպանութեան զօրութիւնը, բերդերուն վիճակը կուսներ: Իր սուր դիտողութենեն բան մը չէր ազատէր: Իր բոլոր աս արշաւանաց ընկեր էր նաեւ Եւփիմէ, որ թէպէտ ի բնութենէ հետաքրքիր` տեղեակ լինել կուզեր այն ամէնուն, որ Թորոսի խուզարկութեանց պատճառ էին:

Բայց ամէնքը, որ կը պտտէին Թորոսի հետ, մէկը չի կար, որ հասկնար իր միտքը, բացի Դիոնիսեն, որ հեռուեն կը դիտէր եւ կ'իմանար այդ լուռ եւ անխոնջ բնութեան նպատակը, ուր կը նշմարէր հայրենասիրութեան հետ նաեւ վրէժխնդրութեան ոգին: Ուստի ինք բնութեան ուսմունքով պարապեալ եւ ոչ կուզեր տեսնել քաղաքական կիրքերը, որ իր շուրջը կը յուզէին. եւ կը վերադառնար բոյսի մը, քարի մը խոտի մը կտորի վրայ հառիլ, պշնուլ, քան թէ ուրիշ թանով մը զբաղիլ:

Այսպէս լեռները կը պտտէր Դիոնիս, երբ երեկոյ մը Թորոս արշաւանքէ դարձած եւ տեսնելով գծերը լեռան բարձր գագաթան վրայ մուրճ ի ձեռին` ժայռի կտոր մը զննելով, ելաւ քովը գնաց.

– Հայրիկ Դիոնիս, – ըսաւ, – մենք այս դի, այն դի կը վազվռտենք, դու ուրիշ աշխատութեամբ կը տաժանիս. ինչո՞ւ այս ժայռերը կը կոտրտես:

– Տե՛ս, – ըսաւ ծերը, – տե՛ս, այս կոտրած ժայռերու կոտոր վանքին մէջ ծովային խեցիները, որ կը վկայէն թէ անյիշատակ ժամանակաց մէջ ծովը կը ծածկէր աս լեռներուն գլուխները:

Եւ իրօք կը տեսնէր Թորոս ծովային խեցին ժայռին ծոցը փակուած. երկայն լռութիւն մը յաջորդեց. նստաւ ծերը եւ Թորոսին ակնարկ մը ըրաւ քովր նստելու, սուր աչքերը երիտասարդին յառելով ծանր-ծանր աս խօսքերն սկսաւ զրուցել.

– Ո՜վ երիտասարդ, կը տեսնեմ թէ որ չափ հեռու ենք մենք իրարմէ. դու երիտասարդ, կորովի, եռանդուն` վաղը միայն կը նշմարես եւ ապագային կը դիմես. ես ծեր, տկար, դանդաղ երէկուան եւ հազարաւոր տարուան անցեալին կը նայիմ: Բայց օր մը կար, որ ես ալ ներկան եւ ապագան կը դիտէի եւ իմ շրջանիս մէջ հայրենիք, փառք, մեծութիւն եւ թագաւորութիւն կ'ուզէի. բարեբախտաբար երկար չի քեցին ան փափագները, եւ ուսմունք բնութեան` մարդկային սրտին ու մարդկութեան անցելոյն զիս բժշկեցին այն անձուկեն, որ զքեզ կը տոչորէ. անոր համար է, որ դու կը տեսնես զիս անցելոյն խորը իջած, եւ ես զքեզ կը նշմարեմ, որ ապագային բարձունքը կը մագլցես: Չեմ զարմանար, դու երիտասարդ ես, եւ անուն մ՚ունիս ազգիդ մէջ, հայրենիք մ՚ունիս կորած եւ ինկած, անձնական ու ընտանեկան նախատինք` բանտն եւ քուկիններուդ մահուան յիշատակն մտքիդ մէջ կը յածին եւ շարունակ կը մտածես վիրականգնել, սրբել եւ վրէժ առնուլ: Քեզի հետ խօսողը պէտք է համոզուիս, որ ազգի մը չի վերաբերիր. մարդկութեան զաւակն է, եւ ամենեն ատելի մարդիկ իրեն` աշխարհակալներն են. ուստի քեզի զինուորիդ իմ խրատս այս կ'ուզեմ լինի, որ անիրաւ եւ անգութ չլինիս վրէժխնդրութեան հոգուով. յիրաւի՛, անիրաւ աշխարհիս մէջ չանիրաւել դժուար է, բայց դու մեծ հոգի ունիս, եւ ես կը ճանչեմ մարդկային բնութիւնը, անոր համար այս խօսքերը քեզի կ'ընեմ: Չեմ ես այն անմիտ փիլիսոփայական կարծուած դպրոցեն, որ հայրենասիրութեան գաղափարը կը վտարէ մարդասիրութեան գաղափար մը առաջ քշելով. անոնք, որ այդ վարդապետութեանց քարոզք են, իրենց սրտին անարգ անտարբերութիւնը եւ վատ անձնասիրութիւնը սուտ եւ սխալ տրամաբանութեամբ վարագուրել կ'ուզեն: Թէ որ այսօր ազգութեան եւ հայրենեաց գաղափարը վերցնենք, վաղը գերդաստանի եւ ընտանեաց գաղափարը ո՞ւր դնենք: Ուրեմն լաւ իմացիր իմ միտքս, իշխանդ, ինձի փափագելի էր, որ Հայքդ նեցուկ լինէիք Յունաց կայսրութեան Ասիոյ մէջ, բայց որովհետեւ ատելութիւն եւ արեանց հեղեղներ զձեզ կը բաժնեն, եւ ի՛նչ որ անոնցմէ առնուած քաղաքականութիւն եւ ուսմունք կայ` եղած վնասներուն չեն փոխարինէր. դուք յաւիտեան պիտի չի մոռնաք ձեր Անուոյ հոզեվարք թագաւորութեան ընդունած վերջի դաւաճան հարուածը յունական ձեռքերէ, եւ մեր յունական ամբարտաւանութիւնն ալ երբեք պիտի չի մոռնայ ձեր Կիլիկիոյ յափշտակութիւնը եւ անկախ եկեղեցին: Որովհետեւ մարդիկ երբ զօրաւոր են, կ'ուզեն իշխել, երբ տկար են` ազատ լինիլ: Ուստի ալ քու իրաւունքդ պիտի ձեռք բերես այսօր, վաղն ալ վրէժ խնդրելու պիտի ելնես. բայց քու անձիդ եւ քու: ազգիդ օգտին համար միշտ յիշէ ծերու մը վերջին խօսքերը. միշտ չափաւոր եղիր, եւ չըլլայ թէ յաջողութիւնը զքեզ կուրացնէ, վասնզի մարդկանց կեանքին մէջ յաջողութիւն եւ անյաջողութիւն իրարու կը յաջորդեն: Ես, որ կտակ մը կ'ընեմ, աւելորդ կը համարիմ քու սրտիդ յանձնարարել Եւփիմեն, գիտեմ, որ նա զքեզ ինչպէս կը սիրէ, դու ալ գնա նոյնպէս կը սիրես…

Աս խօսքերուն ծերուն ձայնը փոխուեցաւ եւ աչքերը լցուեցան.

– Դու որ խելք ալ ունիս, սիրտ ալ ունիս, կ'իմանաս ծերուն փափագները, երբ ձայնը իրեն կը պակսի, գնա, աստուած հետդ ըլլա, գնա՜, շէնքդ, որ պիտի շինես երկարատեւ ըլլա…

– Եւ ի՞նչ պէտք է ընել, – ըսաւ Թորոս, – որ երկարատեւ կարէնայ լինիլ:

– Թէ որ աստուած լաւ յաջողութիւն մը տա, եւ քեզի պէս չորս-հինգ յաջորդ ունենաս` կրնաս տեւողական Հայաստան սա լեռներուն վրայ փոխադրել, թէ ոչ առօրեայ ստուեր մը եւ քանի մը աւերակ աւելի կը ձգես այդ աւերակաց երկիրը Սարդանաբալին գերեզմանին քով: Նայէ, որ զաւկներդ քաջ, գործունեայ եւ օգտակարացն գիտուն լինին: Թէ որ դու բանտիդ մէջ վանքին գրատունը եւ կարդալու փափագ չունենայիր` ոչ քու գեղեցկութիւնդ, ոչ սրամտութիւնդ, ոչ բազուկներուդ կորովը չէին կրնար զքեզ բարձրացնել. այլ դարձեալ բնութեան ամէն ձիրքերովդ ալ պակասաւոր էակ մը կը չիներ փոխանակ այդ խոհեմութեան յանձնապաստանութիւն, փոխանակ հետաքննութեան անհոգութիւն, փոխանակ համբերող դիտողութեան հապճեպ դատաստան բաժինդ պիտի չիներ: Տամ նաեւ քեզի օրինակն աչ, տխուր օրինակ, եղերական օրինակ, բայց դու շատ զօրաւոր սիրտ ունիս եւ կրնաս մտիկ ընել: Քու եղբայրդ` Ռուբեն, թէպէտ սրամիտ, գեղեցիկ եւ կորովի, բայց չունէր ոչ քու համբերութիւնդ, ոչ գիտութեանց սէրդ, ոչ քու խոհեմութիւնդ. եւ անոր համար աչ ամէն բան եւ կեանքն աչ կորսնցուց. գիտեմ, նախանձը կըսէ աշխարհք, բայց նախանձ չի գրգռելն ալ իմաստութեան մասն է. ի՛նչ որ դու համբերութիւն ցոյց տուիր տարիներով, նա օր մը չի ցցուց. թշնամի արքունեաց մէջ նուիրական բան մը չի կար իրեն համար, երբ բարկութիւնը սիրտը լեցնէր, եւ հազիւ թէ Գառագեղեն դուրս մէկ ոտքը դրած սարսափելի մռնչիւններ կը ձգէր: Ես փուճ տեղ զինքը կը խրատէի եւ կը զգուշացնէի: Քեզի հիմա այս խօսքերս միայն անոր համար է, որ վյրեժխընդրութեանդ մէջ չափաւոր չինիս, միշտ ջանաս թշնամութիւնը անհաշտ վիճակի մէջ չի մտցնել:

Ծերուն այս խօսքերը անօգուտ չէին այնպիսի երիտասարդի մը համար, որ ծանր միտ կը դնէր լսածներուն եւ կը խորհրդածէր տըխուր լռութեամբ:

Եւ ահա Եւփիմէ լեռն ի վեր կ'ուգար կ'ելնէր, երկուքն իրեն նայելով կը սպասէին` երբ անոնց մէջ եկաւ նստաւ եւ քիչ մը շունչ առաւ`

– Մինչեւ ե՜րբ սա կղզին պիտի նստինք, – ըսաւ, – ալ ձանձրացայ. ես չեմ կրնար քեզի պէս, Թորոս, լեռներու, գիւղերու, բերդերու ծակուծուկը խառնել եւ զուարճանալ, եւ ոչ քեզի պէս, հայրիկ, մուրճ մը ձեռքս քարեր կոտրտել, բոյսի մը երակներուն վրայ ժամերով յափշտակութեամբ սքանչանաչ. չէ՛, այդ իմ կ'արողութենես վեր է. ժամ մը առաջ ջանանք մեր տեղն հասնիչ եւ գործի սկսինք:

– Ո՜հ, – ըսաւ Դիոնիս փոքր հեգնութեան ժպիտով, – Եւփիմէ աչ գործի պիտի սկսի, պէտք չէ ժամանակ կորսնցնել, երբ որ լեռներուն վրայ փողերը գոչեն, գինուց շռինդը սկսի, քաղաքներ ու, գիւղերու մուխն ու մոխիրը երկինք բարձրանայ, վիրաւորներն հառաչեն, տղայք եւ կանայք անտէր, անբնակարան, որբ եւ այրի լան ու կսկծին, ան ատեն գործի պիտի սկսիս:

– Այո՛, ճիշտ ան ատենն է իմ գործիս ժամանակը, – պատասխանեց Եւփիմէ եռանդով եւ ձայնը բարձրացնելով, – իմ պարտքս է վիրաւորները դարմանել, որբերու, այրիներու հաց, բնակարան ու մխիթարութիւն ճարէի յուսահատները քաջալերել, այո՛, դիտեմ իմ պարտքս ասոնք են, եւ թէ որ ասոնք ես չի կատարեմ արժանի չեմ իշխանի մը ոչ թէ կին, այլեւ ոչ աղախին լինելու:

– Եւփիմէ, ես քու սկզբունքներդ դիտեմ, գիտեմ նաեւ թէ ինչ առնացի սիրտ մը ունիս, բայց այսպիսի հանդուղն եւ մեծ զոհողութեան մէջ գիտեմ նոյնպէս թէ ի՜նչ վտանգներ կան ծածկուած, զօրոնք նախատեսել անկարելի է շատ անգամ, ուստի հեգնութիւն մ՚իմանար իմ խօսքերս, այլ խոհեմութիւն, կ'ուզես ծերերու վատ խոհեմութիւն համարէ, բայց միտքդ դիր ու դու հիմա Թորոսի անբաժանելի ուղեկից լինելովդ աւելի իրեն արգելք մը, հոգ մ՚ես, քան թէ օգնութիւն:

– Նայէ՛, հայրիկ, աս քարոզները, քանի որ կնորոգուին, ինձի ոչ թէ յուսահատութիւն, այլ կիրք կը բերեն, եւ զիս ի խոր կը վիրաւօրէն, թէ որ…

– Ո՛չ, ո՛չ, – ըսաւ Դիոնիս տեսնելով, որ խօսակցութիւնը անախորժ ձեւ կառնուր, – դու կիրք մ՚ելնէր. մենք ինչպէս ճամփայ ելանք` նոյնպէս եւ կը կատարենք:

– Հա՛, այս է, իմ փնտրածս, հիմա, ահա գոհ եմ, եւ ձեզի խօսք կ'ուտամ, որ իմ բերնես ամենեւին չպիտի լսէք ոչ յոգնութիւն, ոչ երկիւղ, ոչ յուսահատութիւն եւ ոչ հառաչանք անգամ, այլ թէ պէտք լինի անշշունջ յանձն պիտի առնում իյնալ մեռնիլ, քան թէ գանգտիլ:

– Ծանր պարագաներու մէջ խոհեմութեամբ տեղի տալ հարկին առջեւ սկզբունք մեզի դնելով, իմ սիրելի Եւփիմես, – ըսաւ Թորոս ոտքի վրայ ելնելով եւ ծանրութեամբ, – միշտ կը ջանանք իրարմէ վայրկեան մը չի զատուիլ:

Եւ երեքը միատեղ սկսան լեռնեն ծանր-ծանր վար իջնել:

ԳԼՈՒԽ Ժ ՔԱՐԱՅԻՆ ԿԻԼԻԿԻԱ

Նոյն միջոցին վանահայրը վանքին դռան դրսի դին կեցած թիկնաւէտ, հաստաբազուկ եւ արեւեն սեւցած երիտասարդի մը հետ կը խոսէր կամաց ձայնով եւ շարունակ հարցմունքներ կ'ընէր իրեն, եւ թէպէտ յայտնի էր թէ ախորժելի չէին իրեն առած պատասխանները, բայց դարձեալ, երբ իր հիւրերը տեսաւ` զուարթ ընդունելութեամբ հրամցուց զիրենք, եւ ինք ամենեն վերջը դռները գոցել հրամայեց, վասնզի արդէն ժամանակը ուշ էր:

Ընթրիքը ընելէ վերջ, Թորոսի ակնարկ մ`ընելով եւ առանձին սենեակ մը հրաւիրելով ու երիտասարդը ցցնելով`

– Ահա, իշխանդ, – ըսաւ, – սա երիտասարդը հիմա նոր կը հասնի Կիլիկիայէ, ես չեմ կարծէր թէ գտնուի մէկը, որ ասոր չափ լաւ ճանչէ այդ երկրին զանազան կողմերը եւ վիճակը. թէ որ ընդունելիք տեղեկութեանդ վրայ ուզէք դարձեալ ամէ՛ն վտանգաց դիմագրաւել եւ երթալ, չեմ կարծէր թէ ասկից քաջ, ասկից լաւ եւ ասկից հաւատարիմ առաջնորդ մը կարէնաք գտնել:

Թորոս այս խօսքերը լսելուն, ուշի-ուշով տղան կը դիտէր, որու բաց ճակտին վրայ անվեհերութիւն դրոշմած էր եւ իր նայուածքը կը զրուցէր թէ մարդիկ, տարերք եւ մահ գիտէր արհամարհել:

– Անունդ ի՞նչ է, բարեկամ, – հարցուց Թորոս:

– Սարգիս ծառայ, – ըսաւ տղան ձեռքը իր լայն կուրծքէն վրայ դնելով:

– Ինչչա՞փ ժամանակ է, որ Կիլիկիոյ ափունքը թողիր:

– Այս առաւօտ:

– Ի՞նչ նաւով էիր:

– Մեր նաւով:

– Դու նաւ՞ ունիս:

– Պզտի նաւ մը, – ըսաւ երիտասարդը ժպիտով, վանահօր նայելով:

– Դու կը կառավարե՞ս նաւը:

– Այո՛:

– Ուրեմն ի՞նչ կարօտութիւն ունինք ուրիշի դիմելու, երբ հայր սուրբը զքեզ կը ճանաչի եւ քու քաջութիւնդ եւ տեղեկութիւնդ կը գովի:

– Բայց իմ նաւուս թշնամին շատ է, իշխան, եւ բոլոր յունաց նաւերը զիս խեղդելու կաշխատին, բոլոր ծովեզրը զիս կը փնտրեն, ես ալ ծածկուելու համար հոս անցայ քանի մ՚օր:

– Չըսես, որ ընկեր ենք. ինձ ալ կը հաւատացնեն թէ զիս կը փնտրեն:

– Այո՛, քեզ ալ կը փնտրեն:

– Ի՞նչ գիտես. զիս ուսկի՞ց կը ճանչես, զրուցէ ի՛նչ որ գիտես:

– Նախ ես զքեզ կը ճանչեմ, տղայութեանս ամէն օր մէկտեղ էինք Վահկայ բերդը, Թաթուլին Սարգիսն եմ. այս իրիկուն, երբ վանքին դուռր տեսայ, հայր սուրբ բան չըսած, զրուցեցի թէ Թորոս իշխանն է (մեծաւորը գլխովը նշանացի կը հաստատէր): Ես քանի տարի է ծովու վրայ ասպատակութիւն կ'ընեմ, հոռոմները իմ երեք նաւս այրեցին, ես անոնց քսանը կողոպտեցի այրեցի, ես նաւու ստակ չեմ տար, բայց տասնհինգ օր մը կայ, որ պահպանութիւնը սաստկացուցին. մեր ծովուն ամէն ժայռերը, ծակն ու ծուկը կը քննեն, կը նային, ցամաքն աղ Մամեստիոյ իշխանին զօրքերը աւելցուցին, անզգամութիւնը շատցուցին, հայը ամէն տեղ կը հալածեն, եւ կը զրուցեն թէ ձեր իշխանը փախեր է բանտեն արքայական քաղաքը, ան կը փնտրեն: Ձեզ ամէնքդ ալ պիտի ջարդենք: Մեր ծերերը կ'ըսեն թէ այսպիսի հալածանք չենք տեսեր: Ուր որ երկայն հասակ, սեւ աչուի, սեւ ընքուի երիտասարդ կը տեսնեն, կը կապեն Մամեստիայ կը տանին. մեր լեռներն ալ այդպիսի մարդ շա՛տ. մինչեւ հիմա քսան, երեսուն մը տարին: Թէ որ մէկ ոտք կոխես, աստուած վկայ, ամէնքը ոտք պիտի ելնեն: Բայց ծովեզրին պահպանութիւնը խիստ է:

– Ըսել է, որ դու ալ կը վախե՜ս, Սարգիս:

– Աստուած չընէ, իշխան, որ ես բանէ մը վախեմ, հիմա հրաման ըրէ Տարսոնի գետն ի վեր շտկեմ պզտի նաւս, աս մարմինը (կուրծքին մեծաձայն հարուած մը տալով) մէկ անգամ միայն պիտի մեռնի:

– Լաւ, – ըսաւ Թորոս գոհութեան ժպիտով եւ ուսին պզտի հարուած մը տալով, – կը տեսնեմ թէ քաջ ես, քունաւդ պիտի տանի զիս Կիլիկիա:

– Հէ՜… հիմա ահա սկսեցի վախել, – ըսաւ երիտասարդը քայլ մը ետ առնելով եւ մտածելով: Գիշերները մթնելեն երեք ժամ ետքը արեւմտեան հով մը կը փչէ, կրնանք Ամանուրի եւ Կ'որիկոսի մէջ հազար ծոցերուն մէկը խոյանալ եւ մտնել, մէկ մը ցամաք որ ելնենք, ո՞վ կարող է մեզ ժայռերուն եւ անտառներուն մէջ համարձակիլ հալածէր Ես հինգ տղայ ունիմ, մէկը տասն մարդ կարժէ, Բաբկէնը տեսայ, տասն մարդ ալ այն կարժէ. ծերացեր է, բայց ամուր շինած է. մենք եօթն հոգի կրնանք այդ չեռան ժայռերու ճամփորդութիւնն ընել, եւ աստուծով կը հասնինք: Այն օր Սեւ լեռները հարսնիք կը լինի:

Սարգիս իր անվեհեր արիութիւնը գտաւ աս վերջի խօսքերուն հետ. եւ աջ թեւը գօտիին մէջ դրած կը սպասէր, բայց Թորոս էր հիմա, որ կը մտածէր: Յայտնի է թէ իրեն համար չէր մտածութիւնը, Եւփիմէ էր, որ իր միտքը կը տանջէր: Վասնզի ինք լաւ կը յիշր եւ կը ճանչեր Տորոսի ափափայքն ու գահավէժները, եւ կ'երեւակայէր թէ ինչչա՜փ տաժանելի պիտի լինէր այս ըսած ուղեգնացութիւնը քաջակորով մարդկանց համար, ո՜ւր կը մնար բիւզանդական պալատներու մէջ քնքուշ սնած աղջկան մը համար զանի դիմագրաւել:

– Եր՞բ կրնանք ուրեմն – ըսաւ իշխանը, – այս կղզին թողուլ:

– Չորս օրէն: Հիմա ես վաղն պէտք է դառնամ եւ հոն իմ պատրաստութիւններս տեսնեմ, թէ որ անկարծելի արգելքի մը չի հանդիպիմ` չորրորդ գիշերն հոս եմ, եւ նոյն իրիկուն ճամփայ կ'ելնենք:

– Ինչո՞ւ համար հիմա ճամփայ չելնենք մենք ալ միատեղ:

– Պատրաստութիւնը, իշխան, ոչ քեզի եւ ոչ ինձի համար է, – ըսաւ Սարգիս դանդաղելով, – ես այնպէս կարծեմ թէ դու չես ուզէր այդ ծերը եւ այդ… պատանին, որ քեզ հետ այս իրիկուն վեռնեն իջաւ` հոս թողուլ, ուստի անոնս համար գոնէ երկու ջորի պէտք է ճարել. քիչ մը ճամփու պաշար ժայռերու մէջ տեղ-տեղ ծածկել եւ մէկ քանի տղայ հոն ձգել, որպէսզի որոշեալ գիշերին ու ժամուն կրակ վառելով մեզի ուղեցոյց լինին:

Ապրիս, Սարգիս, գնա՛ ուրեմն եւ պատրաստութիւններդ տես: Կարելի է ստկի պէտք ունենաս. ա՛ռ, – ըսաւ ու քսակ մը իրեն երկնցուց:

Սարգիս ետ քաշուելով`

– Ներէ, իշխան, ես փառք աստուծոյ, հարուստ եմ, քանի ործովուն վրայ հոռմի նաւ կը պտտի եւ ես ալ կը պտտիմ, ստկի նեղութիւն չեմ գիտէր ի՜նչ է: Ուրիշ ազգի` աստուած վկայ, դպած չունիմ, անոնք մեզի ի՜նչ ըրին եւ ինչե՜ր կ'ընեն: Մնա՜ս բարով ուրեմն, – վյսաւ եւ անհետ եղաւ:

Երբ վարդապետն ու Թորոս մնացին`

– Չորս օր դեռ ձեզի հետ պիտի լինիմք, – ըսաւ Թորոս:

– Երանի՜ թէ աւելի երկայն ժամանակ զձեզ հիւր ունենայի, – պատասխանեց վանահայրն, – բայց կ'երեւայ թէ այս օրերս հոս ալ նան իրենց չարութիւնը աւելցուցեր են հոռոմք, վասնզի սկսէր են թշնամական հոգի ցուցնել եւ նեղութեան տալ Լեֆքօշեայ մեր ազգայնոց. ամէն կողմ հալածանք մեր անտէրունչ ազգին վրայ կը տեղա, աստուած մեր աղաչանաց լսէր եւ փրկութեան դրօշակը տար ան ձեռքին, որ իր ընտրեալն է արդէն, տա՛ր իրեն զօրութիւն եւ յաջողութիւն իր գործը ի գլուխ հանելու:

Այս է ահա մեր ցերեկուան ու գիշերուան աղօթքը, երանի թէ մեր ձայնը ընդունելի լինէր:

– Հայր սուրբ, թէ որ ձեր ցցուած նաւավարին եւ ձեր հիւրնկալութեան հաւասար է աղօթքը` մեր ամէն գործը պէտք է յաջող երթա: Աս երիտասարդը, որ յիշեցի` իմ տղայութեանս ընկեր, երբ անունը տուաւ, շատ քաջ եւ սրամիտ տղայ կ'երեւայ, ես շատ շնորհակալ եմ ձեզի:

– Մենք ձեզի շնորհակալ պէտք է լինինք, ազգ եւ եկեղեցի, երբ յաջողիք մեծ գործը ի գլուխ հանել. քանի որ ձեր հայրը` Լեւոն եւ դուք գերի եղաք, ալ յունաց լրբութեան չափը անցաւ ամէն տեղ, ամէն հարստահարութեանց, ամէն բռնութեանց, ամէն նախատանաց ենթակայ եղաւ մեր ազդը. մեր եկեղեցին, մեր խաչն ու աւետարան կը հայհոյեն, չի կրցանք հասկցնել այս ամբարտաւան ազգին թէ խաչ եւ աւետարան միեւնոյն է ամէն քրիստոնեայի համար. տէրն ինք այց ընէ մեր տառապեալ ազգին. քանի անգամ աղերսագիր ըրինք կաթողիկոսին, որ գոնէ Լամբրոնի իշխանաց ձեռոք կայսեր խնդիրք անէ, որ զմեզ չի չարչարեն. բայց Կիպրոս ո՜ւր, կայսր ո՜ւր. Լամբրոնի իշխանքն ալ կէս հոռոմցած. թէ որ կաթողիկոսն իրենց ազգակից չլինէր, մինչեւ հիմա բոլորովին հոռոմ եղած էին: Դարձեալ կրսեմ, աստուած քու սուրդ հատու ընէ, իշխան:

Աս խօսքերուն վրայ ելան, Թորոս ամէն բան Եւփիմէի հաղորդեց, ամէն վտանգ աչքին առջեւ գրաւ, որ հանդարտ մտիկ ընելեն վերջ`

– Քու այդ Սարգիսդ շատ լաւ տղայ մի է, – ըսաւ ծիծաղելով, – թէ որ աստուած յաջողէ մեր ձեռնարկութիւնը` գերագոյն ծովապետ մը ունինք: Հիմա ես օրերը պիտի համրեմ. ուրբաթ առտու հոս է Սարգիս, նոյն իրիկուն ճամփայ կ'ելնենք:

Եւ այսպէս պատրաստ ամէն վտանգի այս դիւցազն կինը անհամբեր կը սպասէր ուրբաթին, եւ ամէն երեկոյ կառնուր իր ծեր Բաբկէնը կ'իջնէր ծովեզրը տեսնել թէ նաւը եկա՞ծ էր, եւ սրտնեղ` վանք կը դառնար մութուն անօգուտ սպասելեն վերջ:

Երկրորդ ուրբաթ մը եկաւ, եւ Թորոս անգամ կ'այլայլէր` թէպէտ երեսեն բան մը չէր իմացնէր. Եւփիմէ` այդ ջղային կազմուածքը` գաղտուկ արցունք կը թափէր, այնչափ իրեն նեղ կ'ուգար կղզին, եւ Թորոսի անտարբերութեան դէմ կը գանգտեր, որ զինք հանդարտեցնելու կը նայէր եւ համբերութիւն սորուիլ կը յորդորէր: Ուրիշ ճար մը կը մտածէր այս երկրորդ բանտեն ազատելու, եւ Կոստանդին` նաւու մը խօսք կ'ընէր, որ Անտիոք պիտի երթար, եւ կը համոզէր թէ ապահով միմիայն ճամփան այն էր Սեւ լեռն երթալու եւ երբ աս խյյրհուրդին վրայ էին` Բաբկէն ներս մտաւ շունչը հատած.

– Աւետիս, իշխանիկս, Սարգիսն եկաւ, հիմա հոս կը հասնի:

– Ի՞նչ վիճակի մէջ, – հարցուց Եւփիմէ:

– Լաւ, շատ լաւ վիճակի մէջ, Տիրուհիս, – պատասխանեց` Բաբկէն:

Եւ իրօք Սարգսին սեւ երեսը երեւցաւ, բայց աչքերն ուրախութեան հուր կը ցոլացնէին. դեռ մութը չէր կոխած:

– Կը ներես, իշխան, – ըսաւ, – բայց կիսակատար գործ չեմ սիրէր, ամէն բան պատրաստ ընելու համար պէտք էր անձամբ Վահկայ մօտերն երթալ, եւ ձեր ապահովութեան համար օգնական խումբ մը բերել: Բոլոր լեռը ոտք հանել կրնայի թէ որ անունդ տայի, բայց խոհեմութիւն չի սեպեցի, տասներկու տղաք առի ընտրանոք, ո՛վ Լուսաւորիչ կը սիրէ` չի հարցնէ, թո՛ղ հետս գա ըսելով, ամէնքը լեռներուն վրայ ցրուեցի, իրենց սպասելու տեղերը ցցուցի, պաշար, գրաստ ամէն բան զետեղեցի, դուք միայն պակաս էք, թէ որ կ'ուզէք աս գիշեր կ'երթանք, օդն ալ յաջող է, փառք աստուծոյ: – Ո՜ւր, – ըսաւ վանահայրը, – այսպէս անօթի-ծարաւ, անկարելի է: Մէկեն սեղան դնել տուաւ, ընթրիքը շուտ մը պատրաստեցին, բարի յաջողութեան համար գաւաթը պարպեցին, ետքը իջան եկեղեցին, «Տէր ուղղէան» ըսին, եւ մութը կոխէր էր, երբ Եւփիմէ ջորին հեծած` Բաբկէն քովին անբաժանելի ելան եւ իջան ծովեզրը.նաւը արդէն պատրաստ էր` եւ երբ ամէնքը մտան` իր բոլոր առագաստները պարզեց եւ յաջողակ հողմով սկսաւ սուրալ ծովուն վրայ, ձայն չի կար ամենեւին բացի Սարգսի ձայնեն, որ երբեմն համառօտ հրամաններ կ'ուտար ղեկին գլուխը նստած:

Այս լռութիւնը շատերուն քունը բերաւ, արդէն Եւփիմէ հանգիստ եւ ուրախ գլուխը Թորոսին կուրծքը դրած շատոնց քուն էր, եւ Կիպրոսի եզերքը կ'անյետանային, երբ Սարգիս քովինին, որ անշշունջ նստած էր` ըսաւ.

– Հայր սուրբ, դու սա ղեկը գործածէ, ես պէտք է նաւուն ծայրը երթամ եւ զինեմ:

Եւ իրօք իր սուր աչքերով, որ մութուն ալ մեն բան կը տեսնէին, իր բոլոր նաւաստեաց եւ Կ'ոստանդնի օգնութեամբ անցուց նաւուն քիթը տապարաձեւ երկաթ մը եւ եկաւ իր տեղը նստաւ:

– Հիմա թող թշնամի նաւն ալ գա, – ըսաւ ղեկավարին, զօր «հայր սուրբ» կ'անուանէր, – կ'իջեցնեմ մէկ հարուածով ծովուն տակ:

– Չի գայ թող, որդեակ Սարգիս, – պատասխանեց նա, – եւ խաղաղութեամբ ցամաք մէկ մը գտնէինք:

Թորոս, որ աս խօսքերը կը լսէր եւ անշարժութեան դատապարտուած էր Եւփիմէի պատճառաւ, ալ չի կրցաւ համբերել եւ կամաց մը ձայնեց.

– Սարգիս, ո՞վ է հայր սուրբը:

– Վանահայրը, իշխան:

– Մեր հե՞տն է:

– Այո՛, իշխան, – պատասխանեց վարդապետը, – ես ալ ծովու լեզուեն կը հասկնամ քիչ մը, քսանհինգ տարի է նաւավար էի, եւ ձեզի օգտակար լինելու յուսով մէկտեղ եկայ:

– Շնորհակալ եմ: Բայց ի՞չ է գործիքդ, Սարգիս, որ թշնամի նաւը մէկ հարուածով ծովուն տակ կիջեցնէ:

– Նորաձեւ ցռուկ մ՚է, իշխան, Անտաքցի Աւետիք վարպետի շինած, մինչեւ հիմա տասը հոռմի նաւ իջեցուցի անով: Քամին լաւ է, արդէն կէս ճամփան առինք, քիչ մ՚ալ ասանկ երթանք, կ'իջեցննեմ այս առագաստները, սեւ առագաստ միայն կը թողում:

– Լաւ՛, չի տեսնուելու համար թշնամիեն. լաւ խելք է:

Դարձեալ լուռ եւ յաջող գնացին,, ձայն չի կար նաւուն մէջ, Թորոս լուռ կը դիտէր. երբ յանկարծ Սարգիս ցատկեց տեղաց` «Տղա՛ք, – ըսաւ, – պատրաստ կացէք, նաւ մը կը տեսնեմ մեր ճամփուն վրայ, իջուցէք հիմա առագաստները», վայրկենին առագաստները իջան, հազիւ թէ ճախարակաց ձայները կը լսուէին, այնչափ խնամքով եղոտած էին: Թորոս կը նայէր, բայց բան մը չէր տեսնէր, ինքնիրեն կ'ըսէր թէ պէտք է գիշերային թռչնոյ մը աչք ունենալ Սարգսին պէս մութուն տեսնելու համար: Անցան նաւը հեռուանց եւ շարունակեցին իրենց ճամփան անվտանգ: Կէս-գիշերն անցէր էր, առաւօտեան երկու ժամ հազիւ կար, եւ ահա Սարգիս «Փառք աստուծոյ» գոչեց. եւ երբ Թորոս պատճառն իմանալ ուզեց`

– Կը տեսնե՞ս սա լոյսը դիմացը, որ մերթ կը տատանի, խաչաձեւ կը շինէ, ահա մեր նշանն է. թշնամի չի կայ եւ մենք ալ մօտ ենք ցամաքին, – ըսաւ: – Հա՜, տղաք, թիակները օգնութեան, բացէ՛ք բոլոր առագաստները, ալ ո՜վ որ կուզէ, թո՛ղ գայ: Ամէնքը արթնցան. լուսնոյ վերջին ճառագայթը աղօտ լոյս մը ձգեց ծովուն վրայ: Հազիւ թէ կէս ժամ վերջը նաւը կը խրէր աւազին վրայ եւ վեց կորովի տղաք զայն կը շրջապատէին ջահեր ձեռքերնին. Սարգիս նաւուն ծայրը կեցած` «սանդուխը» ըսաւ, եւ սանդուխ մը դրուեցաւ նաւուն:

– Իշխան, – ըսաւ Սարգիս, – ահա հարցդ երկիրը, քեզ կը վայելէ նախ ոտք դնել հոս:

– Յանուն աստուծոյ ամենակարողի, – ըսաւ Թորոս եւ ցատկեց դուրս, ու Եւփիմէի, որ սանդուխին գլուխն էր` ձեռք տուաւ եւ վար առաւ:

Հոն ան փոքրիկ խմբակը Կ'ոստանդնի առաջնորդութեամբ աւազին վրայ ձեռքերնին երկինք տարածելով հաւատարմութեան երդում ըրին` «յանուն ատուծոյ» մեռնիլ հայութեան եւ Թորոսի համար:

Նաւը քանի մը վայրկենի մէջ իւր ամէն կարասի քէն մերկացաւ, առագաստ, ղեկ, զէնք, պաշար վերի անելանելի մացառուտներուն եւ ժայռերուն մէջ ծածկուեցան, եւ երբ ամէն բան անհետացաւ, Սարգիս հրամցուց խորը լեռան ստորոտը ջուրին գլուխը իւր հիւրերը նախաճաշիկ ընելու: Պայծառ եւ աննման աղբիւր մ՚էր, որ գետնեն կը բխէր, ամէն դար, ամէն լեզու գեղեցիկ աչքի մը կը նմանցնէին զայն, որ հանդարտ եւ լայնաբերան` վճիտ ջուր մը կը պոռթկար:

– Բայց նախ, Բաբկէն Հայրիկ, – ըսաւ Սարգիս, – քու տըղաքդ ահա հոս են: Երկու կորովի տղաք Բաբկէնի ձեռքերուն պլլուեցան, եւ Բաբկէն հաւատարիմ ասիական սովորութեան` հայրական սէրը խեղդել կը ջանար սրտի՛ն մէջ, թէպէտ ապստամբ աչքերը ուրախութեան արցունք կը թափէին:

Նահապետական էր սեղանը. ահագին ոչխար մը խորոված իր մորթին մէջ փոսի մը խորշեն դուրս ելաւ: Կիպրոսի գինին կումերով առատապէս գաւաթէերու մէջ կը փրփրար. երբ ամէնքը կերան եւ յագեցան, Եւփիմէ ուրախ եւ զուարթ Սարգսի ծովապետին կենաց խմել առաջարկեց գինին, որ զիրենք անվտանգ անցուց եւ բերաւ:

Երբ ելան կ'երակուրեն, երեք հատ չոր, ջղուտ ջորիներ մօտեցուցին հայ տղայքը, ուր Եւփիմէ եւ վերջը Դիոնիս նստան, երրորդը Թորոսի համար էր, բայց նա մերժեց եւ հրամայեց ջուրի տիկեր բեռցնել եւ ինք սկսաւ Սարգսի առաջնորդութեամբ լեռն ի վեր շահատակել: Ետեւեն կ'ուգար Բաբկէն շատ անգամ ձեռքը Եւփիմէի ջորուոյն գլուխը բռնած, վերջը Դիոնիս, ետքը մեր բոլոր զինուոր եւ նաւաստի աղոց խումբը, եւ էն վերջը Կոստանդին իր հասակաւը, եւ այլոք վարդապետին հետ:

Սելեւկիոյ եւ Կ'որիկոսի մէջտեղ հրուանդանի մը քով կ'իյնար այս կէտը, ուր մեր կարաւանը կապուեցաւ, եւ իրաւունք ունէին հիները անուանելու գնա Կորակեսիոն գեղեցիկ, վասնզի ժայռն ու անտառ, ծովն ու վտակ, երկինք ու երկիր հոս գեղեցկութեամբ զարդարած էին. կէտ մը` ուր ժայռ ու մացառ իրարու հետ կը կռուէին ուր ոտից կռուան մը գտնել միշտ դժուարին եւ երբեմն գրեթէ անհնար կը լինէր, մանաւանդ մեր ճամփորդներուն համար, որ ժայռերու ընկերութիւնը աւելի կը վերադասէին, քան մարդկանց թշնամութիւնը: Այդ Տորոսի գօտիները երբեմն յանկարծ կը պատռէին տեղի տալու համար հեղեղատի մը. երբեմն բոլորակ թատրոն մը կը ձեւանային ծոց մը շինելու համար ծովուն, եւ երբեմն ճանապարհորդ չեռան գագաթը ելնել կը պարտաւորէին, երբեմն ծովեզրը իջնել. ելեւէջ միշտ վտանգաւոր, միշտ տաժանելի սոսկում կը բերէր նայողին, բայց մեր կարաւանը անխօս, անշշունջ կը շարունակր իր ճամփան սպառնալից, վասնզի նիզակներուն շողիւնը, վահաններու, սուրերու եւ տաղաւարտներ ու շառաչը, եւ այդ հաստատ երիտասարդաց քայլերը այդ փոքրիկ եւ ընտրեալ խմբին անընկճելի լինելուն վկայքն էին:

Երեք ժամու չափ ճամփայ հազիւ առած էին, եւ Սարգիս իր սուր աչքերը կը նետեր քննելու համար լեռանց գագաթները, երբ տեսաւ, որ ճերմակ դրօշակ մը կը ծածանէր, մատնանիշ ցուցնելով զայն Թորոսի` «Յաջող եւ բաց է ճամփանիս, իշխան, – ըսաւ, – ահա նշանը»: Քիչ մը վերջը սպառազէն երիտասարդ մը խառնուեցաւ խմբին, իմացնելով թէ վտանգ չի կար, եւ ոչ ոք տեսած չէր:

– Կ'որիկոսի պահապանք ի՞նչ կրնէին, – հարցուց Սարգիս:

– Մեռելի պէս դռները գոցեր նստեր էին, բերդի շուրջը բնակող գիւղացիք ալ չեն գիտէր թէ բերդապա՞հք աւելի վնասակար են իրենց թէ աւազակք:

Եւ իրօք քիչ մը առաջ, երբ եկան մերայինք` Կ'որիկոսի կրկին բերբերն ցամաքային ու ծովային երեւեցան. ցամաքի բերդը իր բարձր քառակուսի եւ բոլորշի աշտարակներով, երկաթապատ դռներով պզտի քաղքի մը երեւոյթն ունէր. անոր դիմացը, մօտը, ծովուն մէջ բերդապատ կղզի մը արհեստական լեզուով մը միւսին հետ իբրեւ կամրջով միացած կ'երեւար. հոս Սարգիս կեցաւ եւ սկսաւ մտածել:

– Ի՞նչ կը մտածես, – ըսաւ Թորոս:

– Կը տեսնես, իշխան, ճամփան երկուք է, մէկը կարճ, որ բերդին ստորոտեն կ'անցնի, միւսը երկայն` եւ ուր լեռան վրայեն պէտք է պտտիլ:

– Երկայն ճամփեն երթանք. քար մը, նետ մը կրնայ մեր մէջեն մէկուն կեանքը վտանգի դնել, անօգուտ քաջութիւնը մեղք է:

Երկայն ճամփան բռնեցին եւ գերեզմաններու մէջէ կ'անցնէին. ի՜նչ անհատնում եւ քարակոփ գերեզմաններ, եւ ի՜նչ բարբարոս ու սեղանակապուտ ժողովուրդք անցէր էին հոնկից. գերեզման մը չի կար, որու կափարիչը խախտած չլինէր, կային գերեզմանք չորս բարձր սիւներու վրայ հաստատուած, բայց ամբարիշտ եւ գերեզմանակրկիտ ձեռքը հոն ալ հասեր էր եւ ահագին միակտուր երեք կանգուն եւ աւելի մեծ կափարիչը խախտեր էր, աճիւնն ու ոսկորը ցրուէր էր: Երկայն մղոններ աս տեսարանը կը շարունակուէր եւ մեր ճամփորդք իրենց ճամփան կ'երթային, երբ հակարծ վարեն վայերու ձայն լսուեցաւ, եւ ամէնքը կանգ առին. բերդապահ մը Կ'որիկոսեն ելած արտորնօք կը դիմէր խումբեն առաջ անցնելու վարի ճամփով, երբ նետի հարուած մը Կոստանդնին աղեղեն եկած խեղճ մարդը յերկիր կործանեց, երկրորդ նետ մը անշուշտ մահացու հարուածով մարդուն հոգին պիտի հանէր, երբ Թորոս բարձր ձայնովի

– Մի՛, բաւ է, – կանչեց:

Կեցաւ Կոստանդին` «Թէ որ, – կ'ըսէր ինքնիրեն մռմռալով, – մենք այսպէս պիտի պատերազմինք աս անիծած ազդին հետ, վերջը շատ կը զղջամք, եւ անոնք կուտեն կը հատցնեն մեզ»:

Շարունակեցին իրենց ճամփան: Կէսօրուան արեր իր կրակը կը թափէր. Թորոս ետ դարձաւ Եւփիմէի երեսները տեսաւ կարմրած տաքեն եւ յոգնութենեն. վար նայեցաւ, տեսաւ զեղեցիկ դղեակ մը, որուն պարիսպները դէպի ծով կը խոնարհէին, փորձութիւն մը եկաւ հիւրընկալութիւն խնդրելու հոն, բայց միշտ շրջահայեաց եւ խոհեմ

– Սարգիս, – ըսաւ, – մենք ո՞ւր դադար պիտի առն ունք:

– Հոս, սա դղեկին մէջ, որ առջեւնիս է, տե՛ս, ահա մեր ճերմակ դրօշակը կը ծածանի:

– Եւ իրօք զարմանքով տեսաւ Թորոս, որ դրօշակ մը կը ծածանէր:

– Մարդ չի կա՞յ ուրեմն յօդ:

– Ոչ, տէր իմ, լքեալ դղեակ մ՚է, Այաշ կ'անուանեն զայդ տաճիկք, մենք ճերմակ բերդ կ'ըսենք, եւ երբ ծովեզրը ապահով է մեզի համար, հոս կ'ուգանք հոռոմները կատղեցնելու համար, քանի մը ժամ կ'անցնենք, քանի մը նետ կ'ուղարկենք իրարու ի նշան սիրոյ եւ բարեկամութեան, որ մեր երկու ազգաց մէջ միշտ յարատեւ եղած է եւ պիտի լինի. անկից կը մտնենք նաւ եւ կը հեռանանք:

Եւ աս ըսելով կը մտնէին դղեկեն ներս, որու մուտքը միայն կար, եւ դուռը արդէն յարութիւն առէր էր:

ԳԼՈՒԽ ԺԱ ՏՈՐՈՍ

Սոսկալի ելեւէջները, արեւուն կիզանուտ ճառագայթները զամենքը վաստակաբեկ ըրած էին, ուստի ամէնը շատ գոհութեամբ ընդունեցան այս դադարը, զօր պատրաստած էր իրենց համար Սարգիս. մսին խորովածը ախորժանոք կերան. եւ զարմանքով կը նայէին Եւփիմէի, որ հազիւ թէ պզտի յոգնութիւն մը առած Թորոսին հետ դղեակը կը պտտէր, որ իրօք այն ժամանակի շէնքերուն վայելուչներէն մէկն կրնար համարուիլ, ընդարձակ սենեակներով, գեղեցիկ մատուռով, ջրի կապարեայ ագուգայներովն եւ ընդարձակ պարտէզովն` ուր խառնիխուռն անտառացեր եւ վայրենացեր էին կիտրոնիք, ձիթենիք, թթենիք, բրաբեանք եւ դափնիք: Սարգիս, որ կիսակատար գործ չէր ընէր, ճամփուն վրայ երկու պահապան դրած` կէս ժամը մեյ մը զանոնք կը փոխէր, եւ հրաման ըրած էր ոչ ոք չանցնել, իսկ եթէ մէկը համարձակէր հրամանը ոտնակոխել, առանց սպասելու փողոտեղ, եւ այս զինուորական ճշտութիւնը կը տեսնէր Թորոս ու գոհ կը լինէր խորհրդածելով թէ լեռնցի ազատ ժողովրդեան այս կամաւոր հնազանդութիւնը զինուորական կանոնաց հայրենի ազատութեան երաշխաւոր էր:

Դիոնիս նոյն միջոցին, իր անցելոյն դիտողութիւնները կ'ընէր. ուսման նիւթ էր իրեն համար թէ շէնքը ո՞ր դարու, ո՞ր ժամանակի կը վերաբերէր, թէ մատուռը երբեմն թերափներու տաճար եղած եւ ետքը քրիստոնէ կրօնքին պատկանեալ էր: Բաբկէն իր տղոց` հետ նստած` կնոջը, աղջկանց եւ պզտի մանչուն վրայ տեղեկութիւն կառնուր, իր գերութենեն վերջը անոնց քաշած նեղութեանց եւ հալածանաց պատմութիւնը մտիկ կ'ընէր, վասնզի հոռոմք, որ Ռուբինեանց իշխանութիւնը կործանել յաջողած էին` երբեք ի տաճկաց, ի լատինաց եւ ի քրդաց բռնութենեն չէին կրցեր պահպանել երկիրը, որ կատարեալ անիշխանութայն մէջ` կը հեծէր աւուր առաջին բռնաւորին: Անդին խումբ մը հինգ-վեց երիտասարդներու, Թորոսի եւ հետեւաբար Եւփիմեայ վրայ կը խոսէն կամաց եւ գաղտագողի. մէկ-երկուքը կը կարծէին թէ յոյն պատանի մ՚էր, որ ընկերացեր էր իշխանին, իսկ աւելի խորագէտները կը պնդէին թէ կին էր, իսկ ուրիշներ` թէ Թորոսի կինն էր, եւ իրենց անժխտելի փաստը կը ցուցնէին Բաբկէնի պէս խիստ մարդու մը անոր ըրած պատիւն ու պատկառանքը, եւ թէ ինչպէ՞ս անոր կապոցը Բաբկէն զգուշութեամբ իր ուսեն չէր բաժնէր: Կային`նաեւ քանի մը երիտասարդք ի նաւաստեաց, որ բոլոր գիշերն անքուն` ծառերու շուքին տակ դալարի վրայ ահագնաձայն կը խորդային ծովուն վյրայեն փչած կենդաննայ ցուցիչ հովին տուած քթերնին:

Իսկ Թորոս` Սարգսին, Կոստանդնին եւ վարդապետին հետ կը խորհրդակցէր իրենց հետեւելիք ճամփուն վրայ. եւ որոշեցին Սարգսի խորհրդեան հետեւիլ, գիշերով` մութուն ճամփայ չընել, այլ ցերեկուան եւ արեւու լուսով շարունակեւ ընթացքը. ուստի առանց ուշանալու ելան ճամփայ, երբ արեւը սկսէր էր դեռ նոր խոնարհիլ, ձայն տուին տղոց, խումբը կազմեցին կանոնով` կազդուրեալ եւ ոգեւորեալ ճամփայ ընկան: Թէպէտ ժայռ եւ անտառ պակաս չէր, բայց ոչ երբեք անցեալին կրնար համեմատիլ, առուակներ, որ բլուրները կը կ'ըտրէին, անտառներ, որ երբեմն դէպի ծով կ'երկննային. գեղեցիկ ծովափնեայ աւազուտ մը իրենց ճամփան կը կազմէին: Լամոսի բերդին հեռուանց շրջան մը տուին, որու սակաւաթիւ բերդապահք ոչ թշնամութեան ցոյց եւ ոչ կենաց նշան տուին, եւ մեր խումբը մտաւ թաւ անտառի մը մէջ, ուր դարաւոր ծառեր իրենց հովանին խաղաղ լռութեան մը վրայ կը տարածէին: Սրընթաց վտակ մը անտառը կը կտրէր, եւ երբ ջրին ընթացքին հետեւելով կարաւանը վեր ելաւ բլուրին գլուխը` նռնենեաց անտառ մը զանի կը պատեր եւ Սարգսին պահապանը իր ճերմակ դրօշակը ձեռքը զիրենք դիմաւորեց:

Ան գիշերը ճամփաներուն պահապաններ դրուելեն վերջ հանգիստ քնացան պայծառ երկնքի տակ եւ առաւօտուն կանուխ կ'ելնէին ճամփայ, եւ դեռ արեւը չելած Պոմպէուպոլսոյ աւերակներն եւ ծովը հաջ կողմը ձգելով, Տորոսի գօտիներէն անբաժան կը ջանային անցնիլ անծանօթ Լամբրոնի բերդին քովին, ուր գիտէին թէ լաւ հսկողութիւն եւ պահպանութիւն կար ճանապարհաց: Ուստի մեր Սարգիսն շատ անհանգիստ էր, եւ իր սուր աչքերը լեռանց գագաթները կը քննէին թէ պիտի տեսնէ՞ր իր ճերմակ դրօշակի ծածանումը, բայց ժամը երեկոյ կը լինէր, եւ նշան չի կար, հոն ժամադրութեան տեղը իր պահապանը չէր երեւար, ուստի կեցուց կարաւանը, վազեց դէպի քարակերտի մը, եւ քանի մը քար խախտելեն վերջ գտաւ իր ծածուկ պաշարներ` պաքսիմատ, պանիր, կարագ, ձիթապտուղ, վասնզի թշնամուոյն մոտութիւնը չէր ներէր կրակ վառէի բայց դարձեալ առանց յայտնի ընելու իր մեծ անհանգստութիւնը ամէնուն յորդորեց ուտել եւ կշտանալ, վասնզի կ'ըսէր տաժանելի է ճամփանիս. եւ Թորոսի ու Կ'ոստանդնի միայն յայտնեց թէ իր պահապանին անյայտանալը վտանգաւոր գուշակութիւն մ՚էր նոյն գիշերուան համար:

Այս յայտնութեան վրայ Թորոս, առանց Կ'ոստանդնի ժամանակ տալու, որու հախուռն եւ յանդուգն քաջութիւնը լաւ կշռէր էր, երկայն հարցաքննութեան մը սկսաւ:

– Լամբրոնի բերդը հոսկից ինչչա՞փ կը տեւէ:

– Ժամ մը:

– Ինչչա՞փ զինուոր կարծես թէ ունին:

– Քառասուն-յիսուն, բայց ընտրանոք մարդիկ:

– Հոսկից ինչուան Կիլիկիոյ կիրճերն ինչչա՞փ կը տեւէ:

– Չորս ժամ:

– Հոն դարձեալ բերդք եւ պահակազօրք միշտ կը գտնուի՞ն:

– Միշտ:

– Հուքէ՞ են զօրքերը թէ հայ:

– Խառնակ, կ'էս-կես:

– Հոսկից Տարսոն ինչչա՞փ կը քաշէ:

– Մե՞ր ընթացքով. չորս ժամ:

– Ատանա՞:

– Գրեթէ նոյնչափ:

– Ատանայէ Միսի՞ս: – Նոյնչափ:

– Բաւական է, – ըսաւ Թորոս, – շարունակենք մեր ճամփան: Թշնամին թէ որ գայ, թո՛ղ այս լեռներուն վրայ մեզ գտնէ: Դու, Սարգիս, նայէ՛, որ միշտ ճամփուն բարձրերը բռնես միշտ ապառաժուտը, նայէ՛, որ անցնինք մեյ մը սա Լամբրոնի բերդը հեռուեն:

– Կայ մէկ ճամփայ մը, բայց երեք ժամ ճամփանիս կը հեռացնէ:

– Չի զրուցե՞ս, այն ճամփեն գնա ուրեմն:

– Բայց երեք ժա՜մ, – ըսաւ Կոստանդին:

– Այո՛, երեք ժամ, բայց Լամբրոնի բնիկ եւ ընդոծին հայոց Հետ կռուիլ իրենց լեռներուն մէջ` յիմարութիւն է, – պատասխանեց Թորոս այնպիսի ձեւով մը, որ պատասխան չէր վերցնէր:

Ուստի մեր խումբը բռնեց ափափայից ճամփան եւ մութ տեղ մը կը մագլցէին. Սարգիս առջեւեն, Թորոս ետեւեն եւ վարդապետը վեղարը գլուխը Թորոսի անմիջապէս քովին. սուրերը կարճ բռնուած էին, որպէսզի ձայն չի հանեն ժայռերու զարնուելով. զէնքերը չի փայլելու համար լաթերով ծածկուած էին, եւ այսպէս ժամ մը շարունակեցին իրենց ընթացքը, եւ աս միջոցիս Թորոս զվարդապետ կը կարդացնէր:

Սարգիս, որ առջեւեն կը քաւէր, ետ դարձաւ եւ Թորոսին կամաց ձայնով մը ըսաւ.

– Իշխանդ, հոս թշնամին հեռու չէ, վասնզի ահա ճամփուն վրայ պատնէշապէս քարեր դիզէր են. կարելի է կռնակը քանի մը հոգի պահապան կան. ի՞նչ ընենք, յարձակի՞նք:

– Կա՛ց, – ըսաւ Թորոս, – լռութիւ՜ն, չորս հատ նիզակաւոր կորովիներէն բեր պատնէշին տակ կենան, ո՛վ, որ գայ, անխնայ զարնեն, ա՛ռ Կոստանդին ալ, եւ մենք երեքնիս բաւական ենք սա ժայռերէն շրջան մը ընելով անոնց կռնակը անցնելու եւ վրանին իյնալու. բայց անշշունջ, առանց ձայնի: Եւ ինք մօտենալով Բաբկէնի, Եւփիմեն դարձեալ իրեն յանձնեց պատսպարել վահանաւ, որ նետ մը, քար մը, վտանգ չի հանէ: Սկսաւ իր երկու ընկերներով աղեղնաձեւ շրջան մը ընել անելանելի ժայռերուն վրայեն, որոնց անդունդներուն վտանգը չէր երեւար գիշեր ատեն, բայց կրնար երեւակայուիլ. շատ ծանր կը շարժէին մեր երեք անձինք, զի երբեմն պէտք կը լինէր ոտք մը, ձեռք մը փոխելու համար հինգ-տասը վայրկեան կենալ եւ խարխափել. վերջապէս ճամփուն վրայ ելան. հոն թէպէտ Կոստանդին կուզեր առաջ անցնիլ, բայց Թորոս անոր յանդգնութենեն կասկածելով ինք առաջ անցաւ, եւ երբ մօտեցաւ նշմարեց չորս հոգի, որ պատնէշեն քիչ մը ասդին պառկէր էին եւ անոր վստահացած հանգիստ քուն կը լինէին:

Մերկ սուրը ձեռքը` Թորոս «Պահապա՛նք, – կանչեց, – թէ որ քարժիք, կը մեռնիք», ու երբ մարդիկն քունէ արթնցած եւնելու փորձ մը կ'ընէին` «Մի՛ շարժիք, ապա թէ ոչ կը մեռնիք», որոտաց. մարդիկը անշարժ մնացին այս սպառնալեաց առջեւ, երբ նոյն միջոցին Սարգիս ու Կոստանդին զինաթափ ընելով զիրենք, պատնէշը հարթ յատակ կ'ընէին. եւ այս գործողութիւնը այնպիսի աագութեամբ կը կատարուէր, որ քանի մը վայրկենի մէջ մարդիկը անզէն եւ թեւերնին կապպծ մեր կարաւանին հետ խաղաղ, հանդարտ կը քալէին:

Լամբրոնի դղեակը հեռացեր, անհետացեր էր. կարաւանը հասաւ լեռներու գլուխը ծառազարդ խոտաւէտ բարձրաւանդակի մը վրայ, հոն Թորոս Սարգսի հաւանութիւնն առնելով յոգնութիւն մը տուաւ իր խմբին եւ հրամայեց իր չորս կալանաւորները բերել, եւ ինչ որ կ'երեւակայէր` իմացաւ, այսինքն` թէ Լամբրոնի իշխանքը Սարգսին դրած պահապանը բռնած էին, եւ իմանալով թէ հոնկից պիտի անցնէր Սեւ լեռնցուոց խումբ մը, վարի ճամփան քառասունհինգ հոգուով մը պահպանել որոշած էին, իսկ վերեն, ուսկից չէին յուսար, որ համարձակի մարդ հասնիլ, ճամփան խցել եւ չորս պահապան դնել հրամայած էին: Պահապաններն ալ անկարելի համարելով այս օդագնաց շրջանը, հանգիստ եւ ապահով քուն եղած էին:

Ժամու մը չափ յոգնութիւն առնելէ վերջ` դարձեալ տաժանելի ուղեգնացութեան ընկան մեր ճամփորդները. եւ մէկը չէր համարձակէր գանգատ մը մտքեն անցունէի երբ կը տեսնէին Ռուբենի պայազատը, որ անխօս հետեւակ առջեւեն կ'երթար ու ոչ թէ վտանգաց մասնակից, այլ դիմագրաւ կը լինէր: Այսպէս շարունակելով, վերջապէս մօտեցան Կիլիկեան համբաւաւոր կիրճերուն, ուր զօրաց խումբ մը եւ կիսակործան բերդ մը կար, որ թշնամեաց յարձակումն էարդիլելէ աւելի անցորդաց նեղութիւն տալու պաշտօն կը վարէր: Թորոս, որ իր ճամփան կուզեր վարել խաղաղութեամբ եթէ կարելի էր քան թէ անօգուտ կռուելով, զսարգիս յուղարկեց բերդապահ աւազակին, որ քանի մը ոսկուով իրեն ճամփայ տուաւ առանց նեղելու, ի մեծ գայթակղութիւն Կ'ոստանդնի, որ կը զարմանար թէ Թորոս քաջութենէ զուրկ չլինելով ինչպէ՞ս յանձ կառնուր այսպիսի բանագնացութեան մտնել: Բայց Կոստանդին Փիլիպոսի պատմութիւնը չէր կարդացէր, եւ Թորոս կարդացէր էր:

Վերջապէս լեռներու մէջ հայոց գեղեր սկսան երեւիլ, Սարօս գետին վտակներուն վրայ. խստութեամբ արգիլուեցաւ մեր խմբին Թորոսի ո՛վ լինելն յայտնել. մինչեւ Վահկայ բերդն` արծուոյ բոյն, լեռներու մէջ երեւցաւ: Բաբկէն արտասուոք կը նայէր այն բարձանց, որոնց պաշտպանութեան համար այնչափ արեան թափուիլն տեսած էր. քանի՜ անգամ կեանքը վտանգի դրած եւ հիմա օտարներու բնակարան եղած էր…

Անմիջական վտանգը կարաւանին համար թէպէտ հեռացեալ կը կարծուէր, բայց պէտք էր, որ Թորոս յենակէտ մ՚ունենար հրապարակուելեն առաջ, ուստի Կոստանդին, Բաբկէն, Սարգիս եւ վարդապետը խորհրդի նստան. Եւփիմէ նաեւ ներկա էր: Նախ որոշուեցաւ, որ Բաբկէն զեւփիմէ եւ զդիոնիս առած անցնէր Ամասոնի հիւսիսային ծայրը, ուր էր իր բնակութիւնը. Սարգիս առնուր իր երիտասարդները, որոնք իրենց տունը միշտ պատրաստ պիտի գտնուէին առաջին ձայնին ժողովուելու համար հոն, ուր հրաման գա յանուն Թորոսի: Կոստանդին պիտի երթար իր քանի մը քաջակորովները ժողուելու եւ պատրաստ պիտի կենար առաջին փողի ձայնին` հոն, ուր պիտի գտնուէր Թորոս:

Այս խորհրդին վրայ Թորոս բերել տուաւ չորս կալանաւորները եւ հրաման տուաւ իրենց կապերը արձկել եւ ազատութիւն շնորհէի դարձեալ ի մեծ գայթակղութիւն Կ'ոստանդնի. ու երբ երթալու վրայ էինք դարձաւ իրենց ծանր-ծանր եւ որոշ ձայնով սա խօսքերը ուղղեց. «Դուք, որ հայ ազգի զաւկներ էք, մտիկ ըրէք իմ խօսքերս. մտածեցէք, որ ձեր եղբարց արիւնը պիտի մտնէիք եւ անոր համար մահապարտ էիք, եւ մեզի շատ դիւրին էր ձեզ հաւու պէս մորթէի ձեր հայութիւնն է միմիայն պատճառ, որ մենք ձեր ազատութեան, ձեր կենաց խնայեցինք. գնացէ՛ք ձեր Լամբրոնի տէրերոմեւ բարեւ զրուցեցէք, եւ ըսէք թէ Լեւոնի տղան Թորոսը տեսանք, եւ նա երդում կ'ընէր յանուն աստուծոյ ամենակարողի եւ սրտագիտի թէ երբեք մեծութիւն, փառք եւ իշխանութիւն պիտի չլինի իր գործոց նպատակը, այլ իր ազգին օգուտն ու երջանկութիւնը եւ եթէ հայր, եղբայր, զաւակ պիտի համարի ամէն հայ, որ նոյն հոգուով շարժի. իմացա՞ք, հասկացա՞ք ըսածներս, պիտի կարէնա՞ք կրկնել»:

Իսկ մարդիկը աս խօսքերուն վրայ ապուշ դարձած ելան եւ իրենց ճամփան գնացին, վասնզի ըստ ժամանակին սովորութեան նոր էր աս վարմունքը, եւ աս խօսակցութիւնը ոչ միայն աս խեղճ զինուորներուն համար, այլ թերեւս վարդապետին համար նաեւ, որ Թորոսի քով նստած էր:

ԳԼՈՒԽ ԺԲ ՍԵՒ ԼԵՌ

Այս տեսարանը կ'անցնէր Վահկայ բերդին շրջակայքը մացառուտ բլրի մը վրայ. առաւօտը շատ հեռու չէր:

– Հապա՛, ամէն մարդ իր ճամփան, – ըսաւ Թորոս իր խումբին, – ասկից տասն օր չեղած, աստուճով կը լսենք փողերուն ձայնը, եւ ամէնքս ալ կը ժողովուինք:

Այս անգամ Եւփիմէ գոհ յանձն առած էր բաժանուիլ իր փեսեն ուստի պագտուիլեն վերջ իրեն հետ, դարձեալ անոր օգնութեամբ հեծաւ ջորուոյն վրայ Դիոնիսի ընկերութեամբ, շրջապատեալ Բաբկէնեն եւ նորա տղոցմեն` շտկուեցաւ դէպի Սեւ լեռը, ուր առջեւեն քիչ մը հեռուանց կ'երթային Սարգսի խումբը, քանի մը ժամուան ճամփայ հազիւ կը բաժնէր սիրենք իրենց գիւղեն: Թորոս քիչ մը աչօք ընկերանալեն վերջը իր հարսին, որ գիշերուան ստուերներուն եւ ծառերուն մէջ ծածկուեցաւ, շուրջը նայեցաւ, որ Կոստանդին եւ վարդապետը միայն մնացեր էին:

Ուստի Կոստանդնին ալ բարի յաջողում մաղթեց, որ իր քաջերը առաջին ձայնին բերել խոստանալով` Վահկայ արեւելեան կողմի ժայռերուն մէջ անհետացաւ: Երբ երկու հոգի մնացին` դարձաւ վարդապետին ու ըսաւ.

– Հիմա, հայր սուրբ, մեր երկուքին կը մնա խսդիրը, դու` քու ասորի մետրապոլիտդ աւելի ապահով կը համարիս եւ անոր վրայ աւելի վստահութիւն ունիս, քան թէ մեր հայ եկեղեցականաց:

– Ո՛Յ իշխանդ, – ըսաւ վանահայրը, – իմ միտքս սխալ հասկցեր ես. ես մեր եկեղեցականաց վրայ վստահութիւն չունիմ չըսի, այլ թէ հիմա, հոռոմները, մեր վրայ կասկած ունենալով շարունակ խուզարկութեան վրայ են եւ մեր վանքերն ու անապատները տակնուվրայ կ'ընեն, երբ, ընդհակառակն, Ասորուոց վանքը օտարին վերաբերելուն ամենեւին իրենց կասկածի տեղի չի տար. դու քու դիտողութիւններդ ընելու համար հոն հանգիստ առանձնարան ունիս, հիմա զանխուլ ճամփաներէ քեզի հոն կ'առաջնորդեմ եւ կը տեսնես թէ ասորի եպիսկոպոսը ինչպէս գոհ պիտի լինի Լեւոնի տղան տեսնելուն, վասնզի քու հօրդ եւ հօրեղբօրդ պաշտպանութեամբ կրցեր է իր վանքը շինել, եւ ձեր իյնալեն վերջը շատ զրկումներ քաշէր է հոռոմներէն:

– Երթանք ուրեմն:

Մեր երկու ճամփորդներն սկսան իրենց շահատակութեան ընդ ժայռ եւ ընդ մացառ, լուռումունջ կ'երթային, գետ եւ վտակ երբեմն զիրենք կը զովացնէր եւ վերջապէս Ամանոսի էն բարձր գլուխները գտան` երկու ժամ շարունակ երթալեն վերջ. հոնկից շրջակայ վանքեր, գիւղեր, անառիկ բերդեր իրենց ոտքին առջեւ կ'երեւային իբրեւ ողորմելի ոչնչութիւնք, եւ այսպէս երկու ժամ ալ դեռ քալելեն ու քիչ մը իջնելեն վերջ դէպի հարաւի հասան ժայռերու մէջ բերդանման վանք մը, որուն դռները չէին բացուէր, վասնզի մեծ խստութեամբ արգիլեալ էր առանց մեծաւորին հրամանին դուռ բանալ. ուստի երկայն բանագնացութենէ վերջ նախ վարդապետը վեր առին, եւ քառորդէ մը վերջը դռները բացուեցան նաեւ Թորոսի: Ծեր մետրապոլիտը, երբ զթորոս տեսաւ, աչվները արցունքը լցուած, ձեռքերը երկինք տարածելով փառք կ'ուտար աստուծոյ, որ Թորոսի ամենանման եղբօրորդի մը յարուցեր էր, ի փրկութիւն հայ եւ ասորի եկեղեցեաց, որք միայն խաղաղութեամբ կ'ապրէին եւ յանուն Քրիստոսի զիրար չէին բզկտէր: Եւ ինչպէս ծերերու սովորութիւնն է միշտ անցեալին վրայ անսպառ խօսիլ եւ պատմել, նոյնպէս մետրապոլիտն Աթանաս կը պատմէր թէ քանի անգամ Վահկայ բերդը գնացեր էի զլեւոն եւ զթորոս տեսնելու, եւ թէ նոքա ինչպէ՞ս սիրով զինք ընդունած էին եւ իր խնդիրքները կատարած, թէ դրամական օգնութեամբ եւ թէ պաշտպանութեամբ ընդդէմ անհաւատից, յունաց եւ լատինաց. Բայց վերջապէս մտածելով թէ մեր ճամփորդներն տաժանելի ճամփէ մը կ'ուգան` հրաման տուաւ իրենց կերակուր եւ սենեակ տալ, եւ այսպէս Թորոս քիչ մը հանգստանալեն վերջ, երբ ծեր եպիսկոպոսին ներկայացաւ` նա սկսաւ իրենց հարցնել թէ ի՞նչ էր իր դիտաւորութիւնը եւ գործերու յատակագիծը: Թորոս իմացուց թէ իր յատակագիծը պատրաստելու համար իրեն հիւր եղած էր, եւ թէ կուզեր բոլոր շրջակայքը պտտիլ, ամէն տեղ ճանչել եւ ուսնիլ եւ ըստ այնմ գործի սկսիլ: «Ուստի,– ըսաւ, – ես ձեզմէ քանի մը այծ եւ հովուի մը զգեստ կ'ուզեմ, որ առանց թշնամի կասկած յարուցանելու կարէնամ իմ դիտողութիւնքս ընել»:

Եպիսկոպոսն ալ այսպէս աժան ազատելուն վրայ ուրախ` մէկեն ուզածն իրեն շնորհեց, եւ ահա մեր Թորոսն գէուխը հովուի գդակ եւ վերարկու մը վրան ձգած մինակուկ լեռն ու հովփա կը պտտէր, եւ թէ որ իր այծերը բերդորէից շրջակայ խոտերը եւ թուփերը կը սիրէին, զարմանք չէր:

Կը մտնէր երբեմն գիւղեր, կը տեսնէր հայ ժողովրդեան մռնչիւնը ընդդէմ նախատող եւ հարստահարող յոյն վարձկանաց, կը լսէր անոնց հայհոյութիւնքը ընդդէմ հայ հաւատոց, կը տեսնէր իրեն ծանօթ հայրենի կալուածները յափշտակող յոյն իշխանաց գոռոզ ամբարտաւանութիւնը, եւ այսպէս ութ օր դիտելով, զննելով, Ալեքսանդրիս ծոցեն մինչեւ Ամանոսի հիւսիսային ծայրերը շրջագայեցաւ, քայլ առ քայլ զրեթէ նշանելով մտքին մէջ ծառ, թուփ, ժայռ, բլուր, լեռ, բերդ, աւան, գիւղ եւ աւերակ: Ամէն տեսակ մարդ, ճամփորդ եւ աւազակ, կողոպտող եւ կողոպտեալ իր առջեւեն կ'անցնէին, ամէն ազգ հայ, ասորի, յոյն, արաբ եւ թուրքմէն իր շուրջը կը պտտէին: Իսկ անտարբեր հովիւը անխօս եւ անշշունջ Մաթիանու հովուքէն պէս, որ իր ժողովրդեան փրկութիւնն կ'երկնէր` կը շարունակէր իր ճամփան խորհրդածելով, եւ այսպէս հասաւ Ամուտայ բերդին ստորոտը, իր այծերուն ընթացքը ուղղելով դէպի վեր, դռան հակառակ կողմեն տեսաւ պատուհանի նման ծակ մը պարսպին վրայ, որ ժայռին վրայ հաստատուած էր, այդ անառիկ բերդին ջրի մը ճամփայ լինել մակաբերեց հօրդ անձրեւներուն ժամանակ, կամաց մը փորձ փորձեց եւ տեսաւ թէ հանգիստ կրցաւ անցնիի թուփերը, որ ծակին երկու կողմերը ծածկէր էին, գգուշութեամբ իր գաւազանով բաժնեց եւ բերդին մէջ շարունակեց իր ելքը, ու երբ երեք-չորս մարդաչափ բարձրութեամբ վեր ելաւ, հասաւ ծառազարդ գեղեցիկ հողաբլուր մը, եւ քիչ մը անդին վայելուչ պալատանման բնակարան մը բերդին իշխանին. ծառերու մէջ ծածկուած կը դիտէր տղոց խաղալը, կը լսէր կանանց եւ ծառայից ձայները, եւ թէ որ խոհեմութիւնն իւր բնական առաքինութիւններէն մէկը չլինէր եւ չգիտենար սանձել իւր քաջութիւնը, կրնար մինակուկ ամրոցին տիրանալ, բայց անխոհեմ բան մը չընելու համար նոյն զգուշութեամբ, որով մտէր էր ներս, իջաւ փոքրիկ հեղեղատը եւ առանց թուփերուն վնասելու ելաւ դուրս, եւ շուտ մը իր այծերն ալ հեռացուց հոնկից, ինչպէս ագահ մը իր գանձը թաղած տեղ են ամէն ոտից հետք կը ջանայ հեռացնել: Կը մնար իրեն իմանալ թէ ի՞նչ էր անունը եւ ո՞ւմ կը վերաբերէր այդ բերդը: Ուստի աչքը սկսաւ պտտցնել եւ տեսաւ շրջակայ բլրոյ մը ստորոտը քանի մը ցանեւցիր տներ եւ մէկ հատ մը` ամենեն հեռաւոր, հոն իր փոքրիկ հոտին հետ շտկուեցաւ եւ զանոնք թուփերուն մէջ ցրուելեն վերջ` վայելուչ տղայ մը տեսաւ տասը-տասներկու տարեկան, որ կասկածոտ աչօք թրեն կը նայէր եւ պատրաստ էր անհետանալու, պէտք էր բան մը զրուցել, եւ Թորոս տղուն անուշ ձայնով մը`

– Ջուր մը տո՛ւր ինձ, տղաս, – ըսաւ:

– Հիմա, – պատասխանեց տղան եւ ներս վազեց:

Իսկ Թորոս իբր յոգնած նստաւ տունեն քիչ մը հեռու, եւ երբ տղան երեւցաւ իր փայտափոր ջրի ամանով` լաւ մը խմելեն վերջը`

– Սիրուն տղեկ, – ըսաւ, – աստուած քեզ օրհնէ, դու որո՞ւ տղան ես:

– Վարոսենց Բաբկէնին:

– Քու հայրդ նոր հասաւ, այնպէս չէ՞:

– Այո՛, դու կը ճանչե՞ս զինքը:

– Իմ շատ բարեկամս է, հիմա ո՞ւր է, նե՞րսն է:

– Այո՛, եթէ կ'ուզես, կանչեմ:

– Լաւ՛ կանչի, որդեակ:

Տղան ներս գնաց. եւ քիչ մը ետքը Բաբկէնին խիստ դէմքը երեւցաւ, որ երբ զթորոս տեսաւ այդ հովուական հագուստով` յեցեալ իր ահագին գաւազանին վրայ` ըսաւ.

– Աստուած քեզ օգնական լինի, իշ…

– Բաբկէն հայրիկ, վրայ բերաւ Թորոս, քեզհետ առանձին խօսել կ'ուզէի:

– Լաւ, շատ լաւ: Գրիգո՛ր, – ըսաւ տղուն, որ դռան քով կեցէր կը նայէր, – դու ներս գնա. եւ երբ տղան հեռացաւ`

– Ինչպէ՞ս հոս եկար, իշխանիկս, – ըսաւ, – ինչպէ՞ս իմ տունս գտար:

– Դիպուածով. միայն ինձի զրուցէ, ինչպէ՞ս է Եւփիմէ, ինչպէ՞ս էք դուք:

– Փառք աստուծոյ, արժանի չէի, Տիրուհին հանգիստ է եւ ուրախ, ամէնքը ողջ-առողջ գտայ, իրաւ շատ նեղութիւն քաշէր են իմ երթալես վերջը, իմ խեղճ Շուշիկս որբերը մեծցուցեր է տառապանոք. բայց տղաքը քանի մեծցեր են հանգստութիւնը եկեր է. գերութեան հանգստութիւն. ինձմէ ալ բոլորովին յոյսերնին կտրէր են, ննջեցելոց կարգը անցուցեր են: Բայց դու, իշխանիկս, ի՞նչ կ'ընես աս հովուի հագուստներով. չի՞ս մտնէր ներս, իմ տունս չի՞ս պատուիր:

– Բաբկէն, չեմ ուզէր ճանչցուիչ, դու ինձի կրնա՞ս զրուցել թէ ինչ է սա բերդը:

– Ամուտայ բերդն է:

– Ո՞ւմն է. ո՞վ է հիմկու տէրն:

– Այս Ամուտայ բերդը քու հօրեղբայրդ Թորոս իշխանը, Ապըլղարիպ Պիրի իշխանին պարգեւ տուաւ, երբ փռանգները զինքը իր երկրեն ղրկեցին յափշտակութեամբ եւ երբ փախստական` անոր ապաւինեցաւ: Հիմա մեր գերութենեն վերջը հոռոմ իշխան մը տէր եղեր է բերդին եւ կը բնակի իր ընտանեօք:

– Ինչչա՞փ բերդապահ կայ, կրցա՞ր իմանալ:

– Ո՛չ իշխանս, այդ չհարցուցի: Ե՛կ աս գիշեր մե՛զ մնացիր, մեր տղաքը կ'ուգան տեղն ի տեղ կ'իմանանք: Թէ որ Տիրուհին ետքը իմանայ, որ օր մը մինչեւ այս դուռը եկար երբ ինք ալ այս մեր տնակը կը բնակէր եւ ներս չի մտար` շատ կը տխրի:

– Բաբկէն, տղու պէս կը խօսիս. դու գիտես, որ ես նախ մեծ գործ, ետքը ուրիշ ամէն բան դրած եմ. շաբաթ մ՚է ճիշտ այսօր, որ ես հարկի տակ չեմ պառկէր վախես, որ Աղայ թէ յանկարծ ժամանակեն առաջ մատնվիմ…

– Բաբկէնի խօսք վկա՜յ թէ մարդ չիմանար թէ դու աս գիշեր հոս անցուցեր ես. տղաքս մէկուն խօսք չըրին` քու անունդ անգամ չաւին ան օրէն, ուր իրարմէ բաժնուեցանք: Ես եկայ, քանի օր է անեն դուրս չեմ ելած, որ յանկարծ համբաւ չի տարածուի, եւ հոռոմները չարթննան քու գալուդ համար: Գրիգոր միայն առաջին անգամ քեզի տուեր է իմ անունս: Տիկինն ու Դիոնիս գիշերներն միայն դուրս կ'ելնեն օդ շնչելու համար: Եկ, իշխանիկս, ուրախացո՛ւ Բաբկէնի տնակը:

– Լաւ, Բաբկէն, քու կամքդ թող կատարուի:

Եւ դռնեն ներս մտաւ. Բաբկէնի ցցուց ձեռոք իր հինգ-վեց ասյծերը, որ կ'արածէին. եւ նա կանչեց զգրիգոր, որ քշեց բերաւ այծերը` գոմը փակեց:

– Բաբկէնի տունը թէեւ պալատ մը չէր, բայց բնական դիրքովն ու օդով ախորժելի բնակարան մ՚էր բլրակի մը ստորոտը շինուած, մէկ կողմը ահագին խորաձորի մը վրայ կը նայէ՛ր, ուր կենդանի ջուր մը ժայռերու վրայեն շառաչմամբ կ'իջնէր, բլթակը եւ տնակը ծածկուած էին զանազան պտղատու ծառերու ճիւղերուն եւ տերեւներուն մէջ, եւ որոնց շուքին տակ գետնեն ութ-տասը կանգուն բարձրութեամբ տախտակամած մը կար ընդարձակ, պարզ փայտէ նստարաններէ շրջապատ եալ եւ վանդակապատ, որ ամառ գիշերներ ննջարանի համար նաեւ կը ծառայէր այդ տաք երկիրներու մէջ:

Ճիշտ նոյն ժամուն ալ Շուշիկ իր երկու աղջկանց եւ Եւփիմէի հետ տախտին վրայ ելած նստած էին: Եւփիմէ իր առնացի զգեստները թողած, իւր սեռինները հագած իրօք թագուհի մը կ'երեւէր, եւ թագուհուոյ մը պատիւ կ'ընդունէր այդ լեռան բնակիչներէն, որոնց սիրտը իրենց հօրը անկարծելի դարձին համար անպատմելի ուրախութեամբ եւ շնորհակալութեամբ զեղուն էր, եւ այդ տիկնոջ համար Թորոսի եւ իրենց հօրը ազատարարը լինելն դիանալով` երախտագէտ ակնածութեամբ եւ յարգանօք կը մօտենային իրեն` իբրեւ գերագոյն էակի մը: Իսկ Եւփիմէ անոնց գեղեցիկ պարզութեան վրայ կը զարմանար, այդ սեւ, լայն, նշաձեւ աչքերուն կրակը կը դիտէր, որոնց մէջ թէպէտ լեռնային ազատութեան հոգին կը փայլէր, բայց սքանչելի հլութիւն մը ունէին ծնողական հրամանաց, սեւ ոպնիազէ մազերնին բարակ եւ խիստ հիւսքերը ուսերնին բոլոր կը պատեր, եւ պարզ գունաւոր կտաւէ հագուստ մը անոնց երկայն եւ ճոխ հասակին միակ զարդարանքն էր:

Երբ Բաբկէն իր հովիւ ընկերը առած տախտին մօտեցաւ, արդէն արեւը քաշուած եւ մութը սկսած ըլլալով հազիւ թէ կերպարանքները կ'որոշուէին. ուստի աղջիկներն իրենց հայրը տեսնելով ոտք ելանք Եւփիմէ տեսնելով զբաբկէն, որ անծանօթի մը հետ վեր կ'ելնէր, անտարբեր նայուած մը ձգեց եւ դարձեալ աչքերը ջուրին սահանքին վրայ դարձուց, երբ միտքը իր Թորոսին վրայ կը պտտէր: Իսկ երբ անծանօթը ձեռքը իր լայն կուրծքին վրայ դնելով անձայն ողջունեց եւ եկաւ Եւփիմէի մօտ նստաւ, ան ատեն Եւփիմէ զայրագին եւ դիտող աչքերը դարձնելով այս համարձակութեան վրայ, նորա երեսը նայեցաւ եւ զթորոս տեսաւ. փոխուեցաւ բոլորովին եւ ուրախութեամբ ցատկեց ու վփզը փաթթուելով`

– Այս ի՞նչ կերպարանք է, – կ'ըսէր, – այս ի՞նչ փոփոխութիւն:

Իսկ Թորոս կատակելով իրեն կ'ըսէր թէ` «Պէտք էր մոռնալ ազնուապետական գաղափարները, որ Տորոսի ռամկական եւ ազատ լեռանց վրայ ազդեցութիւն չունէին, եւ թէ երբ Եւփիմէ անգործ նստած էր, ինք Թորոս այծ արածելով` գիշերները բացօթեայ կ'անցնէր»:

– Կատակը մէկդի՜, ինչչա՞փ ժամանակ դեռ աս կեանքը պիտի տեւէ:

– Դեռ մինչեւ վաղն իրիկուն:

– Անկից վերջը՞:

– Անկից վերջն զքեզ այս վայրենի լեռանց իշխանուհի պիտի հրատ արա կեմ:

– Իսկ հիմա՞:

– Կերակուր պիտի ուտեմ քեզի հետ եւ պիտի երթամ:

– Գիշերո՞վ:

– Գործի մարդուն համար գիշեր եւ ցերեկ զանազանութիւն չունին: Բայց ո՞ւր է Դիոնիս:

– Հոն վարը` սա ժայռին վրայ նստած կը խորհրդածէ ջուրին սահանքը դիտելով: – Հայրի՜կ, հայրի՛կ, ե՛կ:

Սեւ շուքը շարժեցաւ, ելաւ եւ սկսաւ դէպի տախտը գալ. եւ տեսնելով զթորոս իւր ուրախութիւնը յայտնեց ու նստաւ: Ընտանիքը մէկ կողմեն կ'ամբողջանային, մեծ տղայքն ալ եկան եւ յարգանօք ողջունեցին զթորոս եւ իրենց ծնողքը: Բաբկէնի ուրախութիւնը մեծ էր, պատուական մարդը չէր կրնար նստիլ, վասնզի իր իշխանիկը իրեն հիւր էր, եւ որ իրեն ծանր կը թուեր` կը տեսնէր թէ ամբողջ գիշեր մը նաեւ իր տունը պիտի չկենար: Բայց տղայ տարիքեն սովրած էր իշխաններուն չընդդիմանալ, ուստի ալ չի համարձակեցաւ բառ մ՚աւելցնել: Իսկ Թորոս` «Բաբկէն հայրիկ,– զյրուցեց, – այս տղաքը Սարգսին տունը գիտե՞ն, կարելի է զինքն հոս բերել տալ հիմա»:

– Հիմա, իշխան. տղա՛ք, մէկերնիդ շուտ մը գնացէք ըսէք Սարգսին իմ կը սղմես, որ հոս գա:

Տղուն մէկը թռաւ՛, շուտ մը անհետացաւ, երբ աղջիկները տախտին մէջտեղի կախուած կանթեղը վառեցին եւ սեղանը կը պատրաստէին` կերակուրը չեկած Սարգիս եկաւ, եւ ամէնքը նստան կերակուրի: Սեղանին վրայ Թորոսի անսովոր զուարթութիւնը ամէնուն սիրտը ուրախութեամբ լցուց, եւ Եւփիմէ քանի մը անգամ կրկնեց թէ անտարակոյս առանց պատճառի չէր իր փեսին այս զուարթութիւնը:

Երբ սեղանեն ելան` Բաբկէն ամէնը հեռացուց տախտեն Թորոսի ակնարկութեամբ. Եւփիմէ, Դիոնիս, Բաբկէն եւ Սարգիս միայն մնացին. հոն Թորոս դարձեալ կրկնեց այն հարցմունքը.

– Ամուտայ բերդին տէրը ո՞վ է:

– Զենոն անունով յոյն իշխան մ՚է, քեռայր Մամեստիոյ յոյն իշխանին:

– Ինչչա՞փ բերդապահ զինուոր ունի ներսը այդ իշխանը:

– Քսան-քսանհինգ հոգի մը կ'ելնեն ընդամէնը, նոյնչափ մ՚ալ ծառայք կան, որ թէ պէտք լինի կրնան զինուել, եւ բերդին անառիկ դռիցը եւ պատերու ամրութեանը նայելով, բաւական` մանաւանդ թէ շատ ալ են:

– Լաւ՛, – ըսաւ Թորոս, – վաղը մեր հայու տղաքներէն պատրաստ զին եալ քսան հոգի կրնա՞ն ժողովուել անձայն, անշշունջ:

– Ես քսան հոգի կրնամ ժողուել:

– Բայց լաւ՞, ընտրեա՞լ եւ կորովի:

– Լաւ՛, ընտրեա՛լ եւ կորովի՛:

– Կ'ոստանդինեն լուր ունի՞ք:

– Կոստանդին այս առաւօտ տղայ մը ղրկէր էր ինձի, քու վրադ լուր կը հարցնէր, եւ ինձի կ'իմացնէր թէ յիսուն չափ մարզիկներով պատրաստ էր երեւալու, ե՛րբ եւ ո՛ր ժամ իրեն լուր ղրկուէր Կարմիր վանաց աւերակները, որուն շրջակայքը կը գտնուէր:

– Վաղը ճիշտ կէսօրին դու հոս գտնուի քու քսան մարդիկներովդ, բայց ոչ ժամ մը առաջ, ոչ ժամ մը ետքը. նոյնպէս Կոստանդնին ալ լուր ղրկէ նոյն ճշտութեամբ Ամուտայ բերդին մեծ դռան առջեւ ճիշտ կէսօրին գտնուիլ, բայց ճիշտ:

– Լաւ՛:

– Քեզ տեսնեմ, Սարգիս, պէտք է ճիշտ լինիլ:

– Իմ ճշտութեանս վրայ մի՛ կասկածիր, իշխա՛ն, բայց…

– Ի՜նչ:

– Այսինքն, եթէ համարձակութիւն տայիք, այն պիտի ըսէի թէ Ամուտայ բերդը վերջի ձգելու բան մ՚է:

– Դու պիտի չերթաս Ամուտայ բերդին վրայ, եւ Կոստանդին յարաձակում պիտի չընէ. այլ կէսօրին, ճիշտ կէսօրին հեռուեն իր խմբով մեծ դռան առջեւ պիտի կանգնի:

Սարգիս ալ պատասխան չի տուաւ, եւ Թորոս աւելցուց.

– Ուրեմն, իմ քաջ Սարգիս, գնա եւ պատրաստուի:

Երբ Սարգիս գնաց, Բաբկէնին դարձաւ`

– Աւելորդ է քեզի ալ զրուցել թէ պատրաստ ինձի պիտի սպասես հոս` քուկիններովդ:

– Յայտնի բան է, – պատասխանեց Բաբկէն:

– Ան ատեն «Մնաք բարեաւ» ըսելով եւ Եւփիմէի, եւ ամէնուն, իր հովուի գլխարկը եւ ցուպը առաւ, իր այծերը առջեւ ձգեց եւ ասորուոց վանքին ճամփան բռնեց, ուր հայ վարդապետը եւ ասորի մետրապոլիտը սկսէր էին կասկածիլ իր ուշանալուն վրայ: Եւ երբ կէսգիշեր անցած հասաւ, դուռը զարկաւ, երկայն արարողութիւնները կատարելով դուռը բացին եւ ներս առին զինքն ու այծերը:

ԳԼՈՒԽ ԺԳ ԽԱՉԻ ԴՐՕՇԸ

Առաւօտուն ասորուոց վանքին դռները երբ բացուեցան, տասներկու զինեալ մարդիկ ելան դուրս, եւ առջեւեն բոլորովին սպառազէն, արաբ ձիու մը վրայ հեծեալ ասպետ մը նոցայ կ'առաջնորդէր. իր երկայն հասակը, իր անվեհեր եւ խոր նայուածքը մեզի յայտնի կ'ընեն թէ ո՞վ էր այդ անձը, որուն խաղալիք մ՚էր ձիուն իւրաքանչիւր ծածանմունքը, եւ որ արդէն իբրեւ լեռներուն իշխան եւ տէր կը թուեր իր ընթացքին մէջ:

Լուռումունջ կ'ընթանային ետեւեն տասներկու երիտասարդները, այն Սեւ լեռան խորդուբորդ ճամփաներուն վրայեն. երիտասարդը գրեթէ մոռցած էր թէ իրեն հետեւող մարդիկ կային, որոնց ճակտեն քրտինք կը վազեր, բայց ոչ հոզնած կ'երեւէին եւ ոչ լքեալ: Սակայն երբեմն իրենց քաջալերիչ աչք մը կը նետեր առանց ընթացքը երբեք ընդհատելու. երբեմն նաեւ առանց արհամարհանաց եւ մանաւանդ թէ բարեգութ կերպիւ մը` «Ո՛վ որ յոգնած է ձեզմէ, տղաք, թո՛ղ տուն դառնա», կ'ըսէր: Բայց ոչ ոք այս յորդորանաց հնազանդելու պատրաստութիւն կը ցուցնէր, եւ ամէն ոք հաստատ եւ կորովի իր ճամփան կը շարունակէր:

Երեք ժամ միակերպ այս ընթացքը շարունակելեն վերջ, մեր ասպետը, որ Թորոս ինքն էր, ժայռերու եւ թուփերու մէջ կեցաւ, ձիեն վար ցատկեց եւ յանձնելով զայն աղոց մէկուն` «Դուք հոս` սա տեղ պէտք է սպասէք, – ըսաւ, – մինչեւ որ փոքրիկ տասը-տասներկու տարեկան տղեկ մը ձեզի գա եւ ճերմակ դրօշակ մը ցոյց տա. հետեւեցէք անոր անկասկած»: Այս խօսքերն ընելով սրբացաւ եւ մեծաքայլ իջաւ լեռնեն վար, շակուեցաւ Բաբկէնին տունը, ուր առջի իրիկուն զինքը տեսած էինք: Երբ դռնեն ներս մտաւ, ձառերուն տակ երեք-երեք, չորս-չորս զինեալ երիտասարդներ ցրուած էին. ոմանք նստած, ոմանք ընկողմանեալ, եւ երբ զինքը տեսան, ամէնքը ցատկեցին ոտք ելան իբրեւ թէ աներեւոյթ զօրութենէ մը ցնցեալ: Ամենեւին իր պարզ ձեւը առանց փոխելու, մէջերնին կեցաւ, իր կենդանի աչքերը ամէն աչքերու մէջ մը պտտցուց, Սարգիս, Բաբկէն եւ Տորոսի ճամփորդութեան ընկերները ամէնքը տեսաւ, նաեւ անոնք, որ առաջին անգամ կը նշմարէր: «Հայու տղա՛ք, Թորոսն եմ ես` Լեւոնի որդի, ես բանտէ, շղթայներէ ազատած եկայ ձեր մէջ, բայց ձեզ ալ կը տեսնեմ, որ գերութեան մէջ կը հեծէք. մեր Հայրերը այդ գերութենեն ազատելու համար իրենց Հայաստանի դաշտերն ու քաղաքները թողին եւ աս լեռները եկան. թէ որ գերութիւնը նախատինք էր, օտարութեան մէջ նոյն վիճակին մատնուիլ` այդ նախատանաց անտանելին է. ես ուրեմն եկայ, որ ձեզի հետ այս գերութեան, ամօթոյ եւ նախատանաց շղթաները կոտրեմ. ո՛վ որ ինձի պէս սրտին մէջ այդ փափագը կը զգայ եւ մահուընէ չի վախնար, թո՛ղ ետեւես գա, լուռումունջ ինձի հետեւէ, եւ ես ի՛նչ որ ընեմ, նոյնը ընէ՛»:

Ամէնքը շարուեցան կարգով եւ լռութեամբ իրեն կը նայէին:Բաբկէնին ակնարկ ըրաւ Թորոս եւ կամաց ձայնով մը հրամաններ տալեն վերջը, տեսաւ Եւփիմէ, որ տանեաց վրայ կեցած իրեն կը նայէր, գլխով զինքը բարեւեց. երբ սկսաւ սրանալ, ամէնքը` քսանհինգի չափ երիտասարդք իր ետեւեն գացին, ու ինք Ամուտայ ամրոցին անմատչելի կողմը վերելակեց:

Ամառուան տաք օրերն էին, եւ կէսօրուան ժամանակը շատ մօտ էր. մարդ չի կար դուրսը ամենեւին. ուստի մեր զինուորները մէկուն չի հանդիպեցան, բայց արդէն շատերը գայթակղած էին իրենց զօրավարին յանդուգն ձեռնարկութեան, եւ տղայական խաղու մը տեղ կը դնէին. այս ընթացքը գիտեն, որ շատ երկայն չի կրնար քշել. բայց տեսնելով զսարգիս, որ անմռունչ եւ լուրջ հաւատով իշխանին կը հետեւեր` նոյնը ամէնը միամտաբար կատարեցին, մինչեւ Թորոս իր թուփերուն առջեւ հասաւ, հոն առանց խօսելու սրոյն օգնութեամբ թուփերը մէկդի ընելով, երբ գետին պառկեցաւեւ քիչ-քիչ զգուշութեամբ ծակեն ներս մտաւ եւ անհետացաւ, ամէնքը զարմացան մնացին, ահա Սարգիս ալ նոյնպէս եւ անոր ետեւեն ութ, տասը, քսան, եւ բոլոր խումբը ներս մտան:

Վերջի մտնողները երբ հասան, ծառատունկին մէջտեղ կեցած էր Թորոս եւ անխռով իրեններուն կը սպասէր, դարձաւ. «Տղա՛ք,– ըսաւ, – անօգուտ արիւն-եղեռն է. ո՛վ որ անզէն եւ անդիմադիր մէկուն զէնք վերցնէ, մարդասպան է եւ վատ. եկէք ուրեմն»: Կէսօրը արդէն քիչ մ՚ալ անցէր էր, ուստի երբ յարձակեցաւ Թորոս սպառազէն, եւ իր զինեալ մարդկանց ընթացքը բնակարանին դռան առջեւ լսուեցան, իրենց զէնքերուն փայլը տեսնուեցաւ, վայնասուն եւ աղաղակ մը փրթաւ. պահապանք եւ զօրականք զէնքի կը դիմէին. կանայք եւ տղաք կուլային, կը ողբային եւ կը ճչէին. դռներ, վանդակներ, փեղկեր շառաչմամբ կը գոցուէին. վերջապէս սոսկալի շփոթութիւն մը տիրեց բնակարանին մէջ: Իսկ Թորոս անխռով, Սարգսին հրաման տուաւ բերդին մեծ դռան վրայ վազել, քանի մ՚ընկերով բանալ, եւ Կ'ոստանդնի զօրքը թէ որ հասած էին` ներս առնուլ ու բերդեն ողջ մարդ ամենեւին դուրս չի թողուլ: Իրօք Սարգիս յաջողեցաւ դուռը գտնել եւ քանի մը պահապաններն, որ հոն կեցէր էին, սպաննել եւ զինաթափ ընել. բայց Կոստանդին չի կար. ուստի ինք հոն սպասելու հետ եղաւ. իսկ Թորոս առանց ժամանակ կորսնցնելու յարձակեցաւ բնակարանին դռանը, մէկ-երկու զինուոր, որ իրեն դէմ կը խիզախէին, իւր սոսկալի սուրին հատուածով գետինը փռեց եւ շարունակ ահագին ձայնով կը գոչէր թէ` «Ո՛վ որ անձնատուր լինէր, անոր մահ չի կար. վա՛յ դէմ դնողին», բայց ներսի աղաղակները աւելի կը բարձրանային. ամէն դուռ, ամէն սանդուխ, ամէն սրահ, ամէն պատուհան կռուի տեղ եղած էր. վահան, նիզակ, սուր, կացին ամէն տեղ կը շողար. հերարձակ եւ կիսազգեստ կատաղի կանայք` պատուհաններէ ձեռքին եկածը կը նետէին. հոռոմ իշխանը յանկարծակի վախեն եւ ընտանեաց վտանգեն խենթեցած` ներքնաբերդին դռանը նեղ սրահին առջեւ կանգնած սուր մը եւ վահան ձեռքը` յուսահատաբար կը կռուէր, եւ արդէն քանի մը հոգի` Թորոսիններէն` այս կատաղութեան զոհ ինկած էին, երբ Թորոս ինք վրայ եկաւ եւ հրաւիրեց թողուլ զէնքը ու անձնատուր լինիլ. ասոր պատասխան իշխանին սուրը շողաց, որուն ընդդէմ` կայծակի պէս Թորոսի սուրը, որ թշնամի թուրը թռուց, եւ անզէն հոռոմը Թորոսի զինուորները բռնեցին ու կապեցին:

Աս միջոցին համրոցը կը խուժէին Կոստանդին իրեններով եւ Բաբկէն ասորիներով. պարտէզը լցուեցաւ պատերազմողաց բազմութեամբ, զօր երբ տեսան յունաց մնացեալ պահապանք` զէնքերը թպղլով անձնատուր կը լինէին, կանանց յուսահատ կատաղութեան չքում յաջորդեց, եւ Թորոս Բաբկէնին հրամայեց կանայք եւ տղաք սենեակ մը փակել եւ զինուորաց հրամայեց բոլոր ամրութիւնները գրաւել, դիակները վերցնել, արեան նշանները մաքրէի երբ ամէն բան կարգի մտաւ, Բաբկէն տեսնուեցաւ, որ իր տղոց մէկուն օգնութեամբ ելած ներքնաբերդին տանեաց վրայ, յունական արծուեկիր դրօշը վար ձգէր եւ տեղը (հուրին եան խաչակիր դրօշը կը հաստատէր: Բոլոր բազմութիւնը աս տեսնելուն ուրախութեան աղաղակներով օդը կը լեցնէր, որոնց արձագանքը լեռնե-լեռ տարածուելով` շրջակայ բնակիչքը` արք, կանայք եւ տղայք այս խաչակիր դրօշակին փոխարէն ուրախութեան աղաղակաւ ու խաչակնքելով, երկինք նայելով աստուծոյ շնորհակալութեամբ ողջոյն կ'ուտային, ծերերն ու պառաւները, կուլային: Եւ ահա գեղեցիկ տիկին մը բեհեզեայ ոսկեթել զգեստներ հագուած, արաբ ձիուն վրայ հեծած, Բաբկէնի կինն ու աղջիկները ետեւեն, կը մտնէր բերդին դռնեն ներս. ամէնքը յարգանօք կը շարուէին իր առջեւ, զէնքերը կը խոնարհէին, եւ զինք ճանչցող, չի ճանչցող երեւակայելով թէ Թորոսի էր նա, համակիր աղաղակներն կը կրկնէին, երբ նա իբր թագուհի մը` իր ժողովուրդը սիրալիր կը բարեւէր: Թորոս զինք դիմաւորեց` ձիեն վար առաւ եւ հոն ներքնաբերդին դռանն առջեւ ամէնուն, որ դիմած էին ամրոցն ի վեր խուժելով` նշան ըրաւ թէ կուզեր խօսիլ. «ո՜վ հայեր, ո՜վ իմ «ազգս, Լեւոնի որդին Թորոսն է, որ ձեզի կը խօսի. աստուած ի՛նք բանտին դռները բացաւ եւ զիս հոս բերաւ, որպէսզի ձեզի ալ օգնեմ, հայկական գերութիւնը եւ նախատինքը մէկտեղ ջնջեմք, եւ այդ ազատ լեռներուն վրայ ազատ մարդիկ միայն երեւանք: Աստուած, որ ամէն ձեռնարկութիւն մինչեւ այսօրս ինձի յաջողեց, անտարակո՜յս իմ բոլոր փափագներս պիտի լեցնէ եւ այս լեռներուն գլխեն մինչեւ ծով մեզի նոր Հայաստան մը պիտի շնորհէ. միայն թէ դիանանք սիրով եւ միաբան լինիլ, իրարու օգնել. անարգ նախանձ եւ պզտիկ սիրտ չունենալ. մեր անձնական շահուն հասարակաց օգուտը նախադասել: Կինը, որ հոս քովս կը տեսնէք, որ իմ ազատութեանս առաջին գործիքն եղաւ, այս` իմ հօրս սուրը ձեռքս տուաւ, մինչեւ այսօր իմ փախստեանս բոլոր վտանգներուն անբաժան մասնակից եքլաւ, ահա ձեզի կը ներկայացնեմ, անոր պատիւը իմ եւ ձեր պատիւն է, ինչպէս ձեր մարդոց, կանանց եւ զաւակաց պատիւը իմս է…»:

Ուրախութեան եւ «ապրի՜» – ներու աղաղակներ ու երդումներ իր ձայնը ծածկեցին եւ բոլոր ժողովուրդը զթորոս իր քաջութիւնը եւ իր իմաստութիւնը կը պատմէին եւ ինչպէս սովորութիւն է, շատ մը չափազանցական վրադիրներ դնողներ աչ կը գտնուէին. իւրաքանչիւրն իւր տեղ սկսան ցրուիլ, եւ փողատարները ամէն չեռան եւ բլրոց գլուխներ կ'ընթանային զէնքի կոչեւու հայ ժողովուրդը, որովհետեւ Թորոս` Լեւոնի որդին, զիրենք կը հրաւիրէր Ամուտայ բերդին ստորոտը, որու վրայ հայկական խաչադրօշը կը ծածանէր:

Իսկ երբ ժողովուրդը ցրուեցան գնացին, Թորոս զուարթ կերպարանքով, պարզ ճակատով բոլոր զօրաց առջին`

– Բաբկէն հայրիկ, – ըսաւ, – այս բերդը, որ տէր չունի հիմա, վասնզի Ապլղարիպ չի կայ, ըստ դրացութեան իրաւանց` տէրը դու ես իր բոլոր կալուածներով, մենք, որ քու հիւրդ ենք, ամէնիս ալ, շատերնիս հեռու տեղուանքներէ եկած, կէսօրը անցած լինելուեւ անօթի, ծարաւ կը ջարդուինք, մեր այս վիճակին ճար եւ ճարակ քեզմէ կը սպասենք:

– Տէ՛ր մեր եւ իշխան, – ըսաւ Բաբկէն աչքերը լցուելով եւ Թորոսի խօսքին մէջ տեսնելով իր այնչափ տարուան հաւատարմութեան վարձատրութիւնը, – ի՜նչ որ կայ` ամէնն ալ ձերն է, ինչպէս որ գիտէք թէ ես ալ ձերն եմ, եղած եմ եւ պիտի ըլլամ միշտ. տեսնենք ուրեմն թէ աս հոռոմները մեզի համար ի՛նչ պատրաստէր են, եւ վայելեմք:

Մէկեն Բաբկէն հրամայեց յոյն իշխանին տնտեսը առջեւը բերել եւ կապանքը քակել, խոստացաւ իրեն թէ որ հաւատարմութեամբ ծառայէ եւ թէ որ իր հիւրերը գոհ ընէ` վարձատրութիւն եւ ազատութիւն: Նոյնպէս Շուշիկ տիկին` շուտ մը իր տանտիկին սովորութեամբ եւ աղջկանց հետ թեւերը սոթտեց եւ գործին գլուխը՞ անցաւ: Հորթ, ոչխար, այծ եւ հաւ կը մորթուէին, կը խորովէին, կրակներու մուխը երկինք կը բարձրանար, գինուոյ կարասներ կը պարպուէին, դաս-դաս հայ զինուորը բերդին գլխեն Կիլիկիոյ դաշտին ընդարձակութեան հանդիսատես այսօր եւ վաղը տէր կ'ուտէր, կը խմէր, կ'երգէր, կը զուարճանար:

Իսկ Թորոս միշտ արթուն, միշտ անկարելին, նաեւ մտածող, իբրեւ թէ զուարճութեան համար, բայց բուն դիտելու համար զինուորին բարոյական եւ նիւթական վիճակը, պահպանութեան կէտերը կ'ելնէր պտտելու հետն առած Կոստանդին, Սարգիս եւ քանի մը գիւղապետներ, որ կամաւ եկեր խառնուէր էին զօրաց խումբին հետ եւ առանց պատերազմի յաղթութեան մասնակից էին, բայց որոնց համար երկրորդ օրը խիստ եւ յարատեւ աշխատութիւն կար, երկրին կատարեալ ազատութեան համար. հոն Թորոս, որ իր սրամտութեան եւ քաջութեան փորձը անոնց քանի մը հատին ցցուցեր էր քանի մը շաբաթուան մէջ, միշտ Կոստանդնին խօսելով` «Լաւ,– կ'ըսէր, – պէտք է զինուորը ուրախ լինի. բայց հոս պէտք էր պահապան դնել, հոս պէտք էր դէտ մ՚ունենալ, հոս այս դուռն ամրացնել», եւ այսպէս կը շարունակէր իւր այցելութիւնը: Իրարու երես կը նայէին, եւ Կոստանդին, որ նորա հօրն ու հօրեղբօրը ծառայած եւ քանի մը օր առաջ ինքնիրեն կը մռմռար երբեմն Թորոսի արարքներուն` հիմա ամէն ըրածներուն գլխով եւ աչքով իրաւացի լինելն կը հաստատէր, եւ այցելութենեն վերջը Թորոս դարձաւ հոն, ուր իրենց կը սպասէր սեղանը:

– Իշխան մեր, – ըսաւ Կոստանդին, – ներէ՛, որ երթամ ձեր արդար դիտողութիւնները գործադրեմ, եւ ներէ՛ մեր պակասութեանց, որ անկարծելի յաղթութեան ուրախ հետեւանքն եղան, յաղթութեան, որուն բոլոր արժանիքը ձերն է միայն:

– Ոչ ոք միայնակ յաղթութիւն չի կրնար տանիլ, – պատասխանեց Թորոս, – յետին հիւանդապահ զինուորը մասնակից է մեր յաղթութեանս, եւ մենք եղածը գործողսւթեանց սկիզբն պիտի համարենք, իշխան Կոստանդին, գնա եւ շուտով դարձիր, որպէսզի անօթի չի մնանք:

Սեղանին գլուխը նստած էր Եւփիմէ, Թորոսի քով, Շուշիկ իր կերակրոյ հանդերձանքներուն զբաղած չէր երեւար, բայց Բաբկէնին աղջիկները իրենց տիրուհուոյն ետեւ նստած անոր կը ծառայէին. նոյն միջոցին եւ հազիւ թէ նստեր էին` մեր Կիպրոսի վանուց վանահայր վարդապետը ջորուոյ մը վրայ հեծած, կէսօրուան արեւուն բոլոր ճառագայթներէն այրած եւ մրկած` կը հասնէր, եւ ուրախութիւնը աւելցաւ, երբ տեսաւ թէ ճիշտ ժամանակին եւ սեղանի մը սկիզբը կը հասնէր:

– Բարի եկա՜ր, հայր սուրբ, մեր սեղանը օրհնելու, – կանչեց Թորոս:

– Ի՛նչ երանելի վիճակ վարդապետի մը համար, – կ'ըսէր բազմական մը ծիծաղելով:

– Այո՛, մանաւանդ ան վարդապետին համար, որ մեզ արքայաբար հիւրընկալելեն վերջը մեր փախստական եւ թաքթաքուն վիճակին մէջ, մեր նաւուն ղեկավարը նաեւ գիտէր լինել, նեղ ժամանակին եւ իր կեանքը վտանգի մէջ դնել նաեւ Կիլիկիա ափափայից վրայ տաժանելի ուղեգնացութեանց մէջ: Պէտք չէ մոռնալ թէ որովայնապարար եւ խաբեբայ եկեղեցականաց քով կան գործունեայ եւ աշխատասէր եկեղեցականք ալ, որ իրենց ազգը եւ ժողովուրդը կը սիրեն եւ գիտեն նաեւ զիրենք անոնց համար զոհել. անոնց սեղանն ալ, պատիւն ալ, աստիճանն ալ…

Դեռ խօսք չէր լմնցուցեր, որ զինուորաց խումբը միաձայն Ռուբենի երգը կ'երգէր, Ռուբենի անուան տեղ Թորոսինը դնելով:

ԵՐԳ ՌՈՒԲԵՆԻ
 
Ի դառն հողմոց արտասահման հայրենական մեր երկրեն,
Օտար դաշտեր` Սեւ լեռներու պանդուխտ եղանք տարադէմ.
Չի կար Մովսէս, ոչ զօրավար եւ սիւն լուսոյ ուղեցոյց,
Մեզ զօրավար եւ սիւն լուսոյ արքայական արմատեն`
Ընձիւղ պատուոյ` հիւս ծագեցաւ քաշն ու արին մեզ Ռուբեն:
Հայկայ տղոց աղեղանց լարք թուլցեր էին եւ թեւեր,
Վահան, սուսեր, նիզակ եւ տէգ անկեալ կային ժանգոտէր.
Հայուն անուն վատթարացեալ` Էրմեն ոչ ոք կ'անուանէր,
Մինչ մեր անշուք անկեալ փառաց արքայական արմատեն
Ընձիւղ փառաց` լոյս ծագեցաւ քաշն եւ արին մեզ Ռուբեն:
Մեր այգիներն փուշ բուսուցին, դարձաւ քացախ մեր գինին,
Ուրախութիւն հալածեցաղ, եւ սուգ տիրեց սրտերին.
Հարսի երգին, փեսի ձայնին փոխան բուեր ողբացին,
Մինչ կործան եալ աւերակաց արքունական արմատեն`
Ընձիւղ գալար` յոյս ծագեցաւ քաշն եւ արին մեզ Ռուբեն:
 
 
Մեր այգիներն ոսկի ողկոյզ, անուշ գինի կը հոսեն,
եր աղջիկներն քաղցր ձայնիւ եւ քնարիւ գեղգեղեն.
Մեր կըտրիճներ ազատութեան զէն եւ սուսեր ըշկայեն,
Զի կործան եալ մեր գահույից արքայական արմատեն`
Ընձիւղ դալար` յոյս ծագեցաւ քաշակորովն մեզ Ռուբեն:
 

ԳԼՈՒԽ ԺԴ ԹԷ ԻՆԶՊԵ՞Ս ԿԸ ՍԿՍԻ ԿԱԶՄՈՒԵԼ ԹՈՐՈՍԻ ԵՐԿԻՐԸ

Դեռ արեւը չէր ծագած, Թորոս Ամուտայ բերդին իշխանական սենեակները կը հանգչէր իր այնչափ օրուան յոգնութենեն, դեռ ամրոցին դռները չէին բացուած, երբ բիւրաւորաց բազմութիւն մը ծածկէր էր լեռ, բլուր, դաշտ. զէնքերը կը փայլէին, ցիցակիր դրօշները կը պարզէին եւ մարդկային ձայնը ծովու հեռաւոր ձայնի պէս կը բարձրանար դէպ համուտայ դղեակը:

Անհամբեր երիտասարդութիւնը ապրիներոկ կեցցեներու աղաղակներով երբեմն կը որոտար, եւ ժողովուրդը խումբ-խումբ նստած, ազատութեան եւ ուրախութեան անցեալ օրերուն յիշատակները կը նորոգէր, մինչեւ որ ամրոցին դռները բացուեցան, եւ Թորոս շրջապատեալ իր քաջերեն իջաւ ժողովրդեան քով. հոն քանի մը խօսք զրուցելեն վերջը ծեր եւ փորձ զինուորաց եւ գիւղապետաց հրամայեց, որ գիւղեգիւղ իրենց հարիւրապետներն ընտրեն եւ իրեն ներկայացնեն. շուտ մը ընտրութիւններ եղան, եւ առանց վայրկեան մը կորսնցնելու, այն բոլոր բազմութեամբ յարձակեցան Վահկայ հայրենական բերդին վրայ ուր փոքրիկ խումբ յունաց աւազակաբար կ'ապրէին Լեւոնի անկմանեն ի վեր. որք, երբ տեսան այն ահագին բազմութիւնը` շփոթած կը նայէին թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս այն սմքած հայերը կրցեր էին գլուխ վերցնել: Իսկ Թորոս իւր դեսպանը արդէն իր հետ բերած էր: Ամուտայ բերդին բերդապահներէն խարդախ, շահասէր, ճոռոմաբան մարդ մը ընտրած էր, որու ոչ թէ միայն ազատութիւն, այլ նաեւ հարստութիւն եւ գանձ խոստացեր էր թէ որ կարէնար համոզել բերդակալը` բերդը տալու առանց պատերազմի, եւ գաղտնի վարձք ալ խոստանալով կ'աւելցնէր, որ, եթէ դիմադրութեամբ եւ արիւնահեղութեամբ առնուէր բերդը, երդում կ'ընէր իր նախահարց վրայ թէ իրմէ գթութեան պէտք չէր ոք սպասէր:

Ուստի յոյն պատգամաւորը, երբ գնաց եւ յայտնի ու գաղտնի պատգամները կատարեց, բերդակալը ժողովք մը ըրաւ. Ամուտայ բերդին սքանչելեօք առումը, վախն ու վարձքը, պաշարի պակասութիւնը, ռոճիկներու չհասնիլը, պահապանաց թուոյն սակաւութիւնը բաւական պատճառ եղան բերդը յանձնելու Թորոսի: Նոյն իրիկուն բերդին դռները բացուեցան ու բանալիները տրուեցան Թորոսի, որ յաղթանակաւ իր հարցը բուն ժառանգութեան բնակարանը կը մտնէր եւ կը տիրանար. մէկին պէտք եղած հրամանները տրուեցան նորոգութեան համար, որ հոն հաստատուի ինք, եւ ան զիշեր իր բոլոր խումբերը կը բաժնէր ընդ ձեռամբ Բաբկէնի, Կ'ոստանդնի եւ Սարգսի զանազան բերդերու վրայ. իսկ ինք ընտրանեօք երեք հազար մարդ հետն առած, ճամփայ կ'ելնէր ուղղակի Մամեստիոյ վրայ, րւր կայսեր կուսակալը կը նստեր. առաւօտ չեղած իր զօրքերը հոն հասան, ուր իր անուան երկիւղը արդէն իրմեն առաջ հասեր էր:

Հետն էր նաեւ կայ պան ոք Ամուտայ բերդակալ իշխանը, փեսայ Մամեստիոյ կուսակալին, զօր կանչեց Թորոս իւր առջեւ եւ հետը քաղցրութեամբ խօսեցաւ. խոստացաւ իրեն Ամուտայ բերդին իւր բոլոր ստացուածքը, զաւկըները, կինը, ծառայքը, ամէնն ալ ողջ ամբողջ դարձնել թէ որ կարէնայ համոզել իւր խնամին, նոյնպէս կը խոստանար Մամեստիոյ իշխանին ամէն դիւրութիւն, ազատ երթալու իր բոլոր ընտանեօք եւ զօրքերով, միայն թէ խաղաղութեամբ իր ձեռքն յանձնէր քաղաքը: Իսկ, ընդհակառակն, եթէ պարտաւորէր պատերազմի սկսիլ, պէտք էին որոշ գիտենալ հոռոմք, որ առջի թափուած արեան կաթիլին հրաման պիտի ղրկէր տանելու ծախելու Հալապու ամիրային կինն ալ, զաւկներն ալ եւ ամէն ծառաները, որ բերդին մէջ կալանաւոր էին: Եւ ա՛լ անկից վերջ դաշինքի ու գթութեան չսպասէին իրմեն: Երեք ժամու չափ միջոց տուաւ իրեն եւ յուղարկեց:

Բայց Թորոս ան մարդիկներէն էր, որ պարապ ժամ անցունել չեն գիտէր. ուստի զօրաց երրորդ մասը զէնքի վրայ պատրաստ` քաղքին դռան առջեւ ճակատեցնելով, միւս երկու մասին հրամայեց գոց խրամը փորել. ինք գլխունուն վերեւ կեցած կը ցուցնէր, կ'աշխատէր, եւ իր օրինակաւբ ամէնքը կը քաջալերէր, եւ աս գործողութեան հանդիսատես ու մասնակից կ'ընէր բոլոր հոռոմ գերիներն, որ բռնուած, բանակը բերուած էին, գաղտնի ապսպրելով իր զօրաց, որ եթէ ոմանք մէջերնեն քաղաք փախչելու փորձ ընեն` թո՛ղ տան եւ աչք գոցեն:

Թորոսի բոլոր փափագը այն էր, որ առանց արեան, ճապաղեաց եւ արագութեամբ գործը լմնցնէ, ժամանակ չի տայ թշնամուոյն ուշաբրելու, վասնզի գիտէր թէ առաջի արհաւիրքը մարդկանց սրտին վրայ ինչչա՛փ զօրաւոր է. ուստի իր զօրաց մէջ վերջի աստիճանի գործունէութիւն մը կը տիրէր,, հիւսները բոլոր սանդուխ շինելու զբաղած էին, խումբ մը զինուոր դէտ` Տարսոնի ճամփուն վրայ կը սպասէին, որ օգնութիւն թէ գար քաղքին` ժամանակին դիմաւորէին. բոլոր Սեւ լեռը հրաման գնացած էր քանի մը օրուան պաշար հասցնելու բանակին. ուստի ժողովուրդ` արք եւ կանայք, ծերք եւ տղայք, որ պատերազմի չէին եկած` գունդագունդ ունեցածն կը բերէին, եւ երեկոյ չեղած բանակը առատութեամբ լցուեցաւ:

Մամեստիոյ իշխանը ձայն չէր տար, Ամուտայ իշխանը չէր երեվար, ուստի Թորոս քաղքին դիրքը լաւ մը քննելեն վերջ, անձամբ բոլոր փախստեան ճամփաները գոցեց, լաստափայտ մը Բիռամոս գետին վրայ իջեցուց, որպէսզի քաղքին ամէն հաղորդակցութիւնքը կտրէ: Երբ իրեն լուր տուին թէ գերի հոռոմոց մէկ քանի հատը քաղաք փախչիլ յաջողէր էին, սպասեց: Եւ իր յոյսը պարապ չելաւ, վասնզի քաղքին դոները բացուեցան, եւ պատգամաւոր մը երեւցաւ, որ դաշնադրութեան կուզեր մտնել. կայսեր կողմեն Թորոսի ներումն, Ամուտայ բերդը իրեն թողուլ Սեւ լեռան բնակչաց տարուան մը յարկաց թողութիւն կը խոստանար, միայն թէ բանակը վերցնէր ու երթար, եւ իշխանին կինը ու զաւակները դարձնէր: Թորոս այս պատգամները հանդարտութեամբ մտիկ ընելեն վերջ` «Ամուտայ ամրոցը առնողին շատ աւելի դիւրին է Մամեստիայ առնուլ, միայն կը ցավիմ, – ըսաւ, – որ փուճ տեղ արիւն պիտի թափի, բայց արիւնը ձեր իշխանին գլուխը լինի, ես անպարտ եմ, ես իմ հայրենի ժառանգութիւնս եկեր եմ առնելու, իմ իրաւունքս պահանջելու, վա՜յ անոնց, որ իրենց վիճակին անգէտ դաշնադրութեան ելած են ինձի հետ. թէ որ Մամեստիան ալ` ինչպէս տարակոյս չունիմ` Ամուտայ բերդին պէս առնուի. ես չեմ կրնար արգիլեր զօրացս, որ անգթութիւնք չի կատարուին: Վասնզի երկայն դոդիներու վրէժխնդրութիւնք դիզուած են սրտերու մէջ եւ վախեմ թէ գեղանին: Վաղը արեւուն հետ պատերազմը կը սկսի. այսպէս գնացէք ըսէք ձեր տիրոջ»:

Ինք մեծ յոյս ունէր թէ երկրորդ առաւօտուն քաղաքը անձնատուր լինի, վասնզի ժամանակ չէր տուած պաշար ունենալու, վասնզի միայն ի յունաց բնակեալ չէր, այլ բաւական հայ ժողովուրդ ալ կար, որ կրնար խռովութիւն մը հանել, եւ մէկ մ՚ալ, որ Ամուտայ իշխանը իր դժբախտութեամբ կրնար մեծ ազդեցութիւն գարծադրել Մամեստիոյ կուսակալին վրայ: Դուրսի հետ ամէն հաղորգակցսւթիւն արգիլելովն կը յուսար, որ վախը աւելի սաստկացնէ: Պաշարեալք գիշերուան վրայ յոյս ունէին, որ կարէնան սուրհանդակ մը թռցնել ի Տարսոն, բայց թէ գետին վրայեն եւ թէ ցամաքեն թղթատար մը հանելու փորձը անկարելի եղաւ, վասնզի արթուն պահապանք խստիւ ամէն ճամփաները բռնած էին:

Երբ առտու եղաւ, արշալոյսին հետ Թորոս կը սպասէր պատգամաւորի մը, որ չէր երեւար, ուստի աղեղնաւորաց եւ պարսաւորաց ընտիր խումբ մը շարեց պարսպին ան կողմերը, որ յարմար էին սանդուխներ կռթնցնելու, որպէսզի պարսպին վրայ գտնուողները մէկդի վարեն, որ արգելք չլինին անոնց, որ վերելակել պիտի փորձէին, եւ որոնց գլուխ կանգնիլ որոշած էր մտքեն. իսկ խրամին համար ալ խումբ մը գործաւորք անխոնջ կ'աշխատէին, երբ քաղքին դռները բացուեցան, եւ պատգամաւորք երեւցան: Այս անգամ յունական գոռոզութիւնն եթէ խոնարհած ալ չէր գոնէ տեղի կ'ուտար: Ամուտայ իշխանն էր պատգամաւորաց գլուխ, որ կ'իմացնէր թէ Մամեստիոյ կուսակալը յանձն կառնուր քաղաքը տալ այն դաշինքներն ընդունելով, զօրս առաջարկած էր Թորոս: Ուստի շուտ մը հրաման ղրկեց Թորոս` Ամուտայ ամրոցը բերելու իշխանին ընտանիքը եւ ամէն ստացուածքը. նոյնպէս ամէն թոյլտւություն ըրաւ կուսակալին, որ ահագին կարաւանաւ մը քիչ ատենեն երեւցաւ իր պահապաններով եւ ընտանիքով, եւ ամէն ինչքերով, որ կրնար տանիլ: Լաւ ընդունելութիւն ըրաւ Թորոս եւ ամենայն դիւրութիւն տուաւ իրեն, ու մէկեն տիրացաւ քաղքին, վասնզի, ինչպէս իրաւամբ կը կասկածէր իրեն ղրկած լրտեսները քիչ մը վերջը լուր բերին թէ Տարսոնի կուսակալը, արդէն ճամփայ ելած էր իր բոլոր զօրութեամբ Մամեստիոյ օգնութեան հասնելու, եւ ամէն տեղ յոյն եւ կայսեր հնազանդ հայ իշխանաց հրաման ղրկած էր, որ գան Ատանա, ժողւուին իրեն քով, ամենեւին չի կրնալով երեւակայել թէ գողի պէս մտած կէս ապուշ երիտասարդ մը, ինչպէս իրեն կը նկարագրէին Կ'ոստանդնուպոլսեն եկած թղթերը, բաւական զօրութիւն ժողուած լինէր իրեն դիմադրելու համար:

Կային շատեր նաեւ իր բանակին մէջ, որ տեսնելով Մամեստիոյ կուսակալին իր բոլոր հարստութեամբ ազատ երթալը, կը մռմռային, կը հառաչէին եւ կը մեղադրէին զթորոս, որ չէր դրժէր խոստմունքին այնպիսի մարղկանց, որ դրժանքը եւ խաբէութիւնը պատիւ եւ յաջողակութիւն կը համարէին: Բայց Թորոս հաստատ իւր խոստման, դուշակելով նաեւ իր շուրջը եղած լռելեայն խորհրդածութիւնքը, վասնզի ժամանակին ոգին լաւ կը ճանչեր, կը քարոզէր թէ ինչ վստահութիւն, որ ուրիշներուն վրայ կը քամահրենք, պէտք չէ երբեք ի գործ դնենք:

Եւ Մամեստիայ մտնելով, շուտ մը պէտք եղած ամրութիւնները հրամայեց աւելցնէի եւ ինչպէս լաւ երեւակայէր էր` իմացաւ թէ քաղքին անձնատուր լինելուն գլխաւոր պատճառներուն մէկն ալ քաղաքին մէջի հայոց խլրտումն եղած էր: Ուստի նոյն օրը զօրաց լաւ հանգիստ մը տալեն, երեք օրուան պաշար իւրաքանչիւրին բաժնել տալեն եւ քաղքին պաշտպանութիւնը Մամեստիոյ հայոց յանձնելեն վերջ` մութն ի լուսուն ճամփայ ելաւ դէպ Ատանա իր երեք հազար հոգիով, որ ամենեն ընտիրներն էին բոլոր Տորոսի լեռանց. կը յուսար յանկարծակի հասնելով Տարսոնի կուսակալին վրայ, քանի՜ որ նիզակակիցներու օգնութեամբ չէր զօրացած, յաղթութիւն մը կանգնել եւ իր համբաւը բարձրացնել:

Իր բանակին մէջ հազիւ թէ ձիաւորաց փոքրիկ խումբ մը կար, մնացեալ բոլորն ալ հետեւակ էին, բայց այս հետեւակները լեռներու բնակիչ պղնձէ սրունքներ ունէին եւ որ մեծն է, կը տեսնէին Ռուբենի ժառանգը` արտաքոյ կարգի էակ մը իրենց աչքերուն, որ սպառազէն վահան ու բոլոր զէնքերն ստանձնեալ ամէնուն առջեւեն կը քալէր հսկայաբար, իբրեւ թէ իրեն համար խաղալիք լինէին տաժանմունք, վտանգ, արեւ, փոշի, ծարաւ եւ անօթութիւն: Յիրաւի այդ զարմանալի զօրաւոր կազմուածքը, այդ վսեմ նայուածքը, այդ համառօտ եւ ազդու խօսքերը, այդ կերուխումի ժուժկալ չափաւորութիւնը ամէնուն պատկառանք, վստահութիւն եւ հպատակութիւն կ'ազդէինք, որ օրաւուր պաշտօնի պիտի դառնար:

Երբ այսպէս լռիկ կ'արշաւէր բանակը, եւ միայն երեք հազար մարդու ոտից տրոփէ ի զատ ձայն չէր լսուէր, եւ ծարաւի զինուորը Սարուս գետին հասնելու, իր ծարաւը զովացնելու յուսով կ'արտորար, յառաջապահ գունդը, որոնց գլուխն էր Թորոս` կանգ առաւ, վասնզի դժբախտ տեսարան մը զինք արգիլեց: Հայ ջորեպաններու խումբ մը ութ-տասր հոգի, մեռեալ եւ վիրաւոր, ճամփուն վրայ արիւնլուայ ինկած մնացեր էին. հազիւ թէ մէկ-երկուքը կեանքի նշան կ'ուտային. պէտք եղած դարմաններ, քիչ մը գինախառն ջուր տրուելով, քիչ մը զօրացան: Այն ատեն իմացան թէ Մամեստիոյ իշխանին գունդը այս խեղճերուն հանդիպելով ճամփան վյրեժխնդրութեան ոգուով զիրենք զարկեր սպաննէր եւ վիրաւորէր էին եւ իրենց ցորենաբարձ գրաստներն յիշատակէր տարեր էին: Քանի մը ձիաւոր իջեցնել տուաւ Թորոս, իր եւ անոնց ձիերը տուաւ` թէ վիրաւորները եւ թէ մեռելները բեռնաւորելու համար, մինչեւ որ հայու գեղ մը հաան, հոն զանոնք յանձնեց գիւղացուոց, որ թաղելիքը թաղեն, դարմանելիքը դարմանեն, մինչեւ որ Ատանա ու քաղաքը երեւցաւ իր ծառաստաններով. այն ատեն ձիաւորաց խումբին հրամայեց զգուշութեամբ յառաջ անցնիլ եւ քննել թէ արդեօք ո՞ւր էր թշնամին, եւ ինք գետին եզերքը նստաւ իր բանակաւ, զօրքը իրենց աղքատիկ պաշարը հանեցին ու կերան, եւ ինք Թորոս քանի մը ձիթունով ու կտոր մը պանրով, անոնց պէս կը շատանար, եւ միայն իր ղրկած տեղեկաբեր խումբին կը սպասէր, որ որոշ լուր մը առնու:

Մեծ եղաւ իր ուրախութիւնը, երբ լուր բերին իր թեթեւ ձիաւորները թէ յունաց բանակը Տարսոնի ճամփուն վրայ Ատանայի երկու ժամ մնացած ծառաստաններու տակ կը հանգչէին կէսօրուան արեւուն տաքութեան չենթարկուելու համար:

Անպարիսպ Ատանա մտնել եւ տիրանալ բան մը չէր, եւ զարմանալի օգուտ չունէր, բայց տարսոնացի զօրքին վրայ յանկարծուստ հասնիլ ջարդուբուրդ, ցիրուցան ընել` գեղեցիկ եւ շահաւէտ գործողութիւն մ՚էր. այս էր, որ զինք կը դրդէր, բայց երբ կը մտածէր, որ զօրքը դեռ երկու ժամ ճամփայ պիտի քայլէին եւ հանգչած ու դադրած զօրաց հետ պիտի կռուէին` կը վարանէր. ուստի փորձ մը փորձել մտածեց եւ զօրքը ժողովելով իրենց հետ այս կերպով սկսաւ խօսիլ.

«Ո՜վ իմ հայերս, մէկ քանի օրուան մէջ ես ձեր քաջութեան փորձը առի, կը տեսնեմ թէ տոկուն էք աշխատութեան եւ ձեր զօրաւորացայ գիտէք հնազանդիլ, որ զինուորի մը է՛ն մեծ կատարելութիւնն է. բայց այսօր շատ յոգնեցանք, եւ ես հարկաւոր կը տեսնեմ երթալ գտնել մեր թշնամիները եւ յունաց զօրքին վրայ քալել, ուզողը թող ետեւես գա, մնացեալքդ հանգչեցէք եւ վերջը մեզի հասէք»:

Այս կարճ, բայց որոշ խօսքերուն վրայ աղաղակ մը փրթաւ, ամէն ձեռքեր երկնցան, եւ ամէն ոք իրեն հետ մահուան նաեւ երթալ յանձն կառնուր: Ուստի առանց ժամանակ կորսնցնելու հրամայեց ճամփայ ելնել, եւ ինք կ'առաջնյէրդէր տեղեկաբեր հեծելագունդը առջեւեն ձգած: Այն եռանդով շուտ մը հասան թշնամուոյն բանակը, որ հազիւ դեռ քունը կը թօթափէր եւ կը խլրտէր. երբ երեք հազար հոգուոյ աղաղակը օդը թնդացուց, եւ սուրերը ձեռվնին կատաղի խումբ մը այրած, մրկած, արեւեն սեւցած` սատանաներու պէս նոցայ մէջն ինկան եւ սկսան կոտորել, սոսկալի վայրկեան մը եղաւ, ուր նոցայ համար վերջին օրն գրեթէ հասած կարծեցին: Բայց նոքա թուով կրկին էին քան զհայս, ուստի վերջնապահ խումբը կրցաւ փաղանգ մը կազմել եւ փախչողներուն պատսպարան լինիլ եւ ժամանակ տալ, որ ինքզինքնին գտնեն եւ խմբուին պատերազմի, այս որ տեսաւ Թորոս` քաջակորով խումբ մը իրեն միացուցած` ինկաւ սաստկութեամբ աս փաղանգին վրայ, որպէսզի կանոնաւորեալ նահանջի մը տեղի լի տա. երկու կողմ են ալ արիւնը գետօրէն սկսաւ վազել, նիզակները կը կոտրտէին, վահաններ կը ջախջախէին, սուրերու բեկորներ կը թռչտէին, մինչեւ որ դեռակազմ փաղանգը ցրուեցաւ, եւ յունաց խումբերը ցանուցիր սկսան փախլիլ. իրենց կոտորածը շատ աւելի պիտի լինէր, եթէ հայոց խումբը յոգնած չլինէր, բայց Թորոս դարձեալ լի կեցաւ, այլ հեծնելով իր արաբ ձիուն վրայ, իր ան փոքրիկ հեծելագունդը առած, երկու-երէք ժամու միջոց կը ջարդեր` կը հալածէր փախստականները: Եւ, թերեւս չդադրէր զիրենք հալածելեն մինլեւ Տարսոնի դռները, եթէ յանկարծ ամպի պէս փոշի մը երկինք բարձրանալով հեռուանց լիմացնէր իրեն թէ հեծելագունդ մեծ խումբ մը օգնութեան կը հասնէր թշնամուոյն. աս խումբը, որ Լամբրոնի կողմեն կ'ուգար, կ'իմացնէր Թորոսի թէ որո՞նք էին եկողները, ուստի խոհեմութիւն սեպեց ետ դառնալ, բաւական համարելով եղածը:

Երկու հազարի լափ մարդ կորուսած էր թշնամին. իրեն կորուստն ալ հինգ հարիւրեն աւելի էր` մեռած եւ վիրաւոր. մեռեալները պատուով թաղել, վիրաւորները այն գիշեր ճամփայ հանել, որպէսզի իրենց տուները, իրենց ընտանեաց քով դարմանուին եւ ցերեկուան արեւու ճառագայթներէն լի նեղուին` իր առաջին գործն եղաւ, նոյնպէս մեռեալներու ընտանեաց եւ վիրաւորաց աւարին ընտիր մասը նախ բաժին հանեց անոնց, որ իրենց արիւնը թափած էին քաջութեամբ պատերազմելով: Անկից վերջ արդարութեամբ բաժնեց աւարը պատերազմողաց, իսկ իրեն ամենեւին բան մը չի պահելով զարմացուց ամէնքը: Այն գիշերը թշնամուոյն բնակած տեղը անցուցին զինուորները: Երկրորդ առաւօտուն կանուխ Ատանա քաղաքը պաշարել տուաւ Թորոս եւ հազար ոսկուոյ տուրք մը ձգեց քաղքին վրայ ժամուան մը միջոց թողլով, եւ երբ պահանջածն առաւ, վերցուց բանակը ու եկաւ Մամեստայ, ուր տեսաւ թէ իրեն կը սպասէին Բաբկէնի հետ Եւփիմէ եւ Դիոնիս: Եւ փառաւոր յաղթանակի մուտք մը իրեն պատրաստէր էին:

Արդէն իր անունը քանի մը օրուան մէջ բոլոր Կիլիկիա եւ աւելի Հեռու տեղուանք սկսէր էր տարածուիլ, ու Լեւոնի որղուոյն դարձը` Հայոց ուրախութիւն եւ օտարաց երկիւղ դառնալ:

ԳԼՈՒԽ ԺԵ ԱՆԱՐԶԱԲԱՅ ԿՈՒՍԱԿԱԼԸ

Արտաքոյ կարգի վիճակ մ՚էր այն ատեն Կիլիկիոյ վիճակը. հայ ժողովուրդ մը Տորոսի լեռներուն մէջ օրաւուր կ'աւելնար, վասնզի Հայաստան եւ Փոքր Ասիա այլակրօնք տիրանալով անտանելի կնէին հայուն հայրենական, անձնական եւ կրօնական ազատութիւնը, հալածանք եւ գերութիւն իր եւ ամէնքին բաժինն էին:

Ժողովուրդը, ինչպէս ասիական ամէն ժողովուրդք, երբեք չէր երեւակայած այնպիսի ազատ կառավարութիւն մը, ինչպէս որ յոյնք եւ հռովմայեցիք իրենց պատմութեան մէկ ժամանակին կրցեր էին ունենալ եւ ի գործ դնել` եւ զօր հանրապետութիւն անուանած էին ի փառս եւ ի պատիւ հայրենեաց ու մարդկային ազգին: Մեր եկեղեցական նախնի հայրապէտք հազիւ թէ քրիստոնէական կրօնից գրքեր ու գաղափարներ թարգմանելու եւ տարածելու ժամանակ ունեցեր էին, եւ ազգային պատմութեան մշուշ համառօտութիւնը Մովսէս Խօրէնացուոյ շնորհիւք այնչափ տկար էր ժողովրդեան մտքին մէջ, որ հայ զօրավարներ իրենց զօրաց քաջալերութեան օրինակի համար հրէից պատմութեան դիմելու պարտաւորուած էին: Եւ ի՜նչ զարմանք: Թէ որ եւրոպական ժողովուրդք ասկից հարիւր յիսուն տարի առաջ հայրենեաց եւ ազգութեան գաղափար հազիւ թէ ունէին, ասիական ժողովրդոց համար նոյնը երեւակայել ասկից եօթ հարիւր տարի առաջ, բոլորովին տղայամտութիւն կրնայ համարուիր Ուստի Տորոսի վրայ ժողովուած հայուն բազմութիւնը, ինչպէս նաեւ ժամանակակից օտարազգիք ալ կը վկայէն, երկու կատարելութիւն ունէր. պատերազմական քաջութիւն, քրիստոնէական հաւատք. ամէն մարդ զինուոր եւ ամէն մարդ իր Հայրենի կրօնին գերին է: Իրեն համար ազգային դրօշակ խաշն էր, եւ իր բոլոր աստուածաբանութիւնը Լուսաւորչայ կրօնք անփոփոխ պահպանելն, ուրիշ նրբամիտ ժողովրդոց բաժինն էր իրեն համար կրօնական դաւանութեանց, արարողութեանց եւ վարդապետութեանց համար փոփոխութիւններ մտցնել, ինք որ պարսից, յունաց եւ արաբացուոց դէմ իր բոլոր զօրութեամբ այն իւր կրօնքին պաշտպանութեան համար ամէն բան զոհած էր, աս մասին անդրդուելի էր: Ուստի հալածանք սելջուկեանց, հալածանք ամիրապետաց եւ անթիւ մահմեդական ամիրայից, հալածանք բիւզանդական կայսերաց, հալածանք նաեւ ի վրաց, զինք քշէր բերէր էին Տորոսի բարձունքը, եւ հոն կը լեցուէր, կը դիզուէր ամպի պէս ժողովուրդը, որ կարելի չէր թէ քիչ-քիչ իբրեւ վտակ, վերջը իբրեւ գետ եւ էն վերջը իբրեւ հեղեղ չիջնէր եւ դաշտը չողողէր:

Բայց ժողովուրդը միշտ առաջնորդի պէտք ունէր, ինչպէս ամէն ժողովուրդք ունեցեր են եւ պիտի ունենան. հաւասարութեան, որ Սպարտիոյ օրէնսդիրն անգամ չէր երեւակայած անկարելի է, քանի որ բնութիւնը զմարդիկ հաւասար չէ ստեղծած նիւթական եւ մտաւորական կատարելութեամբ, ուրեմն մեր հայ ժողովուրդը միշտ կը նկատէր երկու տեսակ մարդիկ. իր կրօնական գլուխները, որ զինք միշտ կը յորդորէին Պօղոսի հետ «Հնազանդ լինիլ մարմնաւոր տէրանց» եւ նախարարական հին սերնդոց պայազատքը, որ իբրեւ թէ փառաց ճաճանչմը գլխնուն վրայ կը կրէին, յարգանք, պատիւ եւ իշխանութիւն աննախանձ եւ անուրանալի սեփականութիւն անձանց համարելով:

Ամէն ամրոց, բերդ, դղեակ, իշխանի մը ստացուածքն էր, որ միշտ Արծրունի, Բագրատունի, Կամսարական, Սիւնի, Պահլաւունի, Մամիկոնեան եւ ուրիշ ասռնց նման սերնդոց կը վերաբերէին, որք ազնուականաց բնական առաքինութեամբք եւ թերութեամբք առաք կամ ետ կ'երթային, յօգուտ կամ ի վնաս անձանց եւ հայութեան, ժողովուրդը միշտ իր սրտի ձայնին եւ մտքին համոզման հետեւելով, այս իշխանաց եւ բերդակալաց մէջ զանոնք կը վերադասէր, որ առաւել ինքնիշխանութեան եւ հայրենի հնաւանդ կրօնից եւ սովորութեանց պաշտպան էին, եւ հետեւապէս իրենց ազգին անհատից: Ասկից նաեւ Ռուբինեանց ժողովրդականութիւնը, որոնք հայութեան բուն ներկայացուցիչքն էին իր աչքին, մինչ իբրեւ օտարածին կ'արհամարհէր յունացեալք եւ լատինացեալք, որք Սեբաստոսութեան, Տուքաթեան եւ այլ ուրիշ տիտղոսներով բիւզանդական կայսրեն մեծապատիւ կը վարձատրուէին:

Կային նաեւ անոնց մէջ այնպիսիներ, որ ոչ միայն իրենց ազգին պաշտպանութիւնը կ'արհամարհէին, այլ օտարաց հաճոյ լինելու համար իրենց ազգը արհամարհել, եւ անկից օտարանալն ու զանի հարստահարելն իրենց սովորութիւն ըրած էին:

Երբ Թորոս, յաղթանակաւ եւ աւարաւ, ժողովրդեան ծափահարութեամբ եւ գովասանական երգերով կը մտնէր Մամեստիայ, իր ամուսինը քովն ունենալով, որուն ազնուական գեղեցկութիւնը ժողովրդեան աշխոյժը կը ոգեւորէր, հոն իրարու վրայ կը հասնէին իր տեղակալքը. Կոստանդին, որ Բարձր բերդի տիրէր էր, եւ Սարգիս, որ Առիւծ բերդն առէր էր, եւ այսպէս իրարու վրայ յաջողութիւնք կրնային ո՛յ իցէ գլուխ մը գինեհարել, բայց Թորոսի ուշիմ լրջութիւնը շատ հեռու էր ինքզինքն կորսնցնելէ: Անոր համար միշտ կը հարցնէր եւ կը տեղեկանար, թէ ո՞ւր էր թշնամուոյն զօրութիւնը. ի՞նչ դիրք կար, ի՞նչ զօրութիւն կար իրեն վնասակար լինելու: Քաղքի մը անուն կար իր մտքին մէջ, ժառանգութիւն հայրենական, ուր իր տղայութեան մէկ մասը ուրախ, զուարթ անցուցեր էր, բայց կը սպասէր, որ ուրիշները զրուցեն եւ յիշեն: Վերջապէս Կոստանդին զրուցեց. «Թէ որ կ'ուզէք աս հողը անպիտան եւ վնասակար խոտերէ մաքրել, պէտք է բոլոր զօրութեամբ Անարզաբայ տիրենք»:

– Ո՞վ է անոր կուսակալը:

– Մանաւանդ թէ ըսենք` ո՞վ է անոր տէրը, ո՞վ է անոր բռնաւորը:

– Ինքնիշխան տուրեմն հոն կը տիրէ:

– Պապեռոնի տէրը, որ յունաց հաւատարիմն էր, հօրդ գերութենեն վերջը Անարզաբայի կուսակալ եղաւ, եւս անարզաբացի հայերէն քանի մը հոգի, որ ինձ եկեր էին դողալով` հոս մէկտեղ բերի եւ իրենց վիճակին ինչ-որ պատմեցին, ինձի զզուանք բերաւ. լսեցէք ու դատեցէք:

Այս խօսքերն ըսելով, Կոստանդին հրամայեց իր մարդկանց, որ ներս բերեն անարզաբացիքը: Ցնցոտիներով ծածկուած երեք-չորս հոգի մտան շարուեցան սրահին մէջ, նոցայ խոնարհ կերպարանքը, վզերնուն կորութիւնը, յուսահատ նայուածքը, որ շատ հեռի էին իրենց լեռնաբնակ ազգայնոց խրոխտութենեն` յայտնի կը քարոզէին իրենց վիճակին թշուառութիւնը:

– Ի՞նչ կ'ուզէք, ինչո՞ւ էք մեզի, – հարցուց Թորոս:

– Ո՜վ որդի մեր իշխանին, – ըսաւ ծեր քահանայ մը մէջերնեն, – տասը տարի է, քանի որ դուք մեզ թողիք գնացիք, տասը անհատնում տարի եղան, որ մենք անարզաբացիքս, խիստ կը չարչարուինք: Թէ որ բռնաւորը պարսիկ լինէր, արաբ լինէր, յոյն չիներ, խաչ չունի, հաւատք չունի, Լուսաւորիչ չի ճանչեր կ'ըսէինք, կը համբերէինք, բայց այդպէս չէ, այս անիծից ծնունդը ազգաւ հայ է, անունով Սմբատ է, ցեղով Մամիկոնեան է կըսէ, կը պարծի, Վասակի գործ կը կատարէ, հարկ-տուրք կառնէ, մեզ ու մեր տղաքը անօթի կը մեռցնէ, ի՛նք չի կշտանար. մարդ մ՚ունէի, որ արդարութեան համար դատաւոր դրած է, դատաստան ուզող չի կայ` դատ կը հնարէ, սուտ վկայ կստեղծէ, որ բանտի, պատժոյ, տուգանքի ճար գտնէ, կաշառք առնէ, արիւն թափէ, չար սիրտը զովացնէ. ուրիշ մարդ մ՚ալ ունի, որ աստուծոյ պաշտօնեայ` քահանայ, վարդապետ, եպիսկոպոս է կ'ըսեն, բայց մենք պճնասէր, արծաթասէր եւ հեշտասէր տեսանք զինք. այր է կ'ըսեն, կը նկան պէս բեհեզներ կը հագնի, սնդուրով ներկուած կը տեսնենք: Պատւհաս քահանայից, պատիժ ժողովրդեան, բարեկամ օտարաց եւ անհաւատից: Մեր գեղերը քանդուեցան, մեր տուներն աւերակ դարձանք ինք` պալատներ կը շինէ, պարտէզներ կը շինէ մեր աւերակաց վրայ. իր ամէն ազատքը մեյ մէկ աւազակ, մեյ մէկ պատուհաս են գլխունուս վերեւ, մեր տղայքը, մեր աղջկունքը իրենց ծառայութեան եւ զուարճութեան համար են ստեղծուած. մեր լեզուն, մեր հաւատքը հոռոմեն աւելի կը նախատեն, օտարին նախատել կ'ուտան. քաղաքը գեղ դարձաւ, միջնաբերդ ապարանքը Բաբիլոն, Սոդոմ Գոմոր եղաւ: Ես ա՛լ չեմ խօսիր, մնացածը դու գնա, հասկցիր: Մենք հոս եկանք, թէ որ դու ճար-ճարակ չընես, մենք մեր տուները չենք կրնար դառնալ. մեր զաւկներուն կեանքը ո՜յ գիտէ, հիմա ի՞նչ վտանգի մէջ է, վասնզի երկիրը լրտեսներով լեցուն է: Մենք անգամ մը Տարսոնի կուսակալին բողոքեցինք. անոնք, որ Տարսոն գնացին, չգիտենք թէ ո՞ղջ են թէ մեռած. բանտ մտան, մէկ մ՚ալ չելան. կնիկնին, զաւկընին Հալէպ ծախուեցան, ա՛յն գիտենք:

Քահանան լռեց, տխուր լռութիւն մը տիրեց ամէնուն. ամէն աչք Թորոսին կը նայէր, եւ ոչ ոք հարցմունք ընել չէր համարձակէր, մինչեւ որ Թորոս`

– Տէր հայր, – ըսաւ, – թէ որ տխուր մտածութիւն մը եկաւ մեզ ամէնուս` սա ձեր պատմածներուն վրայ, մի կարծէք թէ դժկամակութիւն մ՚ունինք ձեզի օգնելու, կամ աշխատութենէ կը փախչինք անոր համար, ո՛չ երբեք. մենք ըսածներուդ վրայ տխրեցանք, որովհետեւ աս ձեր իշխանը հայ է, որովհետեւ դուք ալ իրեն կրօնակից եւ ազգակից եղբարքն էք, եւ մենք ձեր փրկութեան համար պիտի պարտաւորինք հայու հետ պատերազմիկ հայ արիւն թափել. զօր մեծ մեղք կը համարինք: Բայց քեզի բան մը պիտի հարցնեմ. չէ՞ք ճանչեր մէկը, որու խօսքը անցուկ լինի այդ ձեր իշխանին առջեւ:

– Մարդու խօսք ազդեցութիւն ընէ՜, հրեշտակ ամենակալին գա` մտիկ չընէր: Այդ իր եպիսկոպոսին անարգանաց եւ վատութեան վարմունքը կաթողիկոսին ականջ գնացեր հասեր էր, չենք գիտէր ի՞նչ կերպով. նա ալ իշխանին օրհնութեան թուղթ գրած, զեպիսկոպոսն ուզած էր Ծովք` ի կաթողիկոսարանն, որ խրատէ. քաղաքն ու դղեակ տակնուվրայ եղան, կաթողիկոսի յիշատակութիւնն արգիլուեցաւ պատարագի մէջ, եւ քահանայ մը, որ կամ անգիտութեամբ հրամանին կամ գիտութեամբ յիշած էր Սրբազանին անունը` այնչափ ծեծ կերաւ եւ այնչափ ամիս բանտը կեցաւ, որ ելնելեն վերջը հազիւ երեք ամիս ապրեցաւ:

– Լաւ, – ըսաւ Թորոս, – մենք իրեն քաղցրութեամբ ազդարարութիւն կուղարկեմք, եւ թէ որ իր ընթացքը չի փոխէ, այն ատեն միայն խօսքով չեմք շատանար եւ պէտք եղածը կը գործադրեմք:

Մարդիկը դուրս ելան, բայց հոն` վարը դռան քով մնացին, եւ յայտնի կը զրուցէին թէ իրենց իշխանին խրատ, ազդարարութիւն ոչինչ օգուտ չէր ընէր, սուրը միմիայն մէկ հատիկ դարման էր` «Բայց ա՛ն ալ, կ'ըսէին, ինչ օգուտ ունի Անարզաբայ պարիսպներուն, արդէն իշխանը լսելուն Մամեստիոյ առնուիլը, թո՛ղ հոս մեր վրայ գային, տեսնէինք ո՜վ որի անձնատուր կը լինէր. կը կանչվռտէր, աստուած ինք մեզի ողորմի»:

Նոյն միջոցին երիտասարդ մը ելաւ պատգամաւոր, որ մէկեն ձի հեծաւ եւ Անարզաբայ ճամփան բռնեց սրընթաց. հրաման ունէր նոյն իրիկունը դառնալու: Ուստի տղան կ'երթար անդադար կրակի պէս, ոչ հաջ եւ ոչ հահեակ նայելով, եւ երեք ժամ հազիւ թէ եղած, կ'իջնէր Անարզաբայ միջնաբերդին դռան առջեւ, իմացնելով թէ պատգամաւոր էր Ռուբինեանց Թորոսի, որդուոյ Լեւոնի, իշխանին Վահկայ, Մամեստիոյ, Առիւծու, Ամուտայ, Բարձր բերդի եւ Սիմանայ կլայ: Թէպէտ երիտասարդը անհամբեր կը սպասէր, բայց Սմբատ իշխանը կամաւ քամահրելու համար զթորոս անոր սպասել կ'ուտար: Բայց Թորոս գուշակութեան ոգին ունէր, ուստի թէպէտ երիտասարդ մը ընտրած էր իրեն պատգամաւոր, բայց լաւ քննէր էր զանի եւ առանձին խրատէր էր թէ ինչպէ՞ս պիտի վարուի: Ուստի տղան թէպէտ անհամբեր, բայց նոյն միջոցին իր իշխանին պատմութիւնը կընէ բերդապահաց թէ ինչպէ՞ս հինգ-վեց օրուան մէջ անառիկ բերդերը առիկ ընելու սքանչելի զօրութիւն մը կար իր քով, թէ ինչպէ՞ս անշահասէր եւ առատաձեռն էր եւ թէ ինչչա՛փ որ խիստ էր պատերազմի մէջ` նոյնչափ ալ գթած էր խաղաղութեան մէջ եւ նայելով Անարզաբայ միջնաբերդին ամրութեանց, կը բաղդատէր Ամուտայ, Վահկայ բերդերուն հետ եւ ոչինչ կը գտնէր անոնց քով զայս. եւ այնպիսի վստահութիւն ու զուարթութիւն կար իր խօսակցութեան մէջ, որ պահապանաց աներկիւղները նաեւ կասկած մը սկսան յղանալ:

Վերջապէս ժամեն աւելի սպասեցնելեն վերջ` հրաման ըրաւ իշխանը պատգամաւորը բերելու:

Հովանոցի մը մէջ` բազմոցներու վրայ ընկողմանեալ էր Սմբատ. ծաղկազարդ մարմարէ աւազանի մը իր ցնցուղով կը զովացնէր օդը. զինեալ ծառաներ առջեւը բարեւ կեցած էին անշշունջ, ինք դաժան կերպարանքով հարցուց երիտասարդին.

– Ո՞վ ես, ուստի՞ գաս:

– Մամեստիոյ իշխան Թորոս` որդի Լեւոնի, զիս ձեզի պատգամաւոր կուղարկէ:

– Ի՞նչ կուզէ ինձմէ, ի՞նչ յարաբերութիւն կայ իմ եւ ապստամբ փախստականի մը մէջ:

– Ձեր այն փախստական եւ ապստամբ ըսածը, այսօր, տասը-տասներկու հազար պատերազմողի հրամանատար է, եւ այսօր շաբաթ մը չկայ` վեց ամրութեանց տէր է, դեռ երէկ Տարսոնի կուսակալին բանակը ջարդուբուրդ հանեց եւ ցիրուցան ըրաւ, Ատանա քաղաքը ընդ հարկաւ ըրաւ, եւ վաղը ձայնին երեսուն հազար հոգի պատրաստ են դիմելու. կարծեմ թէ շատ հաւատարիմ հպատակներ այս ապստամբին հաւասարիլ երջանկութիւն պիտի համարին:

Արդէն դաժան իշխանին աչքերը կրակով լեցուեցան եւ իր դիրքը փոխելով ու շտկուելով`

– Անզգա՜մ, – որոտաց, – որովհետեւ գիտես թէ պատգամաբեր ես, անոր համար կը համարձակիս իմ առջեւս այդպէս խօսելու, բայց միտքդ դիր թէ ես անոնցմէ եմ, որ ուշ, կանուխ գիտեն վրէժ հանել: Ի՞նչ կուզէ ինձմէ քու տէրդ:

– Իմ տէրս, Թորոս իշխանը, Լեւոնի որդին, Անարզաբայ քաղքին օրինաւոր ժառանգը, – ըսաւ երիտասարդը, – միշտ հանդարտ եւ անխռով չի կրնար անտարբեր մնալ այս քաղքիս եւ իր շրջակայ գիւղերուն բնակչաց աղերսանաց եւ պաղատանաց, ուստի անոր համար զիս ձեզի կուղարկէ, որ ձեր զօրծակալաց խիստ եւ անլուր վարմունքը, որ անշուշտ ձեր անգիտութեամբ կը գործուի` չափաւօրէք եւ արգիլէք, բարի դրացութիւնն, որ հայ իշխանաց կը վայլէ` չաւրուի եւ հայ արիւն փուճ տեղ չի վազէ:

– Ի՜նչ, քու իշխանդ օրինաւոր ժառա՞նգ է այս բերդաքաղաքիս… ի՜նչ, քու փախստական աւազակդ ինձի հետ բարի դրացութիւնը՞ կուզէ պահել… իմ գործակալացս անգթութիւնը եւ խստութիւնը՞ կուզհ չափաւորել… ո՜հ, յիրաւի աս անտանելի է… կորի՛ր առջեւես թէ որ չես ուզէր հիմա հոս շան սատակ իյնալ, եւ գնա՛, զրուցէ՛ տիրոջդ թէ աւազակ մ՚է իր հօրը եւ հօրեղբօրը պէս, եւ թէ շատ չի քշէր ուսկից, որ գողի պէս եկաւ հոն պիտի դառնայ եւ՜ կախաղանն իրեն կսպասէ: Տէ՜, ելի՛ր ու կորի՛ր:

Երիտասարդն աչս խօսքերը դարձեալ անխռով մտիկ ընելեն վերջ, առանց պատասխան տալու եւ առանց երկիւղի նշան մը ցուցնելու իշխանին կատաղի եւ թունաւոր նայուածքն երէն, գլխով բարեւ մը տուաւ, իջաւ դուռը, հեծաւ իր ձիուն վրայ եւ նոյնպէս սրարշաւ անհետացաւ. ու երբ հասաւ Մամեստիայ, արդէն մութը տարածուած էր քաղքին վրայ: Բայց ամէն հայու տուն ուրախութեան, երգերու եւ նուագարանաց ձայներ կը լսուէին, զինուորները եկեղեցեաց բակերն ու գաւիթները եւ հրապարտակները կը լեցնէին, լեռնցի հայն ու դաշտեցին իրարու հետ կը պագտուէին, աստուծոյ այցելութեան հասնիլը կը պատմէին, երբ անդին յունաց թաղերն ու տները լռին տխրութիւն կը թագաւորէր, եւ հազիւ թէ դիպուածական անցորդ մը միայնութիւնը կ'ընդհատէր:

Բայց մենք դառնանք Անարզաբայ, ուր տեսարանը բոլորովին տարբեր էր. հոն միջնաբերդին մէջ Սմբատ իշխանը կատղած կը պտտէր, մռմռալով եւ հայհոյելով, բայց ամէն բան վերջ մը ունի, ուստի այս կատաղութիւնն ալ երկայն չի տեւեց, վասնզի երբ յիսուն տարիքին կը հասնի մարդ եւ կ'անցնի` կ'ամա-ակամայ խոհեմութիւն մը կը սկսի կատարեալ կամ անկատար. ուստի թէպէտ բնաւորութեամբ դեգ, ժանտ եւ կամակոր, բայց վերջապէս սկսաւ մտածել լսածներուն վրայ. եւ դժբախտաբար դիւրագրգիռ լինելուն չէր կրցեր հանդարտ մտիկ ընել պատգամաւորին ըսածներուն, ուստի թէպէտ գիտէր Ամուտայ եւ Մամեստիոյ առումը, բայց «Տարսոնի կուսակալին զօրաց ջարդուբուրդ եւ ցանուցիր» բառերը դեռ իր ականջին կը հնչէին. արդեօք իրաւ՞ էր թէ զինքը վախցնելու համար շինծու խօսք մը. տե՛ս դժբախտութիւնն ալ, որ ուրիշներու հարցնել տեղեկանալու ալ կ'ամաչէր. ուստի վեր-վար պտտելով կ'անցնէր ժամանակը. ահա ուրիշ դժբախտութիւն մ՚ալ, որ երբ այն յուզեալ վիճակին մէջ կը գտնուէր հազիւ քանի մը հոգի միայն կային, որ կարէնային համարձակիլ քովը մօտենալ եւ հետը խօսակցիլ, եւ անոնց երկուքն ալ այն միջոցին ձիերով ժուռ գալու ելեր էին մէկտեղ, այսինքն` եպիսկոպոսը եւ իւր կինը, որու ամէնքը սրբազան անունը կ'այտային: Ուստի մեր Սմբատ իշխանը, իր բարկութեան եւ հանդարտութեան սահմանակէտը հասած` ուժով-ուժով իր պիսակ մօրուքը կը խառնէր. բարեբախտաբար այս իր տանջանքեն ազատելու համար վրայ հասան Տիկինը եւ երիտասարդ եպիսկոպոսը:

Դիտելու արժանի էր այս երկու անձանց մուտքը, եւ այս մուտքը` խոստովանութիւն մ՚էր դիտող աչքի մը, մանաւանդ թէ ամէն աչքեր ու, որ նայիլ գիտեն, եւ միայն էրիկներու աչքերը տեսնել չեն գիտէր: Կինը, որ արդէն քառասուն եւ քիչ մ՚ալ աւելի տարիք ունէր, համարձակ եւ զուարթ կերպ, ձայն ուժովդ քիչ մը կերկեր, նայուածք` հաստատուն, քայլուածք` վսեմ, գրեթէ խրոխտ, երես` սնգուրած, արտէանունք` ներկուած, ձեռքը խարազան, մատերը մատնի. երբ իր էրկան եւ տիրոջ մէկ նայուածքով ճակատը տեսաւ, իբր քաշ նաւապետ ճանչցաւ թէ փոթորիկ մը անցէր է հոնկից, բայց խնդիրը պէտք էր իմանալ, ուստի զօրաւոր ձայնով մը` զօր պարագան աւելի կը զօրացնէր

– Այս ի՞նչ է, տխուր ենք, տէր իմ, ի՞նչ, մտածելու նիւ՞թ մը, կիրք ելլելու առի՞թ մը ունեցանք դարձեալ, – ըսաւ:

– Ոչի՛նչ, – պատասխանեց իշխանը իր յօնքերը խոժոռ իջեցնելով:

Այս «ոչի՛նչ» – ը, յօնքերու խոժոռ խոնարհումը, մեր երկու ամոլներուն ահուդող պատկառեցին, եւ փայլակի պէս ակնարկ մը իրարու ձգելեն վերջ, ակնարկ մը, ուր խղճի խայթը, ոճիրը, յայտնութեան երկիւղը, հետեւանքը` ամէնքը կը պարունակէր, Տիկինը դարձեալ խօսքը առաւ անհամբեր ձեւով մը.

– Թէ որ մարդ իր կնոջ եւ բարեկամաց ալ իր սրտնեղութեան պատճառները ծածկէ, սուտ են ուրեմն ընտանութիւն, բարեկամութիւն եւ վստահութիւն:

– Քիչ մը առաջ հոս որ լինէիք, կրնայիք տեսնել ապստամբին որդուոյն ինձի ըրած պատգամաւորութիւնը, եւ դուք ալ անձամբ կրնայիք դատել թէ իրաւունք ունի՞մ բարկութեան շարժէլու:

Այս յայտնութիւնը մեր երկու սիրասուն անձանց մեծ շունչ մը առնել տուաւ, եւ գոհութեան ակնարկ մը այս անգամ յաջորդեց. եւ ալ խօսելու կարգը սրբազանին էր, որ մինչեւ հիմա երկիւղալի լռութիւն մը կը պահէր, բայց աչ երկիւղը փարատելով, երեսին վստահութիւն եկաւ, թէպէտ շատ դժուարին լինէր շպարեալ երեսի մը վրայ բարոյական կիրքերը նշմարել: Եւ յիրաւի, այս անձը, որ ճանչեցինք քիչ մը վերը, երբ շատ խիստ կը նկարագրեր մեր խեղճուկ տէրտէրը` ի Մամեստիայ Թորոսի եւ իւր խորհրդականաց առաջին գրեթէ երեսունհինգ տարեկան երիտասարդ մ՚էր, միջահասակ, համեմատ եւ վայելուչ կերպարանքով, որու շնորհիւք, եւ հետեւաբար շնորհիւք մեր Մամիկոնեան տիկնոջ (եւ այս երկու շնորհքներուն մէջ յայտնի է թէ երկնային շնորհք ամենեւին միջամտութիւն չընեղով) քիչ ժամանակի մէջ եպիսկոպոսութեան աստիճանի արժանի եղաւ: Բնականաբար այսպիսի երկնային տուրք մը, այսինքն` դիմաց վայելչութիւն, որ իրեն յառաջադիմութեան այնչափ օգնէր էր, մեծ խնամքով կը տարածէր եւ օրուան քանի մը վայրկեաններ անոր զոհել իրաւունք կը համարէր: Ինչ գործիք, որ մարդկութիւնը գտեր էր գեղեցկանալու, ածելի, խլիչ, վրձին, զանազան հեղուկներ եւ փոշիներ` Բիւզանդիոն իրեն կը մատակարարէր: Աւելցնենք ասոնց վրայ քնքուշ եւ շինծու ձայն, նազելի գրեթէ իգական քալուածք, մը, մատնիներով զարդարուած ձեռքեր, որոնց ճերմակութիւնը պահելու համար սրբազանը փոքրիկ բազկատարածութիւն մը հնարած էր, որ արմունկներէն կը սկսէր. մարդը կատարեալ կ'ունենանք, եթէ յիշենք, որ իր հասարակ սերունղեն դժգոհ նախարարական տոհմերու կը դիմէր ազնուական ճիւղագրութիւններ հնտրելով: Ուստի, աղու ձայնով եւ գլխու կոտրտուք շարժմունքով սկսաւ խօսիլ.

– Մեծազօր իշխան, Ձեր տէրութիւնը այս ամուր բերդաքաղաքին մէջ ոչ միայն ապստամբի որդի մը արհամարհելու, այլ նաեւ զօրաւոր ինքնակալութեան մը զօրութեան դէմ խիզախելու իրաւունք ունի:

– Այո՛, սրբազան, – պատասխանեց իշխանը, – Բայց թէ որ իրաւ է պատգամաւորին մեծաբանութիւնը, այս տղան շաբթուան մը մէջ այնչափ առաջ անցէր գնացեր է, որ իր հայրն ու հօրեղբայրը տարիներու մէջ մտքերնեն չանցուցին երթալ: Տասը-տասներկու հազար հոգիի բանակ կազմել… Տարսոնի դքսին բանակը խորտակել, ցիրուցան ընել… եւ մեզի ազդարարական պատգամ ղրկել, որ մեր ժողովուրդը քաղցրութեամբ կառավարենք…

– Ի՜նչ, – ըսաւ Տիկինը վեր ցատկելով վիրաւոր եալ վագրի մը պէս, – ա՛յս միայն կը պակսէր, այս երէկուան սրիկան մեզի հրաման խրկելու ելե՜ր է. շա՛տ բան, իրե՛ն էր մնացեր:

– Բայց հոս խնդիրը, – ըսաւ սրբազանը խորհրդածելով, – երկու կէտ ունի ստուգութեան արժանի, ճշմարի՞տ է, որ կրցեր է տասներկու հազար հոգի գլուխը ժողուել, ճշմարի՞տ է, որ խորտայ կեր է Տարսոնի դքսին բանակը:

– Տեսնենք մեր տղաքը բանի մը տեղեկութիւն ունի՞ն, – ըսաւ իշխանը, որ կուզեր անհոգ եւ արհամարհոտ ձեւին տակ իր սրտին մեծ տանջանքը հանդարտեցնել: – Տղա՜ք, Վասիլին ձայն տուէք:

Լռութիւն մը յաջորդեց այս մեր երեք ժողովրդականաց մէջ, ուր Տիկինը շատ յուզեալ ինքզինքն կը ցուցնէր քան թէ ինչ որ էր եւ ուր սրբազանը իր իգական փափուկ շարժմունքներուն մէջ գոհութեան ժպիտներ առ նա կ'արձակէր, վասնզի ներկա վտանգը անցէր, եւ հեռաւոր ու կասկածելի ապագայի մը վրայ էր խնդիրը, երբ որ Վասիլ երեւցաւ իր տխուր եւ կատուի աչքերով (այս անարգ անձը իշխանին երեւելի լրտեսն էր, իր տանը ընդհանուր գործակալն էր, եւ առաջին գողր ու մեր երկու հրեշտակային անձանց կցորդակից միանգամայն) իշխանը ըսաւ.

– Վասիլ, դու ի՞նչ կը լսես ապստամբին համար, իրաւ՞ է, որ Մամեստիայէ զատ քանի մը բերդերու ալ տիրէր է:

– Տէ՛ր, իմ լսածիս թէ որ հաւտալ պէտք լինի, այս շրջակայքը Անարզաբայէ զատ ամէն տեղի տէր եղեր է, եւ բոլոր Տորոսի ժողովուրդը զէնք առած գունդագունդ կը վազեն իր դրօշակին տակ մտնելու համար, կը պատմեն նաեւ թէ Տարսոնի դուքսը արտորնօք զօրքը առած Մամեստիոյ վրայ գալու ատեն, ապստամբը զինքը դիմաւորէր, մեծ յաղթութիւն մը ըրեր է. այս վերջինը ստուգութեան է արժանի:

– Լաւ՛, իմացայ, Վասիլ, – ըսաւ իշխանը, եւ գործակալը կրցածին չափ պզտիկնալով եւ ետ-ետ քաշուելով անհետ եղաւ:

– Ինչպէ՞ս, սրբազան, լսեցի՞ք հիմա:

– Զարմա՜նք: Բայց Վասիլ ալ կը զրուցէր թէ ստուգութեան կարօտ է այս վերջի լուրը:

– Փուճ տեղ կայլայլիք, – ըսաւ Տիկինը քաջասրտութեամբ, – անոր հօրն համար ալ կ'ըսէին, մեծ-մեծ կը ջարդէին, երբ ես նոր հարս էի, դեռ տղայ էի, ետքը կայսրը եկաւ, հայրն ալ, մայրն ալ, տղաքն ալ, ամէնն աղ կապեց, առաւ Պոլիս ապրաւ, երկիրն ալ խաղաղեցաւ:

Տիկնոջ ամէն ըսածը շիտակ էր, բա՛ց իր տարիքեն, վասնզի այն ժամանակներն ալ երեսուն տաբու եւ աւելի կար եւ արդէն տասներկու տարեկան տղու մը տէր էր:

Իսկ Սմբատ, որ թէպէտ Մամիկոնեան ալ լինէր, փոքրոգի մէկն էր, յաջողութեան մէջ մեծամիտ, հիմա աւելի կը մտածէր մերձակայ վտանգին վրայ` քան թէ իր Տիկնոջ տարիքին սխաղը շտկելու, կերակուրի նստաւ` ախորժակ չունէր, անկողին մտաւ քուն չունէր, եւ երբ վերջապէս շատ դժուարաւ քունը տարաւ, անհանգիստ երազներ, որոնց մէջ Թորոս մեծ դեր կը խաղար` զինքը անհանգիստ ըրին:

ԳԼՈՒԽ ԺԶ ՄԱՐԳԱՐԻՏ

Երբ միջնաբերդին վերնա գաւառները զանազան կիրքեր կը յուզուէին, վարը պահապան զօրաց խումբը նստած կը խորհրդածէին պատգամաւոր երիտասարդին տուած լուրերուն վրայ:

– Տղա՛յ, – կ'ըսէր տարէց, կորովի քառակուսի մարդ մը, որուն աչքերը կը փայլէին իր արեւեն թխացեալ դէմքին վրայ, – ի՜նչ, խելա՞ռ ես, ի՞նչ ես, թող գայ ըսելն դիւրին բան է… «Ապստամբ, ապստամբ» կ'ըսեն կ'երթան. անոր հայրն ալ ապստամբ էր, հօրեղբայրն ալ ապստամբ էր, բայց տաճիկն ալ, փռանգն ալ, հոռոմն ալ անոնց անունեն կը դողային: Այս մեր բոլոր իշխաններն անոնց առջեւ բարեւ կը կենային, երբ կը հրամայէր, կը նստէին. նեղն որ մտնէին` անոնց ծոցը կ'ընկնէինք անիրաւութիւն մէկն որ ընէր` անոնցմէ կ'ակնածէր: Հոռոմն, որ կայսր ունինք, մեծ քաղաքը կը սէր, կը պարծէր, տարին տասն անգամ ալ անոնց ճամփան կը չափեր, կը շողոքորթէր, վասնզի գիտէր, որ այն կայսրը շատ հեռու էր թէ որ քուն չէր. փռանգը, որ մեծ թագաւորներ ունինք արեւ մուտք կ'ըսէր, գիտէր, որ եթէ երբ գան, ճամփան անօթի չմեռնին, ողջ հասնին այստեղ` շատ բան կրնան ընէի բայց ծովն ու ցամաքը անոնց ոսկորները լցուցին ամէն անգամ որ եկան. անոր համար էր, որ երկուքն ալ անոնց հետ լաւ կը վարուէին, մինչեւ որ մէկ անգամ կայսրն եկաւ, այն աղուէսները քովն եկան ժողովուեցան, եւ ապստամբներուն վրայ ինկան, տունը քանդեցին. ես այս մեր իշխանին հետ մէկտեղ էի, երբ Լեւոն բռնեցին կայսեր բերին, աստուած վկա՛յ, ես ամչցայ, երբ նա հայ իշխաններուն ու զօրքերուն վրայ աչքը դարձուց. չգիտեմ ինչ կար այն աչքերուն, այն նայուածքին մէջ: Այն Լամբրոնի սեբաստոսները, այն մեծ հայ իշխանները մինչեւ ականջ կարմրեցան, երբ այն մարդուն ձեռքերը շղթաներ անցուցին, ես չի կրցայ դիմանալ, լացի…

– Դո՞ւն լացիր, – ըսաւ անդիեն զուարթ ու սկրդած երիտասարդ մը, – տէ՜ տղայք, Աւագ աղբարն լացէ՛ր է, կը լսէ՞ք. գետնաշա՞րժ եղաւ այն օր թէ փոթորիկ:

– Հա՛, – զրուցեց Աւագ, – անանկ փոթորիկ մը եղաւ, որ հայուն անուն ինչ պատիւ ունէր տարաւ այն օր, այսօր, հոռոմն ու փռանգը, տաճիկն ու թուրքը մեր վրայ քամահրանքով կը նային. մեր իշխանը Պապերոնի տէրն է, Անարզաբայի կուսակալս է կրսենք, քանի մը մուրիկ հոռոմ, որ կայ քաղքին մէջ` անկից աւելի մեծ ձայնով կը խօսին. ամէն օր մենք ենք քաղքին տէր, կ'ըսեն, ձեր իշխանը մեր կայսեր ծառան է, կ'ըսեն, եւ մեր իշխանը անոնց ձայնը չի լսէր, ու մնացեալ ո՜վ որ մնայ, կը դողացնե…

– Մինակ ինքն ալ Տիկինեն կը դողա, – ըսաւ մէկ ձայն մը քրքիջով:

– Ինչպէ՞ս, Տիկի՞նն ալ սրբազանեն կը դողա, – ըսաւ ուրիշ մը, եւ ծիծաղը ընդհանուր եղաւ:

Միայն Աւագ` խոժոռ, չէր խնդար եւ դաժան կերպով մը ըսաւ`

– Իրաւ որ ես չեմ կրնար խնդալ այդ ըսածներուդ վրայ, վախեմ այդ եպիսկոպոսին պատիժը մենք ամէնքս պիտի քաշենք. կաթողիկոսին հրամանին չի հնազանդեցաւ մեր իշխանը, այն ալ նզովեց, մեր բանը բուսած է. մարդ սխալական է, այսօր` կսպաննէ, վաղը կավազակէ, կը յափշտակէ, անգթութիւն կընէ, աստուած կը բարկանայ, տէրտէրն «ողորմիս» կըսէ, թողութիւն կ'ուտայ. բայց երբ կաթողիկոսի հրամանը, որ Լուսաւորչայ փոխանորդ է, եպիսկոպոս կարհամարհէ, աստուած տէրտէրին ողորմիսին չի լսէր. մեղքերն ա՛լ չեն արձակուիր, աստուած ալ թողութիւն չի տար. մենք, փա՛ռք աստուծոյ, մեղաւոր ենք ամէնքս, հոս` վարը, ժողովուրդն արիւն արցունք կուլայ ձեր ձէոքեն, թէ որ երբեմն-երբեմն մեր մեղքերը չի քաւուին, Անարզաբայ վրայ երկնքեն կրակ կը թափուի, ամէնքս ալ կը լափէ, եւ մենք ոչինչ կը լինինք:

– Ի՞նչ կ'ըսես, մւսրդ, – ըսաւ ուրիշ մը, – թէ որ կրակ կայ երկինք թափելու, թող եպիսկոպոսին վրայ թափի, նա է չարեաց պատճառ:

– Փա՛ռք տուէք աստուծոյ, որ Մարգրիտ օրիորդը կայ, – ըսաւ անդիեն ուրիշ մ՚ալ, – մէկ հոգի մը թէ որ կայ, որ մաքուր է աստուծոյ առջեւ` այդ աղջիկն է այս միջնաբերդին մէջ. թէ ոչ` աստուած իրաւ կը կործանէր, եւ ամէնքս քարին-հողին տակ կը ծածկէր:

– Թէ որ պատգամաւորին պատմածն իրաւ է Թորոսի համար, քարն ու հողը նա պիտի ծածկէ մեր գլխուն, – ձայնեց թեթեւսոլիկ տղայ մը:

– Տէ՛, մանուկ, դո՛ւն ուսկի՞ց գիտես, անոր պատմածն, – ըսաւ խստութեամբ Աւագ:

– Ես հոս էի, երբ խօսեցաւ ձեր հետ, ետքը երբ իշխանին քովն ելաւ, ես ալ ետեւեն ելա… Իշխանին ըսաւ, որ քու մարդիկդ գող են. ժողովուրդը մի՛ շարչարէք. քու մարդիկդ զայն կը չարչարեն. ետքը իշխանը բարկացաւ, տեղաց ցատկեց, փրփրած` աչքերը սանկ-սանկ շարժեց. ես փախայ, ետքը մարդն ալ ելաւ, ձին հեծաւ, հա՜ կը վազեր, կը վազեր…

– Տէ՛, լռէ՛, – ըսաւ Աւագ, – հիմա ծեծը կուտես: – Տղան այս խօսքը լսածին պէս` հեռացաւ, զգուշութեամբ միջոց մը ձգելով իր եւ Աւագին մէջ:

– Կատակը մէկդի, Աւագ եղբայր, – հարցուց երիտասարդ մը, – թէ որ այս մեր Անարզաբան պաշարեն, դու ի՞նչ կարծես, վտանգ կա՞յ առնուելու:

– Պաշարմունքը գիտէ. Անարզաբայ` կայսրը պաշարեց` առաւ Լեւոնեն թէ որ տկար մէկը պաշարերի Լեւոնին ճանկեն ի՞նչ կ'առնէր:

– Ամուտայ բերդապահ զինուոր մը տեսայ այսօր` վարը` քաղաքը. դուք պատրաստ եղէք, կըսէ, ձեր բերդը մերինեն շատ տկար է: Ապստամբին համար կը պատմէ թէ մէկ հարուածը չի կրկներ. աչքերեն կրակ կը թափի, ինք մինակ ութ-տասը հոգի գետին փռեց, անոր ձէոքեն ինկնողն ողջ չելաւ:

– Չըսե՞ս, այդ նզովյից արմատ` հօրը զաւակն է, – ըսաւ Աւագ ճակատը թթուեցնելով:

– Երբ ես լսեցի, վախն զիս առաւ, թէ որ հոս մէկ մը երեւա վարի քաղաքացին դռները մէկեն իրեն կը բանայ, մենք միջնաբերդին հետ կը մնանք:

– Ես ալ քաղաքացի որ լինիմ, դռները կը բանամ, դուք ծեծ ու փետ, հայհոյութիւն միայն գիտէք. թէ որ ապստամբը ձենն աղէկ է…

– Տէ՛, – պոռաց Աւագ, – դու դեռ հո՜ս ես եւ կը խօսի՜ս, ես այդ լեզուդ չի կտրեմ` մարդ չեմ, – եւ դեռ նա ոտք չելած մանուկ աներեւոյթ եղաւ:

Ամէնը սկսան ծիծաղիլ, եւ Աւագ, որ ծիծաղելու արհեստը չէր գիտէր` գլուխը շարժէլով`

– Հիմկու խենթերն ամենեն խելօք կը խօսին, քաղաքացին մենէ ի՜նչ աղէկութիւն տեսած է, որ հաւատարիմ մնա:

Այն միջոցին Վասիլի սուր քիթը երեւեցաւ գաւթին ծայրը, եւ լռութիւն մէկեն յաջորդեց, վասնզի գիտէին թէ իշխանին լրտեսն է: Երբ աներեւոյթ եղաւ`

– Դժոխքի պատուհա՜ս, սատանայի գիրկն իյնա՜ս, – ըսաւ մռմռալով երիտասարդ մը մուր տալով ետեւեն, – ես քեզի լրտեսութիւն կը սորուեցնեմ, վաթսուն գաւազան, ութ օր բանտ, չոր հաց, հէ՞:

– Թէ որ իշխանին օրիորդը քու ձայնդ չիմանար, չաղաչէր, հարիւր յիսունը պիտի ուտէիր, բախտ ունիս եղեր:

– Ինչ որ կերայ, խմեցի, բախտ է ատիկայ, բայց հոգ չէ, Վասիլին չի մնար, օր մը ես ան կը հոգամ:

– Այդ շանը հետ մ՚իյնար, տղա՛յ, կ'ըսեմ քեզի, – ըսաւ Աւագ, – ետքը հանգիստդ կ'աւրես, տեղեդ-հացեդ կ'ըլլաս, ես փորձով քեզի հետ կը խօսիմ: Երբ քսան տարու էի, Լամբրոնի իշխանին քովն էի, հոն վերակացու մը կար, իրաւ` ասոր պէս անպիտան չէր, բայց խիստ մարդ էր. պզտի բաներու համար խարազանի հարուած կը բաժնէր, օր մ՚ալ աղջիկ մը փախուցեր էի լեռը, հայրն ու մայրը եկան գանգատեցան… ի՞նչ կը զարմանաք, հոն` Լամբրոն ասանկ բանի համար կատակ չեն ընէր, Անարզաբայ չէ: Վերակացուն զիս բռնեց, իշխանին պիտի տանէր, շատ աղաչեցի, որ թող տայ. բերդին դոան առջեւ էինք, ազատելու ճար չի կար. դանակը մեյ մը որ կողր մշտեցի, այն ելնելն էր, մէկ մ՚ալ այն տեղուանք չի տեսանք: Բայց լաւ դուռ էր, հոն մնացողը մարդ կը լինի, սրիկայ չլինիր:

– Հոս այդպէս բանի նեղութիւն չի կայ: Ահա իշխանիկը կ'ուգայ:

Եւ ամէնքը ոտք ելան, շարուեցան:

Քսանհինգ տարու երիտասարդ մը ներս կը մտնէր նոյն միջոցին, երեք-չորս զինեալ ծառաներով, բարակներով եւ բազէներով որսէ կը դառնար: Գեղեցիկ եւ գոռոզ երիտասարդ մ՚էր, հազիւ թէ աչք մը ձգեց պահապանաց խումբին վրայ, առանց բարեւելու իջաւ ձիեն եւ իւր սենեակները գնաց: Յայտնի է թէ մօրը ամենասիրելի տղան էր այս. ինչ հաճոյք, որ կարելի էր հոգալ իր անդրանիկին հօրը կամքը կ'ընէր եւ կը ճարէր, եւ որպէսզի աչքին առջեւեն չի կորսնցնէ, դեռ տասնութը տարեկան կարգած էր վայելուչ, թարմեւ միամիտ աղջկան մը հետ, որ այս շփացած տղուն հաճույից համար ստեղծուած լինելն հաւտալով, նորա բռնաւորութեան եւ ամէն կոպիտ վարմունքներուն աղախնաբար կը տանէր: Խեղճ կինը, որ արդէն երկու զաւկի ալ տէր էր, միմիայն մխիթարութիւն մը թէ ունէր եւ խորհրդատու իր տալը` Օրիորդն էր, որուն սուր միտքը, առաքինի ծանրութիւնը ամէնուն ակնածութիւն կը բերէին, մանաւանդ որ հօրը ամենասիրելին էր: Սեւ աչք, սեւ ընքուի, սեւ մազերէ պսակեալ բարձր ճակատ մը, վայելուչ հասակ մը, նայուածք, որ դիմացինին սրտին գագտնեաց կը թափանցէր. տարիքեն առաջ անսովոր ուշիմութիւն իւր բնաւորութիւնն էին. ներքին եւ արտաքին ամէն իր հօրը տան եւ իշխանութեան անկարգութեանց տեղեակ եւ վերահաս, եւ դարմաններու անհնարութեան նախատես շատ անգամ ուղեր էր կուսանաց վանք մը քաշուիլ, եւ միայն հօրը աղաչանաց զիջէր էր, եւ ոչ թէ մօրը հրամանաց, որ շարունակ զինք կարգելու կ'ելնէր, միշտ մերժուելով եւ աղջիկը տեսակ մը անզգայ կը համարէր: Իր կեանքը կանցուներ աղօթքի, բարեգործութեանդ, իր հարսին մխիթարութեան եւ նորա տղայոց խնամքներու հետ. թէ որ բարի նախախնամութեան մէկ նշոյլը Անարզաբայի պարիսպներէն կրցեր էր սպրդիլ, անշուշտ այդ աղջիկն էր, եւ տառապելոց միակ յոյսը իր վրայ էր, թէ որ կարէնային յաջողիլ իմացնելու անոր իրենց վիճակը` անհողդողդ պաշտպան մը կը գտնէին. բայց շատ անգամ, նաեւ այն պաշտպանութիւնը` վերջը սոսկալի վտանգներ եւ վրէժխնդրութիւն կրնային պատճառել, անոր համար շատերը իրենց վիշտերը անկից նաեւ կը ծածկէին: Այսպիսի էր Մարգրիտ այդ պալատին մէջ` փշոտ մացառներու եւ տատասկներու մէջ աննման ծաղիկ մը, որ ամենեն ժպիրհները եւ անզգամները կը յարդէին ու կը պատուէին, բացի մէկ անձէ, որու անարգ բզէզի սիրտը եւ վատ զգացմունքները` այդ աղաւնոյն մաքուր սրտին բարձրութիւնը չէին կրնար հասկնալ: Մինչեւ անգամ մի յարմար առիթ գտնելով համարձակէր էր աղտեղի սրտին գարշութիւնքը իբրեւ փափուկ զգացմունք Օրիորդին առջեւ տարածել, իսկ նա այնպիսի արհամարհոտ ծիծաղով մը պատասխանեց սրբազանին, եւ իր պզտիկ ոտվներով այնպիսի անխնայ սաստկութեամբ կոխկռտեց այդ գարշութեամբ լեցուն փամփուշտը` զօր նա սիրտ կ'անուանէր, որ ալ պայթելով, զեղանելով` համարձակեցաւ Օրիորդին թեւը բռնել, իբրեւ թէ բռնութեամբ առ ինք ձգելու համար, բայց չէր գիտէր նա ի՞նչ անընկճելի բնաւորութիւնք կան. մէկեն սոսկալով ետ քաշուեցաւ, վասնզի Օրիորդին աջ ձեռքին մէջ փոքրիկ սայրասուր դաշոյն մը այնպիսի արագութեամբ իր աչքերուն փոյլեցաւ, որ նուիրական անձը բոլոր իր սրբութեան վերարկուն հագնելով, ինչպէս օձն իր շապիկը, խոստովանեցաւ թէ փորձելու համար էին ամէն խօսքերն ու շարժմունքները, եւ թէ շատ գոհ էր Օրիորդին առաքինութենեն, որ նոյնպէս պարզութեամբ խնդրեց իրմէ իւր միամտութիւնը ուրիշ անգամ չի փորձել, վասնզի այդ տեսակ փորձութեանց ու կատակներու փոխարէն կրնար հարուած մը տալ եւ ամէն բան հօրը իմացնել. եւ ոսկեպատեան փոքրիկ դաշոյնը իր զգեստներուն մէջ դարձեալ ամփոփեց եւ հեռացաւ:

Նոյնպէս սրբազանը իր ճամփան գնաց` ուխտ եւ դաշինք դնելով մտքեն, ուրիշ անգամ այսպիսի վայրենի եւ անամոք սրտերու փորձութեան խաղ ամենեւին չի խաղալ:

Գիտեն մեր ընթերցողք, թէ ինչ տաժանելի գիշեր մ՚անցուց Սմբատ իշխանը. ուստի առտուն կանուխ ելաւ ծաղկանց պարտէզը պտոյտ մ՚ընելու համար, եւ զարմացաւ այն ժամանակ հոն գտնելով իր աղջիկը, որ վարդի կոկոն մը ձեռքը կը պտըտէր:

– Աս ատեն դու ելեր ես, աղջի՛կս, ի՜նչ զարմանք:

– Զարմանք թէ որ կայ` քեզի համար է, հայրիկ, որ միշտ ուշ կ'ելնես, իմ սովորութիւնս միշտ այս ատեն հոս գտնուիլն է: Ուրեմն արտաքոյ կարգի վիճակի մը մէջ ես:

– Այո՛, արտաքոյ կարգի երազներ զիս անհանգիստ ըրին: Չե՞ս հարցնէր թէ ինչ երազներ էին:

– Գիտեմ, – ըսաւ Օրիորդը:

– Ի՞նչ, իմ երազներս գիտե՞ս, – հարցուց իշխանը, աչքերդ մեծ, մեծ բանալով:

– Գիտեմ թէ Թորոսի հետ էիր բոլոր գիշերը:

– Ինչե՞ն գիտես:

– Անկից գիտեմ, որ մենք տասը տարիէ ի վեր, քանի որ ես ինքզինքս կը ճանչեմ, այսպիսի վտանգի մը մէջ չէինք գտնուէր. եւ կարելի է, որ քանի մը օր վերջը թէ որ չընկնինք իր ձեռքը` փախստական եւ թափառական` օտարներու դուռը պիտի զարնենք ասպնջականութիւն փնտրելու համար:

– Այս ի՜նչ յուսահատ եւ թշուառ գուշակութիւններ են, քա աչքերդ կ'երեւայ թէ ամէն բան սեւ ու տխուր կը տեսնեն:

– Թէ որ ես սեւ ու տխուր կը տեսնեմ, միթէ ի՞մ է յանցանքը: Հինգ տարի է, հայր իմ, որ ամէնուն եւ քեզի շատ անգամ աղաչեցի, որ քիչ մը գութ ունենաք խեղճերուն վրայ, որոնց բախտը ձեր ձեռքն է յանձնէր աստուած. եւ ինձի մտիկ չըրիք: Այնչափ աղաչեցի, որ սա անպիտան, անգութ եւ սրիկայ զինուորաց տեղ պարկեշտ, համեստ եւ ուղիղ մարդիկներէ խումբ մը կազմել, եւ թէ որ աւելի քիչ ալ լինէին` կարելի էր աւելի վստահութիւն ունենալ մտիկ չըրիք:

– Աւելի քիչուոր թէ լինէին, ինչպէ՞ս աւելի վստահութեան արժանի կ'ըլլային: Չեմ հասկնար:

– Շատ պարզ էր. քաղքին բոլոր ժողովուրդը մեզի հետ կը լինէր. երբ հիմա աս աւազակներուն պատճառաւ, նաեւ մեր հարըս տահարութեանց պատճառաւ` ամէնքը մեզի հետ թշնամի են եւ վաղը առաջին վտանգին մեզի դէմ պիտի միաբանին: Եւ որ աւելի մեծն է, այս անպիտան աւազակներուն վստահիլ կարելի չէ, եւ մեծ անխոհեմութիւն:

Այս խօսքերուն իշխանը տխուր` աչքերը գետինը սեւեռած կը մտածէր եւ լռութիւնը երկար քշելեն վերջ, ըսաւ.

– Ուրեմն ես շատ գէշ ըրի, երբ երէկ բարկութեամբ եւ նախատանոք մերժեցի Թորոսի պատգամաւորը:

– Անտարակոյս, դժբախտաբար ես երբ իմացայ` շատ ուշ էր, եւ պատգամաւորը արդէն ձի կը հեծնէր:

– Բայց դու իմացա՞ր թէ ինչ ամբարտաւան պատգամ ինձ յուղարկել յանդգնէր էր այդ ապստամբը:

– Ամէնն ալ իմացայ տեղն ի տեղ:

– Էյ՜…

– Կեցի՜, սիրելի հայրիկ, արդար լինելու համար դու ինքզինքըդ Թորոսի տեղ դիր, Թորոս եղիր վայրկեան մը, բանտեն փախած ութը-տասը օրուան մէջ հինգ-վեց բերդի տէր եղիր, տասը, քսան հազար զօրաց հրամայէ, եղի՛ր քաշ, եղիր խելօք, Տարսոնի կուսակալը խորտակե…

– Բայց դու այս առասպելներուն կը հաւատա՞ս, աղջիկ:

– Բայց ասոնք առասպել չեն, ստուգութիւն են:

– Դու ուսկի՞ց գիտես:

– Ես այս քաղքիս մէջ քու լրտեսներեդ, ամենեն եւ Վասիլեն շատ աւելի աղէկ գիտեմ ինչ որ կ'անցնի:

– Ի՞նչ կ'ըսես:

– Այո՛, ես երբ առտուները իմ ծերուկ Մարտիրոսը հետ առած, իմ դեղերու տռւփս մէկտեղ կ'իջնեմ քաղաք, յսմեն տուն կը մտնեմ, հայ, յոյն, տաճիկ իրենց հիւանդութիւնները եւ վէրքերը ինչպէս տուները, ինձի կը բանան, ամէն բան կ'իմանամ. գիտեմ, որ բոլոր քաղաք այր եւ կին, ծեր եւ տղայ, քահանայ եւ աշխարհական մեզի թշնամի են, գիտեմ, որ երբ թշնամին գա ու բանակը զարնէ, առանց նետ մը, քար մը նետուելու, դռները պիտի բացուին. ետքը այս միջնաբերդը իր բերդապահները պիտի մատնէն: Եւ գիտեմ թէ թշնամին, որ մենք ապստամբ կ'անուանենք, մեր կ'արծածեն եւ լսածեն շատ աւելի զօրաւոր է:

– Բայց դու ինչի՞ն իմացար այս ամէն բան:

– Ես քանի օր է յոյն այրի կը նկան մը աղջիկը կը նայիմ, որ ծանր ջերմով կը պառկի, եւ որուն եղբայրը Մամեստիոյ իշխանին ծառայութեան լինելն գիտէի, երէկ` կէսօրէն վերջը` երիտասարդ մը տեսայ հիւանդին սենեակը վիրաւոր, որ էշ մը հեծուցած բերէր էին Ատանայի պատերազմեն իր մօրը տունը. տղուն վէրքը նայեցայ, որ ծանր չէր, այլ անխնամ մնալեն ծանրացեր էր. ետքը իրեն պատմել տուի ամէն բան, իմացայ թէ այդ ապստամբը սովորական մարդ մը չէր եւ ինքնիրեն ամբողջ բանակ մը կարժէր իր քաջութեամբ, խոհեմութեամբ եւ առաքինութեամբ:

– Թողունք հիմա այդ մարդը իր կատարելութիւններով: Բայց դու ըսիր թէ քահանաներն ալ մեզի թշնամի են հոս, այս քաղքիս մէջ: Ես անոնց ամէնուն փիլոնն առնուլ կ'ուտամ: Հիմա սրբազանին հրաման կ'ուղարկեմ:

– Ի՜նչ օգուտ անոնց փիլոնը առնելեն. անով մեզի աւելի բարեկա՞մ կ'ընենք զիրենք: Արդէն այդ սրբազանն ալ միթէ մեր վէրքերուն մէկը եւ մեծը չէ՞… ի՜նչ պարապ տեղ կը խօսիմ այս նիւթերուս վրայ, տեսնենք դիպուածները մեզի ի՞նչ կը պատրաստեն:

Երկար լռութիւն մը յաջորդեց: Իշխանը իր պտոյտը սկսաւ շարունակել պարտէզին մէջ վայրկեան մը, եւ վերջը անհետացաւ գնաց իր սենեակը` իր լրտեսներուն հետ խորհրդակցելու համար:

ԳԼՈՒԽ ԺԷ ՍՏԵՓԱՆԷ ԵՒ ՄԼԵՀ

Անարզաբայ իշխանը անձամբ իւր համբարանոցները աչքէ կանցոմներ, տարի են աւելի ժամանակի պաշար գտնելով` կը հանդարտէր. նոյնպէս ամէն տեսակ զէնք քննութեան կ'առնուէին, զօրաց կրթութեան հանդէսներ կը լինէին. բոլոր ճամփաները ասդիս, անդին լրտեսներ կ'ուղարկէին. եւ ամէն օր նոր-նոր լուրեր կ'առնէր նա ի շրջակայից նաեւ ի հեռուստ. եւ ոչ մէկը գոհացուցիչ չէին: Հինգ օրէն վերջը Տարսոնի իշխանեն նամակ մը առաւ, որ իրեն կ'իմացնէր թէ թէպէտ անկարող էր առժամայն իրեն հասնելուն, բայց թէ յոյս ունէր քիչ ատենեն մեծ եւ զօրաւոր օգնութեան գտնելու Կ'ոստանդնուպոլսեն. վասնզի գրած եւ իմացուցած էր թէ Հայք բոլոր ապստամբին հետ միանալով, ինք պաշտպանողական գիրք մը բռնելու պարտաւորուած էր:

Ամէն օր քանի մը կասկածելի անձինք ոչինչ պատճառներու համար, նաեւ մէկ թշնամական գրգռութեան համար` միջնաբերդը կը բերուէին, կը տանջուէին, կը բանտարկուէին, բայց ապսպրուած էր ամէնուն, որ ամէն այս տեսակ գործեր գաղտնի եւ լռելեայն լինին ըստ կարելուոյն, որ «Մարդ չիմանայ», այսինքն` Օրիորդը չիմանայ: Վասնզի իշխանը, որ իր աղջիկը կը սիրէր առաջ, քանի կ'երթար կը յարգէր նաեւ զանի, եւ քիչ-քիչ կը սկսէր ակնածել իրմէ:

Այս ակնածութիւնը բոլոր ընտանեաց իւրաքանչիւրը մէկ-մէկ կերպով ունէին իրեն համար, Տիկինը առանց սիրելու այս զաւակը` կը դողար, որ յանկարծ իր անկարգութիւնքը չի նշմարէ աղջիկը, ինչպէս ամէն յանցաւոր մայր` նաեւ նա, որուն բարոյականը ի մեծ նաւակոծութեան կը գտնուի, կուզէ անվտանգ երեւնալ իր զաւկին. անդրանիկը իր կնոջը թափած արցունքներուն մխիթարիչ ի նա կը գտնէր. սրբազանր, որովհետեւ նա ալ կերպով մը ընտանեաց մաս կը Համարուէր, որ զինք կ'ատէր հիմա սրտին բոլոր զօրութեամբ բոլորովին իր ձայնին անուշութիւնը, բառերու եւ իմաստներու վայելչութիւնը ու ձեւերու քաղաքավարութիւնը պատրաստի ունէր անոր համար:

Թորոսի դէմ եղած պատրաստութեանց մէջ կար նաեւ քաղքին պարիսպներէն հեռանալու արգելքը, որով մեր որսորդ իշխանիկը Բակուրան կը պարտաւորէր ակամայ բանտուիլ, ինչպէս Տիկինը եւ սրբազանը, որ իրենց ձիարշաւները դադարեցնելու պարտաւորուած կին: Այս արզելքները բոլորովին անհիմն չէին, վասնզի ասպատակ ձիաւորաց խմբեր երբեմն քաղքին պատերէն կ'երեւային եւ անհետ կը լինէին: Իսկ քաղքին մէջ բոլոր դէմքեր թէպէտ տխուր կը տեսնուէին, բայց մեծին ու պզտկին սիրտր ուրախութեամբ կը տրոփէր, եւ անհամբեր կը սպասէին թէ ե՞րբ պիտի երեւայ ազատարար դրօշը:

Այս սպասողներուն յոյսը պարապը չելաւ, վերջապէս պատգամաւորին եկած օրէն ութ օր վերջը, առաւօտուն մեծ ամպ մը փոշուոյ` քաղաքը պատեց, եւ երբ փոշին անհետացաւ` տեսնուեցաւ Թորոսի բանակը, ուր քսան հազարի մօտ մարդ վարժ աչք մը կրնար դատէի եւ ուր զարմանալի բարեկարգութիւն մը կը տիրէր անծանօթ բոլորովին երկրիէ բնակչաց. վրանները կանոնաւոր` ի կարգ շարուած էին, բանակին չորս կողմը խրամներ կը փորուէին եւ անոնցմէ պեղած հողը պարսպապէս ամուր պատնէշ մը կը կազմեր բանակին չորս կողմը. մեքենաներ կը բերուէին կարգաւ կը շարուէին յարմար դիրքերու դէմ, ուր պիտի գործադրուէին, եւ որ դիտելու արժանի էր, գեղեցիկ եւ բազմաթիւ հեծելազօրաց խումբ մը կ'երեւար, որոնց կէս մասը արաբացի ձիերէ կազմուած էր: Եւ երբ Թորոս տեսնուիցաւ բարձր եւ ահիպարանոց ձիու մը վրայ` զիովորաց ուրախութեան աղաղակը բոլոր Անարզաբայ կը թնդացնէր:

Իր աջ կողմեն բեհեզներով եւ ծիրանիներով զարդարուած, իշխանական պսակ ի գլուխ, ճերմակ ձիու մը վրայ ռնաբար հեծած կ'ուգար Եւփիմէ, եւ երկուքին քովին երկու երիտասարդք ոսկեփայլ սաղաւարտներով եւ արծաթապատ վահաններով ճոխացեալ` նժոյգներու վրայ կը շահատակէին, ասոնք էին Մլեհ եւ Ստեփանէ, որ իրենց եղբօր յաջող գալուստր լսելով, Հալէպու ամիրային ընծաներով եւ հինգ հարիւրի չափ հեծելազօրք կ'ուգային` ուրախութեամբ իրենց եղբօրը դարձը վայելելու, որ Կիլիկիոյ դռները կը բանար յաղթապէս այնչափ տարուան օտարին ծառայութենեն վերջ: Այս երկու երիտասարդք ալ իրենց եղբօրը կը նմանէին կերպարանոք եւ քաջութեամբ, եւ իրօք առիւծու կորիւններ էին. ամէն աչք զիրենք տեսնելուն միայն կրնար վկայել թէ մեծ պատերազմական զօրութիւն մը կը հասնէր Թորոսի: Թէպէտ Թորոսի հեռատես աչքերը մէկեն կշռեցին զիրենք, օգտի եւ վնասու բաժինը նշմարեցին վայրկենին, բայց դարձեալ միշտ անթափանցելի եղբայրական սրտով եւ սիրով գրկեց, ընդունեցաւ զիրենք բոլոր բանակին առջեւ, ներկայացուց իր սիրասուն կնոջ, որ անկեղծ սրտով իբր եղբայր ընդունեց զիրենք, եւ ամէն սիրտ ուրախութեամբ լցուեցան եւ նոցայ գալուստը տօնեցին: Եւ որովհետեւ ժամ էր ելնելու ի Մամեստիոյ հանարզաբայ, բանակը արդէն ելած էր, եւ հարազատք քիչ մը հանգչելէ վերջ` ելան նոյնպէս բանակին ետեւեն:

Երկայն տարիներու պարագաներ այս ճամփորդութեան մէջ կը պատմուէին, ծնողաց կորուստ, դժբախտ եւ ուրախ օրեր, արկածներ կը յիշատակուէին: Նոյն միջոցին Կոստանդին եւ Բաբկէն զրահաւորք, որ քովե-քով կը ձիավարէին, իրարու աչք մը նետեցին, Բաբկէնի սպարտական բնութիւնը գոհ եղաւ ակնարկեն, բայց Կոստանդին`

– Կը յիշե՞ս, Բաբկէն, Կոստանդնոլպոլսոյ մեր տեսութիւնը եւ քեզի ինչ որ պատմեցի այս տղոց համար, – ըսաւ, – հիմա ես կը վախեմ թէ իշխանին գլխուն ասոնք մեյ-մէկ փուշէ պսակ լինին… Ստեփանէ անվնաս թերեւս, բայց պզտիկը աստուած հեռի ընէ: Իրաւ, Բաբկէն, առջի նայելուդ ասոնք եղբայր են կերպարանոք, գայց նայէ, դիտէ, Մ լեհին աչքերուն մէջ բան մը կայ, որ մարդուս սիրտը կը ճմլէ եւ կը քստմնեցնէք Պատասխան չե՜ս տար:

– Եղբա՛յր, ի՛նչ զրուցեմ, քիչ մը կամաց խոսէ:

– Դու ալ լաւ մարդ ես, եղբայր, բերանդ չի բացուիր, բացուի ալ, խրատ տալու համար միայն կը բացուի:

– Դու ալ լաւ մարդ ես, քաջ մարդ ես, ինձի պէս վաթսունը կը գտնես քանի մը տարիեն, բայց բերանդ շարունակ կը բացուի` միշտ գանգատի համար կը բացուի:

– Հա՛, խօ՞սք էր ըսածդ, թէ որ միշտ գանգատի համար կը շլացուի իմ բերանը. քանի ամիս է մէկտեղ ենք, ո՞վ օր մը Թորոսի Համար բան մը, խօսք մը լսեց բերնես:

– Ես:

– Իէ՜, ե՞րբ, զրուցէ նայիմ:

– Թէ որ կամաց խօսիս, չի պոռաս, կիրք չելնես, կը զթուցեմ, – ըսաւ Բաբկէն ծիծաղելով եւ ձայնը աւելի ցածցնելով:

– Լաւ՛, մտիկ ըրէ: Լամբրոնի առաջ, այն գիշերը մի՞տքդ է, երբ իշխանիկը մարդիկը կապեց, դու կ'ուզէիր մեռցնել…

– Ես ի՞նչ ըսի…

– Է՜հ. թէ որ իմ ըսածս ասանկ արգիլես, ես խօսք մը չունիմ:

– Կը լռեմ, զրուցէ՛:

– Անկից առաջ երկայն չեռան ճամփան բռնել տուաւ իշխանը, դու ալ գանգատողներուն առաջինն էիր… է՛հ, համբերէ՛, լմնցուցի: Ամուտայ բերդին առջեւ հասար չի հասար` «այս բերդը կ'առնուի՞» ձայնդ ձգող տղոց առջեւ դու էիր, միտքդ կ'ուգա՞յ: Իշխանը ասոնք գիտէ, բայց ես լաւ զինքը կը ճանչեմ, չի խօսիր, չի մոռնար, եւ մարդկանց գործը միշտ բարի կողմը կուզէ մեկնել:

– Քեզի բան մը ըսաւ՞… Մարդ գտանք հարցնելու, այդչափ որ խօսեցար, շնորհակալ պէտք է լինիլ:

– Կոստանդին եղբայր, իշխանը չի խօսիր, ես քեզի ըսի, բայց ամէն բան կը տեսնէ ու կը լսէ: Քու քաջութիւնդ կը գովէ, միայն մէկ բանի մը սիրտը նեղացաւ, եւ ինձի յատկապէս ապսպրեց քեզի ըսել, թէ Սարգսին հետ լաւ վարուիս:

– Ես Սարգսին ի՜նչ ըրի:

– Կամաց, եղբայր, հիմա կը ձգեմ կ'երթամ, – ըսաւ Բաբկէն ձին մէկդի քշելով:

– Մի նեղանար, Բաբկէն, ինձի անհամբեր կ'ըսեն, դու ինձմէ անհամբեր ես, Ես Սարգսին ի՛նչ եմ ըրեր, որ իշխանին սիրտը նեղացեր է:

– Ես գիտե՞մ, դու մտածէ, անշուշտ կը գտնես:

– Երբ իշխանը անոր տասը բերդ ալ տա` իմ ի՞նչ հոգս. միայն այնչափ ըսի, չեմ ուրանար, թէ մենք բոլոր Կիլիկիոյ ալ տիքենք, աժեմին-չաժեմին պարգեւելով քաղաք ու բերդ իշխանի բնակութեան տեղ չպիտի մնայ: Ինձի Բարձր բերդը տուաւ, քեզի` Ամուտան, Սարգսին` Առիւծը, խեղճուկ գիւղացուոյ մը տղուն բերդ մը տալ ինձի առատաձեռնութիւն չերեւար, այլ շռայլութիւն: Այտ զրուցէր եմ, յանցա՞նք մի ըրեր եմ: Եղբայրները եկան. անոնց ի՞նչ պիտի տայ. թէ որ Վահկայ մէկուն տա, Մամեստիայ ալ միւսին` ինք դէտի նը պիտի նստի:

– Այս խօսքերը իշխանին իրեն կրնա՞ս զրուցել:

– Ինչո՞ւ պիտի չի զրուցեմ:

– Երբ դու այս խօսքերը կը կրկնես, ալ մի՛ զրուցէր թէ Սարգսին ի՞նչ ըրի. երբ անի աժեմին-չաժեմին կարգը կը դնես, երբ գիւղացուոյ տղայ լինելուն բերդ մը իրեն շատ կը տեսնես, իշխանին առատաձեռնութեան վրայ չէ քու կիրքդ. ուրիշ տեղ փնարէ դու անօթ պատճառը: Աստուած վկա՛յ, ես Սարգսի առ իշխանն ըրած ծառայութիւնը չեմ կրնար մոռնալ. ի՛նչ որ տրուի իրեն` արժանաւոր է: Մեր պարտքն ի՞նչ է, Թորոս մենէ ի՞նչ կուզէ. սիրով վարուիլ, իրարու հետ, ազգին ազատութեան եւ լաւութեան համար աշխատիլ. գոհ լինինք, եղբայր, մեր եւ ազգին վիճակեն, փառք տանք աստուծոյ. փուճ խօսքերով ինչո՞ւ իրար թունաւորենք. ես ծերացայ. դու ալ ծերանալու վրայ ես. քիչ մը հանդարտէ. խելօք եղիր. տղաքը որ կը հասնին, շահելու նայէ. չի տեսա՞ր քանի անգամ իշխանը մեր երկուքը ցուցնելով տղոց` «Ասոնք մեր հայրերն են, ասոնք մեր խելօքներն են, մենք ասոնց խօսքը մտիկ ընելու ենք», ըսաւ. հիմա կ'ըլլի՞, որ մենք անոնց սիրտը կոտրենք, կարծել տանք թէ մենք կը չարանանք եւ կը նախանձինք:

Բաբկէնի այս ճառին վրայ Կոստանդին տխրեցաւ` ձայնը քաշեց: Եւ ինչպէս որ զրուցեցինք` զօրաց աղաղակը իրենց զօրավարին ընդունելութեան համար, մեր երկու ընկերները իբրեւ, քունէ մը արթնցուցին` իմացնելով թէ Անարզաբայ առջեւ հասեր էին:

Սարգիս սրամիտ եւ արթուն, ինչպէս որ հասկցուցեր էր Թորոս իրեն, նոյն կերպով ճիշտ բանակը ճակատեցուցեր էր բերդաքաղաքին պարիսպներուն դէմ, երեքի բաժնելով, իւրաքանչիւրին իրեն խրամները եւ պատնէշները որոշելով ու ցուցնելով, վրանները կանոնաւորեալ շարել տալով. վրան չեղածներուն` ծառերու ճիւղեր բերել տալու հրաման ընելով, որպէսզի տաղաւարներ շինուին, եւ ամէնքը կանոնաւոր միակարգ եւ ոչ խառնիխուռն անկարգ:

Երբ Մլեհ եւ Ստեփանէ, որ տաճկաց զինուորական ծառայութեան մէջ անցուցեր էին իրենց օրերը, այս կանոնաւորութիւնը տեսան, զարմանոք Սարգսի մօտենալով, սկսան հարցնել, թէ ուսկի՞ց ուսեր էր այսպէս բանակ զարնել տալ. իսկ նա ցուցնելով զթորոս` «Իշխանին հրամանաւն եւ կարգադրութեամբ ամէն բան ընել կ'ուտամ», ըսաւ: Իսկ Թորոս այն միջոցին հրաւիրելով զեւփիմէ եւ Դիոնիս հանգչելու իրեն պատրաստուած վրանին տակ, քաղքին շուրջը պտոյտ մը կ'ընէր թէ քաղաքը դիտելու եւ թէ բանակը զննելու համար, ամէն տեղ ինչ պակասութիւն կար Բաբկէնի, Կ'ոստանդնի եւ ուրիշ զօրավարաց կը ցուցնէր համառօտ եւ ճիշտ խօսքերով: Երբ իւր քննութիւնը լրացուց, եկաւ հանգչելու վրանին տակ: Խօսեցաւ եղբարցը հետ դարձեալ, շատ մը հարցմունքներ ըրաւ Հալէպու ամիրայի` Նուրետտինին վրայ, անոր բնաւորութեան, վարմունքին, զօրութեան, տաճկաց պատերազմելու ընդհանուր կերպին վրայ: Վերջը սեղանը պատրաստել հրամայեց, հրաւիրեց զամենքը, որ նստին կերակուրի, յանձնելով Եւփիմէի պատուիլ իր նորեկ եղբայրները, որ դեռ հիւր էին քանի մի ժամու համար, եւ որ քիչ մը վերջը տնեցի պիտի լինէին բոլորովին. զինուորներուն հետ պատառ մը հաց կերաւ եւ յետոյ ելաւ դաիձեալ պտոյտ մ՚ընելու, ամէնուն տեղեկութիւն հարցնելով Անարզաբայ վրայ, մանաւանդ անոնց, որ նոյն քաղաքացի էին. տեսաւ նաեւ մէկ քանի երիտասարդ ալ, որ Սմբատի ծառայութեան մէջ գտնուած էին անոնք առանձին հարցուփորձ ըրաւ, եւ ինչ տեղեկութիւն որ կ'առնէր` ամէնքն օգտակար համարելով, բան մը չէր արհամարհէր: Երբ նորէն իւր վրանը եկաւ, տեսաւ, որ անոնք իրենց կերակուրը կերած էին, սկսաւ Բաբկէնի հարցմունքներ ընել Վահկայ բերդին նորոգութեանց վրայ, որուն համար ապսպրէր էր բոլորովին նոյնպէս ընել, ինչպէս իրեն հօրեղբօր եւ հօր ժամանակ. ու երբ իմացաւ թէ նոյնպէս կատարուէր է, գոհ եղաւ եւ ամէնքը արձակելով հանգչեցաւ քունի:

Թէպէտ հազիւ թէ ամիս մը եղած էր, բայց զինուոր եւ զօրավարը ամէնքը գիտէին իրենց իշխանին արթուն սովորութիւնը, ուստի ամէն ոք գիշերապահ եւ գիշերայած իր պաշտօնը ճշտիւկը կատարէր, վասնզի որոշ գիտէր թէ չի կարծած եւ չսպասած վայրկենին զօրապետը ներկա էր, խիստ եւ ներողամիտ միանգամայն, որ գիտէր թէ երբ գործադրելու է պատիժ եւ վարձատրութիւն, ուստի ամէնքը թէ կը վախէին եւ թէ կը սիրէին զինքը:

Երբ առաւօտ եղաւ, ամէնքը տեսան զթորոս, որ ոտքի վրայ էր, եւ Սարգսի միջոցով աղեղնաւորաց խմբի մը կը հրամայէր նետաձիգ լինել ի քաղաք: Նետերուն վրայ թուղթեր կապել տուաւ, որոնց վրայ գրուած էր. «Թէ որ կ'ուզէք պաշարման նեղութենէ եւ ձեր իշխանին բռնութենեն ժամ առաջ փրկուիլ, միացէ՛ք եւ բացէ՛ք դռները, մենք ձեզ ազատելու համար եկեր ենք, գիտցէք, որ թշնամի չենք, այլ բարեկամ»: Այսպիսի հարիւրաւոր նետեր նետուեցան քաղքին մէջ. Սմբատ իմանալով, խստիւ հրաման ըրաւ, որ ժողովուին եւ իրեն բերուիէն:

Երբ խուրձեր այս նետերէն կը բերէին եւ իշխանին առջին կը լեցնէին, ինք կատաղութեամբ ակռաները կը կրճտէր ու կը հայհոյէր. «վատ, դաւաճան, մատնիչ» բառեր բերնեն դուրս կը թափուէին շարունակ եւ իր բորբոքած փրփրած ժամանակը կը սպառնար, կը հրամայէր կրակի տալ քաղաքը, Թորոսեն ալ, բնակիչներէն ալ վրէժ առնելու համար: Այսպիսի ժամանակ ոչ կինը, ոչ տղան, ոչ սրբազանը եւ ո՛չ ոք չէր համարձակէր իրեն մօտենալու. ուստի ամէնքը հեռու կը պտըաէին: Նոյն միջոցին էր, որ Մարգրիտ իր ծերուկ Մարտիրոս ծառային հետ քաղքին հիւանդաց այցելութենեն ետ կը դառնար, ձեռքն առած այն նետերէն մէկ հատ մը: Իր ծանր եւ լուրջ դէմքը, որ ամէն ժպիրհ նայուածք կը խոնարհեցնէր, հրեշտակի կերպարանք մը ունէր, երբ իր հօրը կատաղութեան վայրկեանները կ'արթննային. ուստի երբ միջնաբերդը մտաւ եւ իր սենեակները երթալու ատեն իր հօրը գոռգոռալուն ձայնը լսեց, ճամփան շեղեց եւ հօրը հովանոցն ուղղուեցաւ ու ձեռքը նետը դէպի հայրը գնաց, որ զինքը տեսածին պէս, անցաւ դառն գանգատներու` ընդդէմ Թորոսի, ընդդէմ քաղաքացուոց, ընդդէմ բերդապահ զօրականաց, ընդդէմ իր ծառայից եւ նաեւ ընտանեաց: Մարգրիտ արձանի մը պէս մտիկ կ'ընէր այս խօսքերը, եւ երբ հայրը իր բոլոր կատաղութեան ճարտասանութիւնը եւ շունչը հատուց ու լռեց, այն ատեն քովը մօտենալով ու կարեկից աչքով սկսաւ նայիլ դարձեալ առանց խօսելու. Սմբատ վերջապէս կանչեց. «Զրուցէ՛, Մարգրիտ, դո՛ւ զրուցէ, միթէ ես իրաւունք չունի՞մ այս անիծեալ քաղաքը այրելու»: Երկայն լռութիւն մը այս խօսքերուն յաջորդեց, եւ իշխանը տեսնելով իր զաւկին ձեռքը այն նետերէն, որ իր բարկութիւնը գրգռել էին.

– Դո՞ւ ալ այդ նետերէն ձեռքդ կը պտըտեցնես:

– Քաղաքը կ'երեւայ թէ ողողուած էր ասոնցմով, որովհետեւ ես ալ հատ մը գտայ:

– Անիծի՜ց քաղաք, հիմն ի վեր տապալելու արժանի. անիծեա՜լ բնակիչք:

Այս խօսքերը դեռ բերանն էին, երբ աղմուկ եւ աղաղակ լսուեցաւ. ձայները վերը միջնտաբերդն կը բարձրանային, եւ պարիսպնեբուն միայն մօտենալով, կը տեսնուէր, որ ժողովուրդը եւ պահապանները իրարու հետ կը կռուէին, անոնք ուզելով դռները բանալ եւ ասոնք արգիլել: Ա՛լ կատարեալ մոլեգնելով Սմբատ զէնքերն առաւ, եւ առանց աղջկան ձայնին լսելու` դիմեց օգնելու իր զօրականաց, որ ժողովրդեան բազմութեան դէմ կը մաքառէին: Իշխանին տեսութիւնը փոխանակ հանդարտեցնելու, ալ աւելի զայրացուց ամբոխը. քարեր անձրեւի պէս կը տեղային, եւ միջնաբերդին դռնեն մինչեւ պարիսպները տուն, տանիք չի կար, որ զօրաց վրայ ունեցածը չի պապեր, իշխանը տեսնելով վտանգը ետ դառնալ կուզեր, բայց անկարելի էր շուարեալ մնացեր էր. իրաւ իր զօրքերը անգործ չէին կենար, արիւնը կը վազեր, բայց ի՜նչ օգուտ, որ մէկ ինկածին տեղ տասը-քսան կը բուսնէր. վերջապէս ձայն մը ելաւ, թէ ժողովուրդը կրցաւ դռներուն մէկուն տիրանալ` բանալ եւ թշնամին ներս խուժել. ուստի Սմբատ նոյն միջոցին գոնէ միջնաբերդը կուզեր ինքզինքը նետել, բայց կարելի չէր. այս յուսահատ վայրկենին ձայն փրթաւ ժողովրդեան եւ զօրաց մէջ:

– Օրիո՛րդն, Օրիո՛րդն, – պոռացին երկու կողմեն եւ լռութիւն մը տիրեց, քարի եւ նետի կարկուտը դադրեցաւ. Մարգրիտ երեւցաւ գլուխը բաց, անպատսպար. վազելով գնաց եւ ինք հօրը ձեռքեն բռնած, իբրեւ վահան զինքը ծածկելով, զօրքերն ալ ետեւեն` բերաւ մտուց միջնաբերդը, եւ դռները գոցուեցան: Ժամանակ էր, վասնզի միւս գռնեն Թորոսի զօրքերը գունդագունդներս կը խուժէին եւ քաղաքացուոց հետ եղբայրաբար կը գրկուէին, եւ միջնաբերդին վրայեն աեսնողներուն յայտնի էր, որ եթէ Մարգրիտ քանի մը վայրկեան աչ ուշանար` հայրը ողջ կամ մեռած թշնամեաց ձեռքն ինկած էր:

ԳԼՈՒԽ ԺԸ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Այս առաքինութեան յաղթանակեն վերջը, ուր անզէն աղջկան մը երեւոյթը զինաթափ ըրաւ պատերազմող ձեռքերն եւ իր հայրը կորստենէ ազատեց, Սմբատ փոխուեցաւ բոլորովին: Իր հովանոցին մէջ նստած ոչ կը խոսէր, ոչ կ'ուտէր, ոչ կը խմէր. Տիկինը եւ սրբազանը մէկ քանի մը ջանացին իր յամառ եւ անտարբեր լռութիւնը ընդմիջել, բայց ճար չելաւ. ուստի Օրիորդին դիմեցին, որ հօրը հետ խօսի, բայց ի՞նչ խոսէր, այն չէին կրնար որոշել:

Իսկ թշնամին քաղքին ամէն կողմին տիրելեն վերջ պատրաստութիւններ կը տեսնէր, հողապատնէշներ կը շինէր, ճամփաներ, տուներ, հաղորդակցութեան միջոցներ կ'ապահովէր, բերդականաց ձգողական զէն քերեն պաշտպանուելու համար, ինչ որ պէտք էր, կ'ընէր եւ կը զարմանար, թէ նոքա կենաց նշան ամենեւին չէին տար:

Եւ իրօք իշխանին այն վիճակը ամէնը լքոյց, պատճառը ոչ աք չէր հասկնար, վարձկան զօրականք սկսած էին քրթմնջել, եւ վերը արդէն Տիկինն, նամանաւանդ սրբազանը, իշխանին խելքին վրայ ցնորք մը նշմարելով լռութենեն, սկսած էին դաւադիր լինել` կերպով մը տղան Բակուրայ տեղը նստեցնել խորհելով, երբ նա, որ մինչեւ այն օրը վտանգ մը տեսած չունէր, եւ իր հաճոյքներէն ու զուարճութիւնն երէն զատ բան մը չէր երեւակայէր, այս միջնաբերդին մէջ բանտ եալ վիճակեն ազատելն ուրիշ բան չէր մտածէր, ուստի իր այս թեթեւութիւնն ալ աւելի խայծ մ՚էր տիկին մօրը, տղուն անունով կառավարել:

Երբ Մարգրիտ այս վիճակը տեսաւ եւ գուշակեց, երբ կիսակտուր բառեր ամէն բան յայտնեցին եւ երեւակայեց թէ չարեաց չարագոյն վիճակ մը պիտի ծագի, որոշեց հօրը մօտենալ, եւ իր պարզութեամբ քովը նստելով սկսաւ հարցմունքներ ընել, թէ ինչո՞ւ տխուր էր, թէ ինչո՞ւ չէր ուտէր խմեր… եւ առանց ձանձրանալու այնչափ անուշ եւ այնչափ երկար խօսեցաւ եւ կրկնեց հարցմունքները, որ Սմբատ սկսաւ փոխուիլ, իր գետին սեւեռող նայուածքն ու խլութիւնը անհետացաւ, սկսաւ իր աղջկան խօսքերուն ուշադրութիւն ընելն յայտնել եւ վերջապէս, իբրեւ քունէ մը ցնցուելով եւ արթննալով, պատասխանեց:

– Դու, Մարգրիտ, դու չէի՞ր, որ ըսիր թէ քաղաքաըիք պիտի ապստամբին:

– Այո՛, հայր իմ, – ըսաւ աղջիկը, հօրը աջն իր ձեռքերուն մէջ ամփոփելով փաղաքշանոք:

– Ապստամբեցան եւ քաղաքը մատնեցին:

– Այո՛, հայր իմ:

– Դու չէի՞ր, որ ըսիր, թեւ այս վարձկան եւ սրիկայ զինուորները զիս պիտի մատնէն:

– Այո՛, հայր իմ:

– Ուրեմն ճար չի կայ, պէտք է սպասել այս վիճակիս, պէտք է սպասել գերութեան, պէտք է սպասել աստանդական շրջելու ապաստարան մը փնտրելու համար. դու ըսիր` ուրեմն, ասոնք պիտի լինին. դու գուշակեցիր` ուրեմն վերահաս է եւ պիտի հանդիպի. լաւ՛ է ուրեմն մեռնիլ:

– Ինչո՞ւ համար դու այսպէս կը յուսահատիս, հայր իմ, – ըսաւ Մարգրիտ` տեսնելով թէ իր նախատեսութիւնքը ինչչա՛փ վնասակար եղած էին հօրը, – ես մարգարէութեան հոգուով չի զրուցէցի բան մը, այլ բոլոր իմ խօսքերս ըրած ղիտողութեանցս վրայ երեւակայական ձզտումներ էին. դու թէ որ ուզես, ես հիմա, ես տկար աղջիկ մը ամէն բան կ'արզի կը դնեմ, միայն հրաման տուր:

– Ինչպէ՞ս կարգի կը դնես դու այս վիճակը, որ արդէն իր վախճանը գտած է:

– Հիմա Թորոսին քու կողմանեդ…

– Թորոսին իմ կողմանես պատգամաւոր կամ նամակ չի կրնար երթալ եւ պհտք չէ՛ երթա:

– Բայց, հայր իմ:

– Հայր, մայր չի կայ. փուճ տեղ ինձի հետ մի խօսակցիր, զիս մի նեղիր. ամէն մարդ իր բախտին պէտք է հետեւի. ի՛նչ որ մինչեւ հիմա քու հօրդ համար ըրիր` բաւական է, աստուած քեզ օրհնէ ու վարձատրէի ինչչափ որ գէշ, անպիտան եւ չարագործ ալ լինի մէկը, իր զաւկին համար, մանաւանդ երբ զաւակը այնչափ առաքինի է քեզի պէս, մէկ անգամուայ համար, երբ աղօթէ` աստուած անոր ձայնը կը լսէ, ուստի նորէն կ'ըսեմ, ես ա՛լ բան մը չունիմ, ամէն թան լմնցած է ինձի համար, ոչ իշխանութիւն, ոչ կարողութիւն, ոչ հարստութիւն, ամէն բան կորան եւ անոնց հետքն անգամ չի մնաց. հոս անզգամութեան չափը լցուեցաւ, դու միայն մնացիր անարատ այս գարշութեանց մէջ, աստուած քեզ վարձատրէ՛, աստուած քու վերջդ բարին ընէ՛:

Եւ այս խօսքերը զրուցելուն իշխանը ձեռքը զաւկին գլխուն դրած, աչքերը արտասուալից երկինք վերուցած էր:

Տխուր եւ դառն սրտիւ մտիկ կ'ընէր այս խօսքերը Օրիորդը, երբ հայրը ոտքի վրայ ելաւ, հանդարտ էր բոլորովին եւ սկսաւ վեր-վար շրջագայել, ու յանկարծ կենալով հրամայեց, որ Վասիլ կանչեն, եւ երբ նա սոսկումով ներս մտաւ

– Գնա՛, – ըսաւ, – բոլոր բանտարկեալները հոս բեր հիմա:

Քանի մը վայրկեան վերջը քառասունի չափ անձինք իր առջեւ շարուեցան շղթայակապ:

– Ամէնքն ասոնք ամբողջ ներկա՞ են, – հարցուց իշխանը, – չի կայ ոք պակաս:

– Ո՛չ, տէր, – պատասխանեց Վասիլի ռնգային ձայնը:

– Շուտ ասոնց շղթայները քակեցէ՛ք:

Եւ երբ հրամանը կատարուեցաւ`

– Գնացէք ձեր տուները, ազատ էք ասկից վերջը զիս եւ իմ յիշատակս նզովելու, անիծելու եւ հայհոյելու, միայն շնորհակալ եղէք եւ օրհնեցէք այս աղջիկը. ինչ որ մինչեւ հիմա ապրեցաք եւ պիտի ապրիք` գիտցէք` ի շնորհս նորա է: Տէ՜, մ՚երեւաք աչքիս, գնացէ՛ք:

Այնպիսի դառնութեամբ զրուցուեցան այս խօսքերը, որ իբրեւ թէ ինքնիրեն կը վախեր, որ կրնար զղջալ եւ հրամանը հետս կոչել: Ուստի մարդիկն ալ զարմանքով եւ ահով, դողով, երբ միջնաբերդին դռնեն դուրս ելան, մեծ ծանրութիւն մը գնաց իրենց վրայեն: Բայց այս ամէն եղելութեանց Մարգրիտ նստած ձեռք-ձեռքի վրայ դրած կը մտածէր, թէ ինչպէ՞ս կարելի էր այս քարասիրտ մարդուն սիրտը կակղեցնէի ուստի ելաւ վերջին ճիգ մ՚ալ ընելու, վասնզի այս մարդը ինչ աստիճանի անզգամ ալ որ լինէր, իր հայրն էր քովը մօտեցաւ.

– Սիրելի հայր իմ, – ըսաւ, – կը տեսնեմ թէ սոսկալի որոշմունք մը ունիս, բայց դու չես մտածէր թէ ես քեզմէ զատ մէկը չունիմ աշխարհիս վերա, դու միայն իմ յոյսս եւ իմ պաշտպանս ես, ես առանց քեզի ի՞նչ պիտի լինիմ:

Այս խօսքերով կը յուսար, որ յուսահատ որոշմունքէ մը զինք ետ կեցնէ, բայց իշխանը այնչափ միամիտ չէր:

– Դու փուճ տեղ կը վախես, աղջիկս, – ըսաւ, – ես դեռ իմ վերջին որոշմունքս չեմ ըրած, եւ զքեզ ալ պաշտպանութեան կարօտ չեմ գտնէր, վասնզի երէկ դու զիս պաշտպանեցիր, արդէն քու փափագդ յայտնի է ինձի. դու միշտ մենաստան մը քաշուիլ կ'ուզէիր, մենք զքեզ արգիլեցինք մինչեւ այսօրս. ուստի դու հանգիստ եղիր. բոլոր քաղաքը զքեզ կը պաշտպանէ, եւ դու ո՛ւր որ ուզես կրնաս քաշուիլ:

Այս խօսքերը խստութեամբ զրուցուեցան. ուստի իմանալով Օրիորդը որ ճար չի կար, տխուր իր սենեակը քաշուեցաւ` աստուծոյ յանձնելով ինքզինքը եւ երեք անմեղները` հարսը եւ իւր պզտի տղայքը, որ ուրիշներուն յանցանքը կը տուժէին:

Սոյն միջոցին, որ ինք հօրը հետ վերոյիշեալ խօսակցութիւնը կ'ընէր, Տիկինը, տղան Բակուրայ եւ սրբազանը մէկտեղ կ'իջնէին վարի մեծ գաւիթը, ուր զինուորաց խումբը կը կենային: Քանի մը ճրագներ եւ քանի մը կանթեղ տկար եւ տխուր լոյս մը կը ձգէին. ուստի երբ այս մեր երեք անձինքը սանդուխին վարը կ'եցան, բոլոր խումբը հոն ժողովուեցան, իմանալու համար թէ ի՞նչ կը նշանակէր այս անսովոր այցելութիւնը:

Սրբազանը սկսաւ տխուր ձայնով մը վիճակին ծանրութիւնը նկարագրել, վերջը հոն բերաւ խօսքը թէ ինչպէ՛ս իշխանը յուսահատ` բոլորովին հակասական հրամաններ կ'ուտար. երէկուան դատապարտուածները այսօր կ'արձակէր, թէ ինչպէ՛ս փոխանակ պատերազմի պատրաստութեան կամ բանագնացութեան մունջ եւ համր եղած` հարցմունքներուն նաեւ պատասխան չէր տար, եւ թէ ինչպէս Օրիորդն անգամ իրմէ գոհացուցիչ պատասխան մը չէր կրցած առնուլ… Ուստի, – աւելցուց սրբազանը, – թէ այսպիսի պարագայի մէջ Տիկինը եւ ինք, եւ Օրիորդը աղաչէր էին Բակուրայ իշխանազունը, որ յանձն առնու կառավարութիւնը այսպիսի ծանր պարագայի մէջ, որպէսզի քաղաքն անիշխանութեան չի մատնուի:

– Մենք իշխանը՛ միայն մեզի տէր կը ճանաչենք, ո՞ւր է, թող գայ, – ըսաւ ձայն մը:

– Մենք ձեզի հաւատարմութիւն չունինք, – աղաղակեց ուրիշ մը:

– Օրիորդը՛ թող գայ, այն խօսի, – ըսաւ մէկ ուրիշ ձայն մ՚ալ:

– Անոր միայն վստահութիւն ունինք:

– Օրիորդը՛, Օրիորդը՛ կ'ուզենք, – սկսան գոչել խառն ձայներու բազմութիւն մը:

– Դուք ալ մեզի պէս անպիտան էք, անպիտաննե՜ր, անզգամնե՛ր: Եւ ձայները կը բարձրանային, ու գաւիթը կը թնդար, մեր երեք անձանց վիճակը վտանգաւոր էր. ետ դառնալ եւ սանդուխներէն վեր փախչիլ անկարելի էր, գազանի մը կռնակը դարձնելն յայտնի է թէ յիմարութիւն է: Երեք անձինք, որ ինքզինքնին ծուղակի մէջ ձգեցին` բոլորովին շփոթեցան. եւ յիրաւի ամենեն քաջ մարզիկն նաեւ այդ արիւնալի եւ գազանային աչքերը որ տեսնէին, կարելի չէր սոսկում զիրենք չի պատեր: Տիկինը իւր բոլոր հնարիմացութիւնը ժողուելով նշան ըրաւ, որ կուզեր խօսիլ. բայց հազիւ թէ փոքրիկ լռութիւն մը կը սկսէր` աղաղակները դարձեալ կը բարձրանային եւ անհնար կը լինէր խօսք լսեցնէի այս տագնապին մէջ էին, երբ յանկարծ ճերմակ գիշերազգեստ հագած, մազերը կռնակն ի վար թափած երեւցաւ Մարգրիտ, որ խառնակ աղաղակներէն կարծելով թէ միջնաբերդն ալ առնուէր էր, մէկ ձեռքը ճրագ, միւսով եղբօրը փոքրիկ տղան գրկած դէպի սանդուխը կը վազեր, հարսն ալ միւս տղան գիրկը իրեն կը հետեւեր, երբ զինքը տեսան այն կէս գազան զինուորները, պատկառանաց լռութիւն մը տիրեց եւ Տիկինը սիրտ առնելով` «Ե՛կ աղջիկս, ե՛կ, մեր զինուորները քեզ կ'ուզեն, որ խօսիս, եւ հանդարտին» կանչեց: Եւ երեքն ալ մէկեն դէպ անոր կ'ելնէին սանդուխներէն ապահովելով համար:

– Ապրի՜ Օրիորդը, կեցցէ՜ Օրիորդը, – կը կանչէին զինուորները մէկ բերան:

Այս խառնակութեան եւ աղաղակներուն մէջ մայրը աղջկանը իմացուց քանի մը խօսքով, թէ ինչե՞ն էր այս գրգռութիւնը, եւ թէ ինք միայն կրնայ այս մոլեգին զօրականը հանդարտեցնել: Ուստի Մարգրիտ առաջ անցնելով սանդուխներէն քանի մը ոտք իջաւ` միշտ տղան գիրկը, ձեռքով նշանացի ըրաւ, որ լռեն:

Գեղեցկութիւն, երիտասարդութիւն եւ առաքինութեան դրոշմ կը նկան ճակտի վրայ` այնպիսի ազդեցութիւն ունի մարդկանց, որ անոնց գազանները նաեւ անկից ազատ չեն, ուստի շուտ մը լռութիւնը տիրեց, եւ Օրիորդը այսպէս խօսեցաւ:

– Ձեզմէ շատերը իմ տղայութիւնս գիտեն, կան մէջերնեդ մարդիկ, որ ես իբրեւ հայր ճանչցեր եմ եւ որոնց պաշտպանութիւնը վայելէր եմ զանազան ուխտագնացութեանց մէջ. մէկ հարկի տակ բնակեալ` ամէնքնիդ իբրեւ եղբայր ճանչիր էի մինչեւ այսօր, եւ այնպէս կը յուսայի թէ մեր այս թշուառ վայրկեաններուն, մէկ սիրտ, մէկ հոգի մեր ցաւերը պիտի չաւելցնէք, եւ այս վիճակեն ելնելու համար ինչ կերպով որ կարելի է ճարը մէկտեղ միաբան պիտի հոգանք: Այս բարկացայտ աղաղակները, որ զիս այս վիճակիս մէջ դուրս ձգեցին սենեկես, այս անմեղ տղայոց արցունքը, որ զիս շփոթեցին, ինձ այսպէս կարծել տուին, թէ թշնամին առէր է այս մեր վերջի ապաստանն ալ, եւ մզ գերութենէ զատ ուրիշ բան չէ մնացեր: Իսկ հիմա կը տեսնեմ, թէ մենք մեր տանը մէջ խռովութիւն կը հանենք, զիրար կ'ուզենք հարուածել. մի՛ կարծիք թէ այսպէս մէջերնես մէկը օգուտ կրնայ քաղել. պէտք է ամէնքս լաւ ըմբռնենք, թէ մեր մէջեն նա, որ հիմա վազէ այս դուռը բանալու եւ ներս հրաւիրէ թշնամին, է՛ն արհամարհը ինքն է նորա աչքին. մատնութեան պէս անարգ ի՜նչ կայ աշխարհիս վրայ, ո՛վ մէջերնես Յուդայի անունը եւ բաժինը կուզէ ժառանգել: Ո՛չ ոք: Այս աղաղակները, այս կիրքը նաեւ մեզի ի՜նչ գէշ հետեւանքներ պիտի բերեն: Հանդարտինք, եղբարք իմ, ձեր մէջեն կը տեսնեմ ես քանի մը խոհեմ ծերեր, անոնց խորհուրդ հարցուցէք, անոնք իբրեւ հայր յարգեցէք, անոնց խօսքը մտիկ ըրէք, բանի մը թէ կը փափագիք` անոնցմով մեզի իմացուցէք. իշխանը` իմ հայրս, գիտէք, որ քիչ մը հիւանդ է, այսպիսի աղաղակներով իր վիճակը կը ծանրանայ, եւ դուք տիրասպան լինելու նախատինքն ու աղտը ձեր անուան վրայ կը դրոշմէք, զգուշացէ՛ք:

Այս խօսքերը լուրջ եւ տխուր դառնութեամբ մը զրուցուած, բեմի վրայէ տրուած քարոզէ մը աւելի ազդեցութիւն ըրին այս աւազակաց վրայ, եւ այս մաքուր շրթունքներէն ելած խօսքերը իբրեւ թէ զանոնք մկրտեցին, հազիւ թէ մէկ-երկու խենթուկներ «Կեցցէ՜ Օրիորդը» պոոյսցին, «լռութիւն» բառը ամէն բերնէ զանոնք պապանծեցուց, եւ մեր իշխանական ընտանիքը խաղաղութեամբ ելաւ իր սենեակները: Մարգրիտ տղեկը յանձնեց հարսին, եւ ինք առանց ուշադրութիւն ընելու մօրը, եղբօրը եւ սրբազանին գովասանական անհամ խօսքերուն, որ վտանգէ ազատելնուն ի՛նչ զրուցածնին չէին գիտէր, լի դառն գուշակութեամբ հօրը հովանոցը ուղղուեցաւ, հազիւ թէ դռանը մօտեցաւ, իր ծեր եւ մունջ Մարտիրոսը տեսաւ, որ անսովոր համարձակութեամբ «Օրիո՛րդ, մի՛ մտնէր. հոս ի՞նչ բան ունիս» ըսելով կուզեր զինք արգելուլ: Այս արգելքը զինք իր համոզման մէջ հաստատելով` արգելքը վանեց եւ տախտին մօտեցաւ, ուր սովորաբար իր հայրը կը հանգչէր, եւ տեսաւ գնա տարածեալ` սուր մը սրտին մէջ գամուած, արիւնը, որ առուակի պէս կը վազեր, հասկցաւ, որ ամէն բան լմնցեր էր. չոքեցաւ հոն, բազմոցին եզերքը, նայեցաւ այն աստեղազարդ երկնքին, իր մտքին աչքերը դեռ անդին աւելի բարձր ողորմութեան աստուածը տեսան, որուն գթութիւնը անսահման է եւ անչափ, անոր աղօթեց, իր թշուառ հօրը ձեռքերուն վրայ գրաւ իր շրթունքները, իւր մաքուր եւ որդիական արցունքները, որ արիւնը կը լուային, ինք կը հաւատար թէ ոճիրները նաեւ կը լուային երկինքը. եւ երբ աղօթքը վմնցուց եւ հաւանոցին դռնեն դուրս ելաւ, տեսաւ զինուորաց ութ-տասը հատ ծերերը շարուած, որ իրեն կը սպասէին, ամենայն յարգանօք իրեն ըսին.

– Ո՜վ ազնիւ Օրիորդ, աստուած քեզ մխիթարութիւն տա, ինք տէրն ողորմի մեր իշխանին հոգուոյն, մեր բոլոր զինուորակիցքը իրենց ցաւակցութիւնը քեզ կը յայտնեն զմեզ պատգամաւոր յուղարկելով եւ կը խնդրեն, որ իրենց աղաչանաց մտիկ ընես եւ յանձն տոնուս յաջորդ լինիլ հօրդ, քո իմաստութեամբ եւ առաքինութեամբ տնօրինես: Իրենք յայտնի կ'իմացնեն, թէ ոչ տիկինը, ոչ սրբազանը եւ ոչ քու եղբայրդ Բակուրայ իշխանը, կրնան ճանչել յաջորդ իշխանին. իսկ եթէ դու յանձն չես առնուր, այն ատեն իրենք գիտեն իրենց ընելիքը եւ անոր համար ալ առաջուց թողութիւն կ'ուզեն:

– Ասանկ վայրկենի մը մէջ գոնէ մինչեւ վաղն առաւօտ ինձի ժամանակ պէտք է տաք խորհրդածելու. ձեր այս առաջարկութիւնը գիտէ՞ք որչափ ծանր է, ամէն կարգ ու կանոն տակնուվրայ կընէ, եւ աշխարհք ի՞նչ կը զրուցէ, երբ ես իմ մէկ հատիկ եղբայրս ղրկեմ ժառանգութենէ` հօրս դիակը դեռ հող չի մտած: Խնդրեմ, այսպիսի բռնաւորական գործ մի՛ ընէք, եւ նայինք թէ ոչ վերը, ոչ վարը բաժանմունք չլինի մէջերնիս. ձեզ իբրեւ հօր, անոնց իբրեւ եղբօր կ'աղաչեմ իմ այս խօսքերուս վրայ մտածել:

Առանց պատասխանելու ծերերը ելան գնացին, եւ Օրիորդը հազիւ թէ իր սենեակը մտաւ, զարմացաւ տեսնելով հոն մայրը, եղբայրը եւ անբաժանելի սրբազանը, որոնք սոսկումով պատած սկսան աղաչել իրեն, որ յանձն առնու ամէն առաջարկութիւն, ամէն իշխանութիւն, միայն թէ զիրենք եւ իրենց կեանքը ազատէ այս կատաղի աւազակաց գնդին ձեռքեն, որ իրմէ զատ բան մը չէին ակնածէր, եւ որ վարը արդէն զուասիլ յօշ-հոշ պատառելով սպաննած էին, իբրեւ լրտես եւ բանսարկու: Իսկ երբ Օրիորդը իրենց պատմեց, թէ ինք ինչպէս պայման դրած էր մինչեւ առաւօտ սպասելու, սկսան երեքը միաբերան լալ, ողբալ եւ կոծուիլ, մանաւանդ սրբազանը, թէ շատ գէշ բան եղած էր, թէ շատ կարելի էր, որ «Այդ անզգամ չարագործները, որ ոչ աստուծմէ կը վախէին եւ ոչ մարդկանէ կ'ամաչէին` դառնային գային եւ անկարծելի ոճրագործութեանց ձեռք զարնէին»:

Սենեկին դուռը բաց էր, երբ այս խօսքերը զրուցուեցան` Աւագին գլուխը ներս երկնցաւ նոյն վայրկենին, եւ իր երկու բոցի պէս աչքերը իւր սեւացեալ երեսին վրայ փայլեցան նստողներուն աչքին. դաժան երեսով եւ սպառնալից ձայնով այս խօսքերն արտասանեց.

– Օրիո՛րդ, մեր գունդին կամքն այս է, որ կամ հիմա յանձն առնուս ամէն իշխանութիւն, կամ թէ ոչ, որոշ յայտնես, եւ մենք գիտենք ընելիքնիս:

– Թէ որ միաբան այդ որոշմունքը ունիք մէջերնիդ, թէ որ միաբան իմ ամէն հրամանացս պիտի հնազանդիք, ինչպէս հօրս միշտ կը հնազանգէիք` լաւ՛, կընդունիմ. բայց թէ որ իմ անունիս քօղին տակ ամէն անկարգութիւն պիտի տիրէ, ես գիտեմ հօրս ետեւեն երթալու ճամփան:

– Մի՛ վախեր, մենք ամէնքս կեցէր ենք, քու խօսքերդ Աստուածամօր խօսքի պէս պիտի ընդունուին. հոգ մ՚ընէր, Օրիո՛րդ:

– Մենք կեցէր ենք հոս ամէնքս, – ըսին տասը ձայնը, որ դուրսը կեցած էին եւ որոց ոմանց գլուխները կ'երեւար` ոչինչ պակաս ահարկու, քան զաւագինը:

– Հրամայէ ուրեմն, իշխանուհիդ, – ըսաւ Աւագ, – որ երեւաս մեր զօրականին:

– Վայրկեան մը ինձի ժամանակ տուէք, – ըսաւ խեղճ աղջիկը արցունքը սրբելով, եւ վրան սեւ հագուստ մը ձգեց, ու ետքը միայն իր Մարտիրոսը առած իջաւ վարի գաւիթը, ուր բոլոր զինուորները ժողովուած իրեն կը սպասէին:

Հոն, Աւագ Օրիորդին կողմանէ եղած պատասխանը հաղորդեց, այն ատեն գաւիթը թնգաց, վասնզի «Կեցցէ՜ մեր իշխանուհին» բառերը երեք հարիւր բերան որոտացին: Օրիորդն ալ քանի մը բառով յորդորեց զիրենք, որ երթան հանգչին եւ իրեն ալ ժամանակ տան, որ կարէնայ հանդարտիլ եւ գիտենա թէ ինչ պիտի ընէ: Զինուորները իրենց խշտիները քաշուեցան: Օրիորդը ծանրածանր եւ մտախոհ կ'երթար իր սենեակը պարադաներուն դառնութեանը վրայ խորհրդածելով եւ առաջադրելով, որ այս վիճակեն ազատած օրը իր փափագած կուսանաց վանքը քաշուի անդանդաղ: Միւս կը սղմեն կը կշռէր վիճակը, կը տեսնէր թէ անկարելի էր դէմ դնել այսպիսի անկարգ աւազակներով Թորոսի պէս թշնամուոյ մը առջեւ, ուստի կը մտածէր թէ ի՞նչ դաշինքներով կարելի էր պատուով ազատել ընտանիքը, եւ այս խորհրդածութեամբ յուզեալ հազիւ թէ առաւօտեան դէմ մրափ մը առաւ իր անկողնին վրայ նստած եւ արշալոյսին հետ արթնցաւ:

Առաւօտուն Սմբատայ մարմինը դիապատեցաւ, սենեկի մը մէջ դրուեցաւ Օրիորդին հրամանաւ: Ընտանիքը ժողովքի կանչեց եւ անոնց միտքը հարցուց, բայց անոնք տեսաւ թէ ահաբեկեալ` ազատիլ միայն այն վիճակեն կը փափագէին եւ ամէն բան իրեն կը թողնէին: Ուստի առանց ժամանակ կորսնցնելու ձի մը պատրաստել` քանի մը ծեր զօրագլուխներուն իրեն հետեւիլ եւ միջնաբերդին դուռը բանալ հրամայելով` ուզեց որ իմացնեն Թորոսի թէ պատգամաւոր պիտի գար խաղաղութիւն խօսելու:

Բոլորովին սեւեր հագած, սեւ ձիու մը վրայ հեծած, տխուր եւ դիմացը նայելով` մազերնին ճերմկցած, արեւեն սեւցած զինուորներէ շրջապատեալ կ'երթար իշխանուհին, եւ բոլոր քաղաքը, որ արդէն զինքը կը ճանչէին եւ կը յարդէին, գիտենալով թէ հօրը սգաւորն էր, աւելի ակնածութիւն կը ցուցնէին. կանայք դաները եւ տանիքները կը լցուէին տեսնելու համար զինքը` «Աստուած զքեզ մխիթարէ, աստուած զքեզ օրհնէ, աստուած քեզի երկայն օրեր տա» ձայները ետեւեն կը հասնէին: Ոչ միայն զարմանալի էր Սմբատայ մահուան լուրին տարածուիլը բոլոր քաղքին մէջ, այլ նաեւ ժողովրդեան կրից ներողամիտ լռութիւնը, որ թէպէտ լի էր ատելութեամբ նորա յիշատակին դէմ` այլ թշուառ եւ առաքինի աղջկան մը ականջին ծանր եւ նախատանաց բառ մը չի լսեցուց: Երբ քաղքին դռնեն ելաւ Օրիորդը եւ բանակին մօտեցաւ, տեսաւ խումբ մը հետեւակ մարդիկ, որ իրեն կ'ուգային, առաջնորդները իմացուցին թէ իշխանը անձամբ կ'ուգար զինքը դիմաւորելու. մէկեն Մարգրիտ իջաւ ձիեն: Թորոս մօտենալով եւ ողջունելով, կրկին-կրկին հրաւիրեց դարձեալ ձի հեծնել մինչեւ վրանները. իսկ Օրիորդը հրաժարելով հետի կը քայլեր իրեն հետ լռութեամբ, մինչեւ որ հասան իշխանական վրանը, ուր Եւփիմէ եւս պատուով ընդունեցաւ զպատգամաբերը:

Մարգրիտ այն ընտրեալ եւ արտաքոյ կարգի բնաւորութիւններէն էր, որոնց լռութիւնը, նայուածքը, շարժմունքը նաեւ` կը խօսի եւ կարտայայտէ հոգուոյն կատարելութիւնքը, եւ նոյն բնութեան վիճակեալ անձինք իրար շուտ կը հասկնան: Այնպէս ալ հոս հիմա Հանդիպեցաւ. Թորոս ու Եւփիմէ վայրկենին ճաւնչեցին Օրիորդին բարձր բնութիւնը, ինչպէս նա ալ զանոնք ճանչեց եւ դատեց:

Քանի մը վայրկեան լուռ կ'ենալեն վերջ, Թորոս յարկ համարեցաւ խօսքը բանալու.

– Ազնիւ իշխանուհի, ձեր այսպիսի պատգամաւորութիւնը պատիւ կը համարիմ եւ կը փափագիմ, որ այնպիսի առաջարկութիւններ ընէք, որ առանց արեան կաթիլ մը թափելու կարէնանք խաղաղութիւնը կնքել եւ. այս կռիւը, որ եղբայրասպան կրնայ համարուիլ` վերջացնենք:

– Ո՜վ մեծ իշխան, – պատասխանեց Մարգրիտ, – ես պայման չեմ բերածդ հոն` ներսը, ընտանիք մը կան, որ իրենց սուգին մէջ` դաշնադրաց պայմաններու վրայ մտածելու վիճակի մէջ չեն. ձեր իմաստութիւնը կրնայ նրեւակայել` ես չեմ երկայնաբաներ. ձեր վեյանձնութիւնը ինչ որ կամի` պատրաստ եմ ստորագրել, միայն թէ ձեր սրտեն, եւ ոչ մեր վարմունքեն` կը խնդրեմ, որ թելադրէք:

– Ես ներսի միջնաբերդին ընտանեաց վիճակեն եւ սրտիս վեյանձնական թելադրութենեն աւելի առաքինութեան տիպար մ՚ունիմ առջեւս, ուրեմն, նա հիմա թող հրամայէ եւ երաշխաւորէ, որ ասկից վերջը մարդասիրութեան օրէնքներ միայն պիտի կառավարեն Անարզաբան, ես իմ ժառանգական բոլոր իրաւունքներես կը հրաժարիմ եւ բանակիս կը հրամայեմ հիմա, այս վայրկեանիս ասկից հեռանալ:

– Այսչափ վեյանձնութեան եւ այսչափ մարդասէր առաջարկութեան պէտք էր, որ ես ուրախութեամբ յանձնառութիւն ցուցնէի, եւ դժբախտաբար պիտի չի կարէնամ. ո՜վ եմ ես, որու երաշխաւորութիւնը այնչափ արժէք ունենա. թշուառ աղջիկ մը պատրաստ է սիրով եւ սրտանց աշխարհես հրաժարելու եւ այս պաշտօնը միայն քանի մը անմեղ անձանց ապագային համար յանձն առած է:

– Բայց ես իմացայ թէ բոլոր զօրականաց եւ ընտանեաց միաբան ընկերութեամբ ձեզի կատարեալ յաջորդական իշխանութիւն տրուէր է, եւ դուք ընդունէր էք:

– Այո՛, ընդունէր եմ, որպէսզի ինչչափ որ կարելի է, մարդկային արեան հեղեղներ կարէնամ արգիլել եւ անկարգութիւններ սանձահարէի միմիայն ասոնց համար:

– Լաւ՛, իշխանազուն Օրիորդ, ես իմ պայմաններս զրուցեցի, ձեզի կը մնա ձերիններն ինձ հաղորդել:

– Իմիններս չափաւոր են եւ գոհացուցիչ մեր վիճակին եւ մեր անցեալին համար: Ա. փոխարէն Անարզաբայ` մեր հայրենի Պապեռոնի դղեակը շնորհուի, ուր եղբայրս իր ընտանեօք եւ մայրս բնակին ու ապրին` իրենց ամէն ստացուածքը հոն փոխադրելու իրաւունք ունենալով: Բ. մինչեւ ցայսօր հօրս ծառայող զինուորները իւրաքանչիւրն իրենց աստիճանաւ ընդունուին ձեր բանակին մէջ ծառայելու պայմանաւ:

– Միայն բան մը մոռցաք. ձեր անձին համար բան մը, չորոշեցիք:

Շատոնց որոշած էր վիճակս` թէ որ թշուառ հօրս կամքը արգելք չլինէր. ուրեմն, հիմա աստուած ի՜նչ տնօրինած է, թող կատարուի:

Այս խօսակցութեան երկու հոգի միայն ներկա էին. Եւփիմէ եւ Ստեփանէ: Ամէնն ալ այս ազնուական աղջկան պարզ համարձակութեան վրայ կը զարմանային, վասնզի իւր որոշմունքը յայտնի կ'երեւար, եւ այդ չաշխարհիկ ծաղկին թառամիլը տխրութեամբ կը լեցնէր զիրենք:

– Ճշտենք ամէն պայմանները, – ըսաւ Թորոս: – Ա. Անարզաբայ միջնաբերդը ինձի պիտի յանձնուի: Բ. Ես ձերայնոց` հոս մօտիկ` Պապեռոնի ամուր բերդը պիտի տամ, որու հիմա բանալիները ինձի րերուեցան: Գ. Ձերայի՜նք իրաւունք ունին ամէն ինչք եւ ստացուածք առնուլ եւ ելնել: Դ. Ո՛վ որ ձեր հայրենի զինուորաց յանձն առնու իմ ծառայութեանս մտնել իւրաքանչիւրն իւր աստիճանաւ ընդունելի լինի:

– Ե… – ըսաւ եւ կեցաւ Թորոս, առանց շարունակելու: Օրիորդը ուշադրութեամբ սպասեց եւ երբ տեսաւ, որ չէր խոսէր` ըսաւ.

– Խիստ դաշինք մը կ'երեւայ թէ ձեր վեյանձնութիւնը կարգիլէ:

– Դուք դատեցէք, Է. Անարզաբայ քաղքին կառավարութիւնը եւ եկամուտը Մարգրիտ իշխանուհուոյն կը վերաբերի յաջորդաբար:

Այս խօսքերը լսելուն, կարմրութիւն մը պատեց Օրիորդին երեսը եւ պատասխանեց.

– Ո՛վ մեծ իշխան, ձեր հինգերորդ դաշինքը ձեր սրտին վեյանձնութեան արդիւնքն է, ես իբրեւ կատակ մը կը լսեմ. արդէն նա, որ աշխարհք կը ձգէ առանձնութեան եւ աստուծոյ համար, ոչ ժառանգութեան պէտք ունի եւ ոչ յաջորդութեան: Դարձեալ ձեր մեծութիւնը պէտք է գիտնա թէ ես շատ ուշացայ հոս եւ սիրտս հանգիստ չէ, վասնզի հոս ինչ որ կը խոստանամ չգիտեմ թէ ազատ պիտի լինի՞մ հոն բերդի մէջ գործադրելու:

– Առջի ըսածներուդ վրայ իբրեւ հին եւ բազմամեայ բարեկամ մը կը խնդրեմ եւ կը պահանջեմ, որ արտորնօք որոշմունք մը չընէք. ես թէ որ անհոգանամ` ապահով եմ, որ հոս ուրիշ մը կայ, որուն ձեռքեն չէք կրնար ազատիլ, – ըսաւ Թորոս Եւփիմէի նայելով, որ գլխով ըրածը կը հաստատէր. – իսկ վերջի ըսածնիդ կը խնդրեմ մեկնել, վասնզի չեմ կրնար հասկնալ:

Այն ատեն Մարգրիտ վրանին դռանը աչք մը ձգեց. Թորոս զինքը ապահովցուց թէ մէկը չի կար իրենց խօսքը մտիկ ընելու համար. ուստի Օրիորդը բերդձապահ զօրականին նկարագիրը ըրաւ համառօտիւ եւ պատմեց թէ ինչպէ՞ս իր ներկայութիւնը միայն բոլոր գիշեր կրցեր էր զիրենք հանդարտեցնել: Թէպէտ այս պատմութիւնը` իր գովասանութեան մասին շատ համառօտ էր, բայց իրերը եւ վիճակը այնչափ յայտնի էին, որ ամէնքը զարմանքով լեցուեցան եւ Թորոս, որ բաւական սրամիտ էր մասեն ամբողջը գտնելու համար, ոտքի վրայ ելաւ եւ ձեռքը տալով Օրիորդին`

– Ի՛նչ պարագայի եւ ի՛նչ վիճակի մէջ որ գտնուիք հիմա, վաղը եւ ապագային, կը խնդրեմ եւ պարտաւորութիւն կը ձգեմ ձեզ ինձի դիմել, եւ ես ձեռքես եկածը թէ որ չընեմ, յանցաւոր եմ առաջի աստուծոյ: Ահա եղբայրս` Ստեփանէ, եւ կինս` Եւփիմէ վկայ լինին իմ երդմանս: Արդէն ես հիմա քաղաքապահ զօրաց հրաման կ'ուղարկեմ, որ ձեր ամէն ակնարկութեանց հնազանդին իբրեւ ինձի:

– Թէ որ հրաման ընէք, – ըսաւ եղբօրը Ստեփանէ, որ մինչեւ այն վայրկեանը բերանը չէր բացէր այլ խորին ուշադրութեամբ մտիկ կ'ընէր եղբօրը եւ Օրիորդին խօսակցութիւնը, – ես ալ կը նկերանամ իշխանուհուոյն եւ ինչ որ յարկ տեսնէ, կը գործադրեմ:

– Շատ լաւ կը վինի, եղբայր իմ, միայն թէ ինք ինչ որ հրամայէ` այն մինակ ի գործ դիր:

– Այո՛, այդպէս:

Եւ ահա պատգամաւոր խումբը ճամփայ ելաւ, եւ Թորոս մէկ-երկու անգամ յանձնարարելով Ստեփանէի զգոյշ լինիլ, եւ ընկերանալով նոցայ մինչեւ բանակին մուտքը` ետ դարձաւ:

– Ի՞նչ կը մտածես Եւփիմէ, – ըսաւ Թորոս, – Սմբատի պէս գազանի մը այս հրեշտակ զաւկին, թէ որ բոլոր Անարզաբայ բնակիչը եւ գործքերը չի վկայէին թէ իմաստութիւն եւ առաքինութիւն անձնաւորեալ է ի նմա` չէի հավտար:

– Շատ լաւ եղաւ, որ Ստեփանէ ներկա էր այս խօսակցութեան, – ըսաւ Եւփիմէ, ուրախ ժպիտով մը, – թէ որ մեր երկուքին վրայ այնչափ ազդեցութիւն ըրաւ Օրիորդին հոգուոյն եւ դէմքին գեղեցկութիւնը, ի՞նչ կը յուսաս Ստեփանէի վրայ:

– Թէ որ Ստեփանէ ուզէ, եւ Մարգրիտ յանձն առնու, ասկից յարմար եւ օգտակար բան մը չեմ կրնար երեւակայել ու փափագիլ. Ստեփանէ այն ատեն ապահով մերն է:

– Ինչ ըսել կ'ուզես, չեմ հասկնար:

– Այն կ'ուզեմ ըսել, որ իմ այս երկու եղբայրներս, որոնց քաշութեան եւ կորովին համար կասկած ունենալ կարելի չէ, դժբախտաբար մեզի հետ գերի չէին եկած Պոլիս, այլ աստանդական, բարբարոսաց մէջ, զուրկ ամէն բարոյականէ, ամէն կրօնական սկզբունքէ, ամէն ուսմունքէ, ամէն բարի օրինակէ, իրենց փափուկ տարիները անցուցեր են սուր եւ նիզակ շարժէլով` հաջ ու ձախ շահատակելով եւ ամէն անգթութեանց, ոճիրներու մասնակցելով: Մլեհի համար ես յոյս չունիմ, վստահութիւն չունիմ, ինք կորսուած երիտասարդ մ՚է: Ստեփանէի համար կը մտածէի, հիմա թէ որ այս դիտողութիւնդ ստուգուի, այսպիսի կին մը ինչ որ իրեն կը պակսի` կը լեցնէ, եւ ես այս ծանր գործիս մէջ, որուն դեռ սկիզբն ենք, աջ բազուկս գտած կը լինիմ եւ դժուարութեան մը տեղ, օգնութիւն մը կ'ունենամ:

– Դու անհոգ եղիր, այս գործը ի՛մս է, եւ ես կը խոստանամ ի գլուխ հանել:

– Ինչ դիւրութիւն որ ուզես, իմ կը սղմես ամէնն ալ քեզի կ'ուտամ. Անարզաբան արդէն ես Օրիորդին ժառանգութիւն համադրեցի, դու կ'ուզես օժիտ համարէ, կ'ուզես սեփականութիւն. Ստեփանէ իրմով գերագոյն կին մը եւ դաստիարակ մը կ'ունենայ, եւ իր զաւկներուն ալ սքանչելի մայր մը:

– Ուրեմն անոնց ետեւեն ես ալ քաղաք կ'երթամ:

Եւփիմէ ելաւ Բաբկէնին հետ հանարզաբայ երթալու, երբ Թորոս իր անբաւ զբաղմանց հետ սկսաւ պարապիլ:

ԳԼՈՒԽ ԺԹ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԵԱՆՑ ԱՐԳԵԼՔՆԵՐԸ

Յարմար եւ ճիշտ ժամանակին հասաւ Մարգրիտ Անարզաբայ միջնաբերդը եւ իրեն կասկածները արդէն այդ սրիկայ եւ անզգամ զինուորաց համար շատ իրաւացի էին, վասնզի ոմանք մէջերնեն սկսած էին մտածել թէ կարելի չէ՞ր արդեօք իշխանուհուոյն ընտանիքը պատանդ ունենալով ձեռուընին` Սմբատայ բոլոր ստացուածքը իրենց գրաւել եւ այնպէս իրենց օգտակար դաշինք մը դնելով յանձնել թշնամուոյն միջնաբերդը: Սակայն իր ներկայութիւնն ամէն այդ խորհուրդները հալածեց եւ ամէն գրգռութիւն հանդարտեցուց. առանց ժամանակ տալու, միջնաբերդին դռանը տիրեց Ստեփանէ, եւ Ռուբինեան խաչի դրօշը սկսաւ ծածանիլ փոխանակ յունական դրօշին, որ բոլոր քաղքին եւ բանակին ուրախութեան աղաղակը իմացուց Թորոսի:

Նոյն միջոցին էր, որ Մարգրիտ կ'իմացնէր մօրը եւ եղբօրը, թէ իրենց համար շնորհուած կար Պապեռոն, եւ անոնք մեծ ուրախութեամբ ընդունեցին այս պայմանը եւ սկսան իրենց փոխադրութեան պատրաստութեան: Միայն թէ երբ սրբազանը միջնաբերդեն դուրս ելաւ, քահանայ եւ ժողովուրդ միաբան դատախազ կ'այնեցան եւ խնդրեցին, որ օրինաւորապէս դատուի եւ մինչեւ նոյն ժամանակ եպիսկոպոսարանը արգիլուի, եւ Թորոս հաւանեցաւ կաթողիկոսին գրել ի Ծովք դղեակը, որպէսզի ժողովրդեան արդար պահանջը կատարուի: Մենք աւելորդ կը համարինք անարժան եւ գայթակղեցուցիչ եպիսկոպոսի մը վրայ դառնալ, որ ըստ իւր անառակութեան արժանեաց` վանքի մը մէջ ապաշխարելու դատապարտեցաւ. երանի թէ իր զղջումն ալ սրտանց լինէր, որպէսզի հանդերձեալ կենաց մէջ երկրորդ եւ մեծ դատապարտութենէ մը ազատ լինէր:

Իսկ Մարգրիտ, որ որոշած էր` ոչ այլոց բռնադատութեամբ, այլ իր կամօք եւ փափագանոք հեռանալ հաշխարհէ եւ չի գործած մեղքերուն համար ապաշխարել, պարտաւորեցաւ Եւփիմէի ու Ստեփանէի աղաչանաց զիջանիլ, եւ քանի մը ամիս վերջը Անարզաբայ եւ անկայուն վիճակի մը դատապարտեալ էր ամէն ոք. հոս գերի ժողովուրդ մը, անդին աղատ էր եւ տէր. ճիշտ այս ժամանակին Համար էր գուշակութիւնը` «Եարիցեն ազգ ազգի վերայ եւ թագաւորութիւն ի թագաւորութէան վերայ». Եւրոպա իր հրոսը Փոքր Ասիոյ եւ Պաղեստինու վրայ կը պարպէր, եւ թաթարաց խուժանը կը յորդէր կասպիականին ետեւեն. հին ազգութեանց արմատներ կը ցնցուէին. նոր ազգութիւնք կ'ընձիւղէին. քաղաքներ եւ ամրութիւնք կը տապալէին, նորեր անոնց տեղ կը բուսնէին: Այս վիճակը կը տեսնէր Թորոս եւ կը մտածէր իր շինութեան հաստատ հիմ մը ձգել:

Ինք կը տեսնէր Կիլիկիա, ուր ամէն ազգաց խառնուրդ մը կը բնակէր, յոյն, արաբ, թուրք, հայ, ասորի ցիրուցան իրենց որջերը շինած էին: Բիւզանդական կայսրութիւնը իսքգինքը տէր կ'անուանէր երկրին, թէպէտ շատ տարիներէ ի վեր իր իշխանութեան ոչ միայն հիմունքն խախտեալ էին, այլ նաեւ երեւոյթն անգամ կ'անյետանար. արարք առջի հարուածը տուած էին նոյն իշխանութեան, եւ անոնց տկարանալեն վերջը շարունակ պատերազմի դաշտ մը եղած էր երկիրը այս զանազան ժողովրդոց մէջ: Իր ջանքն եղաւ իր ազգը, որ ցրուած էր ի Փոքր Ասիա, հասորիս, ի Միջագետս եւ մինչեւ հեգիպտոս, գաղտնի հրաւիրակներով ժողուել ի Կիլիկիա եւ զօրացնել, մանաւանդ որ կը տեսնէր վտանգը, որ ամէն կողմէ իրեն կը սպառնար, իր դիտող, հեռատես եւ խոհուն սրամտութիւնը շատ հեռու էր այն անհոգութենեն, որ եղած յաջողութեանը վրայ կը քնանայ եւ զուարճութեան ու թուլութեան կը մատնէ ինքզինքը:

Ուստի քանի մը ամսուան մէջ ոչ միայն իր հայրենական երկրին տէրն էր Թորոս, այլ երջանիկ, գոհ ու զուարթ ժողովրդեան մը հայրն էր, նա, որ երբեմն միայնակ իբրեւ հովիւ Սեւ լեռան խորամիտները այծերու հետ չափեր էր հետի, հիմա շատ անգամ փոքրիկ բայց ընտիր գունդ մը առնելով բոլոր Տորոսի բերդերուն, աւաններուն, զիւղերուն անխոնջ այցելութիւն կ'ընէր` ամէն թան անձամբ կը տեսնէր, կը քննէր, ամէն տեղ յանկարծական գինուց հանդէսներ կ'ընէր, դատաւորներու եւ իրաւարարներու վրայ տեղեկուքիւն կառնուր, անիրաւները կը պատժէր, քաջերն ու առաքինիները կը վարձատրէր, աւերակները կը շինէր` կը բնակեցնէր. ամէն տեղ ժողովրդոց ապաստաններ կը պատրաստէր, եւ միանգամայն խստիւ կը պատուիրէր թշնամի չի գրգռել` չի զարթուցանել այնպիսի ժամանակ եւ այնպիսի դրացնութեամբ, ուր բարեկամ գտնել անհնարին էր, իսկ թշնամին միշտ ինքնայորդոր ի պատրաստի: Երբ իր անհամբեր եղբարքն ու զօրավարք կը ցուցնէին իրեն Կիլիկիոյ լայնարձակ դաշտերն լի հարստութեամբ անպատսպարան որս ամենայն յարձակմանց, երբ Մլեհ իրմէ կը խնդրէր ութ հազար զինուոր միայն տիրելու համար Տարսոնի եւ մինչեւ ի ծով` Թորոս անուշ ժպտով մը կը պատասխանէր.

– Ես քու քաշութեանդ վրայ վստահ եմ, Մլեհ, եւ կը հաւատամ, որ դու աւելի պակաս զօրքով կրնաս յաղթել ոչ միայն Տարսոնի, այլ մինչեւ Սելեւկիոյ ալ տիրելու, եւ թէ որ չեմ ուզէր` միմիայն պատճառը այն է, որ հոս, այս փոքրիկ զօրութեամբ յունական թէեւ վատթարացեալ` մեծատարած կայսրութեան դէմ պատերազմիլ եթէ անկարելի ալ չէ, շատ դժուարին է: Ասոր փորձը մեր հայրը ունեցաւ երբեմն, եւ մենք ալ իրեն հետ շղթայներու, գերութեան եւ օտարին ծառայութեան մատնուեցանք տարիներով: Հիմա որ աստուած մեզի ողորմեցաւ` մեր պարտքը մեր ժողովուրդը զօրացնել եւ աղէկ կառավարելն է: Օգնենք իրարու, սիրենք մէկզմէկ, ըլլանք մէկ սիրտ, մէկ հոգի, զօրացնենք, շատցնենք մեր ժողովուրդը, բնակինք լեռները, ուր մեր ցուրտ երկրին բնիկ հայը կորովի եւ քաշ կը լինի. օրը հեռու չէ, որ դաշտը մերինն է, դիանանք համբերել եւ մեր փառասիրութիւնը չափաւորել:

Այս խօսքերուն պատասխան չէին տար Մլեհ եւ իր նմանիքը, այլ առանձին գանգատներ եւ լուտանքներ կը թափէին անոր դէմ, որ իբր թէ կորովի բազուկներ կը ջլատէր եւ եռանդուն սրտեր կը սառեցնէր իր խոհեմութեան քարոզնեւրովն:

Շատ անգամ կը տեսնուէր Մլեհ Վահկայ բերդին մօտ փոքրիկ հովանոցի մը մէջ իր մտերիմներէն շրջապատեալ, խնջույից եւ գիներբուաց տուած ինքզինքն, որ եղբօրը դէմ կ'որոտար, մանաւանդ այն միջոցներուն. երբ Թորոս օրերով իր քննութեանց կը պտրտեր:

– Տեսէ՛ք այս իշխանաց իշխանը, որ սուրհանդակի պէս լեռնե-լեռ կը վազվռտէ. ի՞նչ ընելու համար հոս տասը-քսան տուն գիւղացիներու հետ խօսելու, համոզեւու համար ճղճիմութեամբ, անդին դատաւորի մը վճիռն անիրաւ գտնելու համար, քիչ մը հեռուն ժայռ մը պարսպով պատելու համար, եւ աւելի հեռուն եկեղեցի մը շինել տալու համար, եւ ասոնք ընողը այն մարդն է, որուն խիստ կերպարանքը, կամաց ձայնը եւ ծանր-ծանր խօսակցութիւնը եւ ձեւը` իշխանաց, ազատաց, ազնուականաց եւ ինձի` իր հարազատ եղբօրն անգամ, սանձ մ՚է ոչ թէ վիճելու այլ խօսելու նաեւ: Ստեփանէի հմար ի՞նչ զրուցեմ. ազուն գլխուն այնպէս կախարդ կին մը հանեց, որ ոտքով-ձեռքով կաշկանդեցաւ եւ եղբօրը կապիկը դարձաւ. ի՛նչ որ զրուցես, ի՛նչ որ առաջարկես, «Մեր մեծ եղբօրը պէտք է հարցնել, անոր հաւանութիւնը պէտք է առնել» կըսէ եւ կնկանը երեսը կը նայի, երես մը, ուր օր մը ժպիտ չէ ծագած. լուրջ կերպարանք մը, որ իբրեւ թէ միշտ աստուծոյ սեղանին առջեւն է: Ես` եղբայրը, ես` իր այնչափ տարուան ընկերը, խնջոյքի մը զինքը չկըրցի հրաւիրել. կինը հրաման չի տար, ի՛նչ որ առաջարկես` մէկ մը աչքը կնկանը կը դարձնէ, բան մը կը հարցնես` կնկանը կը նայի. առանց կնկանը հրամանին ոչ կուտէ, ոչ կը խմէ եւ ոչ Անարզաբայ պարիսպներէն դուրս կելնե… բայց մի կարծէք թէ կախարդը միայն հանարզաբայ է. չէ՛, կախարդին մեծը այս դիմացի մեր Վահկայ բերդը կը բնակի. այս հայ-հոռոմ կինը տեսա՞ք, որ միշտ կը ծիծաղի, միշտ անուշ կը խօսի, միշտ խօսքդ կատակի կը դարձնէ, միշտ հագուած սգուած ծիրանիներով, բեհեզներով կը պտըտի, ճշմարիտ կախարդը նա է. աստուած վկայ, քանի անգամ ես կռիւ փնտրելու համար գացի, ծանր, խիստ խօսեցայ, նա կարծես թէ ոչ իրեն համար, ոչ էրկանը համար էր խօսքերս ժպտեցաւ, ծիծաղեցաւ, մրմնջեց, երգեց, վերջապէս յուսահատեցայ, առի քալեցի: Եղբարք, ես այս կեանքին չեմ սորուած, նստէ՛, նստէ՛, նստէ՛, սպասէ՛, որ աստուած պատերազմ մը ղրկէ, որ կռվփս: Եթէ կարող ես, գնա գեղ մը, երկու բարեկամիդ հետ, հաճոյքիդ եկաւ գառնուկ մը մորթել հրամայէ, երկրորդ օրը կ'իմանաս թէ լուրը եւ հաշիւդ ալ մէկտեղ եղբօրդ հասեր է: Ինչպէ՜ս կախարդ չըսեմ ես այս մարդկանց, անուշ-անուշ առջի օրէն քեզի հետ կը խօսին, քոյր եղբայր կը լինին քեզի, հայրենի ժառանգութեան խօսք չեն ընէր, հայրենի բերդդ ահա կեցած է, նահապետական կեանքը գեղեցիկ է, եղբայրներ մէկտեղ բնակին` վայելուչ է, – սուրբին մէկն է ըսէր, այս կախարդները` սատանային ալ, հրեշտակին ալ կարդալ կը սորուեցնեն. պէտք եղածը առ ինչչափ ուզես իշխանական գանձեն, մի՛ քաշուիր. նոյն գանձը կը վճարէ հեծելազօրիդ թոշակն ու ռոճիկը. բայց զինուորական ատեան մը կայ, որ քու մարդիկդ կը դատէ, կը դատապարտէ, կը պատժէ առանց քեզի հարցնելու, շատ անգամ ոչինչ պատճառներու համար. ալ անկից վերջը միտքդ դիր, որ քու մարդիկդ քուկդ են. Անարզաբան Ստեփանէին որ տուին, այն յիմարն ալ կարծե թէ իրենն է, օտարին թշնամուոյն աղջկանը տուին… ըսէք թէ` առ քու բաժինդ, ուզէ. գեղացիին տղուն ինչպէս բերդ մը տուին, քեզ ալ թան մը կուտան… ծովասպատակին հաւասար եղիր. դու` Ռուբենի շառաւիղը: Դու, որ իշխան մ՚ես, դու Ռուբենի թոռը, պէտք եղաւ, յարկ եղաւ գեղացի մը յանդիմանել, պատժել, ծեծել. երկրորդ օրը իշխան եղբօրդ քիթը կախ, ընքուիները քթին ծայրը իջած կը տեսնես. շաբաթ մը ժանիք կայ, ի՛նչ բանի համար, ուսկի՞ց, ժանտերես մ՚ալ կայ, ծառայ մը մեր տղայութեան ատեն` հիմա բերդակալ իշխան դարձած անոր բերանը փնտրէ, քարէ մարդու բերան, շնորհք ընէ մէկ մ՚որ խօսի` կ'իմանաս թէ մեծ յանցանքը ո՛ւր է եղել: Ես Հալէպու ամիրային քով շատ մեծ մարդ էի, երբ ձիս կը հեծնէի կ'ելնէի, ամէնքը կը դողային. հոս արտի մը մէջ կոխես` անպիտան քոսոտ գեղացի մը` «Հոս արտ է, իշխանս, անղիեն անցիր» կըսէ. քու պարտքդ այնչափ ցածեն ելած հրամանին չհնազանդիլն է, խուլ ըլլալ չի լսելէ է. առկայ կը կրճտեցնէ ետեւեդ: Այս է վիճակը, աստուած համբերութիւն տա՜… ամէն օր համբերութեան քարոզ մտիկ կընենք… բայց թէ անոր Թորոս կ'ըսեն, ինձի ալ Մլեհ կ'ըսեն: Օրը թէ մէկ մը հասնի՜…

Այս ձեւով` այս կերպով խօսքեր միշտ անպակաս էին: Եւփիմէ անոնք կը լսէր` երբեմն Թորոսի կ'իմացնէր, որ իրմէ առաջ իմացած արդէն կը ժպտեր, անհոգ լինիլ կը յորդորէր, թէպէտ ինք ամենայն արթնութեամբ կը հսկէր, եւ այս տեսակ սպառնալեաց անհոգ ձեւանալով` ժողովրդեան հարստահարութեան մասին միայն խիստ կերպարանք մը կառնուր:

Իրաւ գոհ էր Ստեփանեն, մանաւանդ երբ Մարգրիտ նորա գլխուն վերեւն էր` կատարեալ իշխան էր նա. Անարզաբայ բնակիչք, որ Սմբատայ ժամանակ այնչափ հարստահարեալ էին, Կիլիկիոյ ամենեն երջանիկ ժողովուրդը կը համարուէին հիմա, գանգատ մը ամենեւին չէր լսուէր, ոչ իշխանին, ոչ դատաւորաց, ոչ հարկահանաց եւ ոչ եկեղեցականաց դէմ. վասնզի ժողովուրդը բողոքելու անձ մը ունէր պատրաստ. ամէն ոք եւ ամենեն ողորմելին մատնանիշ միջնաբերդը կը ցուցնէր, եւ «Տիկինը հոն է» կ'ըսէր, եւ այս սպառնալիքը ժողովուրդը անխտիր ամէնուն կը գործածէր, բաւական էր թէ իրաւունք ունենալուն վրայ վստահ լինէր: Եւ զաւեշտական մասը հոն էր, երբ միամիտ եւ տգէտ մարդ մը` սխալ համոզմամբ, առանց իրաւունք ունենալու դիմէր Տիկնոջ, եւ նա երբ` «Դու իրաւունք չունիս» ըսելով ճամփեր, Մարգրիտի անսխալականութեան վրայ ընդհանուր այնպիսի համոզմունք մը կար, որ նոյն անձը պարզաբար կը խոստովանէր իր սխալմունքը, վասնզի Տիկինն «իրաւունք չունիս» ըսէր էր:

Մարգրիտի սիրտը միշտ կը տրոփէր, երբ տագրը իրեն այցելութեան գար, վասնզի Թորոս սովորաբար ամբաստանութիւն մը ունէր` գրեթէ միշտ` այն Հալեպեն Ստեփանէի հետ եկած հեծելազօրին անկարգութեանց համար: Որ թէպէտ շատ փոխուած էին Տիկնոջ հսկողութենեն եւ Ստեփանէի խստութենեն, բայց գրեթէ կատարեալ աւազակութեան եւ անառակութեան սովրած մարդիկ` նեղ կը գտնէին Կիլիկիան, եւ Հալէպու յիշատակը` Եգիպտոսի սոխն ու սխտորն էր իրենց փափագանաց:

Թորոսի գաղափարներն իր ընթերցմունքը նաեւ շատ փոխած էին զինուորութեան վրայ, եւ արեւելքի մէջ ընդհանուր եղած սովորութիւնը, որ արեւմուտք նաեւ այն ժամանակը ընդունած էր` բանակի զօրութիւն հեծելագնդին համարելու, ինք սկսած էր փոխէի հետեւակ զօրքը կրթութեամբ եւ զինուք կը կատարելագործէր, որով իշխանաց զօրութիւնը կը տկարանար եւ իրենց գոռոզութիւնը կ'ոչնչանար, բայց պատերազմ մը պէտք էր, որ Թորոսի այս կարծիքը ապացուցաներ. իսկ նա համբերել դիանալով, ամէնուն հետ աղէկ վարուելով` միշտ աչքն արեւմուտք դարձուցած կը սպասէր, ամիսները կը համրէր եւ ուրախութեամբ կը տեսնէր, որ կայսրը ձայն-ձուն չունէր, եւ գոհ էր նորա շատ զբաղած լինելուն Եւրոպիոյ կողմերը ընդդէմ Ունկարաց եւ Պուլղարաց:

ԳԼՈՒԽ Ի ԱՆԴՐՈՆԻԿՈՍ ԿԵՍԱՐ

Քանի մը տարիներ անցան, Տորոսի հայը Թորոսի լաւ խնամատարութեամբ եւ իմաստուն կառավարութեամբ երջանիկ վիճակի մէջ մտէր էր. քաղաք, գիւղ եւ խրճիթ ուրախութեան երգոց եւ նուագարանաց արձագանքներով լեռները կը զուարթացնէին: Ռուբինեանց տունը գրեթէ միեւնոյն ժամանակին մեծ հրճուանք մը կը տօներ. երկու ծնունդ ի միասին. Եւփիմէ աղջիկ մը, Մարգրիտ մանչ մը կը ծնէր, որ Ռուբեն անուանուեցաւ եւ ետքը իր նախնեաց աթոռը նաեւ ժառանգեց: Վահկայ եւ Անարզաբայ իրենց նորեկ հիւրերը կը տօնէին: Ամուտայ բերդը հազիւ թէ լուրը հասաւ` Բաբկէնի երեսը խնդաց, որ ինչպէս գիտենք ցանցառ պատահար մ՚էր, վասնզի իշխանիկը աղջիկ մ՚ունէր եւ ինք ալ սանուհի մը: Ուրիշ ծեր մ՚ալ, որ հազիւ թէ Վահկայ բերդին մէջ լոյս աչքով կը տեսնուէր, վասնզի օրնիբուն Տորոսի ժայռերոմն եւ բոյսերուն հետ զբաղած էր` հիմա օրրանի մը շուրջը զուարթադէմ կը պտըտէր փոքրիկ էակին վերաբերեալ նաժշտաց խորհուրդներ տալով: Մլեհ միայն կը մռմռար, կը գանգատէր աստուծմէ, բախտեն եւ կը նոջմեն, որ իրեն զաւակ մը չէին տար, եւ թէ բոլոր բնութիւն դաւադիր էր իր երջանկութեան:

Նոյն միջոցին յաջող լուրեր նաեւ ամէն կողմեն կը հասնէին Թորոսի. Մաղսուտ սուլթանն Եկոնիոյ եւ Միջագետաց, Նուրետտին ամիրայն Հալէպու, լատինաց բրինձն Անտիոքայ, տաճարական կրօնաւոր ասպէտք փռանգաց, եւ հայոց մեծ կաթողիկոսն իր հայրենի ժառանգութեան մտնելու ուրախակցութեան դեսպաններ կ'ուղարկէին եւ խաղաղութեան դաշինքներ կ'առաջարկէին: Հայ գաղթականներ խումբ-խումբ կ'ուգային կը դիմէին Տորոս, ոչ միայն ի Փոքր Ասիոյ եւ ի Միջագետաց, այդ մինչեւ հեգիպտոսէ հազարաւորք կը հասնէին: Զանոնք տեղաւորել, վիճակնին բարւոքել, զինուորական կրթութիւննին կատարելագործել` Թորոսի անխոնջ նախատեսութեան զբաղմունքն էին, վասնզի իր գործակալներն ի Կ. Պտւլիս, կ'իմացնէին, թէ կայսրը իր աստուածաբանական սիրելի խնդիրներէն եւ արեւմտեան պատերազմներին վայրիկ մը ոգի առնելով` ուշադրութիւնը ի Կիլիկիա կը դարձնէր. մանաւանդ որ ոչ միայն յոյնք, այլ նաեւ եղան լատին ամանք, որ նախանձոտ աչօք կը տեսնէին հայկական իշխանութեան վերածնութիւնը, գաղտնի գրգռութեամբ կը հրաւիրէին յունական իշխանութիւնը սանձահարել այս փոքրիկ տէրութիւնը, որու ապագան իրենց կասկածի նիւթ մը կը լինէր: Օրինակի համար կային` քանի մը ամրոցնէր, որոնք Լեւոնի գերութեան ժամանակ Պերպերուժեն կայսրը առած էր ի փռանգաց. հիմա, երբ Թորոս անոնց տիրացաւ, լատին իշխանք կը պահանջէին զանոնք յանուն տաճարականաց, վասնզի անոնք հաւատոց համար եկած են պատերազմելու, կ'ըսէին. թէպէտ իրենք ամէնքն ալ հաւատոց համար պատերազմելու եկած ալ լինելով, եւ ի հայոց երբեմն օգնութիւն գտած եւ երբեմն օգնութիւն նոցայ մատուցած, ժամանակին ամէն հարստահարութիւնքը քրիստոնէից, մանաւանդ հայոց վրայ ծանրաբեռնել չէին զգուշացած: ժամանակակից հեղինակ մը խստիւ կը նկարագրէ քսանհինգ-երեսուն տարի առաջ անցած դիպուածները: «Հոն, – կը ցուցնէ նա, – ֆռանգ իշխանները կը յարձակէին նա խանձելով հայ իշխանաց վրայ, որք փոքր զօրութեամբ պարսից ձեռքեն առած էին շատ տեղուանք իրենց քաջութեամբ եւ բնակարան կերտած էին, աւելի քան զթուրքն կը նեղէին զանոնք ու տարիով պաշարելով իրենց բոլոր գաւառները ձեռքերեն կառնուին, որոնցմէ ոմանք Ապլխարիպ Պիրի իշխանին պէս կը թողուին ամէն կալուածքնին եւ անճարեալ կ'երթային առ իշխանն հայոց Թորոս (հօրեղբայր մեր Թորոսին) հանարզաբայ. ինչպէս տղայ Վասիլն տէր Քեսնոյ, որ կ'երթար փախստական ի Կոստանդնոլպալիս ամենայն ազատոքն. ինչպէս Բագարատ, այր քաջ, տէր Արեւընդունի, որ հազիւ կը ճողոպրէր, ինչպէս Կոստանդին, տէր Կ'առկռայ, որ Սամուսատայ բերդին մէջ ի կապանս կը մեռնէր, նաեւ շատեր կային գեղեցիկ իշխանք, որ ի բանտի չարչարանաց եւ կապանաց մէջ կը մեռնէին, եւ շատեր ալ կային, որոնք աչքերը խաւարեցուցած էին, ձեռքերնին, քթերնին եւ այլ անդամներնին կտրած եւ ի կախաղան սպաննած էին. անմեղ տղայոց հետ նաեւ խստութեամբ եւ չարչարանոք կը վարուէին: Այսպիսի անհամար անզգամութեամբք գանձեր ժողուելու համար եբկիրը բոլոր աւերակ կը դարձնէին. միշտ զբաղած էին ոչ աշխատութեամբ, այլ նստած չարութիւն եւ նենգութիւն կը խորհէին, եւ ամէն չարեաց ճանապարհները կը սիրէին, բարեաց եւ երախտեաց մոռացողք լինելով: Նոցայ շատ անիրաւութիւնները կ'ուզէի գրել, բայց չի համարձակեցայ, վասնզի նոցայ իշխանութեան ներքեւ էինք»: Այսպէս կը խօսի Մատթէոս Ուռհայեցի:

Թորոս ասոնք ամէնքը կը ճանչեր. բայց իւր դրութիւնն էր յամառ եւ անդառնալի` խստութիւն չի բանեցնել, ժամանակին դիանալ, տեղի տալ, յարմարիլ եւ իրեն դէմ թշնամի չի յարուցանել. վասնզի կը տեսնէր թէ ուշ, կանուխ օրը հեռի չէր, որ Կոստանդնուպոլսոյ վրայ ժողւուած սպառնալից ամպերն փոթորկալից իրեն պիտի դիմէին: Եւ իր տեսութիւնն ստուգուեցաւ, իմացայ թէ այն Անդրոնիկոս կեսարն, որ հայոց ընդհանուր եւ Ռուբինեանց դէմ մասնաւոր ատելութեամբ լեցուն սիրտ մ՚ունէր` զօրավար կարգեալ ի Մանուէլէ կը դիմէր բանակաւ ի Կիլիկիա: Գիտէր նաեւ թէ մեծ բանակի մը օգնականք միշտ անպակաս կը գտնուէին այնպիսի ժամանակի մէջ, ուր բարեկամութիւնը հզօրաց եւ յաղթողաց համար էր: Ուստի բոլոր իր պատրաստութիւնքը տեսաւ, իր բերդերը, ամրոցներն ու լեռները զօրացուց, իր ընտանիքը ապահովեց, եւ զօրքերուն ընտիր-ընտիր խումբերը միայն հետն առած եւ իր երկու եղբարքը` գնաց Մամեստիայ սպասել թշնամուոյն, եւ հոնկից յագուրդ տալու համար Մլեհ եղբօր անհամբերութեան, որ միշտ անգործութենեն կը գանգտեր, կ'ուղարկէր զանի զօրավար հէելոց` յունաց սահմանները հասպատակութիւն: Տեսնելու էր այն ատեն զմլեհ, որ քանի մը տարի գրեթէ անգործ մնացած` ի՜նչ գործունէութիւն ձեռք կառնուր, ի՜նչ կողոպուտ եւ աւար կը հանէր երկրեն, միայն մէկ յանձնարարութիւն եղբօրը յիշելով` խնայել մարդկային կեանքին, անօգուտ անգթութեամբ պատերազմի դառն գործը աւելի չի դառնացնելով: Այսպէս կը հասնէր Մլեհ մինչեւ Տարսոնի պարֆսպներուն տակ ազատութիւն գտած բազէի պէս, ուր իր առջեւեն` մերկ փախստականներ իր խստութեան համբաւը բերած էին եւ իր սպառնալիքը` «Թէ շնորհակալ լինին հոռոմք իր եղբօր հրամանաց, ապա թէ ոչ ոչ ոք ի գերութենէ ազատ պիտի մնար իր ձեռքեն»: Եւ թէպէտ Տարսոնի մէջ վեց-յոթ հազար հոգի յառաջապահ խումբ մը կը տար պատրաստ Անդրոնիկոսի բանակին սպասող, բայց մէկը չէր համարձակէր դէմ ելնել այս երկու հազար եւ քիչ մը աւելի հեծելոց գնդին. ոչ գրգռութիւն, ոչ նախատինք, ոչ շրջակայ գիւղորէից աւերմունք եւ ծուխ չի տուին յանդգնութիւն այս մոլեկան զօրավարին դէմ դնելու: Ուստի Մլեհ տարսոնացուոցմէ յուսահատելով` յարձակեցաւ ի Լամբրոն, վասնզի գիտէր թէ նորա իշխանը յունաց Համամիտ եւ նիզակակից էր. ինչ որ համրութեանց դուրս գտաւ` ապականեց, անբաւ պաշար` արջառ, ոչխար, գրաստ բերաւ ի Մամեստիայ` աւելիով կատարելով Թորոսի հրամանը, որուն փափագը զանդրոնիկոս սովով նաեւ նեղել էր:

Անդրոնիկոսի բնական կատաղութիւնը չափ չունեցաւ, երբ իմացաւ Մլեհի ըրածները, հազարապատիկ վրէժ հանել ի հայոց կը խոստանար` կերդնոյր եւ առանց դադրելու կը քշէր բանակը յառաջ. երկայն կ'երեւար իրեն ճամփան Տարսոնէ մինչեւ Մամեստիայ, ուր լսէր էր թէ Թորոս կը բանակէր: Արդէն իր տասներկու հազար զօրաց վրայ նոյնչափ մ՚ալ աւելցեր էին նիզակակիցք, որոնց մէջ քանի մը հատ երեւելի հայկազն իշխանք ալ կային, ոմանք հաւատարիմք յունական կայսրութեան, ոմանք ի Թորոսէ եւ ոմանք իրենց բռնութեանց համար ժողովրդեան ապստամբութեամբ զրկուած իրենց կալուածներէն:

Իսկ հայոց իշխանը իւր զօրօք նստած ի Մամեստիայ, կը սպասէր թշնամուոյն. իր հանդարտ եւ զուարթ երեսը մեծ վստահութեան մ՚էր իր զօրաց, եւ իբրեւ աւետիս ընդունեցաւ թշնամուոյն հասնելուն լուրը:

Բայց զօրապետաց եւ գնդապետաց զարմանքը բոլորովին այլայլութեան դարձաւ, եւ Մլեհինը կատաղութեան, երբ առ ժամայն զամենք խորհուրդի հրաւիրելով, հրամայեց Բաբկէնի առնուլ իրեն լաւ թարգման մը եւ երթալ յունաց բանակը առ Անդրոնիկոս կեսար` խաղաղութիւն խնդրելու համար, ըսելով. «Մենք ալ կայսեր ծառայքն ենք, միայն կը խնդրենք, որ նա հաճի մեզի հետ բարեսրտութեամբ վարուիլ. ինչպէս մենք մեր հայրենի ժառանգական երկրին սահմաններէն դուրս չելանք եւ թէպէտ դիւրին էր Տարսոնի նաեւ տիրանալ, բայց չուզեցինք, որպէսզի կայսեր իրաւացի բարկութիւնը չի շարժենք. ուստի ինչ արդար խաղաղութեան պայմաններ որ ունի` առաջարկէ, եւ անօգուտ արիւն եւ աւերմունք չի բերենք այս երկրին վրայ»:

Իսկ Բաբկէն այս խօսքերը լսելուն թէպէտ սառեցաւ վայրկեան մը, բայց որովհետեւ լաւ կը ճանչեր զթորոս եւ գիտէր անոր քաջութեան չափը ու միանգամայն խոհեմութիւնը, դանդաղ քայլ մը առաւ երթալու` թէպէտ ակամայն իր երեսին վրայ նկարուած էր եւ կը մտածէր թէ արդեօք սխա՞լ հասկցաւ, երբ տեսաւ թէ իշխանը խօսք մը չաւելցնէր ելաւ հրամայուածը կատարելու:

Բայց ապուշ սառնութիւնը, որ ընդհանուր էր` անհետացաւ, եւ ընդհակառակն, բորբոք մը սկսէր էր յաջորդել ամէնուն սրտին մէջ. արդէն Մլեհի երեսները կարմրեցան, եւ աչքերը արիւն լցուեցան, եւ Թորոս անոր սրտին տրոփը քովեն գրեթէ կը լսէր. միայն ինքն կայր անխռով եւ սկսաւ խօսիլ:

«Ո՜վ իմ քաջ նիզակակիցքս, կը զարմանաք իմ այս դեսպանութեանս վրայ, եւ կարելի է, որ ձեր մէջեն ոմանք, եւ թերեւս ամէնքդ ալ բարկութեամբ եւ դառնութեամբ կը լցվփք լսելով այս իմ խոնարհական լեզուս, եւ ես թէ որ իմ սրտիս ձայնը լսէի ոչ երբեք այդ խօսքերը թշնամուոյ մը` եւ այսպիսի անզգամ թշնամուոյ մը պիտի ընէի.բայց ո՛վ որ ժողովրդոց առաջնորդ եւ իշխան է, պէտք է մարդկանց, աստուծոյ եւ իր խղճմտանքին առջեւ լաւ քննէ ամէն բան եւ արդարութիւն գործէ: Մենք մարդկային արեան ամէն մէկ կաթիլին համար պատասխան պիտի տանք աստուծոյ. անոր համար մեր փառասիրութիւնն ու մեր ամբարտաւանութիւնը պէտք չէ որ մեզի առաջնորդ առնունք, այլ մեր ազգին օգուտը: Ես ձեզի յայտնի կը խոստովանիմ, թէ հայ ազզին օգուտը կը պահանջն, որ յունաց հետ եղբայրաբար երթանք, անոնց նիզակակից լինինք ընդդէմ այն թշնամեաց, որ զմեզ կը շրջապատեն եւ օրաւուր կը զօրանան: Յունաց կայսրութիւնը թէ որ ճանչեր իր օգուտը` փոխանակ զմեզ նեղելու, զմեզ կը զօրացնէր եւ պատնէշ մը զմեզ կը կանգնէր այն ամէն այլակրօնից դէմ, որ մեծ ծովու պէս կը դիզուին` կը բարձրանան եւ զինքն ալ պիտի ողողեն: Ես իբր քրիստոնէ եւ իբր հեռատես իշխան պարտաւոր էի այս դեսպանութիւնն ընելու, եւ խաղաղութեան սկիզբ մ՚ընելով զօրաւոր դաշնակցութիւն մը հաստատելու ջանալ ի մէջ երեք քրիստոնեայ ազգաց, որ միաբան կրնային թումբ մը կազմել ընդդէմ այլակրօնութեան, մինչդեռ հիմա, ընդհակառակն, բաժան եալ ատելութեամբ պիտի կործանին եւ անհետ պիտի լինին: Պէտք էր քրիստոնէից` նոյնիսկ մահմեդականաց օրինակին հետեւին, որ իրենց մէջ ծագած պատերազմներու մէջ իրենց կրօնապէտք ամէն ջանք կ'ընեն խաղաղութիւն հաստատելու եւ արիւնը դադրեցնելու: Երբ համօթ եւ ի նախատինս քրիստոնէութեան մերայինք չնչին եւ մտաց անհաս խնդիրներու համար արեանց գետերու պատճառ կը վինին… Բայց դուք ինչո՞ւ գայթակղեցաք, ինչո՞ւ զայրացաք, դուք թշնամին չէ՞ք ճանչեր, դուք Անդրոնիկոս չէ՞ք տեսեր. ես տեսեր եմ. ես պատերազմէր եմ իրեն դէմ, եւ մեր մէջ ամենեն աղէկ զինքը ճանչցող մէկը թէ որ կայ եւ սուր-սուրի եկած է իր հետ, նա է, որ հիմա իբրեւ դեսպան խաղաղութեան` գնաց իրեն հետ խօսելու: Անդրոնիկոս ոչ միայն խաղաղութիւն պիտի չընդունի, այղ մեր խոնարհական դեսպանութիւնը մեր տկարութեան նշան պիտի համարի, եւ մենք անպարտ կը մնանք աստուծոյ առջեւ այն արիւնեն, որ պիտի թափի: Բայց թէ որ անհաւատալին հաւատալի լինի եւ յոյնք շնորհեն մեզի խաղաղութիւնն, որ մենք կը խնդրենք, արդար եւ իրաւացի ասպարէզ մը կայ մեր առջեւ արեւելք ու հարաւ ընդարձակելու եւ զօրանաղու համար եւ մեր խեղճ, անտէրունչ ազգը ժողուելու եւ գերութենէ ազատելու համար: Ահա պատճառները, որ զիս այս պատգամաւորութեան յորդորեցին. ո՛վ որ կամի բացատրութիւն մ՚ուզել, պատրաստ եմ տալու»:

Քանի որ խօսեցաւ Թորոս, կիրքերը խաղաղեցան եւ նոյն ինքն Մլեհ հանդարտեցաւ, մանաւանդ երբ Թորոս Անդրոնիկոսի խաղաղութեան ընդունելութիւնը անկարելեաց կարգը դրաւ` զուարթութիւն մը եկաւ երեյսին վրայ եւ ըսաւ.

– Բացատրութեան պէտք չունինք, երբ կը տեսնենք թէ այս դեսպանութիւնը նախատինք մը չի կրնար բերել մեր պատուոյն եւ մեր քաջութեան:

Ժողովքը ցրուեցաւ դարձեալ գումարուելու համար Բաբկէնի վերադարձին. երբ քաղքին դռները բացուեցան, եւ ծեր զինուորը մտաւ եւ եկաւ կայնեցաւ ատ եանին մէջ, լուռ` ամէնքը պշուցեալ իրեն կը նայէին եւ կը սպասէին:

– Իշխանդ մեծ, – ըսաւ Բաբկէն, – հոռոմք մեզի հետ խաղաղութիւն ընել չեն ուզէր:

– Ի՞նչ կ'ըսեն, այն պատմէ մեզի, Բաբկէն իշխան, – զրուցեց Թորոս:

– Որովհետեւ կ'ուզէք, որ ձեզի պատմեմ եւ այն Անդրոնիկոսին ըսածները կրկնեմ, լաւ լսեցէ՛ք: Նախ մեզ տարին վրան մը գոցեցին, իբր թէ անպիտան գերիներ լինէինք, ի՜նչ նախատական խօսքեր, որ ամէն ատեն սովորութիւննին է զրուցել հայուն անձին ու հաւատքին` ականջնուս կը մռմռային վրանին շուրջը. ետքը զմեզ առին Անդրոնիկոսի առջեւ հանեցին, որ մեծ վրանի մը մէջ բարձր ուռած նստած, մեր խոնարհ պատգամը մտիկ ըրաւ. եւ անարգանոք ու քամահրանոք այս խօսքերը զրուցեց. «Գնա՛, զրուցէ ապստամբին` ապստամբին տղուն թէ` շղթայները, որով քու հայրդ կապեցինք, մէկտեղ ունիմք, որ զքեզ ալ կապենք, տանէնք»: Եւ ձեռամբ ըրաւ, որ զմեզ դուրս հանեն: Մենք ալ բոլոր յունական բանակին հայհոյանքներն ու քրքիջները ետեւնես` հեծանք մեր ձիերն ու դարձանք: Ահա մեր դեսպանութեան բոլոր պատմութիւնը: Եւ այս խօսքերն ըսելով զայրագին նստաւ Բաբկէն:

– Լսեցիք, իշխանք, – ըսաւ Թորոս, – տեսնենք հիմա աստուած զո՜վ պիտի խնգացնէ: Ես նորա արդարութեան միշտ հաւատացեր եմ, ինք վկայ է, որ ես ջանացի խնայել մարդկային արեան, կայսրը եւ Անդրոնիկոս չուզեցին. ընենք ուրեմն մեր պարտքը, ցուցնենք թէ մեր հարց որդիքն եմք, եւ թէ դիւրին չէ ամէն անգամ, շղթայ անցնել Ռուբենի թոռներուն վիզը եւ հայուն համբերութեան հետ խաղալ:

Այս խօսքերը ըսաւ եւ ելաւ, ու ամէնքը ցրուեցան իրենց տեղը. ինք միայն պարսպին բարձր մէկ կողմը Դիոնիսին դիտակը ձեռքը կը դիտէր, կը նայէր այդ բանակին, ուր խառնակութիւն եւ վստահութիւն կը թագաւորէին. կը տեսնէր երաժիշտներ եւ գուսաններ, կը տեսնէր զինուորաց հետ խառնակեաց կանանց խումբեր, եւ ինքնիրեն կրսեր. «Այդպիսի անկարգ բանակ մը հիմա զօրաւոր յարձակմամբ մը անկարելի չէ ցրուել, բայց աւեւի ապահով միջոցներ ինչո՞ւ չի գործածենք, խնայենք մեր արեան, սպասենք յարմար առթին, հեռու չէ անշուշտ»:

Երբ իջաւ պարսպեն, անմիջապէս կանչել տուաւ Սարգիսը, որուն յաջողակութեան եւ արթնութեան վրայ մեծ համարմունք ունէր.

– Այս գիշեր պէտք է Անարզաբայ երթալ:

– Լաւ՛, իշխան:

– Ստեփանէի իմացնել, թէ պահեստի գտնուած բոլոր զօրքերը դումարելու եւ թշնամուոյն ճամփան կտրելու խորհուրդը պէտք չէ ուշացնել, այլ մինչեւ երեք օր պէտք է կատարել. վասնզի այս կը նամարդեայ յանձնապաստան բանակին համար չէ այն զգուշութիւնները, ինչ որ առաջ իրեն հետ որոշէր էինք: Ուրեմն քեզ տեսնեմ, բարի յաջողումն:

Եւ ահա Սարգիս ելաւ իշխանին քովեն, փոքրիկ դուռը, որ պարսպեն գետը կը հանէր, հոն իջաւ, ջուրերը շարժեցան եւ քիչ վերջը մութին մէջ կորովխ ընթացքով կը հեռանար` կ'երթար Անարզաբայ ճամփան:

ԳԼՈՒԽ ԻԱ «ՍԱՀՄԱՆՔ ՔԱՋԱՑ ԶԷՆՆ ԻՒՐԷԱՆՑ»

Անդրոնիկոս ա՛լ ապահով էր յաղթութեան համար. միթէ ապստամբը չէ՞ր, որ խոնարհաբար հպատակութիւն խոստանալով խաղաղութիւն կեր խնդրէր, ուրեմն մինչեւ որ շղթայները գործածելու ժամանակը հասնէր` փախստեան ճամփաները պէտք էր գոցել, խրամներ պեղել եւ պատնէշներ կանգնել քաղքին դռներուն առջեւ բաւական համարեցաւ, եւ տուաւ ինքզինքը զուարճութեան. երկու գիշեր իրարու վրայ գիներբուք, երգք եւ երաժշտութիւնք բանակին զբաղմունքն էին: Իրաւ յունական բանակին մէջ կային անձինք, որ ինչպէս Թորոսի խոնարհ պատգամաւորութեան վրայ կասկածանոք գլուխ շարժած էին, հիմա ալ այս անհոգ անառակութեան վրայ գլուխնին կը շարժէին դարձեալ. բայց ո՜վ կրնար կեսարու մը` կայսեր հօրեղբօրորդուոյ մը` ընդհանուր արեւելից սպարապետի մը համարձակիլ զրուցել թէ` «Մի՛ հաւատար այդ խոնարհութեան, վասնզի առիւծը երբեմն աւելի լաւ ծուղակը ձգելու համար իր որսը` կրնայ դերը փոխել եւ աղուէսի մորթը վրան առնուլ», ո՛վ կրնար իրեն զրուցել թէ` «Այդ հանդէսները աւելի յարմար էին յաղթութենեն վերջը, քան թէ առաջ». ուստի իմաստունք կը լռէին, յիմարք եւ մեծապանծք կը խոսէին:

Իսկ Թորոս, երբ գիշերն հասաւ, յունական բանակին հակառակ կողման պարիսպը հրամայեց քանդել եւ հազիւ թէ գործը սկսաւ դիւրանալ, սոսկալի փոթորիկ մը ահա փրթաւ, որոտում, կայծակ, անձրեւ, կարկուտ իրար կը խառնուէին, ուժգին հովը ժայռեր կը կործանէր, վրաններ փետուրի պէս կը յափշտակէր, յունական բանակը շփոթած անձրեւեն եւ տիղմեն շաղախեալ` շուարեալ մնացեր էր բոլոր զիշեր, թէպէտ Անդրոնիկոս իւր զուարճութիւնքն ու գինարբուքը ամենեւին չի դադրեցուց գիշերն ի բուն: Արշալոյսը երեւցաւ, եւ հայոց գնդերը աշխոյժ եւ կորովի` պարսպին պատռուածեն կիսաշրջան մ՚ընելով, գրոհիւ կը յարձակէին թշնամուոյն վրայ, որ անպատրաստերբ թշնամին դիմացը ի բանտ կը կարծէր քովը կը գտնէր զայն. սուրն ի կող մխելով: Ալ պատերազմ չէր, այլ փախուստ մէկ կողմեն, կոտորած միւսեն. հոն Մլեհ իւր մոլեգին հեծելագնդին հետ դաշտին տաոածութեան մէջ անխնայ կոտորածը դեռ քիչ գտնելով` «Զարկէ՛ք, տղաք, մի՛ խնայէք» կը գոռար, եւ իր օրինակն ալ սոսկալի էր. իսկ Թորոս տեսնելով իր պատրաստածն աւելիովն ի գլուխ ելած, կը յորդորէր իւր զինուորն ի գթութիւն եւ հազիւ թէ յոյն եւ հայ իշխաններէն կրցաւ մաս մը մահվնէ ազատել: Իսկ թշնամուոյն այն մասը, որ փախստեան յառաջընթացն եղած էր եւ ազատութիւնն ապահով կը կարծէր, Ատանայի ճամփան բռնելով Ստեփանէի եւ Սարգսի խումբին հանդիպեցան, որք առանց փոթորկին ուշ դնելու չորս հազարի չափ մարդ իրենց կը սպասէին: Փախստականաց մէջն էր Լամբրոնի իշխանը իր գնդով, որ յուսահատ ջանք մ՚ըրաւ պատռելու հայոց խումբը եւ անցնելու իր ճամփան, բայց վրայ հասաւ սաստկութեամբ Ստեփանէ եւ այնպիսի նիզակի հարուած մը տուաւ, որ թաւալգլոր ձիեն կործանելով Օշին, վայրկենին զինաթափ եւ կալանաւոր եղաւ: Այդ ահագին բանակեն հազիւ թէ կէս մասը ազատեցան, եւ բուն ազատեալք անոնք էին, որ իրենց նաւերը կրցան մտնել, մնացեալք ամէնքը կամ ջարդուեցան կամ գերի ընկան: Իսկ բուն չարեաց սկզբնապատճառը եւ սա խեղճ ու խայտառակ պատերազմին հեղինակ եւ զօրագլուխ կեսարն Անդրոնիկոս յանկարծ ի քունէ եւ ի գինուոյ սթափ եալ հազիւ թէ ժամանակ գտած էր ինքզինքը իր ձիուն վրայ նետելու եւ Անտիոքայ ճամփան բռնելու, բարեբախտաբար իրեն համար, որով անվտանգ ազատեցաւ. թէպէտ Բաբկէն ամէն բան թողած` զանիկայ կը փնտրեր կոտորածին մէջ, խոստանալով ինքնիրեն կիսկատար հարուած մը չի տալ անօրէնին:

Իսկ Թորոս, որ այս անգամ եւ ոչ սուրը պատեանեն հանած էր, այլ արթուն` ամենայն պատրաստած, վասնզի վտանգ չի կար եւ ոչ ծանր պատերազմ, այլ ջարդ, կոտորած եւ աւար, այդ սպանդանոցին վրայ կեցած կը նայէր, կը խորհրդածէր մարդկային անմտութեան վրայ, որ խաղալիք քանի մը անպիտան, յիմար եւ թեթեւ գլուխներու, այդչափ ճապաղեաց տեղի կ'ուտար:

Այս խորհրդածութեամբք ձգեց պատերազմին` մանաւանդ թէ կոտորածին դաշտը, մտաւ թշնամուոյն բանակը իւր անձնապահապետաց` խմբովը. գիշերուան փոթորիկը եւ աւելի սաստիկ առաւօտեան հայ արշաւանաց փոթորիկը` ամէն բան խառնափնթոր եւ ողորմելի վիճակի մէջ կը ցուցնէր այդ բանակը, կիսակործան եւ կանգուն վրաններ, վահաններ, նիզակներ, սուրեր գետին փռուած, թամբեալ ձիեր ոտնկապ կը խխնջէին հեծեալներու սպանելով, որք չի կային. այս աեսարանին վրայ ակնարկ մը ձգելով Թորոս, ակնարկ, ուր գոհութիւն եւ արհամարհանք հաւասար էին, մտաւ Անդրոնիկոսի վրանը, որ գրեթէ պալատ մ՚էր իւր ընդարձակութեամբ եւ բաժանմունքներով, իսկ հանդերձանաց հարստութեան, զեխութեան եւ պերճանաց չափ չի կար. գորգեր, բեհեզեայ անկողիններ, ծիրանի վերմակներ, ոսկի եւ արծաթեայ զէնքեր, կանանց զարդարանք, երաժշտութեանը նուագարանք խառնիխուռն դրուած էին, այնպէս որ արդի մեծ թատրոնի մը մթերանոցի կը նմանէր, քան թէ սպարապետի մը վրան: Թորոս աս ճոխութիւնքը տեսնելով մեծ ուրախութիւն մ՚ունեցաւ ոչ թէ անոր համար, որ իր գանձը պիտի երթային անոնք` ոչ, այլ անոր համար, որ հայ զինուորը զինուորական կանոնաց ու զօրապետին հրամանաց հնազանդիլ սովրէր էր. յետադարձի փողը չի հնչած մէկը չէր համարձակէր աւարառութեան ձեռք զարնել, այլ թշնամին հալածելու միայն զբաղած էր: Ուստի ինքն ալ ցուրտ նայուածք մը ձգելեն վերջ այս թուլամորթութեան կահուց վրայ, հետաքննին աչօք բան մը կը փնտրեր, որ վերջապէս գտաւ, այսինքն բանակին դիւանական գրութիւնքը, որ վայրկենին մատանիովը կնքեց եւ իւր ատենադպրին յանձնեց: Անկից վերջը հրաման տուաւ շուտ մը մեռելները թաղելու գործողութեան, որպէսզի օդը չապականի: Նոյն միջոցին էր, որ Ստեփանէի բանակն ալ գերիներով ծանրաբեռն եալ կը հասնէր, կը միանար իր բանակին. իսկ Մլեհի մոլեկան հեծելագունդը անհետ եղած էր բոլորովին, եւ իրօք մեծ բարեբախտութիւն մ՚էր հայ իշխանաց համար, որ Ստեփանէի ձեռք ինկած էին, վասնզի Մլեհեն գթութիւն յուսալ անօգուտ էր, նա գիշերուան մութուն առանց կալանաւորի մը դարձաւ գոհ եւ արիւնաթաթախ:

Նոյն գիշերը զինուորը մաս մը յունաց բանակատեղը, մաս մը Մամեստիայ անցուցին, թշնամուոյն գինուով եւ կերակրով զուարճացեալ եւ յղփացեալ, բայց միշտ գիշերապահ զգուշութեան օրէնքը խստիւ պահպանելով, վասնզի Թորոս կը տեսնուէր յանկարծ ամէն բան անձամբ քննելով: Բայց իրեն զբաղմունք նոյն գիշերը եղաւ բոլոր Անդրոնիկոսի քով գտնուած թուղթերը հետախոյզ ընել: Հոն կը տեսնէր չորս տարուան միջոցի մէջ քանի անգամ դրացիք, որ բարեկամութիւն ձեւացնելով շնորհաւորութեան դեսպաններ ղրկած, էին` իրեն դէմ որոգայթ լարած` յունաց հետ գաղտնի դաշինք կը դնէին եւ կը հրաւիրէին պատերազմի: Հոն կը տեսնուէր մանաւանդ Անտիոքայ իշխանին Ռընալտի եւ տաճարականաց շահասիրութիւնը, որ երբեք վնաս չէին տեսած, այլ օգուտ, նաեւ Հաշիշենց պետին մէկ գիրը է որ յորդոր եալ ի յունաց սպաննել զթորոս, լի նախատանոք կը պատասխանէր այսպիսի առաջարկութեան մը յիշեցնելով թէ այդ հայը երբեք անիրաւութիւն մը ըրած չէր ընդդէմ մահմեդականաց: Հոն կը տեսնէր թէ իր եղբայրը` Մլեհ, նշանակուած էր իբրեւ կարելի գործիք մը իր կենաց եւ աթռռոյն դէմ. հոն կը գտնէր շատ մը գրգռութեան թղթերու օրինակներ ուղղեալ կայսերական կառավարութեն են առ մահմեդական իշխանս Մաղսուտ սուլթան եւ Նուրետտին ամիրան իր նորածին իշխանութիւնը կհրծանելու համար: Թէպէտ Թորոսի հանճարը ասոնք ամէնքը կը գուշակէր, բայց ուրիշ էր վկաներ եւ ստուգութիւններ ի ձեռին ունենալ. ուստի արշալուսոյ մօտ էր, երբ պզտի քուն մը քաշեց եւ կանգնեցաւ առոյգ եւ զուարթ, որովհետեւ իւր կորովի կազմուածքը շատ դիւրութեամբ կը տանէր ամէն տաժանմանց եւ փոքրիկ հանգստութեամը դիւրաւ կը սթափէր:

Նախ ատեան կազմեց իւր զօրաւորաց, հոն գերիներուն համար նոցայ կարծիքը քննեց, Մլեհ մէկեն առաջարկեց զամենքն յուղարկել Հալէպ եւ վաճառել, վասնզի, կ'ըսէր` այդ անպիտան ժողովուրդը քրիստոնեայ պէտք չէ համարիլ: Ամէնքը Թորոսին կը նայէին եւ մարդ կարծիք չէր տար: Այն ատեն Թորոս մարդասիրութեան եւ քրիստոնէութեան օրէնքները առաջ գրաւ, բացատրեց թէ չափաւորութեան օրէնքներն ինչչա՛փ օգտակար էին, եւ եթէ բախտը ինչչա՛փ անհաստատ էր. այսօրուան յաղթողը կրնար վաղր յաղթուիլ, եւ թէ Հալէպ այդ քրիստոնէից ծախուելովք քանի մը ուրացութեան մեղք պիտի ծանրանար իրենց վրայ, ուստի կողոպտել եւ ճամփանին թողուլ որոշուեցաւ: Իսկ Մլեհ իւր անյօդ ձեւով կ'ըսէր թէ իր խղճմտանքը թեթեւ էր, վասնզի ինք դերի մը նաեւ բերած` չէր բանակը, եւ թէ որ Ստեփանէ` հաւելոյր ծիծաղելով` իրեն պէս շարժած լինէր թշնամուոյն հետ` այս խնդիրը հիմա տեղի չէր կրնար ունենար Ուստի հրաման եղաւ, որ հասարակ զինուորը կապտեալ եւ կողոպտեալ ազատ երթան ուսկից որ եկած էին: Խնդիրը կը մնար գլխաւորաց համար, որ բերել տուաւ Թորոս, հոն հայ եւ յոյն իշխանաց կապանքը արձկել հրամայեց. նստել տուաւ եւ զուարթ կերպարանոք սկսաւ իրենց հետ այսպէս խօսիլ.

«Ասկից քանի մը օր առաջ գիտէք թէ մենք ձեզի խաղաղութիւն առաջարկեցինք խոնարհաբար, եւ դուք Կսրհամարհանոք մերժեցիք, կ'երեւայ թէ սխալ իմացեր էիք մեր դիտաւորութիւնը, եւ կարծեցիք թէ վախն էր, որ զմեզ խաղաղութեան կը յորդորէր, կը տեսնէք հիմա փորձով թէ մենք խաղաղութեան սիրով միայն շարժեմ ցանք, վասնզի քանի տարի է, որ ձեզի կը սպասէինք եւ կը պատրաստուէինք, իսկ դուք պատերազմը խաղալիք համարելով, այսպէս խայտառակաբար յաղթուեցաք այսչափ մեծ բանակաւ: Միայն կը ցաւինք, որ հոս ձեր սպարապետը` փոխարքան մէկտեղ չէ եւ յաջողէր է փախչել, հոգ չէ, թերեւս օր մը նորէն կ'ուգայ եւ կը տեսնուինք: Իսկ դուք, որ մեծ իշխաններ էք եւ բերդերու, պալատներու եւ հարստութեան տեարք, եւ մենք, որ աղքատ եւ միամիտ լեռնականներ ենք, դուք քաղաքակրթութեան վերջին նրբութեան էք հասած, իսկ մենք ասիական բարբարոսներ ենք ձեր աչքին, դուք քրիստոնէական ուղղափառութիւնը ունիք, իսկ մենք հերետիկոսութեան ենք ժառանգք, կ'ուզենք զձեզ ալ ձեր զօրաց պէս արձկել, որ երթաք ձեր տուները, միայն օրէնք է, որ փրկանք մը մեզի վճարէք, եւ որովհետեւ ձեր արժէքը մեզ դժուար է գտնել եւ գնահատել, ձեզ իւրաքանչիւրոցդ կը թողումք զրուցել, թէ ի՞նչ կարժէք` վճարել եւ երթալ ձեր ճամփան խաղաղութեամբ»:

Հոռոմ իշխանքը, որ այսպիսի առաջարկութիւն երբեք չէին սպասէր, զարմանքով իրարու երես սկսան նայիլ շփոթած: Լսուած չէր մինչեւ այն օրը թէ երբեք կալանաւոր ոք իր փրկանաց գինն որոշէի պզտիկ արժէք մը տալ անձանց` իրենց մեծամտութեան կը դպչեր, գինը բարձր բռնել յունական ամբարտաւանութիւնը գոհ կ'ընէր, բայց պէտք էր վճարել, ուստի դարձեալ փախուստ տալով առաջարկեցին, որ ինք դին կտրէ: Իսկ Թորոս կերպը փոխելով` լի արհամարհանոք`

– Եթէ բան մը արժէիք, զձեզ չէի թոյ զուր, որ երթաք, – ըսաւ եւ դառնալով իւրայնոց. – տարէք այս իշխանները, որ իրենց արժանեաց վրայ մտածեն, մենք բաւական զբաղմունք ունինք հիմա եւ պէտք չէ ժամանակ կորսնցնել:

Եւ երբ իշխանները դեռ վրանին դռնեն դուրս չէին ելած բոլորովին, լսելի ձայնով աւելցուց.

– Այս օրվնէ տարին չի լցուած, պէտք է որ հոռոմ մը չի մնայ Կիլիկիոյ մէջ: Պատրաստենք եղբարք բանակը Տարսոնի վրայ:

Իրօք բանակը սկսաւ շարժիլ, մեծ էր ուրախութիւնը զօրականին, եւ քան զամենայն ոք մեծ էր ուրախութիւնը Մլեհին:

Իսկ մեր կալանաւորքը տեսնելով թէ խնդիրը կը ծանրանար, `վասնզի եթէ բանակը Տարսոնի վրայ երթար, Թորոս գտնել աւելի դժուարին պիտի լինէր եւ ո՜յ գիտէ յաջողութիւնն ալ աւելի հպարտացնելով վերջը պայմանի զիջուցանել գնա աւելի դժուար, մանաւանդ որ կային այնպիսիք, որոնց իշխանութեան երկիրները Կիլիկիոյ մէջ լինելով` թերեւս իրենց ունեցածեն ալ պիտի զրկուէին, ուստի խնդրեցին իրաւախոհ լինիլ եւ ծանր դիներ որոշելնին իմացուցին: Եւ շուտ մը իրենց ծառաներէն մարդիկ ղրկեցին Տարսոնդ Լամբրոն, Կոռիկոս, Փայտս, Անտիոք եւ մինչեւ Կիպրոս, որ փրկանքը շուտով հասցնեն եւ ժամ առաջ ազատին:

Նոյն միջոցին Ատանա քաղաքը Ատեփանէի մէկ փոքր ցոյցին վրայ անձնատուր կը լինէր եւ դռները կը բանար Թորոսի եղբօրը: Իսկ հայ յաղթութեան լուրը Կ'իլիկիայեն դուրս առջի տանողը նոյն ինքն Անդրոնիկոս եղած էր, երբ իւր քանի մը մնացորդներով խայտառակաբար հազիւ կրցեր էր ճողոպրիլ Անտիոք: Կալանաւորաց մէջ, ինչպէս գիտենք, գլխաւորն էր Օշին, տէրն Լամբրոնի, զօր ամենեւին ուրիշ հայ իշխանաց հետ չէր ուզած որոշել Թորոս ի յունաց, եւ անոնց կարգը գնելով զանոնք` միշտ այնպէս կը վարուէր, որ իբրեւ թէ հոռոմ եղած լինէին ազգաւ եւ կրօնիւք: Օշին հիմա վախեն ծանր Փրկանք մը յանձն առած էր, եւ կը սպասէր հասնելուն ի Լամբրոնէ, իւր անդրանիկին հետ, վասնզի քառասուն հազար ոսկուոյ տուգանքին կէսը միայն առժամայն վճարել կարող էր եւ միւս կիսուն համար պատանդ պիտի թողուր տղան: Այս պայմանաց համար ամենայն բանագնացութիւնք Բաբկէնի միջնորդութեամբ կը լինէին, որուն յանձնուած էր բոլոր կալանաւորաց պահպանութիւնր: Բանակը արդէն կը շարժէր, երբ փրկանաց մեծագոյն մասը հասաւ, հրամայեց Թորոս բերել բոլոր յոյն իշխանները, բերել նոյնպէս անոնց ազատութեան դիները, եւ երբ ամէն դրամները համրուեցան եւ ճիշտ գտնուեցան`

– Ազատ էք ուրեմն, գնացէք ձեր ճամփան:

Եւ դեռ անոնց ներկայութեան` հրաման տուաւ բաժնել զօրաց բոլոր ստակր, որ գանձ մ՚էր, եւ երբ իշխանները զարմանք յայտնեցին այս հարցմամբ թէ`

– Այդչափ ստակ ինչպէ՞ս կարելի էր այդ սինլքոր զօրականին բաժնէի

– Որպէսզի դարձեալ ձեզ եւ ձեր նմանիքը բռնեն ինձի բերեն, – եղաւ Թորոսի պատասխանը:

Ալ սկսաւ Թորոս հայրենական սահմաններէն դուրս ելնել, Տարսոն խիստ պաշարմունքէ մը վերջը անձնատուր եղաւ. իր յաղթող բանակին աջթեւը մինչեւ Կոռիկոս կը տարածուէր, ձախը մինչեւ Ալեքսանդրիս ծոցը, որ անկից ետքը Հայոց ծոց սկսաւ զրուցուիլ: Իր զօրավարները ամէնքը վարձատրեց, Մլեհ եղբօրը Կ'ոռիկոսի բերդը իր սահմաններովը տուաւ` յորդորելով, որ ի բաց առեալ զհոյնս լաւ վարուի ամէնուն հետ: Իսկ Փայասի ծովեզերեայ փոքրիկ բերդը սարգսի յանձնեց` յորդորելով, որ երբեմն ծովասպատակութիւնն շարունակէ յօգուտ իրեն եւ ի վնաս թշնամեաց, միանգամայն Սարգսի արթնութենեն կը յուսար, որ իր խռովայոյզ եղբօր կերպով մը դէպ կը լինի դրկից գտանելով, եւ նորա անճոռնի շարժմունքներն իրեն կիմացնէ:

Բայց միշտ մտքեն չէր կրնար հանել այն գաղտնի նամակաց ընթերցմունքն, որ բոլոր իւր դրացեաց ոգին իրեն յայտնի կը պարզէր, ուստի պէտք էր զանոնք իրարմէ բաժնիլ: Այն նամակները` յայտնի իրեն կ'իմացնէին թէ Անտիոքայ իշխանը խոստացեր էր յունաց օգնել, եւ կը գուշակէր թէ Անդրոնիկոսի ամբարտաւանութիւնն էր միայն պատճառ, որ այս օգնութիւնը տեղի չէր ունեցեր, եւ իրօք այնպէս էր: Ուստի Թորոս երբ այս խորհրդածութեանդ վրայ էր, Տարսոն` ուր իր գործողութեանց կեդրոն ըրած էր այն ժամանակին, ահա յանկարծ հին բարեկամ մը, ասպնջական մը` Բարսեղ վարդապետ, առաջնորդ Կիպրոսի հայ վանուց` ներս կը մտնէր Կ'ոստանդնի հետ մէկտեղ:

– Ո՜հ, – ըսաւ Թորոս խնդալով, – ահա մեր հին երկու սուրբ միանձունքը. ո՛ւր գտար, հայր սուրբ, քու հին միաբանդ, թէ ոչ նա զքեզ գտաւ, քանի տարի է, որ զմեզ մոռցար, մենք ալ զքեզ չի կրցանք յիշել, ներէ, գիտես թէ Եւփիմէ միշտ զքեզ կը զրուցէ: Բայց տխուր կերեւիս… խոսէ` ի՛նչ ունիս:

– Մեծ իշխան, մենք գիտէինք թէ դուք զմեզ կը յիշէիք, վասնզի քանի անգամ իշխանուհին թէ մեր վանուց եւ թէ մեր կիպրաբնակ հայոց կարօտելոց համար օգնութիւն ղրկեց, իսկ ես քանի անգամ ուզեցի գալ, որպէսզի ձեր հզօր պաշտպանութիւնը խնդրեմ մեր խեղճ ժողովրդոց համար, բայց յունաց չարութենեն արգիլուեցայ, տարի մ՚էր, որ բանտն էի Նիգոսիայ, վասնզի զմեզ իբրեւ հերետիկոս չարչարել, հալածել սովորութիւն ըրին Կիպրոսի հոռոմք եւ ինչ որ մինչեւ հիմա յարաբտացուոց չի տեսանք, ասոնցմէ կը տեսնենք, կրօնք, կեանք, ստացուածք` ամէն բան վտանգի մէջ է: Ո՞ւմ դիմէի, շփոթած էի. ուխտ ըրի աստուծոյ, որ բանտեն ազատած միջոցիս Կիլիկիա ձեզի դիմեմ, եւ ոսկի խաչ մը, որ միայն մնացեր էր, կաշառք տալով բանտապանին, ազատեցայ եւ վանք եկայ: Իմ խե՜ղճ վանքս, դռները այրած, միաբանքս ոմանք ցրուած, լեռները փախած, ոմանք սպաննուած, եկեղեցին պղծեալ, սուրբ սպասք յափշտակեալ գտայ: Թէ որ արաբացի նաւ մը զիս հոս չի հասնէր, չեմ դիտէր ինչ մահուամբ ալ զիս պիտի սպաննէին այդ նզովեալ ազգը, ահա իմ վիճակս. եթէ Կոստանդին իշխանը ինձի շնորհք չընէր այս հագուստները ճարելու` զիս մուրացկանի հագուստներով հիմա պիտի տեսնէիք:

– Ցաւալի եւ անպատմելի բան մը թէ կայ` միայն մեռածներն են, հայր սուրբ, որոնց ճար չեմ կրնար ընել, իսկ մնացեալ ամէնուն հնարքը դիւրին է, փառք աստուծոյ. դու հիմա քիչ մը հանգչէ՛, հայր սուրբս, քիչ մը հանդարտէ. ես բոլոր քու կորուստներուդ փոխարէն տասնապատիկը հատուցանել կ'ուտամ: Կոստանդի՛ն իշխան, քեզի կ'ընկնի առնող քու վանահայրդ, շինել տալ անոր ցուցակ մը բոլոր իւր կորուստներուն, եւ տանիլ զինքը, ամենայն քաղաքավարութեամբ ու քաղցրութեամբ հոս` Տարսոնի յունաց արքեպիսկոպոսին, եւ ինձմէ բարեւ ընելով յորդորել զինքը, որ անոնց փոխարէնը տա. վասնզի ինչպէս օրէնք է, որ սպասաւորը սեղան են ուտէ, նոյնպէս արդար է, որ հարուստ սեղանը կողոպտեալ սեղանին բաժին հանէ: Մենք յունաց եկեղեցեաց ամենեւին չի դպանք, բայց նոցայ եկեղեցիները պէտք է գոնէ մեր եկեղեցեաց վնասը տուժեն, երբ իրենց կրօնակիցք զանոնք կը կողոպտեն: Իսկ քու կիպրացիքդ, հող մ՚ընէր, հայը սուրբ, իրենց պատիժը կը գտնեն:

Վանահայրը եւ Կոստանդին ելան իրենց պաշտօնը կատարելու: Կրնան երեւակայել, ընթերցողք թէ Կոստանդին եւ թէ հայր սուրբը քանիցս բազմապատկեցին իրենց կորուստները, եւ թէ ինչչափ ճուացուցին խեղճ արքեպիսկոպոսն, որ իր վիճակին աղքատութիւնը, պատերազմներու պատճառաւ իր եկամտից կորուստը, եւ թէ ջրհեղեղեն եւ Պօղոս առաքելոյն Տարսոնի քաղաքացի լինելեն ի վեր ինչչափ վնաս կրած էր իւր եկեղեցին` զանոնք կը համրէր: Բայց ոչ վեղարաւոր եւ ոչ անվեղար գլուխը այս իրաւաբանութեան ուշադրութիւն տալու փափկութիւնն ու թափանցկութիւնը չունէին, մէկ կողմեն ապառաժի պէս անզգայ` իրենց պահանջմունքը կը նորոգէին եւ միւսեն զլանալու ամէն ջանք կ'ընէին, եւ այս խաչի, սկիհի, աւետարանի, պատկերի, միանձանց ապրուստի եւ վանքի եկամտից առեւտրին մէջ` Կոստանդին զինուոր մարդ, անհամբերութեամբ երբեմն կ'ելնէր, երբ արքեպիսկոպոսը եւ վանահայրը, թէպէտ ոսոխ, կը միանային զինքը նստեցնելու, իմացնելով գոնէ այս հրաւէրով, թէ եկեղեցականը գիտէ տեղի տալ միշտ, բայց ի վերջին կէտին: Այսպէս նաեւ եղաւ հիմա, յոյնը, որ Կիպրոս կողոպտէր էր հայուն վանքը, Կիլիկիա կը տուժէր քառապատիկ, ոսկիները համրուիցան, արծաթներու կապոցները շինուեցան. հայ կրօնաւորն ամենայն յարգանօք եւ խոնարհութեամբ իր յոյն պետեն ի դասակարգութեան աջն առնլուն եւ օրհնութիւնը խնդրելուն` մօրուքն ի վար կը ծիծաղէր եւ, փոխարէն նորա բերանը, երբ անուշ օրհնութիւն կը բխէր, հազար դառն անէծք սրտին խօրէն կը տեղացնէր, դժբախտաբար Աւետարանի բարոյականին համար` անշահասիրութեան քարոզն, Քրիստոսի հոն չէր, որ չուտնեայ խարաղանաւ այս իր երկու սիրելի աշակերտները լաւ մը դրոշմէր:

Կողոպուտն բեռնակրի շալակաւ բարձեալ` մեր հայ սուրբը կը դառնար Թորոսի իր շնորհակալութիւնքն ընելու, եւ երբ իշխանական պալատին դռան մօտեցաւ` ոչ սպասաւորաց բազմութիւն, ոչ սպայից ելեւմուտ, ոչ սուրհանդակաց երթեւեկ` ոչինչ չէր երեւար. այլ խաղաղ լռութիւն մը կը աիրեր, եւ դռան քով լռիկ երկու զինուորներ սուր ի ձեռին կայնած էին:

– Կ'երեւայ թէ իշխանը մեկնած պիտի լինի, – ըսաւ Կոստանդին:

– Ո՞ւր, – պատասխանեց եկեղեցականը:

– Ո՜Յ գիտէ, այնպիսի մարդ մ՚է, որ դոզ, դադար չգիտէր, մենք երբեմն իր հօրեղբօր վրայ կը զարմանայինք, բայց այս անցաւ զանի, լռիկ, անխօս կը մտածէ, երբ որոշէ` ա՛լ դանդաղիլ, դադրիլ չգիտէ, իր նպատակին կը վազէ, տեսնենք, իմանանք թէ ո՞ւր է:

Մտան պալատը եւ տեսան Բաբկէն, որ ձեռքերը ետին կապած կը շրջագայէր եւ երբ այս մեր երկու բարեկամները եւ բեռնակիրը ետեւնուն տեսաւ, որ կ'ուգային, աննշմարելի ծիծաղ մը երեսին եկաւ, յիշելով այն Կիպրոսի Ս. Մակարայ թաքստեան տարտամ վիճակի օրերն, երբ նոր գերութենէ ազատած, սիրտ ի դող, ելից իրաց կը սպասէին անփորձ երիտասարդ իշխան մը գլուխնին ունենալով, որ յոյս կ'ուտար իրաւ իրեն` Բաբկէնի, բայց ո՜յ կարծէր թէ այնչափ խոհեմութիւն, այնչափ քաշութիւն եւ նախատեսութեան հետ պիտի ընկերացնէր եւ բոլոր իր պապերուն ըրածը, քանի մը տարուան մէջ աւելիովը պիտի ընէր եւ գերազանցէր.

– Ո՛հ, աստուած օգնական, հայր սուրբ, բարի ես եկեր:

– Ողջոյն, Բաբկէն հայրիկ, աստուած պահապան, – պատասխանեց հայր սուրբը:

– Բայց իշխանը ո՞ւր է, – կը հարցնէր Կոստանդին:

– Իշխանը Փայաս գնաց:

– Փայաս գնա՞ց: Բայց քու իշխանիկդ յիրաւի զարմանալի մարդ է, Բաբկէն, յանկարծ կելնե…

– Իմ իշխանիկի ըրածը թագաւորները չեն կրնար ընել, ես կ'ըսէի երբեմն թէ իր հօրեղբօր պէս թէ լինի` շատ է մեզի, բայց հիմա, հէ՜, ոչ հօրեղբայրը, ոչ հայրը, ոչ պապը… Լուսաւորչայ պէս մարդ է պիտի ըսեմ, թէ աստուած չի բարկանայ. քանի՜ տարի է, օր մը թեթեւ գործ մը չի տեսանք… Դու, ես, այս հայր սուրբը իր կարգովը, կաթողիկոսն իր սուրբ մեռոնով, աստուած վկայ թող լինի, եղբայրասպան կը լինէր թէ որ Մլեհի խօսքերը օր մը միայն լսեր… բայց իմ իշխանիկս ամէն բան կը լսէր, գիտէր, ձայն չէր հանէր, սուտ խուլ կը լինէր: Օր մը, խոստովանանք թող մնայ, քանի մը ամիս կայ իշխանուհին ինձ ըսաւ. «Բաբկէն հայրիկ, կը զրուցեն թէ Մլեհ իշխանը իր եղբայրը չի սիրէր եւ անոր դէմ երբեմն կիրքով կը խօսի եւ սպառնալիք ալ կընէ, իրաւ՞ է, պէ՞տք է հաւտալ»: Հաւատա՛, Կոստանդին, մեր եղբայրութիւնը վկայ, պաղեցայ մնացի: Իշխանուհին տեսնելով իմ շփոթութիւնս մէկեն վրայ բերաւ… շա՜տ խելօք կին է. իրաւ որ մեր լեռներուն մէջ նմանը չի կայ: «Ես չեմ հաւատար ի՛նչ որ լսեմ, Բաբկէն հայրիկ, մարդիկ չարալեզու են, խօսքերը ծուռ կը մեկնեն, վերադիր կ'ընեն. դու, որ ամէնուն հօր պէս ես թէ որ օգտակար գտնես` խրատէ զինքը, որ խոհեմ լինի. իրաւ, եղբայր են, բայս կրնայ մէջերնին պաղութիւն մտնել»: Ես ամաչեցի այս խօսքերեն, գիտէք թէ ամօթը ինձի համար էր, Մլեհին բան զրուցել պարապ էր, բայց պարտք է, ըսի, զրուցեմ` խղճմտանքես ազատիմ. այս մտքին վրայ էի, մէկ մ՚ալ իշխանը ինձ օր մը յանկարծ, երբ մինակ էինք` «Բաբկէն հայրիկ, – ըսաւ, – քանի օր է դու միտքդ կը յոգնեցնես, գիտեմ, Մլեհին հետ խօսիւ կ'ուզես, կը պատրաստուես շատ անգամ, կը տեսնեմ, երբ Մլեհ իմ քովս գա` ներս կը մտնես, դուրս կ'ելնես, միշտ հոս կ'ուզես գտնուիլ. հոգ մ՚ընէր, անոր սիրտը գէշութիւն չի կայ, նա, որ զրուցէ, չի գործադրէր, փուճ տեղ մի յոգնիր, շատը գնաց, քիչը մնաց. Մլեհ խենթ, խելօք դուրս կ'ուտայ, նորա ամէն պակասութիւնը անգործութենէ է. չափը լեցուեցաւ, քանի մը օրէն Մլեհ գոհ եւ երջանիկ պիտի լինի. դարձեալ կ'ըսեմ հոգ մ՚ընէր. ոչ մէկու բան մ՚ըսէր»: Իրօք մէկ մ՚ալ լսեցինք թէ մեր վրայ հոռոմները պատերազմի կ'ուգան. Մլեհ փոխուեցաւ, եղբօրը պէս ոչ մարդ կար, ոչ իշխան: Հիմա գնա աս միջոցիս Մլեհ կը գտնես Կ'ոռիկոսի դռներուն առջեւ` ծովեզրը նստած, օղին կը նետէ եւ եղբօրը գովասանութիւն կը կարդայ, ինչպէս ասկից քանի մը ամիս առաջ Վահկայ հովանոցին մէջ նստած օղին կը նետեր` նզովք կը կարդար: Մլեհին ի՛նչ զարմանամ. Թորոսի կը զարմանամ, որ եղբօրը ամէն ասածը գիտէ, իմ մտքես անցածը գիտէ, Հոռոմի թագաւորին ընելիքը գիտե… աս մարգարէ է, ի՞նչ է, դու ըսէ, հայր սուրբ, դու որ շատ կարդացէր ես. բայց գիտցիր թէ մեր իշխանիկը քեզմէ շատ կը կարդայ:

– Եղբայր, հայր սուրբեն ի՞նչ կ'ուզես, – կանչից Կոստանդին, – թէ որ Մլեհ, որ Կ'ոռիկոսի իշխան եղաւ` օղին կը խմէ եւ եղբօրը գովասանք կը կարդայ, օղին բերել տուր մեզ ալ, տե՛ս թէ հայր սուրբը ի՛նչ օրհնութիւն պիտի կարդայ մեր իշխանին. այս բեռը կը տեսնե՞ս, բոլոր արծաթ ու ոսկի է, բոլոր եկեղեցական սպաս ու դրամ է, նորա խրատով մէկին տեղ տասն առաւ հոռոմ եպիսկոպոսեն. տեսնէիր խեղճ մարդը, մինչեւ մօրուքը քրտնեցաւ: Տէ՛, օղի՜ն, օղի՜ն, օղին բերել տո՛ւր, – ըսաւ Կոստանդին, եւ իւր ահագին հասակով տարածեցաւ գետին:

Եւ մեր երեք բարեկամները բոլորեցան սեղանի մը շուրջը, անցեալին, ներկային եւ ապագային վրայ խօսելով` մինչեւ քունը իրենց աչաց վրայ ծանրացաւ: Բայց երբ Կոստանդին եւ հայր սուրբը կը խորդային բոլոր գիշեր, Բաբկէն, որու յանձնուած էր Տարսոնի կառավարութիւնը, երեք-չորս պտոյտ ըրաւ նոյն միջոցին` պահապանաց հսկողութեան ուշ դնելով:

ԳԼՈՒԽ ԻԲ ԱՆՏԻՈՔԱՅ ԲՐԻՆՁԸ

Իսկ Թորոս այս միջոցիս կը սուրար, կ'երթար տասներկու հեծելոք միայն, ինչպէս իւր սովորութիւնն էր, հասնելու իր բանակին ձախ թեւին, որ արդէն մինչեւ Փայ եաս տիրած էր, եւ հասած ի դռունս ասորուոց, եւ հոն իրենց կը սպասէր: Ոչ թէ ինք անցնելու միտք ունէր այն դռունքը, ո՛չ, վասնզի միտքը չէր դրած Անտիոքայ սահմանները կոխել, այլ միայն այնպէս կարծեցնել տալ Ռընալտայ. վասնզի իւր քաղաքագիտութիւնը շատ հեռի էր այն յանձն ապաստանութենեն, որ բոլոր դրացիները իրեն դէմ կրնար հանել. իւր միտը ցոյց մ՚ընել եւ մօտեն ճանաչել էր մարդ մը, որու հանդզնութեան եւ շահասիրութեան համբաւը իրեն ծանօթ էր, եւ որ Յունական կայսրութենեն կուզեր խոտորցնել:

Դեռ քիչ մը հանգիստ չառած` պատգամաւոր ղրկեց այս Անտիոքայ բրնձին, տեսութեան փափագ իրեն յայտնելով, ապահով էր, որ յաղթող իշխանի մը այսպէս առաջարկը սիրվ պիտի ընդունուէր, ինչպէս եղաւ. երկու օրէն վերջը սուրհանդակը կը դառնար, եւ երկու իշխանք, ամենայն զգուշութեան պայմաններն պահելով, հարիւրական ձիաւոր զինուոր հետերնին առած, կիրճերուն վերեւը բլուր մը կը հասնէին, ուր վրան մը պատրաստուած էր:

Հոն երկուքն ալ ձիերնեն իջան` մտան պատրաստ եալ վրանը մեյմէկ թարգման առած, թէպէտ երկուքն ալ բաւական յունարէն գիտէին իրարու միտք հասկնալու համար:

Սովորական քանի մը խօսքերէ վերջը, ուր Ռընալտ Թորոսի շնորհաւորութիւններ կ'ընէր իր յաղթութեանց վրայ, եւ թէ ինչպէս ախորժելի էր իրեն նման դրացի ունենալ, քան զհունաց կայսրութիւնը, որուն ոչ միայն մեծութիւնքը, այլ խաբեբայ դրութիւնը սկզբունքը նաեւ բարեկամութեան ապահովութիւն չէին տար. Թորոս կարճեց խօսքը, ըսելով թէ` «Երկուքս ալ կը տեսնեմ թէ գործի մարդ ենք եւ մեր նպատակին կը դիմենք, այսինքն` մեծնալ եւ ընդարձակիլ. ուրեմն բարեկամութեան եւ լաւ դրացիութեան վրայ ձայն չի բարձրացնենք, ոչ ես եւ ոչ դու այդ տեսակ խօսքերու չենք հավտար (եւ Ռընալտ սկսաւ ծիծաղիլ), ուրեմն մեր օգտին խորհուրդ հարցնենք, նայինք թէ ի՞նչ պէտք, է ընել շահաւոր լինելու համար: Զիրա՞ր ջարդել, ինչ վաստակ կայ մեզի, դու թէ որ իմ լեռներս կոխես, աւարես, քանի մը բերդ յափշտակես` ի՞նչ զարմանալի կարողութիւն պիտի քաղես. ես քու հողերուդ վրայ գամ, թէ որ յաջողիմ, ի՞նչ աւար կը տանիմ: Անոր համար փնտրենք տեղ մը, ուր քիչ աշխատութեամբ մեծ օգուտ կրնայ քաղուիլ»:

Հոս Թորոս դադրեցաւ խօսելէ, Ռընալտի աչքերը սկսան փայլիլ բոլոր իւր մթերեալ շահասիրութենեն գրգպալ եւ անհամբեր`

– Այդ տեղը, այդ տեղը անուանէ՛, կը զրուցէր:

– Այդ տեղը, – ըսաւ Թորոս անհոգ ձեւով մը, – այդ տեղը… դու ամէն միջոց ունիս այդ տեղն ելնելու` եւ ես չունիմ… բոլոր օգուտը քեզի պիտի լինի:

– Ընկերաբար ամէն բան կ'ընենք, կը կարգադրենք:

– Լաւ՛, թէ որ այդպէս յանձն առնելս, ահա՜ տեղը, – ըսաւ Թորոս մատնանիշ էովուն անհունութիւնն ցուցնելով:

– Ո՜ւր, ծովուն վրայ, ի՜նչ…

– Կիպրոս. ահագին, հարուստ, անպատսպար, անդուռն կղզի մը, բաց ամենայն յարձակմանց: Թէ որ ես նաւ ունենայի, ժամանակ ունենայի…

– Ես նաւ կը գտնեմ, հոգ մ՚ընէր:

– Ես շատ-շա՛՛տ` խումբ մը զօրք նիզակակից կրնամ տալ քեզ, թէ որ կը հաճիս:

– Ամենայն հաճութեամբ, մանաւանդ որ աւարը գտնողն իրաւունք ունի մասնակցելու:

– Երբ որ պատրաստ լինին նաւերը` իմ գունդս ալ պատրաստ է իր զօրավարին հետ:

Երբ Թորոս տեսաւ իր մարդուն յափշտակութիւնը այս դիւրին եւ հարուստ աւարին վրայ եւ իմացաւ թէ հարուածը տեղը գտաւ, վասնզի մարդը չէր կրնար հանդարայ տեղը նստել, ալ ոտք ելաւ եւ պատշաճ հրաժարական ողջոյնն տալու ժամանակ, մէկ կողմն առնելով զինքը.

– Բայց, – ըսաւ, – պէտք չէ մոռնալ, որ զինուորը նաւ մրացնելու ժամանակ նաեւ պիտի չգիտհնայ թէ ո՛ւր կ'երթայ. եւ դու հիւր մ՚ունիս, թերեւս բարեկամ մը, որ քու տունդ է եւ ամէն ըրածներդ կրնայ իմանալ. պէտք է արթուն կենաս իրմէ, որովհետեւ շատ խորամանկ եւ վտանգաւոր մարդ է:

– Կ'իմանա՛մ, Անդրոնիկոսի համար կ'ըսես, թէ որ կ'ուզես` կապած քեզի ղրկեմ վաղը, իբր նշան դաշնակցութեան:

– Ոչ, անոր պէտք չունիմ, բաւական է թէ հեռացնես զինքը. վտանգաւոր հիւր մ՚է, ոչ միայն դրացեաց, այլեւ ասպնջականին համար:

– Հոգ մ՚ընէր, դիւրին գործ մ՚է այդ ինձի համար, ութ օր չեղած իմ նաւերս պատրաստ են արշաւանքի համար:

Եւ ահա մեր իշխանքն բաժանուեցան: Թորոս կ'երթար Տարսոն իր երկիրը բարեկարգելու, իսկ Ռընալտ` իր զօրքերը պատրաստելու, որ շատ դժուարին չէր այնպիսի մարդկանց համար, որ ուրիշ զբաղմունք մը չունէին պատերազմէ զատ. եւ իրօք այս գործիս մէջ ամենայն զգուշութեամբ վարուեցաւ եւ գաղտնապահութեամբ: Մլեհ իր հազար հոգուոյ գնդովը մտաւ նաւ հալեքսանդրիոյ մեր Ս. Մակարի հայր սուրբին հետ, եւ հեռացան փռանգք իրենց նիզակակից խմբովը:

Ի՛նչ որ պատմութիւնը զրուցած է, աւելորդ է հոս յիշել, վասնզի ամէն ազգի հեղինակք, հոռոմք, փռանգք եւ հայք` միաբան են պատմելու թէ Կիպրոս ոչ երբեք այնպիսի բարբարոսական հարուած մը ընդունած էր եւ ոչ իսկ ի սարակինոսաց:

Այս մոլեգին գունդը, որ հազիւ թէ տկար դիմադրութիւն մը գտաւ խեղճ բնակչաց կողմէ, հուր, սուր ի ճեռին կը վաղեր կռուոյն ամէն կողմը, ոչ տարիք, ոչ սեռ, ոչ կրօնք, ոչ պատիւ չէր խնայէր. ամէն տուն, ամէն պալատ, ամէն եկեղեցի աւար եւ կողոպուտ ընելեն վերջր, մեծ ու պզտիկ, աշխարհական ու եկեղեցական կը համրէր, կը դիզէր ծովեզրը, եւ այն ահագին բազմութիւնն, որովհետեւ կարելի չէր տանիլ մէկտեղ, պատուաւոր եկեղեցականք եւ իշխանազունք միայն կառնուր կը տանէր հանտիոք, որպէսզի ահագին փրկանաց գինը ամբողջ վճարուի: Հոն Մլեհ իմացաւ թէ աւազակութեան եւ անզգամութեան արհեստին մէջ իրմէ յառաջադէմն ալ կար, Ռընալտ Անտիոքացին. հոն տեսաւ թէ այն փռանգ զօրաց մէջ, եկեղեցական, տաճարական ասպէտք (զօրս Փռերք Դամբլունայ կ'անուանեն հայ պատմագիրք) շատ յարմար ընկերք էին իրեն թէ քաջութեան եւ թէ անզգամութեան մասին. եւ այն ատեն հակամիտեցաւ թէ օր մը անոնց կարգակից պիտի կարէնար լինիր

Ի՛նչ մեծ տարբերութիւն կար Մլեհ ի եւ Ռրնալտի գործողութեանց եւ Թորոսի զբաղմանց մէջ այն քանի մը ամիս ժամանակին մէջ: Թորոս կը նորոգէր, կը շինէր, իր տիրած երկրներուն մէջ ամէն ազգի, ամէն կարգի անձանց ապահովութիւն, կենաց եւ ստացուածոց կը հայթայթէր, աւարառուն եւ կաշառակուրծը խստիւ կը պատժէր, կողմնապահներով եւ բերդերով իր երկիրը կը ջանար ամրացնել ամէն յարձակման դէմ: Մենք զրուցեցինք վերը թէ առջի օրէն ինչ փոյթ եւ ջանք ցուցուց զինուորութեան յառաջադիմութեան համար, եւ անոր շարունակութիւնն էր, որ երբ Ռուբինեանց տէրութիւնը շատ տկարացեր էր նաեւ, ամէն հայ` զինուոր լինելուն համար դեռ երկրին կերպարանք մը կ'ուտար: «Հայերն ամէնքը զինուոր էին, գրեթէ նոյնչափ վայրենի, որչափ իրենց լեռներն, ուր կը բնակէին, – կըսէ պատմիչ մը, – եւ գրեթէ միշտ զէնքը ձեռվնին, եւ բոլոր պատմիչք զիրենք կը ցուցնեն արագ` դաշնակցութիւնք լուծելու ինչպէս կազմելու` միշտ իրենց շահուն համարն: Իսկ ճանապարհորդ մը, որ մեր Թորոսի եղբօրորդուոյն ժամանակ Հայոց թագաւորութեան երկրներէն կ'անցնէր, այսպէս կըսէ Կիլիկիոյ բնակչաց համար. «Երկիրը բնակեալ է ի Փռանգաց, ի Յունաց, եասորուոց, ի Թրքաց, ի Հայոց եւ հայլոց, բայց սակայն Հայերն են, որ կը տիրէն: Այս Հայերը շատ կրօնասէր մարդիկ են եւ գերագոյն քրիստոնեայք»:

Այս զբաղմունքներուն հետ էր Թորոս. դուլ եւ դադար չունէր, երկիրը կը պտրտեր անձամբ քննելու ամէն բան: Այսպէս անգամ մ՚ալ, երբ (հապան կ'երթար տասներկու ձիաւորով եւ ջոկատ մը հետեւակոք, աւարառու թրքաց խումբ մը զիրենք շրջապատեցին յանկարծ. իսկ նա անվեհեր` հաջ ու ձախ կոտորելով երեք հազար` հոգի` մնացածը կը հալածէր եւ ի չիք կը դարձնէր:

Իսկ Յունական կայսրութիւնը, երբ իմացաւ իր զօրավարին խայտառակ պարտութիւնը, եւ Կիլիկիոյ ամբողջ կորուստը, եւ Անտիոքայ իշխանին հայոց մասնակցութեամբ Կիպրոսի չարաչար անցքը, որովհետեւ կայսրը զբաղած էր պատերազմի Եւբոպիոյ մասին մէջ` դեսպան կ'ուղարկէր, գանձ կը խոստանար Իկոնիոյ սուլթան Մա զսուտին, որ հայոց վրայ դիմէ եւ իւր վրէժը առնու: Մաղսուտ ալ բարեպատեհ առիթ համարելով այս հրաւէրը, մեծ բանակաւ մը յարձակեցաւ ի Կիլիկիա, կարծէր անպատրաստ գտնել զթորոս, եւ զարմացաւ, երբ քուն կարծած թշնամին դիմաց պատրաստ գտաւ ամուր դիրք մը բռնած եւ անխռով:

Մեծ բանակի մը առջեւ պզտի բանակ մը զարմացուց սուլթանը, ուստի դեսպան ղրկեց իմացնելու թէ ինք թշնամութեան ոգի չունէր ընդդէմ հայոց իշխանին, այլ կուզեր, որ հայք հնազանդին եւ ի յունաց առած քաղաքնին ետ դարձնեն: Իսկ Թորոս քաղաքավար եւ անուշ լեզուաւ շահեց դեսպաններուն սիրտը, տարտամ պատասխաններ տուաւ. «Մեծազօր թագաւորաց հնազանդիլ մեզ նախատինք չէ, – կ'ըսէր, – բայց յունաց քաղաք դարձնել անհնար է»: Սուլթանը, մեծ օգուտ չի տեսնելով այս արշաւանքեն, ետ դարձաւ, Թորոսի աւելի իրաւունք տալով, քան կայսեր:

Բայց տարի մը չեղած դարձեալ յունաց գրգռութեամբ աւելի մեծ պատրաստութեան ձեռք զարկաւ մտնելու ի Կիլիկիա: Բայց ինք բանակը չի շարժած, երբ Կիլիկիոյ դռները ձեռք կ'առնէր, Թորոս իր լրտեսներէն իմացած, բոլոր իր բնակիչքը ապահոված, լեռանց, ամրութեանց, բերդերու եւ բերգաքաղաքներու մէջ, եւ անոնց հսկողութիւնը Ատեփանէի յանձնած, բանակին մէկ մասը անոր հաւատալով, ինքը բանակին մեծ մասամբ իջաւ լեռանց դժուար անցքերեն եւ ափափայներէն, Իկոնիոյ երկիրը սկսաւ աւարել, քանդել եւ կործանել: Սուլթանը իւր երկրին պաշտպանութեան դիմեց, եւ Թորոս իւր աւարաւն ու գերեաւ քաշուեցաւ իւր լեռները: Մաղսուտ այս վնասակար պատերազմին վերջ տալ կը մտածէր խաղաղութեամբ, երբ յունաց կայսեր դեսպանները հասան յորդորներով եւ մեծագոյն ընծայիւք. կայսեր այս վերջին փաստը անհերքելի էր, ուստի Մաղսուտ իր բանակը աւելի ստուարացուցեալ մտաւ ի Կիլիկիա ամենայն զօրութեամբ, բայց պարսպապատ քաղաքներ կը գտնէր եւ աւերակ գիւղեր, դաշտեր ապական եալ էին բոլորովիմբ, ոչ հունձք կար եւ ոչ արմտիք, եւ ոչ իսկ խոտ. ամառուան արեւր կը տոչորէր, մարդ եւ կենդանի կարեւորը չէին գտնէր, ուր մնաց աւարն ու կողոպուտ: Իսկ Իկոնիոյ եւ Սեբաստիոյ կ'ողմերեն շարունակ սուրհանդակ սուրհանդակի վրայ կ'ուգար իմացնելու վնասն ու կոտորածը, որ կը հասցնէր Թորոս իր երկրին. գիւղեր, (աւաններ աւերակ կը դառնային, երկիրը զուրկ ի զինուորաց կը հեծէր այս նոր տեսակ պատերազմին առջեւ: Իսկ սուլթանը առանց այս լուրերուն միտ դնելու, կը յառաջանար աւերակ երկրին մէջ, կը հասնէր, կը ողողէր, կ'անցնէր բոլոր դաշտը, կը պաշարէր զմամեստիայ եւ զանարզաբայ:

Մամեստիայ` յանձնած էր Թորոս երիտասարդի մը, որուն անունը Թոռնիկ էր, եւ որ լսելով իշխանին գալուստն ու համբաւը` թողած էր իր Սա սուն գաւառը, եկեր էր նորա զինուորութեան մտնելու. Թորոս շուտ մը տեսաւ եւ որոշեց նորա քաջութիւնն ու սրամըտութիւնը, հարցուց ո՛վ լինիլը եւ իմացաւ թէ համբաւաւոր սասունցի Թոռնկայ Թոռնիկ էր: Ուստի այս կարեւոր քաղքին պաշտպանութիւնը երթալեն առաջ իրեն յանձնեց: «Նայէ՛, քաջ տղայ, – ըսաւ, – ես ոչ միայն քեզի, այլ նաեւ պապուդ համբաւոյն կը յանձնեմ այս քաղաքս. բայց քաջ լինիլ բաւական չէ, քաջութեան հետ խոհեմութիւն ալ ունենալու է. մեռնիլ յիմարաբար, անօգուտ տեղ քաջութիւն չէ, ես քեզի քաղաք մը կը յանձնեմ, լաւ միտքդ դիր թէ քու դիակդ չէ որ կը փափագիմ տեսնել, այլ իմ քաղաքս ողջառո՜ղջ ինձի յանձնելդ կ'ուզեմ»: Թոռնիկ, որ քիչ կը խոսէր, «Աստուծով, իշխան, քաղաքդ քեզ կը դարձնեմ», – պատասխանեց:

Թորոս Անարզաբան կը նկան մը յանձնեց, եւ կինը կը ճանչենք. Մարգրիտ` պարզ, խոհեմ եւ միշտ գեղեցիկ, երբ իմացաւ թէ Թորոս կ'ուգայ, իջաւ միջնաբերդեն ի քաղաք զինքը դիմաւորելու, իսկ Թորոս, որ քիչ ժամանակ ունէր, ոտքի վրայ հարսին հարցմունքներ կ'ընէր. թէ բաւական բերդապահ ունէ՞ր, թէ բաւական երկար ժամանակի պաշար ունէ՞ր եւ թէ քաղաքացուոց վրայ վստա՞հ էր. երբ ամէն ու համար ճիշտ ու գոհացուցիչ պատասխան առաւ, երբ իմացաւ ինչպէս կ'երեւակայէր թէ այդ իմաստուն կինը կ'արծածեն ալ աւելի պատրաստ էր եւ մանաւանդ թէ թեւը մտած կը տանէր կը ցուցնէր ցորենի շտեմարանները, զէնքերու մթերանոցները, զինուորներու եւ քաղաքացուոց խումբերը իրեն ակնարկութեան միայն կը սպասէին: Թորոս հրաժարական համբոյրը տալով իրեն` «Գիտե՞ս, իշխանուհի, – ըսաւ, – որ Ստեփանէ ինչպէ՞ս զբաղած է, բոլոր Սեւ լեռան բնակիչք ու ամրութիւնք իրեն յանձնեալ են, գիտե՞ս դարձեալ, որ ես բանակին հետ կ'երթամ, բայց թշնամին կ'ուգայ, եւ պէտք է գա, վասնզի իւր ճամփաները ազատ ձգուած են, դու պէտք որ չինի տարի մը պիտի պաշտպան ես քաղաքդ, ես քու վրադ ապահով եմ, աստուած հետդ լինի, նա քեզի օգնէ»: – «Աստուած որ զքեզ կը պահէ, զմեզ լ քեզի կը պահէ», – եղաւ Մարգրիտի պատասխանը:

Այս երկու քաղաքներն միանգամայն պաշարեց սուլթանն, ոչ իւր բաբաններն, ոչ սանդուխներն եւ ոչ նետաձգութիւնները չազդեցին այս քաղաքաց վրայ: Երբ իրեն իմացուցին թէ Անարզաբայ բերդակաչը կին մ՚էր, «Թէ որ ասոնց կանայք, – կ'ըսէր, – այսպէս կը պատերազմին, չըսէ՞ք, որ մարդիկն, որ մեր երկիրը արշաւած են ոչ աւերակ, այլ անապատ ուրեմն դարձուցին»: Եւ կը ցաւեր մարդը, որ յունաց կայսեր թելադրութեամբ այս անխոհեմ պատերազմին ձեռք զարկեր էր, բայց ի՞նչ ընէր, գոնէ պատուով պէտք էր ելնէր այդ բաւղին մէջեն: Արդէն ձիերու հիւանդութիւն ինկած էր բանակին մէջ, որոնք շարունակ կը սատկէին, զինուորը, որ բաւական պաշար չունէր, չէր կրնար բանակին մարմինեն զատուիլ եւ հեռանալ, վասնզի աներեւոյթ թշնամիներ ամէն ժայռի, ամէն ծառի ետեւեն զինք կը վիրաւորէին ու կը սպաննէին: Ուստի Մաղսուտ յուսահատած այս երկու քաղաքները առնելեն, գնաց պաշարեց զթիլն Համտնոյ, որ աւելի անառիկ էր, քան ղնախայիշեալքն, եւ իր մէկ փեսան` Եաղուպ Մելիք անուանեալ` երեք հազար զինուորաց գունդով մը ղրկեց Անտիոքայ սահմանները արշաւել եւ աւերէի այս ժանտ մարդը յանդգնութեամբ, երբ Անարզաբայեն անդին լեռանց մէջ մխեցաւ անկասկած` յանկարծ զինքը շրջապատեալ գտաւ Ստեփանէի եւ տաճարական ասպետաց խումբերեն. ինք եւ բոլոր իր գունդը ի ծուղակի բռնուած` մինչեւ վերջինը ջարդուեցան, հազիւ թէ մէկ քանի գուժաբեր ազատեցան: Նոյն միջոցին անսովոր փոթորիկներ, փայլակնէր, կայծակ, կարկուտ եւ անձրեւի հեղեղներ օրերով բանակը կը նեղէին Թիլն Համտնոյ առջեւ. եւ երբ այս կոտորածին լուրն ալ ելաւ, ա՛լ սոսկումը պատեց բանակը, զինուորին գանգատը ապստամբութիւն կը սպառնար. սուլթանը թողուց գնաց, եւ այն մեծ բանակը ոչ թէ կանոնաւոր, այլ խառնաշփոթ փախստեամբ ցանուցիր եղաւ, թողլով իր կահն ու կարասին եւ բոլոր իր ունեցածը:

Իսկ Թորոս, որ մինչեւ Սեբաստիոյ մօտերը քշած էր իր բանակը, դիմադիր մէկը չի գտնելով համարձակ ոտնակոխ ըրած էր բոլոր երկիրը, կը դառնար մեծ աւարաւ եւ կը տեսնէր թէ իր բոլոր պատրաստած յատակագիծը լիովին եւ իր կ'արծածեն աւելի ի գլուխ ելաւ. փառք կ'ուտար աստուծոյ, վասնզի թշնամուոյն աւարը ոչ միայն բաւական եղաւ իւր ժողովրդեան վնասը հանելու, այլ նաեւ առատապէս վարձատրելու համար իր զինուորը: Իսկ որ դիտելու արժանի է պատմութեան մէջ, այն է թէ իրարու վրայ երկու մեծ թշնամեաց բանակներ կը հալէին, կ'անյետանային առջեւեն, առանց մեծ արիւնահեղութեան իր զօրաց եւ առանց անդարմանելի կորստեան ժողովրդոց:

ԳԼՈՒԽ ԻԳ ՄԱՀ ԵՒ ՍՈՒԳ

Ինչպէս տեսանք, բոլոր այս պատերազմներուն միջոցին Մլեհի համար խօսք չի կար, մարդ մը, որ պատերազմ կը փնտրեր, կռիւ կ'երազէր, ի՜նչ էր եղեր: Թէպէտ եղբօրմեն հրաւէր գնացեր էր իրեն ամրացնել Կոռիկոս եւ բաւական բերդապահ թողլով մնացած զօրօք գալ մեծ բանակը. բայց նա յայտնի քէն ըրած կամ վատ քաղաքականութեան մը հետեւելով տեղեն շարժած չունէր:

Մլեհ Կիպրոսի արշաւանքեն դառնալեն վերջը լատինաց հետ` զարմանալի բարեկամութեամբ մը կապուեցաւ. բայց որ Թորոսի ծանր էր լսել այդ անգութ արշաւանաց գովութիւնն էր, զօր պարծանոք կը յիշէր Մլեհ, եւ որու համար խստիւ պարտաւորեցաւ յանդիմանել գնա Թորոս, իմացնելով թէ թէպէտ ինք թերեւս առաջինը եղած էր այդ արշաւանքը երկնելու ի վրէժ յունաց, բայց շատ զղջացեր էր եղածները լսելով եւ տեսնելով թէ երբեք չէր կրցեր երեւակայել թէ երկու քրիստոնեայ իշխանք այդ աստիճանի անգթութիւն գործէին խժաբար, անօգուտ ոճիրներով իրենց եւ Ռուբինեան անունը աղտեղելով:

Այս յանդիմանական խօսակցութենեն վերջր Մլեհ դադրեցուց եղբօրը հետ տեսութիւնքը, եւ առջինեն աւելի սկսաւ գանգատների եւ սպառնալիք, եւ երբ գինին կը զեղանէր եւ գլուխը կ'ելնէր, այն` ատեն համարձակ կը զրուցէր թէ՛ «Հայրենի իշխանութիւնը պէտք էր երեքի բաժնել, եւ թէ Լեւոնի երկու զաւկները չէին ստեղծուած գերի լինելու համար մեծին, եւ թէ հին եւ զառամեալ աշխարհի սովորութիւնքը ներկա ժառանգին օրէնք չէին կրնար լինիլ, որ մեծը բռնաբար իբրեւ յետին ստրուկ յանդիմանէր իր եղբարքը, որ ամենեւին իրմէ պակաս չէին ի քաջութենէ»: Այս կերպ դուրս տալեն վերջ, ալ կը սկսէր Կիպրոսի արշաւանաց անգթութեանց վրայ խօսիլ. «Թէ յոյնք արժանի էին ամէն պատուհասից, որովք պատժուեցան` ի փռանգաց եւ ի հայոց, եւ թէ նոքա, որ խաղաղութեան ատեն հայու վանք մը մտէր ամէն չարագործութիւն եւ մինչեւ սպանութիւն ըրեր էին խեղճ միանձանց վրայ, արժանի էր, որ իրենց եկեղեցականք ալ ականջք եւ քիթք տուժէին փոխարէն»:

Այս յորդաբանութիւնք թէպէտ Թորոսի ականջը կը հասնէին, ինք բաւական կը համարէր արթուն միշտ հսկել, եւ խյյսքերու համար միշտ սուտ խոզ կը լինէր, վասնզի գիտէր զանազանել ճոռոմաբանութիւնն ի գործաղրութենէ: Այս վիճակին մէջ էին երկուց եղբարց յարաբերութիւնքը, երբ յունական գրգռութեամբ եւ ոսկուով: Մաղսուտ սուլթանի հետ պատերազմը տեղի ունեցաւ եւ երկու տարի ամբողջ մտատանջեց ու զբաղեցուց զթորոս: Բայց այս պատերազմին յաջող ելքը եւ Թորոսի փառքը, որ հայն ու օտարը զարմացուցին` Մլեհի մեծ յուսահատութիւն պատճառեց, եւ ամէնքը զարմանքով տեսան, որ օրին մէկը յանկարծ ամէն բան թողլով, իշխանութիւն, կին եւ երկիր ձգեց, ելաւ գնաց տաճարական կրօնաւոր ասպետ եղաւ:

Բայց Թորոսին պատերաղմներէ հանգիստ չի կար, պէտք եղաւ Հալէպու Նուրետտին սուլթանին դէմ յարձակիլ, երբ իմացաւ թէ նա իրեն դէմ կը պատրաստուի, ուստի փութաց անոր դէմ հարձկելու, վասնզի իմացեր էր թէ յոյնք ալ իրեն դէմ կը պատրաստուեն: Ուստի առանց ժամանակ կորսնցնելու մտաւ բոցի պէս Հալէպու սահմանները, քանդեց, կործանեց ամրութիւններ, եւ մեծ յաղթութեամբ դարձաւ իր երկիրը, եւ իմանալով թէ յունաց նաւատորմը բանակ կը բերէր իրեն դէմ ի Կիպրոսէ, իջաւ ծովեզրը իր յաղթական զօրօք, հոն Միքայէլ Պրանոս յունաց զօրավարին հետ զարնուեցաւ, խորտակեց նորա բանակը, եւ հազիւ թէ մնացորդովը մտաւ նաւերը եւ փախաւ:

Յոյնք հանդարտ չի կ'եցան: Նոր բանակաւ մը նոր զօրավար մը` Անդրոնիկոս Եւփորպեն` Թորոսի վրայ հասաւ, եւ Տարսոնի մօտ հայոց զօրաց հետ զարնուեցաւ. Թորոսի նիզակակից էին այս պատերազմին մէջ փռանգաց գունդ մ՚ալ, երեք հազար յունականք պատերազմի դաշտը ծածկեցին մեռելներով եւ իրենց զօրավարն չի կրնալով հասնիլ իր զօրաց հետ նաւերով փախչելու` բռնուեցաւ Թորոսէ եւ նրուսաղեմէ Լատին թագաւորին միջնորդութեամբ ազատեցաւ եւ գնաց Կոստանդնուպոլիս իր պարտութեան լուրերն անձամբ տանելու:

Իսկ Ստեփանն այն միջոցին իր գովելի վարմունքին համար ի մեծ պատուոյ էր եղբօրը աչքին, եւ Մարգրիտի առնացի պաշտպանութիւնը` Անարզաբայ պաշարման ժամանակ իր անունը փառաւոր ըրեր էր նաեւ հաչս այլազգեաց: Գերագոյն տարիներ էին անոնք, որ Եւփիմէ եւ Մարգրիտ իբրեւ քոյր սիրալիր այցելութիւններ կ'ուգային իրարու, միշտ միաբան խնամելով թշուառութիւնը իւր ամէն տեսակին մէջ: Ո՛վ որ իրենց դիմէր ապահով էր պաշտպանութիւն գտնելու, եւ այս երկու տիկնայք իրենց գթած ձեռքով շատ ցաւեր սփոփեցին, շատ խստութիւններ մեղմացուցին: Իրենց տուներն շէն էին յաջողութեանց պայծառ շուքին տակ. Եւփիմէ իր գեղեցիկ Գոհարն ունէր, զարմանալի պատուաստ փափկութեան եւ արիութեան: Մարգրիտ երկու կորիւններ ունէր` Ռուբեն եւ Լեւոն, եւ պատերազմաց որոտմունքներու եւ գինուց շկահիւններու մէջ ծնած` անոնց մէջ պիտի մեծնային Ռուբինեանց աթոռը նստելու համար, վերջինը մանաւանդ աւելի բարձրացնելու համար զայն: Ինչպիսի՜ խնամքներով այդ իմաստուն մայրը մեծցուց այդ երկու տղաքը. այդ հրաշունչ բնաւորութիւնքը չափաւորելու համար, անոնց աշխոյժը սանձահարելու համար` ինչչափ իր մայրենի սիրտը խստացաւ, նա, որ վերջը ապագային մէջ Ռուբենի իբրեւ փրկանք իր անձը կ'ուտար եւ պատանդ երթալ յանձն կառնուր օտար իշխանաց արքունիքը:

Եւփիմէի, Գոհարին քով ուրիշ տղայ մը կար Հեթում անուն, ինչպէս գիտենք պատանդ Թորոսի արքունեաց մէջ, որ Լամբրոնի իշխանին իբրեւ տան զաւակ, հոն մկրտուեցաւ, հոն սնաւ, հոն դաստիարակեցաւ, եւ քանի որ Եւփիմէի մայրենի ձեռքը զինքը ինամեց, տղան որբութիւն չիմացաւ, վասնզի այս կը նկան բնաւորութեան մէջ կար գրաւել հինքն մեծի եւ պզտիկի սիրտ, իր յանդիմանութիւնն նաեւ իր խստութեան մէջ այնպիսի քաղցրութեան երակ մ՚ունէր, որ դիմացինին սիրտը կը շարժէր եւ ոչ երբեք կը վիրաւորէր: Զարմանալի բնութիւն մ՚էր` փառք, մեծութիւն, զարդարանք, ուրախութիւն կը սիրէր Եւփիմէ, բայց ասոնք ամէնքը միայն իր անձին համար չէր սիրէր, այլ ուրիշներուն հաղորդելու համար այնչափ գոհութիւն կը զգար, որ եսութիւնը իրեն համար չէր: Երբ Թորոս իր իշխանութիւնը մէկ կողմեն մինչեւ Իսաւրեայ եւ Փռիւգեայ եւ մ չուսեն մինչեւ Եփրատ գրեթէ կը տարածէր, ամէն տեղ իբրեւ հսկող վերատեսուչ քան թէ իշխան կ'արշաւէր արագ եւ սրընթաց` շատ պարզ էր վարմունքը. ընդհակառակն Եւփիմէ, երբ Վահկայ բերդեն Տարսոն կ'իջնէր, կամ հանարզաբայ այցելութեան կ'երթար, կը սիրէր գեղեցկութիւնն զարդարել` ականակուռ եւ մարգարտայեռ իշխանական պսակն ի գլուխ ոսկեթել բեհեզներու եւ ծիրանիներու պերճանոք փայլիլ, եւ նոյնպէս զարդարուն տիկնանց եւ արծաթազէն զօրաց խումբերէ շրջապատեալ իր ուղեգնացութիւնքն ընել. եւ ո՛ր քաղաք որ իջնէր, ժողովուրդք կը խռնէին աեսնելու եւ ողջունելու իւր գեղեցիկ կերպարանքը, ուր զուարթութիւն կը փայլէր, եւ ուրախ կը լինէին, վասնզի իրենց ալ զուարթութիւն եւ հանդէսներ կը բերէր:

Ինը տարին կատարուեցաւ, բախտը ամէն կողմէ Թորոսի կը խնդար, ամէն բան յաջող էր իրեն. շրջակայ իշխանք մեծ եւ փոքր կը յարդէին եւ կ'ակնածէին այս իշխանութենեն, որ հազիւ թէ ճանչցուած` միշտ յաղթող եւ երջանիկ կ'ելնէր ամէն վտանգէ: Երջանկութիւնը իր տան մէջ դրած էր իր բոյնը. ո՛վ որ իր ծանր զբաղմանց վերջը տեսնէր զինքը հոն իր կնոջ, իր զաւկին, իր բարեկամաց եւ ի պարագայից շրջապատեալ, այդ լուրջ եւ առիւծասիրտ մարդը քաղցր եւ հանդարտ խօսելով եւ կատակելով, չափաւոր միշտ իր բոլոր կրքերուն մէջ, երանի կ'ուտար իրեն:

Բայց ամէնքը գիտեն, եւ հին առակ է թէ բախտը հողդողդ է, թէ երջանկութիւնը անցաւոր է. այսօրուան ծիծաղին վաղը արցունք կը յաջորդէ, այսօրուան ուրախութեան` վաղը տխրութիւն, այսօրուան փայլուն պերճանաց` վաղը սեւ սուգ:

Գարունն հասեր էր, բնութիւնը կը ծիծաղէր, ծաղիկները կը բանային, թռչունները կ'աւէտէին, Եւփիմէ, որ Տորոսի լեռները կը սիրէր, ջուրերուն ժայռերն ի վար կարկաչը եւ ճերմակ զով փրփուրը կ'ախորժէր, Վահկայ երթալու միտք կը ցուցնէր եւ պատրաստութիւն կը տեսնէր: Ուղեւորութեան նախընթաց գիշերըն էր` երբ քիչ մը տկար լինելն յայտնեց եւ իր սենեակները քաշուեցաւ: Հազիւ թէ քիչ մը ժամանակ անցաւ, եւ երբ Թորոս քովը գնաց, ձայնը եւ երեսին գոյնը այնչափ փոխուած գտաւ, որ սաստիկ այլայլեցաւ եւ Դիոնիսին իմաց տալ հրամայեց: Իսկ ծեր բժիշկը, երբ եկաւ եւ հիւանդը տեսաւ, պաղեցաւ, արձան կարեցաւ: Այս տեսարանը աւելի շփոթեց զթորոս, մէկ կողմը առաւ քաշեց քովի սենեակը:

– Դիոնիս, – ըսաւ, – ինչո՞ւ շփոթեցար, մե՞ծ է վտանգը:

– Վտա՜նգ, – պատասխանեց ծերը դառնութեամբ ձեռքերը երկինք տարածելով, – երանի թէ վտանգ լիներ… մա՛հ… ծնկուըները ճկեցան, եւ հազիւ թէ ժամանակ ունեցաւ Թորոս զինքը բռնելու եւ նստեցնելու, քանի մը շունչ առաւ, մեծ հառաչանք մը հանեց եւ ոգին էր, որ տուաւ:

Այս տեսարանեն ահաբեկ, ներս վազեց Թորոս, Եւփիմէի ձեռքը բռնեց. պաղ էր սառի պէս:

– Շատ հիւանդ եմ, սիրելի իշխանս, վախնամ այս հիւանդութիւնը զիս պիտի սպաննէ, – ըսաւ խեղճ կինը, – ո՞ւր է Գոհարս… ես ձեռոքս կ'ուզէի Հեթումին հետ ամուսնացնել…

– Հիմա կ'ուգայ, – կ'ըսէր Թորոս եւ կը ջանար զինք քաջալերէի բայց նա հազիւ թէ մէկ-երկու խօսք կրցաւ զրուցել եւ թմրութեան մը մէջ ինկաւ, որուն սոսկալի քրտինք մը յաջորդեց. հրաման ըրայ իշխանը, որ բժիշկ մը գտնեն, բայց երբ եկաւ բժիշկը, դուրսը ծերու մը դիակ գտաւ եւ ներսը երիտասարդ կին մը, որ վերջի շունչը կ'ուտար:

Մենք չենք կրնար նկարագրել այդ մարդուն ցաւք, որուն երեսը դրսուանց տխրութիւն մը միայն կար, միսքքէ թէ այդ տխրութիւնը մինչեւ վերջին օրը նոյն կնիքն անխախտ պահեց նոյն չափով: Արեւը միշտ արեւ էր, բայց շամանդաղի թեթեւ քօղ մը պատած էր նօթայ երկինքը, չունէր պայծառութիւնը, որ ամէնուն կը ծիծաղի: Մխիթարութիւն մը կար ազգին բախտին հետ իրեն համար, տղայ մը` Գոհար մը, որ շատ անգամ, երբ հայրը տաժանելի ընթացքը կատարած իւր Վահկայ պատշգամբը կորովի մարմնոյն եւ բազմաշխատ գլխուն հանգիստ կ'ուտար, այն ատեն կ'ուգար ցատկելով ծնկուըներուն վրայ կը նստեր, իր գանգրահեր գլուխը կը դնէր կուրծքին, իր փափուկ ձեռքերով նորա մօրուքը կը փայփայէր, լուսալիր, քաղցր աչքերը նորա խորունկ աչքերուն կը հառէր, իր գողտրիկ ձայնը` սրտին եւ տարիքին պարզութենեն բխած անոր ականջին անուշ խօսքեր կը մրմնջէր, ահա այն ատեն վայրկեան մը` վայրկեան մը զուարթութեան պայծառութիւնը կ'ուգար, բայց ամպը հոն էր: Մտածութիւնը միայն` թէ ուրիշ սիրելի անձի մը հետ երբեմն կը բաժնէր այդ երջանկութիւնը` ուրիշի մը, որ չի կար, ուրիշի մը, որ իր սրտին կէսն էր, ուրիշի մը, որու ոչ միայն զինքն եւ իր յաջողութիւնքր, այլ նաեւ իր ազգը մասամբ պարտաւոր էր, տխուր ամպը այն զուարթութիւնը կը հալածէր, աչքերը ակամայ կը դառնային դէպի Դրազարկ, ուր Եւփիմէ իր եղբօրը քով կը ննջէր, եւ այն վայն կ'ուրծքեն մեծ շունչեր կ'ելնէին փոխանակ հառաչանաց, եւ Գոհար այն ալ կ'որոշէր եւ կը հարցնէր.

– Ինչո՞ւ, հայրիկ, այսպէս մեծ շունչեր կ'առնես:

Դժուար էր այդ հարցմունքին պատասխանել, այլ պէտք էր խոյս տալ, բայց ո՞ւր. ամէն օր, ամէն վայրկեան, երբ զբաղմունք զինք կը թողուին, այսպիսի տեսարաններ կը նորոգուէին, մինչեւ որ ժամանակը, որ յիշատակ չի մոռցնէր այն մտքերուն, որ յիշողութիւն ունին, այլ կը տկարացնէ, բթացուց այդ ցաւերը, մանաւանդ որ Եւփիմեայ մահը ուրիշ դժբախտութեանց նախաշաւիղն էր, ինչպէս պիտի տեսնենք:

ԳԼՈՒԽ ԻԴ ԿԻՌ ՄԱՆՈՒԷԼ ԿԱՅՍՐԸ

Թորոս լաւ խելամուտ էր, թէ խաղաղութիւն միայն եւ երկարատեւ խաղաղութիւն մը կրնար Ռուբինեանց աթոռը ամրացնել եւ Կիլիկիա ապաստանարան ընել հայ ազգութեան. ուստի, երբ ամէն բան կարգադրեց, ջանաց նաեւ ուսմունքը տարածել իր երկրին մէջ. ուստի վանքերը շատցուց, վասնզի նոքա միայն էին այն ժամանակը` միջոց գիտութեանց ծաւալման. ո՛վ կուզեր ուսանիլ` վանք մը կը դիմէր, վասնզի ուսումնարան եւ վանք այն ատեն միեւնոյն նշանակութիւնն ունէին, ոչ միայն յարեւելս, այլեւ յարեւմուտս:

Թէպէտ սիրտը դառնութեամբ լեցուն կնոջը մահուան, Մլեհ եղբօրը յիմար ձեռնարկութեանց համար, բայց դարձեալ Թորոս անհողդողդ բնաւորութեան տէր` բարեկարգութեանց կ'աշխատէր, ամէն իր այցելութիւնքը կ'ընէր երկիրը բարւոք վիճակի մէջ պահելու համար: Եւ երբ յոգնած` փախստեան տեղ մը փնտրեր, կ'երթար կը քաշուէր Տարսոն իր սեւ մաղձին քաղաքը, այն սենեկին մէջ, այն անկողնին քով ժամեր, օրեր կ'անցնէր, անցեալին վրայ տխուր խորհրդածելով: Ահա ճիշտ նոյն օրերուն մէկն էր, երբ յանկարծ լատին ուխտաւոր մը իրեն ներկայացաւ գոյժ տալով, թէ Մանուէլ կայսրը ընտիր զօրաց խմբով մը իր վրայ կ'ուգար:

Թորոս` թէպէտ անվեհեր, քաջ մարդ էր եւ բոլոր իր պատմութիւնն ալ կը վկայէ, բայց անխախտ սկզբունքներ ալ ունէր, պատերազմի բախտը վտանգի չի դնել երբ կարելի էր առանց իր զօրաց կորուստին թշնամին վտանգել, մաշել, տկարացնել եւ սովամահ ընել կը նախադասեր, եւ աս որ համար ալ տաքգլուխ երիտասարդ զօրավարին, որոնց առաջինն էին Մլեհ եւ Ստեփանէ` զիոքը կը բամբասէին, դարձեալ երբ կարելի էր բանագնացութեամբ եւ քիչ վնասով եւ ի հարկին խոնարհական ցոյցերով խաղաղութիւնը ծախու առնուլ եւ վտանգը հեռացնել աւելի կ'ընտրէր, քան թէ իր ազգին եւ իր անձին բախտը կորստեան վիհը գահավիժելու վիճակի մէջ ձգել:

Իսկ այս անգամ առանց շփոթելու այլայլեցաւ, նախ` ինք, որ միշտ իր թշնամեաց ամէն շարժմունքը կ'իմանար, այս անգամ թշնամուոյն ձեռք իյնալու վտանգին մէջ էր, պատճառը չէր կրնար մեկնել, վասնզի իր Կոստանդնուպոլսոյ լրտեսը, որ կայսեր լուրը իրեն կը հասցնէր` դիպուածով մը արգիլուած էր իմացնելեն: Երկրորդ` կայսրը շատ զգուշութեամբ վարուեցաւ իր արշաւանաց մէջ եւ փոքր գնդով մը իր վրայ կ'ուգար, եւ Թորոս այս չէր կրնար երեւակայել: Ուստի այն դրութիւնը գործածել մտածեց, որ Մաղսուտ սուլթանին դէմ ալ գործածէր էր քանի մը տարի առաջ յաջողութեամբ:

Բայց դժբախտաբար չէր պատրաստէր ժողովուրդը, ժամանակ չի կար ամէն բան աւրշտելու եւ լեռները քաշուելու. բայց պէտք էր շարժիլ, ուստի թողուց Տարսոն եւ ամէն տեղ հրամաններ ղրկեց, որ լեռները ամրանան. Մարգրիտ իր զաւկներով հրաման ընդունեց քաշուիլ լեռանց ամրութիւնքը. Թոռնիկ միայն խնդրեց Թորոսեն մնալ եւ պաշտպան ել զմամեստիայ: Իսկ ինք զօրօք կը հասնէր, կը քաջալերէր ժողովուրդքը, կը հասկցնէր թէ փոթորիկը կ'անցնի եւ երկար չի կրնար տեւել: Ամսուան մը ժամանակի մէջ մարդ եւ կենդանի Տորոսի լեռները կը ծածկէին, երբ յունաց բանակն ալ դաշտավայրը կը ծածկէր: Տարսոն, Ատանա, Անարզաբայ, քիչ ժամանակի մէջ թշնամուոյն ձեռք անցան. իսկ Մամեստիայ կայսրն ինք անձամբ պաշարեց, ձմեռ մը ու ամառ մը աշխատեցաւ մինչեւ կրցաւ առնել Թոռնկայ ձեռքեն, որ դիմադրութիւնը, երբ անկարելի գտաւ, չուանով պարիսպներէն իջաւ գիշերանց եւ գետին մէջեն երկար տեղ լողալով ազատեցաւ թշնամեաց ձեռքեն եւ հասաւ զտաւ Թորոսի խումբերը Սեւ լեռներուն մէջ: Երբ զթոռնիկ տեսաւ իշխանը` «Հա՛հ, – ըսաւ, – իրենց վերջի ընելիքն ալ ըրին յոյնք եւ իրենց դաշնակիցքը. ա՛լ թէ որ կ'ուզեն, թող գան զմեզ հոս գտնելու»: Եւ իրօք կայսեր դաշնակիցքը կը շատնային. լատինք` Երուսաղէմի թագաւօրէն սկսեալ, որ նոր փեսայ ալ եղած էր կայսեր, տաճարականաց մեծաւօրէն սկսեալ իրենց բոլոր պարոններով, բրինձներով եւ կոմսերով կը լցուէին, կը խռնէին յունաց կայսեր բանակը, որ Մամեստիայ արքունիք ըրած էր իրեն. հոն ահա նոր տեսարան մը վատութեան` սիրտ ունեցող ամէն մարդ քստմնեցուց. վասնզի ի տես ամենեցուն «Ներկայացաւ Անտիոքայ իշխանն Ռընալտ վատ եւ խղճալի կերպարանոք. վասնզի ոչ միայն յունաց առջեւ յանցաւոր էր, այլեւ իր քաղաքացուոց եւ անոնց պատրիարքին, զօր անարգանոք չարչարէր էր, եկեղեցուոյ սպասները կողոպտելու համար, ուստի հիմա անճար եւ անյոյս ճգնաւորի զգեստ հագած, գլխիբաց եւ բոբիկ, վիզը չուան ձգած, ինքզինք մահապարտ վճռած բոլոր Մամեստիոյ մէջ պտըտելեն ետեւ, եկաւ ընկաւ կայսեր ոտքը, մերկ սուր մը մատուցանելով անոր, իբր թէ թոյլ կ'ուտար, որ ըստ արժանուոյն գլուխը կտրուի. գունդ մը կրօնաւորաց ալ նոյնպէս գլխիբաց եւ բոբիկ ի ծունկ ընկած կայսեր գթութեան կ'ապաւինէին: Բաւական սեպեց նա այսքան խայտառակութիւնը եւ թողութիւն տուաւ, պահանջելով, որ անտիոքացիք ընդունին յոյն պատրիարք մ՚ալ եւ երբ կայսրըն ուզէ` խաւրեն գունդ մը օգնական զօրաց»:

Իսկ կայսրը ժողով կ'ընէր զօրականաց եւ իշխանաց, որ զթորոս նուաճեն եւ շուտով վասնզի բանակն արդէն նեղն էր ի կերակրոյ, կենդանիք` սովոյ եւ ի հիւանդութեանց կը հատնէին, ուստի ժամ մը առաջ պէտք էր այս աներեւոյթ ապստամբը նուաճել: Հոն, որոնք որ փորձը առած էին Տորոսի եւ անոր բնակչաց դժուարութեանց, հասկցուցին կայսեր թէ շատ դժուար եւ վտանգաւոր էր այդ լեռներուն մէջ պատերազմիլ արթուն թշնամուոյ մը հետ, որ իրենց կը սպասէր, եւ թէ ընդհակառակն շատ դիւրին էր ի հնազանդութիւն բերել զթորոս, երբ բանաւոր եւ պատուաւոր դաշինքներ իրեն առաջարկէին, եւ Երուսաղէմի թագաւորն (Պալտուին Գ.) յանձնառու եղաւ բանագնացութեան մտնել իշխանին հետ:

Ուստի թագաւորն ինք անձամբ ի խնդիր ելաւ Թորոսի, եւ կայսեր պայմանները կ'առաջարկէր, որոնց ամենեն ծանրը անձամբ ներկայանալն էր ի Մամեստիայ ի հնազանդութիւն կայսեր, եւ անոր փոխարէն կայսրը զինք կ'ընդունէր իբրեւ իշխան կուսակալ Կիլիկիոյ, միմիայն Անարզաբայ պահելով իրեն: Յանձն առաւ Թորոս եւ եկաւ Մամեստիայ իշխանաբար` ոչ իբրեւ Ռընալտ, եւ այնպէս ներկայացաւ կայսեր, որ ցուրտ ընդունելութիւն մ՚ըրաւ իրեն, անշուշտ յիշելով Կոստանդնուպոլսոյ կալանաւորը: Բայց կէս ճամփան մնացող մարդ չէր Թորոս, յանկարծ իմացան օր մը բանակը թէ հայը թողէր գնացեր է, եւ երբ այս գործողութիւնը ոմանք չարագուշակ կը մեկնէին` տեսան թէ հայը ցորենոք արջառօք եւ ոչխարոք լեցուց բանակը, եւ գրաստի ու ձիան նուազութեան առատութիւն յաջորդեց: Արդէն կայսրը իր իմաստուն եւ կորովի կերպին հաւնած էր, իսկ այս վերջին գործողութեամբ բոլորովին իրեն յարեցաւ եւ անուանեց գնա Պանսեփաստոս եւ ոսկեկնիք հրովարտակաւ իշխանութեան մէջ հաստատեց:

Անկից վերջը Մանուէլ կայսրը ելաւ բանակաւը ի Կիլիկիա եւ մտաւ հանտիոք եւ անկից Հալէպու վրայ արշաւելու ելաւ ընդդէմ Նորետտինի, բոլոր այն կողմի քրիստոնէից յոյս տալով զիրենք ազատելու ի մահմեդականաց: Բայց դանդաղութիւնք, դեգերմունք, թպնագնացութիւնք, թոյլ պատերազմունք յայտնի կ'ընէին թէ Բիւզանդական կայսրութիւնը ուրիշ դիտաւորութիւն չունէր, այլ եթէ «Բաժանել զամենքը տիրելու համար»: Երբ բանակը Հալէպու «մօտեցաւ, սուրհանդակ մը հասաւ կայսեր ի Կոստանդնուպոլսոյ, որ զինք արտորնօք հետ կը կոչեր, ուստի առանց միտ դնելու Երուսաղէմի թագաւորին եւ քրիստոնեայ իշխանաց աղաչանաց, որ երեք օր գոնէ ուշացնել կը խնդրէին յետադարձը` խաղաղութեան դաշինք կնքեց սուլթանին հետ եւ ետ դառնալու հրաման տուաւ բանակին: Ամէնքը մեծ տխրութեամբ պաշարուեցան, բայց անոնք միայն, որ Բիւզանդական կայսրութեան քաղաքագիտութեան տեղեակ չէին կամ անոր դաւաճանութիւնքը յիշելու չափ խելք չունէին: Ուստի, երբ կայսեր բանակը Կիլիկիա հասաւ եւ Անարզաբայ մօտեցաւ, Թորոս, որ յիշողութիւն ունէր եւ գիտէր թէ մինչեւ ուր կրնայ հասնիլ յունական հաւատարմութիւնը, յանկարծ իր զօրքերը առաւ եւ Վահկայ քաշուեցաւ, Կայսրն ալ իր ճամփան շարունակեց եւ գնաց, զօրաց մէկ մասը ճամփաները ցանելով:

Ինչպէս զրուցէր էր Թորոս իր ժողովրդեան եւ իր զօրաց, փոթորիկն անցաւ անհետացաւ կայսեր հետ, թէպէտ երկու տարուոյ ժամանակ ծանրացաւ Կիլիկիոյ վրայ. խաղաղութիւն եկաւ ժողովրդեան, եւ դաշտավայրն բոլոր ծածկեցաւ հասկերոք, որթն ծանրացաւ ողկուզոք, ուրախութեան ձայներ սկսան դարձեալ լսուիի եւ հայոց իշխանը, որ խաղաղութիւնը կը սիրէր` վասնզի գիտէր ժողովրդեան օգտակարը, դաշինքները կը յարգէր, վասնզի անոնցմով միայն կարելի է տէրութեանց սահմանները ապահովել, շարունակ իր Ստեփանէ եղբօր հետ վէճի առիթ կ'ունենար, եւ այս իրեն սրտին ցաւ էր:

Այս քաջ, բայց անխոհեմ եղբայրը շարունակ միտքը դրած առանձին իրեն իշխանութիւն մը հաստատել, Քեսնոյ եւ Մարաշու կողմերը յարձակմունքներ կ'ընէր եւ միշտ գանգատներու առիթներ կ'ուտար, իրեն պէս թեթեւամիտ եկեղեցականաց խորհրդոց լսելով ոչ միայն դաշանց, այլեւ երդմանց կը դրժէր: Եւ այսպէս առիթ եղաւ անգամ մը պատերազմի ի մէջ Թորոսի եւ Նուրետտինի, եւ երբ Թորոս հաշտութիւն խօսեցաւ Նուրետտինի հետ Ստեփանէի կամաց դէմ, սկսաւ եղբօրը դէմ մեքենայել, որով իշխանը պարտաւորեցաւ բանտել զնայ առ ժամանակ մի եւ վերջը արձկել եւ դարձեալ իբրեւ եղբօր հետը վարուիլ, համոզելով զինքը թէ այդ ճամփով չէր, որ իշխանութիւն մը կը կազմուէր: Եւ իր օրինակը ցոյց կ'ուտար թէ ինչպէ՛ս իրեն դիւրին էր զհոյները հալածել ի Կիլիկիա, բայց ինքն կուզեր յարգել դաշինքները եւ առժամանակեայ իշխանութեան հետք մը թողուլ յունաց ի գոյութիւն, քանի որ առիթ չէին տար իրեն դժգոհութեան եւ դաշինքներն լուծելու:

Բայց անխոհեմ բնաւորութիւնք ոչ բարեկամութեան եւ ոչ թշնամութեան մէջ չափ չունին եւ կշիռ: Ստեփանէ յունաց հետ ընտանութիւնը շատցուց եւ մտերմաբար սկսաւ կապուիլ Անդրոնիկոս Եւփոպենի հետ, որ կայսեր ազգական եւ տեղակալն էր ի Կիլիկիա, եւ որ ճաշի հրաւիրելով զստեփանէ, Համուս բերդը եռացեալ ջրոյ կաթսայի մը մէջ զինքն սպաննել տուաւ: Այս անգութ մահուան լուրը, երբ տարածուեցաւ Կիլիկիա, բարկութեան եւ վրէժխնդրութեան կրակը բորբոքեցաւ, եւ Թորոս, որ իւր զօրօք յունաց վրայ կը քայլեր, յանկարծ իր քովը տեսաւ քինաւորեալ Մլեհն, որ խումբ մը կատաղի զօրօք մէջտեղ ելել էր եղբօրը մահուան վրէժը լուծելու: Յունաց կոտորածը սաստիկ եղաւ, տասը հազար հոգի կոտորուեցաւ, կ'ըսեն պատմիչք, Անարզաբան եւ դեռ ինչ բերդ եւ ամրոց, որ մնացեր էին Կիլիկիա, ամէնն ալ առնուեցան իրենցմէ, եւ ջարդը դեռ պիտի շարունակէր, թէ որ Երուսաղէմի թագաւորը միջնորդ չլինէր դադարեցնելու համար այս անգութ կոտորածը:

Իսկ Ստեփանէի մարմինը տարին եղբարքը եւ թաղերին հարքայազնի վանքը, եւ անմխիթար տիկինն Մարգրիտ` գնաց քաշուեցաւ ի Պապեռոն իր եղբօր բերդը իր զաւակոք:

ԳԼՈՒԽ ԻԵ ԼԱՄԲՐՈՆԻ ՀԱՐՍԸ

Թորոս Եւփիմէի վերջին կամքը կատարելու մտադիր էր միշտ, Հեթում, որ իր աչքին առջեւ կը մեծնար` յարմար փեսայ մը կ'երեւէր. հայ գիտնական վարդապետ մը եւ յոյն ուսումնական մարդ մը կ'աշխատէին գլուխը հարստացնելու գիտութեամբ, եւ զինավարժութեան համար Բարձրբերդի Կոստանդինն էր կարգեալ յիշխանեն զինք մարզելու: Իսկ ինք Թորոս կը խոսէր երբեմն հետը, զանազան նիւթերու համար հարցմունքներ կ'ընէր, եւ առանց իր սխալ կարծիքները ուղղելու` իմաստուն հարցմունքներով տղուն իրեն ուղղել կ'ուտար նոյն սխալները: Բայց դժբախտաբար կը տեսնէր թէ ընտանեկան հոգին, որ յունական էր` խոր արմատ ձգած էր դարձեալ նորա սրտին մէջ, դաստիարակութիւն եւ ուղղախոհութեան զօրութիւն հազիւ կրնային հակակշիռ մը կազմել այն կաթին հետ շամբեալ գաղափարաց հետ, որք Լամբրոնի իշխանքը ազգային շրջան են դուրս կը հանէին եւ յունական համակրութեանս կողմն կը ձգէին:

Միւս կողմեն Գոհար թէպէտ փոքր բայց ինչպէս դիտուած է, որ աղջկունք կանխահաս են մտաց կարողութիւններով, ամենեւին ետ չէր մնար Հեթումեն, եւ բնական բերմունքով հետաքրքիր բնաւորութիւնը շարունակ հարցմունքներով գոհ ընել կուզեր: Եւ որ զարմանալին է, հօրը պատասխանները զինք աւելի գոհ կ'ընէին, երբ իր վարժապետաց պատասխանները մութ էին իրեն համար: Ուստի տղաք երկուքն ալ օրաւուր մեծնալով թէպէտ թարմ հասակնուն մէջ` յարմար սեպեց Թորոս իրենց հարսանիքը կատարել ի Մամեստիայ, որ իր առաջին յաղթութեանց եւ Եւփիմէի ուրախ-զուարթ յիշատակներով լեցուն էր. եւ որովհետեւ Օշին իր փրկանաց գինն չէր կրցած վճարել, այն ալ իր մէկ հատիկ զաւկին օժիտն համարեց արքայաբար, եւ հոնկից հարսն ու փեսան ուղեւորեցան ի Լամբրոն:

Լամբրոնի տեարքը, միշտ կայսեր հաւատարմութեան դրօշակակիրք լինելով աւանդաբար յորդուոց յորդի, այս Ռուբենի փափուկ շառաւիղը, յանկարծ բոլորովին օտար երկրի, օտար կլիմայի տակ փոխադրուած բոյս մը դարձաւ, ամէն բան, ամէն գաղափար, ամէն խօսակցութիւն նոր էին իրեն համար. ի՛նչ որ յարգել սովրէր էր իր հայրենի տունը` հոս արհամարեալ կը տեսնէր, ինչ որ հոն սուրբ էր` հոս ծաղրելի էր: Բայց որ իւր սրտին ամէն բանէ առաջ ծանր կը թուեր, այն էր, որ պարզ համարձակութիւնը, որ հայրենի տան մէջ սովորական էր, հոս բոլորովին ընդհակառակն սանձահարեալ կը տեսնէր. հոս անմեղ ծիծաղը նաեւ գաղտնի պէտք էր լինիլ, վասնզի խոժոռ երեսներ կային, որ տխրութիւնը իրենց շուրջ օրէնք ըրած էին: Այս բերդիս մէջ նոր հարսին ամէն շարժմունք, ամէն խօսք քննութեան եւ յանդիմանութեան առիթ մ՚էր: Փեսան պէտք էր լինիլ իր միմիայն ապաստարանն ու սրտակիցը, բայց ան ալ ինքզինքն հոս աւելի ճնշեալ կը գտնէր, քան թէ Վահկայ բերդը, ուր աւելի համարձակ եւ ընտանի էր Թորոսի քան իւր հօր` Օշնի հետ: Կը հանդիպէր նաեւ երբեմն, որ Լամբրոնի դղեկին մէջ ծանր եւ նախատական ակնարկութիւններ կը լինէին Թորոսի եւ Ռուբինեանց յիշատակին, որ հարսին սիրտը ծանր կը վիրաւորէին. բայց նա թէպէտ թարմ հասակի մէջ իբրեւ անզգայ չիմանալու կը զարնէր: Այսպէս տխուր կ'անցնէին իրեն համար ամիսները, երբ մեծ պատրաստութիւնք իրեն իմացուցին, թէ ի Լամբրոն Թորոսի այցելութիւնը կը սպասուի: Հօրը տեսութիւնը ձմեռուան տխուր օրերու ճառագայթ մը եղաւ խեղճ աղջկան համար, թէպէտ արարողութիւնք կ'արգիլէին զաւկին նոյն համակրութիւնը ունենալ հօրն հետ, ինչ որ առաջ. բայց Թորոս, որ Բիւզանդական կայսերութեան արարողութիւնքն աւրշտկէր էր բոլոր Կիլիկիա տակնուվրայ ընելով, այդպիսի պառաւական կապերու առջեւ չէր կրնար սանձահարիլ. ուստի աղջիկը առաւ քովը, խօսեցաւ ամէնուն առջեւ անտարբեր եւ երթալու ատեն առանձին սենեկի մը դռան մէջ կենալով` որպէսզի ամէնքը զինքը տեսնեն բայց ձայնը չի լսեն` «Զաւակս, ուրախ եղիր, զուարթ եղիր, հայրդ զքեզ չէ մոռցեր, եւ չի կրնար մոռնալ», ըսաւ եւ գնաց: Որովհետեւ առջի նայուածքը ըսէր էր Թորոսի, թէ իր աղջիկը երջանիկ չէր:

Թորոս Լամբրոնի իշխանաց յունամոլութենեն գոհ չէր, բայց իր մեծ սիրտն մարդկային տկարութեանը բաժինն հանել եւ ներել գիտէր. գիտէր թէ անոնք ամէն բան ի կայսերաց ստացեալ, բնական էր իրենց հաւատարմութիւնն, բայց չէր կրնար ներել ամէն օր իր անձին եւ իր պետութեան դէմ նիւթած որոգայթներուն, որ ազգին դէմ մատնութիւն կը համարէր. գիտէր թէ Մաղսուտ սուլթանին եւ կայսեր բանագնացութեանց գործիք շատ անգամ եղած էին, թէպէտ առանց երեւալու. գիտէր թէ Ռընալտի իրեն դէմ գրգռութեան դարձեալ գործիք եղած էին, թէպէտ Ռընալտի խօսքերուն հաւատարմութիւն չունէր: Իսկ կայսեր իր վրայ յարձակման ժամանակ յայտնի իրենց գունդերով հոն էին լամբրոնացիք, թէպէտ բոլոր այս գործողութեանց ատեն իրենց Հեթումն պատանդ էր իր քով: Իսկ հիմա նոր ի ձեռին ունէր առ Նուրետտին գրուած թղթեր` գրգռելու համար զանի իրեն դէմ, եւ այս` իր մէկ հատիկ աղջիկը իրենց զաւկին հետ հարսնացնելեն վերջ: Ուստի այս անգամ ալ արհամարհելու պատրաստ էր այս փոքրիկ եւ անարգ բանսարկութիւնները, բայց իր զաւկին տխուր տեսութիւնը, այն զաւկին, որ մօրը սիրելի յիշատակին գրաւականն էր, իր սիրտը դառնութեամբ լցուց եւ երդուաւ, որ այդ Լամբրոնի ամբարտաւան դաւաճանութիւնը խորտակէ եւ չուշացնէ:

Բայց իբրեւ շրջահայեաց մարդ պէտք էր նախ զաւակը անոնց ճիրաններէն ազատել, վասնզի իւր կամօք եւ միամտութեամբ անոնց պատանդը ազատէր եւ իրենը պատանդ տուեր էր, որ միայն իր Եւփիմէին վերջին նուիրական կամքը կատարելու, այլ նաեւ ընդհանուր եղած քաղաքականութեան կանոնով, որ խնամութեամբ զինաթափ ընել կը կարծե թշնամին եւ բարեկամական կապով կը միացնէ: Ուստի իր պատերազմական մտքերը չի յայտնած աղջիկը ազատելու հնարք մը մտածեց:

Հօրը այցելութենեն վերջը, Գոհար իբրեւ յանցաւոր մը մնաց, եւ ամէն աչք թէպէտ զգուշաւոր, բայց երկդիմի ակնարկ մը իրեն կը ձգէին. Շահանդուխտ` իր կեսուրը` թէպէտ լաւ սիրտ ունէր, բայց կռուելու չափ այն բնական դարձած ատելութեան դէմ, որ ունին կեսուրք իրենց հարսերուն, բարձր սիրտ չունէր, ուստի կամ նայուածքով մը, կամ բառով մը խեղճին սիրտը կը թունաւորէր: Իր Հեթումը ինչպէս ըսինք, որ միակ մխիթարութիւն պիտի լինէր` շատ հեռու էր այն սիրտը ունենալեն, որ հասակեն աւելի վեր գտնուելով, այսպիսի դիրքի մէջ պաշտպանութեան վահան կը վիներ:

Երբ այսպէս գիշեր մը` ընթրիքեն վերջը` ուր խիստ ակնարկութիւններ կը լինէին իր հօրը դէմ եւ հօրեղբօրը Ստեփանէի անունը տրուեցաւ անարժան կերպով, Գոհար, երբ ինքզինքը` մանաւանդ թէ արցունքները կը զսպէր, կեսուրը հարսին դառնալով եւ չափաւորեալ խստութեամբ

– Զաւակս, – ըսաւ, – դու դեռ տղայ ես, այն օրէն, որ աղջիկ մը հարս կը լինի, ալ իր տունը եւ անոր պարագայքը ոչ միայն պէտք է ուրանայ. այս այլայլութիւնդ ալ մեծ ամօթ է:

Գոհար պատասխան չի տալով, թաշկինակը երեսին եւ աչքերուն վրայ սեղմելով հազիւ իր սենեակները ինքզինքը ձգեց, եւ հոն քիչ մը հեկեկալեն վէըջը իր պատուհաններուն վրայ բացուած փոքրիկ ծաղիկներու պարտէզը ելաւ. նոր լուսնին աղօտ լուսաւորութեամբ շարժմունք մը եւ ստուեր մը տեսաւ, եւ երբ սոսկումով ետ պիտի փախչէր`

– Ո՛վ իշխանուհի, – ըսաւ ստուերը, – հօրդ` Թորոս իշխանին կողմեն կ'ուգամ քեզի:

Հօրը անունը լսելուն պէս, խեղճ աղջկան սոսկումին տեղ յոյս մը երեսին ծագեցաւ:

– Հօ՞րս կողմեն:

– Այո՛, հօրդ հրամանն է, որ վաղր կէսօրին ճիշտ, երբ կերակուրի իջնեն ամէնքը` դու նոյն միջոցին բերդին վերի դուռը ելնես, եւ նշան այս թուղթը տուաւ, զրուցեց եւ զարմանալի արագութեամբ վանդակին եզերքը բռնելով այն պատին ահագին բարձրութենեն սկսաւ վար իջնել, իբր թէ սանդուխ մը դրուած լինէր: Գոհար շփոթած այս գործողութենեն թուղթը ձեռքը ծռեցաւ եւ կը նայէր պատանուոյն, որ կ'իջնէր անխռով, մինչեւ որ վար հասնելը տեսաւ: Այն ատեն սիրտը հանգստանալով թուղթը ձեռքը ներս մտաւ եւ կանթեղին մօտենալով այս բառերը կարդաց. «Մտիկ ըրէ եւ լռէ. – Թորոս»: – Հօրս ստորադրութիւնն է. ուրեմն «Հաղը կէսօրին` ճիշտ կերակուրի ժամանակ` բերդին վերի դուռը» պէտք է ելնել… ո՛հ, իմ սիրելի հայրիկս զիս չէ մոռցեր. իմացեր է, որ ես հոս մարտիրոս կը լինիմ… Եւ ինք ինձի ըսաւ` «Հայրդ զքեզ չէ մոռցեր եւ չի կրնար մոռն ալ…», բայց Հեթո՜ւմ… զիս կը սիրէ, այո՛, կը սիրէ, բայց իմ հօրս պէս հայր մը պէտք էր ունենալ… իմ խեղճ մայրս թէ որ ողջ լինէր հիմա եւ իմանար իմ հոս քաշածս… ինչ պիտի ընէր, իմ հօրս պիտի զրուցէր եւ թերես այդ պատանին, որ այս պատեն վար իջաւ մողէսի պէս` ամիս մը առաջ պիտի բերէր հօրս հրամանը… բայց ի՜նչ պիտի ընեմ ես… անշուշտ մարդիկ պիտի գան եւ զիս պիտի ազատեն… բայց Հեթո՜ւմ… Հօրս հրամանն է, պէտք է լռեմ եւ մտիկ ընեմ… նա ամէն բան գիտէ, ամէն բան կը տեսնէ, ամէն բան կը մտածէ. միթէ Բաբկէն հայրիկ ինձ այնպէս չէր ըսէր միշտ… ո՜հ պատուական ծերունին… ես երբ հոս հարս կ'ուգայի ինչչա՛փ լացաւ. ես անոր լալը մօրս մեռած օրը տեսայ անգամ մ՚ալ, եւ երբ հարսնութեանս քովը գնացի զարդարուած եւ ուրախութենես կը թռչտէի… տեսայ, որ աչքերը կը սրբէր. մօրուքը ձեռքովը կը շոյէր, հոս կը դարձնէր աչքերը, հոն կը դարձնէր, շփոթած էր խեղճ ծերուկը: Դու ուրախ չես, Բաբկէն հայրիկ, ի՞նչ ունիս, ըսի, իմ հարս ըլլալս չէի՞ր ուզէր. Ո՜հ, ինչպէ՞ս կրնայի չուզել Գոհարիկս, – ըսաւ, – միայն զրուցէ, աղաչի հօրդ, Լամբրոն մ՚երթար, մեր քովը կեցիր, իշխանուհիս: Եւ այս խօսքերը ըսելով` ալ որոշ տեսայ, որ արցունքը ջուրի պէս աչքերեն կը վազեր. ես ալ կը զգուշանայի, որ արցունքը իմ հագուստներուս վրայ բիծ չի ձգե… Երանի՜ թէ իմանայի այն արցունքներուն զօրութիւնը, եւ հիմա սիրտս վէրքերով չէր բծաւորեր… Բաբկէն միայն իմ վրաս լացաւ… հայրս չի լացաւ… բայց հայրս չէ՞ր գիտէր թէ ես խեղճ պիտի լինիմ ասոնց ձեռքը, նա, որ ամէն բան գիտե… Այո, ամէն բան գիտե… Ո՜վ իրեն զրուցեց թէ ես թշուառ եմ… ես իրեն բան մը չի զրուցեցի, չէի կրնար ալ զրուցել, ամէն աչք վրաս կը նայէին… թուղթ մը չը գրեցի, ուրիշներու ձեռք կրնար անցնիլ… բայց ասոնք ինչո՞ւ մեզ չեն սիրեր… իմ խեղճ հօրեղբայրս ի՞նչ ըրեր է ասոնց… ամէնքը լացին անոր մահուան վրայ` բացի հորմես… բայց նա չի լար… աչքերը գոց կը նստի, երբ տխուր է… երբ որ հօրս երթամ, ամէն բան պիտի ըսեմ… բայց Հեթում տխուր էր, անոնց կամակից չէր… այն ալ կը զրուցեմ, ալ հերիք եղաւ… Նայեցէք, կուգա՞… այսչափ ժամանակ եղաւ, գիտէ որ տխուր եմ… ես սա թուղթը պատռեմ… ահա մարդու ձեռք ընկնելու վտանգն ալ չի կա…»:

Երբ դուռը բացուեցաւ` Հեթումին տխուր դէմքը տեսնուեցաւ, որ իր հարսին քովն եկաւ, որ նոյնպէս կախ երես քինաւորեալ գլուխը վեր չէր վերցնէր. իսկ Հեթում, տեսնելով նորա կերպարանքը, սկսաւ գանգտիլ թէ բնական էր Լամբրոնի մէջ մեծ սէր մը պէտք չէր յուսալ Ռուբինեանց վրայ, թէ երկու թշնամի ընտանիք պէտք էր սպասել, Որ կամաց-կամաց մոռնան բոլորովին իրեց ատելութիւնը, ուստի մինչեւ այն ժամանակ պէաք էր սպասել եւ կամաւոր սուտ խուլ լինիլ ու չիմանալ…

– Լաւ՛, – ըսաւ Գոհար դառնութեամբ, – դո՞ւ ալ ուրեմն իրաւունք կ'ուտաս այն անգութ նախատանաց, միայն պէտք է յիշես թէ երբ դու Վահկայ էիր, իմ հայրս եւ իմ խեղճ մայրս քեզի հետ այդպէս չի վարուեցան, եւ մէկ ծանր բառ մը քու ծնողացդ եւ թէ քուկիններուդ համար չէի լսած ոչ իրենցմէ եւ ոչ ծառայից մէկուն բերանեն. ես զքեզ երկար ժամանակ եղբայրս գիտէի, եւ կը կարծէի թէ մեր տունը քեզի հետ ինչպէս վարուեցան, հոս ալ ինձի նոյն վարմունքը կսպասեր… ափոսո՜ս, ափսո՜ս, հազա՜ր ափսոս:

Եւ այս խօս քերեն վերջը, ա՛լ արցունք չի կար, այլ անկիւն մը քաշուի ցաւ լի գառնութեամբ եւ քուն ձեւացաւ: Իսկ Հեթում շփոթած այս յանդիմանութեան վրայ, եւ ժամանակեն սպասելով (ինչպէս իր սկզբունքն էր) փոթորկին անցնիլը, մտաւ հանկողին եւ քիչ մը ատենեն հանգիստ քուն եղաւ: Այս քունը ա՛լ աւելի գայրացուց աղա կինը, որ ինքնիրեն կրսեր. «Եթէ զիս սրտանց սիրէր անշուշտ զիս կ'ամօքէր. ի՜նչ կենամ, որո՞ւ համար կենամ այս դղեակը, ուր միայն խոժոռ երես եւ տխուր խօսքեր կան… Բաբկէն հայրիկ իրաւունք ուներ…»: Բայց երիտասարդ տարիքին մէջ տխրութիւնն ալ քուն կը բերէ. քիչ-քիչ քունը` ճշմարիտ քունը իր աչքերն ալ գոցեց, եւ երբ արթնցաւ, առաւօտ էր:

Գոհար անհամբերութիւն մ՚ունէր նոյն օրը, եւ ոչ ոք բուն պատճառը չէր կրնար երեւակայել. արդէն Հեթում իր հարսին խոժոռ կերպարանքը չի տեսնելու համար որսի երթալ եւ հեռանալ միմիայն դարման համարեցաւ վիճակին: Ուստի նա ալ բանի մը հետ չի կրնալով զբաղիլ, կէսօրին սպասելով ծաղկոցը կը պտրտեր, եւ առանց իմանալու շատ մը ծաղիկներ կը փեթթեր եւ հակամայս աչքը հորիզոնին վրայ բան մը կը փնտրեր, իրօք ալ կէսօրը մօտ էր, երբ լեռան կողմը երկու երեք ձիաւոր տեսաւ ճերմակ վերարկուներով փաթթուած, որ դէպի բերդին ճամփան կ'իջնէին. սիրտը սկսաւ տրոփէի նոյն միջոցին ճաշի ձայն տրուեցաւ, թէպէտ սանձ փափագ կը զգար սանդուխներն ի վար վազելու` բայց ինքզինքը սանձեց եւ անհոգ ու տխուր ձեւով մը աջ կողմը սեղանատան դռան առջեւ կեցաւ, աչք մը նետեց, դեռ մէկը չէր իջեր, դարձաւ դէպի ձախը, որ դղեկին վերի դուռն էր, եւ ուր նարնջի եւ նուռի ծառերը ղուքերնին ձգած էին, ծեր դռնապան մը գաւազան ի ձեռին նստած էր, երբ տիրուհին տեսաւ, ոտք ելաւ, իսկ նա առանց խօսելու դռանը մօտեցաւ` գլուխը դուրս հանեց եւ տեսաւ, որ իր նշմարած հրէք հեծելոց ձիերուն գլուխները դռան առջեւ երկնցան:

– Բաբկէն հայրիկ, դո՞ւ ես, – ըսաւ Գոհար:

– Ես եմ, իշխանուհիս, – պատասխանեց ծերը:

Եւ այս միջոցիս երկու կորովի բազուկներ զինք բարձրացուցին, Բաբկէնին ձիուն վզին վրայ դրին, եւ Բաբկէն թէպէտ եօթանասունը անցած` աջ թեւով աղջիկը գրկած եւ ձին մտրակելով կը սլանար դէպի Տարսոն առանց գլուխը ետին դարձնելու, իսկ ծեր դռնապանը, որ այս տեսարանը տեսաւ եւ ջանաց ձայն հանելու` այնպիսի բռնցի հարուած մը ընդունեցաւ կուրծքին, որ կռնակն ի վար գլորեցաւ, եւ երիտասարդը, որ հական քթթել իջեր ձիեն` զգոհար Բաբկէնի գիրկը եւ հարուածը խեղճ դռնապանին տուեր էր, քրքիջ ծիծաղով դարձեալ ցատկեց ձիուն վրայ եւ սկսաւ քշել ամէն արագութեա՛մբ հասնելու համար Բաբկէնի ձիուն, որուն փոշին միայն կ'երեւէր, եւ իրօք անկարելի էր այդ նժոյգին հասնիլ թէ որ ծերը իր ընկերներուն հասնելու ժամանակ տալու համար չի թուլացնէր իր ընթացքը:

– Հանգի՞ստ ես, զաւակս, – հարցուց ծերը:

– Փա՛ռք աստուծոյ, հանգիստ եմ եւ շատ ուրախ եմ, Բաբկէն Հայրիկ, – կ'ըսէր Գոհար ձախ ձեռքով, որ ազատ էր, Բաբկէնի մօրուքին թելերը մէկդի ընելով, որ աչքերը կը մտնէին, բայց զրուցէ՛ ինձի, ազատեցա՞նք Լամբրոնեն:

– Անհոգ մի՛ ընէր. այս ձիուս հասնող ձի չի կայ Կիլիկիոյ մէջ, Թոռնիկ այս ձին գողնալու համար մինչեւ Սղերդ գնաց:

– Բայց կ'ուգան, Բաբկէն հայրիկ:

– Մեր տղաքն են, Տիրուհիս, դու հոգ մ՚ընէր, հիմա իշխանն ալ ո՛ւր որ է` կը հասնի:

Հազիւ թէ քառորդ մը տեղ ձիավարեցին, ամպի պէս փոշի մը երեւցաւ առջեւնեն, եւ գունդ մը ձիաւոր փոթորկի պէս կ'ուգար. Բաբկէնի ձին սկսաւ խխնջել եւ դափը հատանել:

– Ահա իշխանն է, – ըսաւ Բաբկէն: – Կրակ մեզի աւետիս կ'ուտայ:

– Կրակն ի՞նչ է, – ըսաւ Գոհար:

– Կրակն այս մեր կարմիր ձին է, որ բոցի պէս կ'երթար, որ ամէն բան կ'իմանայ, որ կը խօսի` կիմացնէ, անխելք մարդիկներէն շատ խելօք է, քեզ բերելու համար այսօր ինձ տուաւ հայրդ: Եւ իրօք Թորոսն էր, որ անձամբ կ'ուգար դիմաւորելու աղջիկը, եւ երբ մօտեցաւ, իջաւ ձիեն` առաւ նստեցուց գնա պատրաստ ձիու մը վրայ, կռնակը լոդիկ մը եւ գլխուն բեհեզեայ քօղը տուաւ, եւ ծանր-ծանր հասան Տարսոն:

Թէպէտ շատ պարզ եւ դիւրին եղաւ Գոհարի Լամբրոնէ ազատութիւնը, բայց դարձեալ բաւական ցնցուած էր խեղճ աղջիկը, որ մէկ երկու օր մը փոքրիկ ջղային անհանգստութիւն մ՚ունեցաւ, եւ որ շատ մտատանջեց զթորոս, որ չէր կրնար մտքեն հեռացնել այդ քաղքին մէջ նորա մօրը դժբախտ վախճանը. ուստի, երբ զաւակը քիչ մը աղէկ գտաւ ինքզինք, մէկեն խումբ մը պահապան զօրօք յանձնեց Բաբկէնի տանիլ Վահկայ:

Իսկ Լամբրոնի բերդեն հանուած խնդրակները հազիւ թէ երեկոյին կոր գլուխ կը դառնային իմացնելու, թէ իրենց հարսը Տարսոն մտած էր իր հօր հետ եւ բազմութեամբ ձիաւորաց:

ԳԼՈՒԽ ԻԶ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀՐԵՇՏԱԿԸ

Լամբրոն անառիկ անուն ունէր, ուստի Թորոս գիտէր թէ անոր տեարքը կրնային իրեն դէմ խիզախել. բայց այն ալ լաւ գիտէր թէ դուրսէ օգնութիւն մը չի կար իրենց տեղաց մը, քանի որ յունական զօրութիւնը այն աստիճանի խոնարհեցաւ իրեն առջեւ, որ Երուսաղէմի թագաւորին միջնորդութեան դիմեցին յոյն կուսակալք դադարեցնելու հայ սուրին հարուածը իրենց ժողովրդոց վրայեն. ուստի, երբ ամէն կողմը տեսաւ թէ Օշինի օգնութիւն չի կայ ուստեք, իր բոլոր զօրութեամբ յարձակեցաւ Լամբրոնի վրայ:

Մեզ այս եղբայրասպան պատերազմին վրայ խօսիլ ծանր է. պատերազմ, ուր հայ արիւն հայ ձեռքերէ թափուեցաւ, եւ ուր վերջապէս Լամբրոնի տէրը պարտաւորեցաւ իր պարիսպներուն ապաւինիլ, եւ երբ բանագնացութեանց ուզեց սկսիլ յաղթողին բարկութիւնն իջեցնելու, Թորոս ձիու վրայ ընդունեց պատգամաւորը, որ եկեր էր խաղաղութիւն խնդրելու, եւ շրջապատ եալ այն իր զօրավարաց եւ ասպետաց խումբեն, որ գրեթէ քսան երկայն պատերազմաց տարիներու տակ ծերացեր էին, ծանր ուշադրութիւն մը տալեն վերջը պատգամաւորին ըսաւ խստութեամբ:

– Քու տէրդ ինձմէ խաղաղութիւն կը խնդրէ եւ չամչնար, իսկ ես, որ հիմա որոշած եմ, որ ուծտադրուժ, խարդախ մարդկանց հետ դաշնադրութեան չի մտնեմ, երբ գիտեմ թէ վաղը պարագան որ ներէ, գաշինքնին պիտի ստեն, երդմունքնին ոտնակոխ պիտի ընեն: Ուստի գնա՛, զրուցէ՛ քու տիրոջդ, եթէ ազատութեան կը փափագի` դռները բանալէ եւ Լամբրոն ինձի յանձնելէ ուրիշ ճար չի կայ, այն ատեն զէնքը թող կ'ուտամ, կուզէ երթա Կոստանդնուպոլիս, կուզէ Իկոնիայ, կուզէ Հալէպ, այն ամէն մայրաքաղաքները, ուր գրեթէ քսան տարի է ինձի թշնամի կը փնտրէ, ամէն թշնամիներուս լրտեսութիւն կընէ, ամէնքը ինձի դէմ կը գրգռէ: Քու տէրդ Թորոսը կը տեսնէ, շատ կը սխալի. ես իրեն առջի օրէն, երբ այս ճամփաներէն կ'անցնէի փախստական երիտասարդ, իմ շղթաներես հազիւ ազատած` ազգին շղթաները կ'ուգայի, խորտակեւ եւ առաջին խոչընդոտն զինք կը գտնէի. այն օրէն ես իրեն ազդ ըրի, զրուցեցի թէ փառք փնտրելու չէի եկած, այլ իմ ազգիս խեղճութեան ճար-ճարակ ընելու. ինք չի հասկցաւ, վասնզի ինք ազգութիւն ի՛նչ է, հայութիւն ի՛նչ է` չգիտէր. պէտք էր տեսնէի եւ հասկնալ թէ Թորոս բան մը չէ, այլ իր ետին հայութիւնը` այս ամէնքը, որ կը տեսնես եւ այն ամէնքը, որ Մասիսի ստորոտեն բոլոր աշխարհքիս վրայ ցանեւցիր կը տարածուին, օտարին բռնութեանց, հարստահարութեանց տակ կը հեծեն, որոնց կրօնքը, անունը, կեանքը եւ ստացուածքը վտանգի մէջ են, այն ամէնքը այսօր իմ կռնակս կեցած են, եւ պէտք է զրուցեմ թէ Հիմա, այս վայրկենիս այս հայութիւնը, որ քու տէրդ չի ճանչեր, եւ որուն համար ես կեանքս, արիւնս եւ ամէն ունեցածս կը զոհեմ, հիս` այս խեղճ Թորոսին վրայ կը կայանայ: Եւ քու տէրդ չամչնա՞ր. ի՞նչ, ամչնա՜լ, ի՜նչ է ամօթ… Աստուծմէ չի՞ վախեր այս Տորոսի ապաստանարանը կործանելու, որ այնչափ հալածեալ` միմիայն ապաւէն գտաւ Ռուբեն իմ նախահայրս, եւ որ ես նոյն աստուծոյն կարողութեամբ նորէն ի հիմանց եւ աւելի ընդարձակ կը կառուցանեմ: Նա ինքն աստուած վկայ, որ ես անպարտ եմ հայու արիւն թափելեն, եւ քու տէրդ լաւ գիտէ, որ այդ արիւնը խնայելու համար իր զաւակը ինձի զաւակ ընել ուզեցի, որպէսզի թշնամութիւնը վերնա մեր մէջեն, բայց ինք չուզեց. ուրեմն թող պատիժը քաշէ, ես չեմ կրնար իմ ազգիս անունը, պատիւը լամբրոնական վատութեան զոհել. նայէ, տես այս թուղթերը, որ նոր ձեռքս կը հասնին, որ իր մատնութեանց անժխտելի վկայք են, եւ որ Կ'ոռիկոսի առջեւեն ձերբակալ սուրհանդակի մը վրայեն ձեռք են ինկած. այս թուղթերը թէ իր մատնութեան վկայք են եւ թէ ինձ ինչ որ արդէն գիտէի թէ ինք յունական օգնութենեն յոյս պէտք չէ ունենա երկայն ատեն, ուստի թող գիտնայ թէ ահա վրանս կը զարնեմ այս Լամբրոնի դռներուն առաջը, եւ այն ատեն պիտի վերնայ, երբ այդ մատնտու բերդին քարերը հիմն ի վեր տապալին: Ահա իմ պատասխանս, եւ վերջին պատասխանս:

Եւ ձին մտրակեց իր հրամանները տալու, որ սաստկացնեն պաշարմունքը, եւ իրօք վրանը հոն բերդին դիմացն էր. հոն կը տեսնուէին ամէն գործքեր, հոնկից Կիլիկիոյ կառավարութեան ամէն հրամաններ կը մեկնէին, եւ անառիկ բերդը, որ առաջ սպառնալիքը արհամարհել ձեւացուց, սկսաւ իր բախտին վրայ տարակուսիլ, վասնզի ամիսն անգամ մը կը տեսնէր, որ պաշարող զօրքերը կը վախուէին` նորերը կ'ուգային եւ հիները իրենց տուները կ'երթային: Իսկ յարձակմամբ գլուխ ելնել թշնամին վանել անկարելի էր, ուստի, երբ ամիսները անցան, տարին սկսաւ մօտենալ, խեղճութիւնը բերդին մէջ սկսաւ տիրել, բերդապահ զօրականք սկսան գաղտնի գանգատիլ, Օշին ալ սկսաւ մտածել, երկրորդ պատգամաւորութիւն մը յուղարկեց, որուն գլուխը իր տղան Հեթումը դրաւ: Բայց այս առաջինեն դժբախտ եղաւ, վասնզի յառաջապահ զօրաց պատուէր կար ամէն պատգամաւորութիւն ետ դարձնել եւ իշխանին առջեւ չի հանել:

Ուստի Օշին, երբ կը մտածէր տխուր այս վիճակին վրայ եւ յանդուգն գործողութեամբ մը վերջ տալ որոշած էր, Շահանդուխտ իրեն մօտենալով ըսաւ.

– Յուսահատ, տխուր մտածելն օգուտ չունի, ինձի յանձնէ, եւ ես ճարը կը տեսնեմ այս վիճակին:

– Ո՞վ քեզ կարգիլէ, – ըսաւ Օշին, – ըրէ ինչ որ կրնաս, բայց միտքդ դիր թէ երկրորդ անգամ մ՚ալ այն անզգամին ձեռքը ողջ չեմ կրնար ընկխիլ:

– Ո՞վ քեզ անոր ձեռք կը ձգէ:

– Գնա՛, ըրէ ինչ որ կրնաս:

Շահանդուխտ գնաց եւ իմաց տալ տուաւ մատրանապետ վարդապետին, որ քաշուած առաքինի ծեր մ՚էր, թէ կուզէ իրեն հետ տեսնուիր

– Հայր սուրբ, – ըսաւ Տիկինը, – պէտք է որ դու զմեզ ազատես:

– Թէ որ ձեռքես գա, պատրաստ եմ, Տիկին, – ըսաւ խեղճ ծերը շփոթած երեսը նայելով եւ վախելով, որ դիմացինին խելքին վտանգ մը հանդիպած չլինի:

– Այո՛, հայր սուրբ, դո՛ւ միայն այս վիճակին դարման մ՚ընել կարող ես:

– Գիտես, իշխանուհիս, թէ ես տկար ծերունի մ՚եմ, եթէ իմ աղօթքս լսելի լինէր աստուծոյ, այս նեղութիւնները մեր վրայ չէին հասնէր, – պատասխանեց ծերը եւ վախելով թէ Տիկինը հրաշքի մը կսպասէ իրթմէ` աւելցյյլց. – Գիտես, Տիկին, թէ հրաշքներն ալ հիմա քիչ կը պատահին, եւ ես մեղաւոր անձ մ՚եմ:

– Ո՜հ, – ըսաւ Շահանդուխտ ժպտելով, – ես հրաշքի չեմ սպասէր, միայն կ'ուզեմ, որ յանձն առնուս երթալ Թորոսի խօսիլ. դու քահանայ աստուծոյ ես, եւ երբ նա զքեզ չուզէ ընդունիլ եւ թերեւս մտիկ ալ ընել, խնդրես, որ մէկ մ՚ալ հոս չի դառնաս, այլ Սեւ լեռը վանք մը քաշուիս, եւ ջանաս զինքն համոզել տկարութիւնդ պատճառ բռնելով: Նա երբ քեզի թոյլ տա ինչպէս որ հաւանական է, շուտ մը երթաս` Հռոմկլա մօրեղբարցս սրբզաններուն իմացնես մեր վիճակը եւ խնդրես, որ մէկին մէկը գա հասնի` այս գազանին խօսք հասկցնէ, դեռ երեք ամսուան պաշար ունինք, ժամանակ կայ, թէ որ շուտ շարժիս կրնաս զմեզ ազատել:

– Լաւ՛, բայց գիտե՞ս, Տիկին, ինչչա՜փ ճամփայ է, – ըսաւ ծեր վարդապետը մտածելով եւ հաշուելով:

– Գիտեմ, – ըսաւ Տիկինը խստութեամբ, – երկայն ճամփայ է, բայց պէտք է մտածես, թէ, հայր սուրբ, քու աղօթքներովդ ինչչափ հոգի որ չես փրկած այսչափ տարիներու մէջ, հիմա պիտի փրկես այս ճամփորդութեամբդ:

– Բայց ես յիրաւի ծեր եմ, բայց հիւանդութիւն մը չունիմ, սո՞ւտ ալ զրուցեմ:

– Հայր սուրբ, խնդրեմ, այսպիսի բարակ խղճմտանքի ժամանակ չէ, մեր բոլոր ազատութիւնը քեզի է մնացեր:

Վերջապէս կրօնաւորը յանձն առաւ կ'ամա-ակամայ այս ծանր պաշտօնը կատարել, եւ խեղճ մարդը իրօք ճգնաւոր լինելուն Օշինի երեսը կիրակիէ կիրակի եւ եկեղեցին միայն կը տեսնէր, այն ալ, երբ բեմը կ'ելնէր, այն ատեն միայն. հիմա երթալ դեսպանութեամբ այնպիսի իշխանի մը հետ խօսիլ, որ իբրեւ արիւնարբու գազան իրեն կը նկարագրէին, իր գործը չէր, բայց ճար չի կար, ուստի յանձն առաւ. եւ Շահանդուխտ զինքը լաւ մը կարդացնելէ վերջ հրաման ըրաւ հայր սուր թին ջորի մը տալ եւ դռները բանալ, որ երթայ:

Թորոսի, երբ իմացուցին թէ ծեր վարդապետ մը եկեր կուզեր իրեն հետ խօսիլ, առանց գլուխը վեր վերցնելու` «Թո՛ղ երթայ Օշնի քարոզէ Քրիստոսի Աւետարանը, – ըսաւ, – որ չի ճանչեր, ես հոս նոյն Աւետարանին պաշտպանութեան համար կեցէր եմ»:

Այս պատասխանին վրայ խեղճ ծերը բոլորովին տարակուսեցաւ, բայց դարձեալ աղաչեց ծեր զօրավարին, որ այս պատասխանը իրեն կը բերէր, զինք պարապ չի յանձլ: Իսկ ծեր զօրավարը, որ մեր քաջածանօթ Բաբկէնն էր, գթալով տարեկից կղերականին վրայ, որ իր կորովն ալ չունէր, ակնարկ ըրաւ եւ վրանին դուռը ցուցուց, որ մտնէ, եւ ինք հեռացաւ:

Վարդապետը, որ կարծէր թէ դահիճներէ շրջապատեալ մէկը պիտի տեսնէր, զարմացաւ, երբ տեսաւ զթորոս երեք-չորս հատ վեղարաւորների շրջապատեալ, որոնք չորս կողմը նստած գորգերու վրայ շարունակ կը գրէին ինչ որ իշխանը տօն կ'ուտար, եւ որ մտնող մը տեսնելով գլուխը վեր վերցուց եւ թէպէտ նեղացաւ, բայց նայելով թէ ծեր կորագլուխ եկեղեցական մ՚է, ոտք ելաւ, եւ առանց խօսելու, ձեռքեն բռնեց, քովը նստեցուց եւ իր մեծ եւ խոր աչքերը վրան սեւեռեալ` սպասեց, որ խօսի. այս ընդունելութիւնը խեղճը բոլորովին շփոթեց:

– Կը տեսնես, հայր սուրբ, թէ ես ինչչափ զբաղեաղ եմ, զրուցէ, ի՛նչ պիտի զրուցես, միայն առաջուց կ'իմացնեմ, թէ բերդը անպայման ինձի յանձնելէ զատ, ուրիշ դաշինք չեմ ընդունիր:

– Եթէ այդ այդպէս անդառնալի վճռուած է, – ըսաւ ծերը, – գոնէ ինձի հրաման տուր, մեծ իշխան, որ երթամ վանք մը քաշվիմ, վասնզի հիւանդ եւ տկար անձ մ՚եմ:

– Բայց ներսը քեզմէ զատ քահանայ կա՞յ:

– Երկու քահանայք ալ կան:

– Լաւ, ազատ ես, – ըսաւ Թորոս եւ իր թուղթերը ձեռք առաւ:

Պաշարմունքը կը շարունակէր, եւ Թորոս այս բանակի կեանքը` յամառութեամբ կ'անցնէր, կ'ելնէր երբեմն իւր շրջանը կ'ընէր, եւ դարձեալ կը դառնար, միտքը որոշ դրած հիմնահատակ ընել Լամբրոն: Եւ երբ իւր դիտաւորութիւնքը անխախտ` այս վիճակին մէջն էր, ահա իմացուցին իրեն թէ եպիսկոպոս մը կաթողիկոսին կողմեն օրհնութեան թուղթ բերելով հասեր էր բանակը: Հրամայեց բերել եւ վրանին դռանը առջեւ ելաւ դիմաւորելու եւ առջի աչք ձգելուն կշռեց թէ սովորական մարդ մը չէր դիմացինը: Պարզ եւ պարկեշտ թէ հագուստին, թէ ձեւին մէջ, միջահասակ, գեղեցիկ աչքերով ալեւոր մ՚էր, եւ որ բերանը չի բացած թուղթ մը հանեց եւ տուաւ իշխանին հարզութեամբ: Իսկ նա, հրաւիրելով հիւրը նստելու, կարդաց թուղթը ամենայն ուշադրութեամբ, եւ քովը դնելեն վերջը.

– Մեր պարտքն է, սրբազան, եկեղեցուոյն եւ մեր կրօնական գլխոյն հրամանաց հնազանդիլ, երբ խնդիրը կրօնական է: Ինձմէ աւելի մէկը կարելի է չի գտնուի հայ ազգին մէջ նոյն հրամանները հա բդելու համար, բայց ամէն բան սահման մը ունի. երբ խնդիրը եկեղեցուոյ իրաւասութենեն դուրս է, եւ ազգին ալ վնասակար, ես չեմ կարծէր թէ հայոց ազգին վեհաշնորհ կրօնական գլուխը այնպիսի բան մը առաջարկէ, որ անիրաւ լինի: Իսկ որովհետեւ դուք հեռաւոր ճամփէ կը հա սնիք, եւ յոգնած էք, այս նիւթին վրայ հիմա խօսիլ անտեղի է, հանգչեցէք, վերջը ինձ ալ մտիկ կ'ընէք, ձեր ազգականներն ալ մտիկ կ'ընէք, եւ թէ որ արդարութեան հետք մը միայն անոնց քով գտնէք, ես ձեզի խօսք կ'ուտամ ձեր երկու եղբարց սրբազնութեան փափագը լիովին կատարել:

– Այս կերպով ըսուած խօսքի, ես ի՞նչ պատասխան կրնամ տալ, իշխանդ մեծ, – ըսաւ քաղցրութեամբ եպիսկոպոսը, որ նոյն էնք Ներսէսն էր Շնորհալին, եղբայր Գրիգորիս կաթողիկոսի: Ես ուրախ եմ, որ այնպիսի վեհազնի մը հետ գործ ունիմ, որ ազգին օգուտը նախադասել եւ կրօնքի պատուիրաններն յարգել, կանոն ընելն կը խոստովանի. ասկից աւելի ի՜նչ շնորհք կրնայի խնդրել աստուծմէ:

– Հիմա, սրբազան հայր, – ըսաւ իշխանը ոտք ելնելով, – ներեցէք, որ հրաման ընեմ ձեզի լաւ վրան մը պատրաստեն:

– Թէ որ հրաման եւ թոյլտւություն ընէք երթալու Լամբրոն…

– Ձեզի համար արգելք չի կայ, երբ որ ուզէք, կարող էք մրացնել, ամէն դուռ ձեզի բաց է:

Ներսէս ոտք ելաւ հրաժարական ողջոյն տալու եւ մտաւ Լամբրոն: Քիչ մը վերջը իր փոքրաւորներէն մէկը, որ պահէր էր Թորոս, կերակրեղէնաց հան դերձան ոք կը մտնէր սովեալ բերդին մէջ, ուր քանի մը ամսէ ի վեր հացի պաշարէ զատ բան չէր մնացել:

Կրնանք երեւակայել թէ լեզուանի կին մը, եղբօրդուստր բարձաստիճան եկեղեցականին, շատ դժուարութիւն չի քաշեց զանի համոգելու եւ դառնութեամբ լեցնելու ընդդէմ Թորոսի, մանաւանդ երբ ակն յանդիման կը ցուցնէր իրեն տարուոյ մօտ պաշարման վիճակը, իրենց անդրանիկը տարին չի կատարուած այրիութեան դատապարտեալ փախստական հարսեն, եւ ամէն պատգամաւորի անգութ եւ անփոփոխ պատասխանը հիմնահատակ կործանելու զլամբրոն:

Ներսէսի աղաւնակերպ սիրտը չէր հասկնար այսպիսի խստութիւն եւ անգթութիւն, բայց Թորոսի վսեմ կերպարանաց եւ խօսքերուն ազդեցութիւնը իրեն կը զրուցէր թէ կար նան. ուրիշ պատճառ մը, որ անշուշտ յայտնի պիտի լինէր:

Ուստի երկրորդ օրը, երբ բանակը եկաւ եւ սկսաւ խօսք բանալ, Թորոս բացարձակ իրեն իմացուց թէ զինք իբրեւ դատաւոր ընդունելու պատրաստ էր, միայն թէ Օշին պէտք էր, որ գար ներկա չիներ եւ պատասխանէր ամէն ամբաստանութեանց: Թէպէտ Օշին այս պայմանը ընդունելու շատ դէմ կեցաւ, բայց կնոջն ու բոլոր ընտանեաց յորդորանաց չի կրնալով դէմ կենալ, մանաւանդ թէ փրկութեան ուրիշ յոյս մ՚ալ չունենալով, պարտաւորեցաւ յանձն առնուլ:

Եւ ահա խաղաղութեան հրեշտակը հակամայս եղաւ դատաւոր: Թորոս հոն մի առ մի կը ցուցնէր բոլոր անցելոյն մէջ թէ ինչչա՛փ ատելի եւ վնասակար գտած էր միշտ պատերազմը եւ թէ անոր համար իր երկու եղբարց հետ քանի-քանի՛՛ անգամ աւրուած էր, եւ թէ ինչպէ՞ս պարտաւորած իր ազգին պատուոյն եւ ազատութեան համար պատերազմելու ընդդէմ յունաց եւ այլազգաց եւ թէ միշտ այս ամէն պատերազմներու մէջ թէ որ Օշնի անձը իրեն դէմ գտնուած չէր, իր գրգռութիւնքը միշտ գտնուած էին. թէ որ իր եղբօրը` Ստեփանէի անգութ սպանութեան գործակից չէր, կամակից լինելուն ապացոյցները ի ձեռին ունէր: Թէ որ նորա մահուանեն վերջը Թորոս եւ բոլոր հայք` յոյները խորտակեցին եւ անկարող ըրին, Օշին աւելի յոյն քան զբոլոր յոյները` թուղթ-թուղթի վրայ կը գրեր հրաւիրելով դարձեալ զկայսրն ի պատերազմն եւ իմացնելով թէ` «Քանի որ Ռուբինեան ապստամբ զարմը մնար աշխարհիս վրայ եւ բնաջինջ չլինէր, Կիլիկիա խաղաղութիւն պիտի չգտնէր յաւիտեան»: Եւ այս թունաւոր խօսքերը այն միջոցին կը գրուէին, երբ ինք Թորոս իր մէկ հատիկ զաւակը անոր տղուն հարսնութեան կ'ուտար, շնորհելով փրկանաց գինը եւ պատանդը իրեն փեսայացնելով: Եւ խօսքերը բաւական չի համարելով կ'առնէր կը դնէր մէջտեղ Օշնի ստորագրութեամբ գրուած գրերը, որ անուրանալի վկայք էին իր ըսածներուն: Եւ երբ նա եւ Ներսէս ինքն ապշած` ընդարմացած բերան չէին բանար, այն ատեն դառնալով առ դատաւորն

– Հայր սրբազան, – ըսաւ, – թէ որ Մերուժան, թէ որ Վեստ Սարգիս հոս սա մարդուն հետ նստած լինէին, կարծեմ թէ իմ միմիայն պարտքս այս մարդը անոնցմէ տարբերել չէր, այլ հաւասարապէս պատմել պէտք էր լինիլ. շատ եղաւ այսչափ տարիներու համբերութիւնս, եւ ես հիմա իմ անձիս միայն պարտաւոր չեմ այդ դղեակը հիմնահատակ կործանելու, այլ սուրբ պարտաւորութիւն մ՚է ինձ իմ ազգիս համար աս մատնութեան, դաւաճանութեան բոյնը անհետ ընել, վասնզի հոն` դորայ հանդիպակաց պարիսպներում մէջ գրուեցան, պատրաստուեցան այդ գրութիւնքը, հոնկից ելան հայ զինեալ ձեռքեր իրենց եղբարց արիւններուն մէջ թաթխուելու համար. անոր համար տարի մը ժամանակ կը լինի, որ ես հոս այս վրանին տակ կը սպասեմ. Ափսո՜ս ձեզի, սրբազան, որ այսպիսի փեսի մը վիճակէր էք, այնչափ եւ աւելի թերեւս ափսո՜ս ինձի, որ այդպիսի հօր մը զաւակը ինձի փեսայացուցեր եմ:

Այս խօսքերը թէպէտ առանց կրքի եւ հանդարտ ձեւով զրուցուած այնչափ արհամարհանաց Մանրութիւն բեռնաւորեցին Օշնի վրայ, որ գլուխը կուրծքին վրայ խոնարհեցաւ, արձանի պէս մնաց, եւ Ներսէս տխուր հարցուց իրեն, թէ` այն թուղթերը իրեն լինելը կ'ընդունէ՞ր: Իսկ երբ նա աչքով միայն «Այո՛» մը զրուցեց, այն ատեն հրաւիրեց զինքը Լամբրոն դառնալ, եւ մնաց Թորոսի եւ անոր զօրականաց հետ: Սկսաւ իր շնորհալի լեզուաւ ճառել համոզիչ խօսքերով թէ քրիստոնէական պարտաւորութեանց առաջիններէն մէկն է, ներողամիտ լինիլ եւ թէ վյրեժխնդրութիւնը ինչչափ որ քրիստոնէական սկզբանց դէմ էր, նոյնչափ եւ աւելի մեծ եւ վեհ սրտերու չէր վայլէր:

– Լաւ՛, հայր սրբազան, դուք Քրիստոսի եւ հայոց մեծ հայրապետին անունով զիս կը յորդորէք սիրոյ եւ խաղաղութեան, ես ալ, որ առջինին կը հաւատամ, եւ երկրորդը կը յարգեմ, յանձն կառնում վերցնել պաշարմունքը եւ թողուլ Լամբրոն քար գայթակղութեան Ռուբինեանց. միայն թէ դուք ալ, որ Լուսաւորչայ ցեղեն կ'իջնէք եւ նորա սուրբ աթոռին վրայ նստած էք զինուորի մը աստուածաբանական յորդորը չի մոռնաք, հայ եկեղեցուոյն փոքր դրօշակը անկախ պահեցէք, ինչպէս ես ազգային անկախութեան դրօշակը անկախ պահելու կը ջանամ: Հռոմկլայի եւ Լամբրոնի գաղափարաց մէջ նաեւ ազգակցութիւն մը ցաւօք կը նշմարեմ, վասնզի ինձ այնպէս կ'երեւայ թէ սխալ ճամփու մը կը հետեւիք թէ միացնել կ'ուզէք ձեր եկեղեցին յունականին հետ:

– Քրիստոսի եկեղեցին մի է, – ըսաւ Ներսէս, – եւ մեր պարտքն է ջանալ ի սէր եւ ի խաղաղութիւն բերել զամենքը:

Ես աստուածաբանական խնդիրներու չեմ մտնէր, բայց կը շռեցէք նախ եւ այնպէս գործեցէք. այս է իմ ըսելիքս:

Խաղաղութեան դաշինքները գրուեցան, Շնորհալին ինք եղաւ երաշխաւոր Օշնի, եւ Թորոս խոստացաւ, որ Գոհար տարուոյն մէկ մասը Լամբրոն անցընէ: Լաւ յարաբերութեօմեւք հաստատուեցին ընտանեաց մէջ, որ մինչեւ Թորոսի մահը տեւեցին:

ԳԼՈՒԽ ԻԷ ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հոգեւորական իշխանութեան շարժմունքը այն միջոցին Թորոսի ախորժելի չէր: Գրիգորիս կաթողիկոսը բանագնացութեան վրայ էր յունաց Կիռ Մանուէլ կայսեր հետ, որ ժամանակին կրօնասիրական գաղափարաց եւ իր քաղաքագիտական օգտին հետեւելով, կը փափագէր միութեան հայ եկեղեցուոյն հետ: Իսկ Թորոս միութեան մէջ նախ սուզման վտանգ կը տեսնէր, երկրորդ հայ եկեղեցուոյն մէջ` եթէ ոչ բաժանմունք` գոնէ տարաձայնութեան վտանգ կը նշմարէր, անոր համար, Հռոմկլա սկսած եւ լինելիք կրօնական բանագնացութիւնքը վնասակար դատելովն ալ, այնչափ սիրելի եւ պատկառելի գտաւ իրեն հաշտարար դեսպան եկած անձը, որ համառօտ քանի մի խօսք միայն զրուցել բաւական համարեց, ինչպէս տեսանք, եւ ամենեւին այլ խնդիրով զբաղիլ չուզեց:

Մանաւանդ որ իր ծրագիրը ընդարձակ էր, եւ շարունակ պատերազմները հազիւ թէ ժամանակ ձգած էին իրեն իւր ժողովուրդը մեծցնել գաղթականութեամբ, որ յիրաւի կը հաջղեր, բայց ոչ ըստ իւր փափագանաց, ինք որ կը փափագէր Հայաստան մը ընել երկիրը, Հայաստան մը զօրաւոր եւ անթափանց բնութեան պարիսպներու եւ ծովու սահմանին մէջ պարփակեալ. ուստի կարծելով թէ ալ խաղաղութիւն գտած էր բաւական երկիրը, ոչ արտաքին թշնամուոյ եւ ոչ ներքին բանսարկութեան վտանգին ենթակայ էր, իր բոլոր գործունէութիւնը տուած այս իր դիտաւորութեան` կ'աշխատէր, կը շրջագայէր, նոր եկելոց կ'օգնէր, կը տեղաւորէր, չունեցողին կ'ուտար եւ ստացուածքի ապահովութեան կը հսկէր, եւ իր յոգնած մարմնոյն հանգիստ եւ զուարճութիւն` որսն էր, եւ քանի մը հազուագիւտ եւ իմաստուն անձանց տեսութիւնը:

Իր բոլոր զօրավարքը եւ ասպէտքը այն մարդիկն էին, որ իր Կիլիկիա ոտք կոխած օրէն թէ ու թիկունք եւան, պատերազմեցան հսկաներու պատերազմը: Յոյնը, թուրքմէնքը, սկիւթացին եւ արաբացին վանեցին, եւ Թորոս անոնց մէկուն աշխատութիւնը անվարձ չի թողուց, կամ բերդի, կամ դղեակի մը տէր էին, կամ կառավարիչք քաղաքի կամ աւանի. վերջապէս չի կար ոք, որ իր աշխատութեան վարձքը առած չլինէր. այն դժգոհները, որ քննադատութեան մոլութիւնն ունենալով երբեմն շտարունակ կը գանգտէին, ալ հիմա Թորոսին ըսածն ու ըրածը գերագոյն կը գտնէին առանց անգամ խորհրդածութեան, բաւական էր թէ նա հրամայած լինէր. եւ այս ոչ բռնաբար, այլ համոզմունք մը դարձած էր թէ ինչ որ նորա գլխեն կը ծնէր իմաստուն կշռողութեան հետեւանքն էր:

Միայն մէկ մարդ մը կար անուղղելի, որ գոհ պիտի չլինէր մինչեւ իր մահուան օրը, եւ այս մարդը այնպիսի անձ մ՚էր, որ իր քաջութեան եւ յանդուգն կորովոյն եւ Ռուբինեան սերունդեն լինելուն համար ոչ ոք կրնար դիմագրաւել, ահա այս մարդն էր, որու գլխեն անցած պատահարք, աղէտք ժամանակաւ օգուտ մը չէին ըրած իր խելքին. միշտ յանդուգն, միշտ անհանդարտ, միշտ անդուռն բերան, միշտ անխորհուրդ ի ձեռնարկութիւնս: Թորոս ձանձրացած էր իրեն դէմ եղած գանգատներէն, ժողովուրդը ձանձրացած` իրեն դէմ բողոքելէ. մանաւանդ որ ամէնը գիտէին թէ վիշտ եւ վէրք մ՚էր այդ եղբայրը իշխանին սրտին: Ուստի որք նորա շուրջն էին` կը ջանային անոր վրայ եղած գանգատներուն մէկ մասը ծածկելու. շատ անգամ իշխանին չիմացուցած Բաբկէն, Սարգիս, Թոռնիկ եւ մինչեւ Կոստանդին` անզգամ եւ անգութ գործերը կը պահէին, վասնզի գիտէին թէ Թորոսի սիրտն պիտի վշտանար: Գիտէին մանաւանդ, որ Ստեփանէի մահուանեն վերջը Մլեհի դարձը ի Կիլիկիա եւ եղբօրն հետ համակամ եւ միաբան շարժիլը եւ անոր եղբայրաբար վրիժառու շարժմունքը անտարբեր չէին երեւցած Թորոսի:

Ուրեմն այս վիճակին մէջ, երբ Բաբկէն եւ Թոռնիկ (որ շատ սիրելի եղած էր Թորոսի իր հայրենական եւ անձնական քաջութեանց եւ. ուղղութեան համար) անցեալին վրայ խօսելով ժամանակ կ'անցնէին Վահկայ բերդը, Սարգիս ներս մտաւ եւ նստաւ, բայց իր զուարթ բնաւորութիւնը իբրեւ թէ կորուսած էր այն օրը, նա որ միշտ ուրախ էր եւ միշտ զաւեշտր կը սիրէր:

– Հէ՜, տղայ, – ըսաւ Բաբկէն, – այսօր սգաւո՞ր ես, որ բերանդ չի բացուիր. մամուդ մեռնելուն տարեդա՞րձն է:

– Այն օրը չեմ գիտէր, Խաշի մեռելոց օրն երէկ էր, բայց ես ոչ մեռելն կը սիրեմ եւ ոչ մեռնիլը: Իմ սիրտս նեղութիւն կայ այսօր, բայց դուք ալ ուրախ մարդիկ չէք, որսի երթալու փափագ մը ունիմ այս սրտիս նեղութիւնը վանելու համար, ո՞վ ընկեր կայ, եւ ե՞րբ, ա՛յն տեսնենք:

– Դու ալ իշխանին պէս յոգնութիւնդ որսի աշխատութեամբ կառնուս. նա քսանեւչորս ժամ կ'աշխատի, կը վազէ, կը գրէ, գրել կ'ուտայ, ետքը որսի կը հեծնէ, յոգնութիւնը յոգնութեամբ կառնու. դու ալ այն խելքե՞ն ես: – Ես ծերացայ, տղայ, հիմա հազիւ թէ կ'ուզեմ շարժիլ:

– Պատերազմի համար ինչպէ՞ս ես, Բաբկէն հայրիկ:

– Պատերազմն ուրիշ է, հոն մարդու երիտասարդութիւնը քիչ մը ետ կը դառնա. փողին ձայնին արիւնը կը դառնա, սիրտը կեփի:

– Թէ որ դու այդպէս կ'ըսես, Մլեհ իշխանը ինչ կըսէ, որ երեք օր մարդու թապըլտկիլ իր սուրին կամ նիզակին հարուածին տակ չի տեսնէ` գիշերն ի բուն չի քնանար, – ըսաւ Թոռնիկ խնդալով:

– Մլեհ իշխանը… – ըսաւ եւ կեցաւ Սարգիս:

– Մի՛ կտրէր, լմնցուր խօսքդ, – զրուցեց Բաբկէն:

– Չեմ լմնցնէր, վասնզի թէ որ ես լմնցնեմ, դու աոաջինը կը լինիս բարկանալու:

Լռութիւն մը տիրեց, Բաբկէնի խոր աչքերը քիչ մը պզտիկցան, եւ շուրջ չորս կողմը զննելեն վերջը`

– Սարգիս, – ըսաւ, – դու այսօր ծանր մտածմունք ունիս, լեզուիդ տակն ալ գաղտնիք մ՚ունիս, այս դռնեն ներս մտնելեդ ի վեր կը փնտրիս, որ յայտնես եւ չես ուզէր. աստուած վկայ, թէ որ Թոռնիկ հոս չլինէր, ես մինակ որ լինէի` պիտի բանայիր, այդպէս չէ՞, շիտակ խոսէ:

– Եղբայր, թէ որ այդպէս է, ահա ես կ'երթամ, – ըսաւ Թոռնիկ ելնելով,

– Ո՞ւր, կեցի՛, – ըսաւ Բաբկէն թեւէն բռնելով եւ նստեցնելով, – որդեակ Սարգիս, ինչ որ ծանր բան ունիս ինձ զրուցելու, մի վախեր, Թոռնիկին ալ կրնաս ըսել. ես զինք լաւ ճանչցեր եմ:

– Ես անկից կասկած չունիմ, մեծ վստահութիւն ալ ունիմ. բայց պապերու առակ է` «Գաղտնիք երեք հոգիի մէջ գաղտնիք չեն, յայտնիք են»: Թոռնիկ, հոգիդ սիրես, մ՚առնուիր, նստէ, ես, Բաբկէն հայրիկ թէ չլինէր, քեզ պիտի զրուցէի. շփոթէր մնացեր եմ, խնդիրը ծանր է. իշխանին սիրտս չի տանիր, որ համարձակիմ բանալ:

Բաբկէն ուժով մը ձեռքեն քաշելով առաւ Սարգիս, բազմոցին ծայրը նստեցուց եւ կամաց ձայնով ըսաւ.

– Ի՞նչ է, զրուցէ, որդեակ Սարգիս, մենք երեքս մէկ հոգի ենք, ես մարդիկ լաւ կը ճանաչեմ, տէ զրուցէ՛:

Այս դիրքին մէջ երեք գլուխ իրարու մօտեցան, Թոռնիկին լայն եւ պարզ ճակատը, անկեղծ եւ մաքուր նայուածքը, Սարգսին սուր եւ կասկածոտ աչքերը, Բաբկէնի երկարն եւ ճերմակ յօնքերը, որ աչքերը գրեթէ կը ծածկէին, իրարու հակառակ դէմքերով զարմանալի միութիւն մը կը կազմէին այս երեք անձանց մէջ. Սարգիս սկսաւ իր գաղտնիքը պատմել.

– Քու առջեւդ էր, Բաբկէն, երբ իշխանը ինձի հրամայեց, որ Հալէպ երթամ, անծանօթ քաղաքը մտնեմ, իբրեւ վաճառական քիչ մը ապրանք առնում, աչքէ անցունեմ, իմանամ թէ ի՞նչ կընէ Նուրետտին, ի՞նչ կը խօսի ժողովուրդը, ի՞նչ շարժմունք կայ հոն, շաբաթ մը հազիւ կենամ ու դառնամ. կ'եցայ, նայեցայ, ապրանքներն ալ իշու մը վրայ բարձած, ես ալ դուրսեն մեր տղոցմէ մէկը մինակ հետս առած կը դառնայի: Արեգի վանքը հասայ, տղուն ըսի, որ կենդանին առնու բերդը տանի. ժամուան մը ճամփայ կար դղեակն հասնելու, եւ արեւն ալ իջնելու մօտ էր. մտայ անտառը, որ գետակին` մէջ լուացվիմ, ձայներ կային, կամաց-կամաց մօտեցայ. հինգ-վեց թուրքմէն նստած կին, ես թուրքմէն կ'ըսեմ, դուք աւազակ իմացէք, իրենց լեզուաւ կը խոսէին. ի՜նչ եղաւ զարմանքս, երբ մեր Մլեհ իշխանը ասոնց գլուխը տեսայ. «Չէ, կ'ըսէր ցուլի պէս մարդ մը, հազար ոսկի ալ տաս, ես այդ մարդուն վրայ չեմ քալէր. ո՛վ նորա վրայ կը քալէ, մահուան բերանը կը քալէ, այս աւանակները կ'ուզես համոզէ, տասնեւութը տաբու էի, Ռապանի ճամփան` երբ հինգ-վեց հազար հոգի մենք անոր փոքրիկ խումբին վրայ ինկանք, ողջ բռնել կը կարծէինք, այն պզտի խումբը կարծես մեծցաւ, շատցաւ, մեր արիւնը ջուրի պէս կը վազեր. այդ քու եղբայրդ վիշապ դարձաւ, ամէն մէկ շրջանին հաջն ու ձախ սուրը կայծակի պէս կ'իջնէր, ինկնողը ալ չէր ելնէր: Ես ծառի մը կռնակ կծկտած պահուած կը դողայի ու կը նայէի, մինչեւ որ կամաց մը ծառն ի վեր ելայ, անկից կը տեսնէի, տերեւի պէս կը թափէին ամէնքը անոր սուրին տակ. այն օրէն մինչեւ այսօր շատ պատերազմ տեսայ, շատ տեղ գտնուեցայ. ես այդ մարդուն պէս մարդ չի տեսայ. ո՛վ կուզէ, քեզ հետ թող երթայ, ես այդ գործին մէջ մատ չունիմ»: Եւ ահա սկսաւ Մլեհ բարձրաձայն խնդալ մարդուն վատութեան վրայ եւ ծաղրել. «Ածիլեցէք այս մօրուքները` կնիկ եղէք» ըսելն լսեցի ու տեսայ, որ ոտք ելաւ. անոնք ալ ոտք ելան. ես կամաց մը քաշուեցայ մտայ թուփերուն ետին, դարձայ եւ կը տեսնէի Մլեհ, որ կ'անցնէր դիւական ծիծաղ մը ձգելով այդ աւազակ թուրքմէններուն վրայ: Իրաւ, առուտուրն աւբուեցաւ, բայց այդ մարդը եղբօրը հօրը կը փորէ, գինովութեանը դուրս կ'ուտայ, օր մ՚ալ կելնէ (այնպէս բան մը կընէ, որ մեր բոլորին ու ազգին գլուխը ձիւն կը բերէ: Ես այս տեսածս ու լսածս իշխանին պատմելու չեմ համարձակիր, չամանչեմ, անոր համար քեզ ըսելու եկայ. դու մեր ծերն ու խելօքն ես, ի՞նչ ընեմ… մանաւանդ թէ ի՞նչ ընենք. ահա Թոռնիկին ալ երեսին գոյնը դարձաւ:

Եւ իրօք ազնուական երիտասարդին երեսը ճեպ-ճերմակ կտրեցաւ. ճակատը մարգրտի պէս քրտնեցաւ եւ սրտին զարնուացքը քովինները կրնային լսել թէ ուշադիր լինէին, եւ չի կրնալով դիմանալ` առանց բերանը բանտելու ելաւ եւ սկսաւ սենեկին մէջ վեր-վար պտըտիլ:

Բաբկէն անշարժ-անխռով մտիկ ընեղէ վերջը, աչքերը գոցած իբրեւ թէ քուն կը լինէր, եւ ձայն չէր հանէր, յայտնի է թէ կը մտածէր:

Իսկ Սարգիս, երբ բաւական սպասեց, ալ համբերութիւնն հատնելով`

– Եղբարք, – ըսաւ, – ես ձեզի բան խօսեցայ, մէկերնիդ արձան եղաք անշարժութեան, միւսնիդ նստիլը մոռցաք. տէ խօսեցէ՛ք, այս անզգամը ո՜յ գիտէ ի՜նչ կը նիւթէ հիմա եղբօրը դէմ:

– Հիմա նա նստած հովանոցը, իր օղիին շիշը կը պարպէ, ես որ գալուս հոնկից կ'անցնէի` տեսայ. մեղք որ իշխանին եղբայրն է, ես ալ քեզի պէս չեմ համարձակիր մարդու զրուցել այդ վատ դաւը` ո՜ւր մնաց եղբօրը, – ըսաւ Թոռնիկ:

– Ուրեմն ի՞նչ ընելու է, – կ'ըսէր Սարգիս, Բաբկէնի դառնալով:

– Ի՞նչ ընելու է… – ըսաւ Բաբկէն, – ի՞նչ պիտի ընեմ, կենամ, որ անկարծելի ժամանակ այդ անզգամ խենթը ազգին տունը փլցնէ. հիմա իշխանը ուր որ է կ'ուգայ, առջի խօսքս իրեն այս պատմութիւնը լինի, դուք ալ մի հեռանաք, որ եղելութիւնը տեղն ի տեղ յայտնէք:

Սենեկին մէջ երկար լռութիւնն որ տեւեց` միայն ձիոց սմբակաց ձայն են ընդհատեցաւ, իշխանն էր, որ կը դառնար: Բաբկէն, որ նորա երեսը գիտէր կարդալ մէկ աչք նետելուն, սանդուխին գլխեն երկու ասպետաց, որ քովն էին` «Ափսոս, – կ'ըսէր, – այս երեկոյ, որ իշխանը զուարթ է, պիտի դառնացնենք զինքը, տեսէք Կրակին պարանոցը կը շոյէ, ձիասպասին հետ կը խօսի…», բայց Բաբկէն կ'ուշացնէր իր խօսքը. «Կերակուրը հանգիստ ուտէ, իշխանիկս, – կ'ըսէր ինքնիրեն, – քիչ մը ժամանակ ալ անցնի»: Երբ կ'երակուրեն ելան, եւ տեսաւ, որ Թորոս իր սենեակները պիտ քաշուէր, ա՛լ Բաբկէն ելաւ դիմացը կանգնեցաւ: Երբ այն կեցուածքը տեսաւ իշխանը, որ նոյնպէս իր ծերուկին ամէն շարժմանց նշանակութիւնը գիտէր, շուտ մը իմացաւ թէ ծանր բան մը կայ:

– Խոսէ՛, Բաբկէն Հայրիկ, շուտ ըրէ, դու կարեւոր բան մը ունիս ինձ իմացնելու, ի՞նչ է:

– Մլեհ իշխանն է դարձեալ, տէ՛ր:

– Նոր յիմարութիւն մը:

– Յիմարութեանց վատթարագոյնը:

– Ի՞նչ, – ըսաւ Թորոս ընքուիները իրարու կպցնելով:

– Քեզ. կուզէ սպաննել:

– Ո՞վ է տեղեկացեր, – ըսաւ քննող աչք մը նետելով Սարգսի եւ Թոռնիկի վրայ, որք մէկ կողմ կայնէր էին առաջնին նայելով իբրեւ յանցաւոր:

– Սարգիս տղայ, պատմէ ամէն բան, – ըսաւ Բաբկէն:

Երբ Թորոս անշշունջ մտիկ ըրաւ ամէն բան.

– Գիտես, Բաբկէն հայրիկ, – զրուցեց, – Ստեփանէ կասկածով մը տասն ամիս բանտարկեցի, սրտիս վէրք է այդ գործս, իրաւ Մլեհ Ստեփանէ չէ, բայց դարձեալ խելքին փչածը դուրս կ'ուտայ, աւեչի կը խօսի, քան թէ կընէ. ասոնք ամէնքը պէտք է մտածել, ետքը շարժիլ:

– Տէր իմ, – ըսաւ Բաբկէն բարկութեամբ, – գոնէ ինձ հրաման տուր, որ պէտք եղած զգուշութիւններն ընեմ:

– Լաւ, – ըսաւ Թորոս ծիծաղելով, – քեզի հրաման` առանց դուրսը ձայն տարածելու եւ առանց զիս անհանգիստ ընելու գիտցածդ ընել:

– Միայն Թոռնիկ քեզ անձնապահապետ լինի, գոնէ զայն կընդունի՞ս:

– Լաւ՛:

– Ես Սարգսի հետ մնացած զգուշութիւնները կը հոգանք:

– Լաւ՛, լաւ՛, լաւ՛, Բաբկէն հայրիկ, գիտցածդ ըրէ, բաւական է թէ ինձի գանգատ չի հասնի:

– Հոգ մ՚ընէր, իշխանիկս:

Եւ երբ Թորոս գնաց քաշուեցաւ, մեր երեք բարեկամները իրարու երես կը նայէին:

– Ալ իշխանին կեանքը ուղղակի քեզի յանձնուած է, Թոռնիկ:

– Առաջ աստուած, – ըսաւ քաջ երիտասարդը, որու պայծառ կերպարաքին վրայ սրտին մաքրութիւնը կը փայլէր, – ես ոտքս հետքեն չեմ զատէր, ինք ուր է` տունս ալ թող հոն լիսի:

– Ապրի՛ս, որդեակ: – Իսկ մենք, Սարգիս, ա՛լ Մլեհ ուր երթա, ինչ ընէ` մեզի բան գործ ընենք:

– Լաւ՛, – ըսաւ Սարգիս, – եւ երեքն ալ գնացին իրենց սենեակները պառկելու:

Ա՛լ Թոռնիկ անբաժանելին եղաւ Թորոսի, իր յատկութիւնքը անոր քով աւելի կատարելագործեցան: Բայց շատ անգամ կը տեսնուէին Թորոսի քով երկու դեռահաս երիտասարդք, Ռուբեն եւ Լեւոն, որոնց սգաւոր մայրը Պապեռոնէ զիրենք կը բերէր իրենց հօրեղբօրը Վահկայ բերդը. թշուառ Ստեփանէ երկու զաւկներուն կերպարանքը կը վկայէին արդէն թէ Ռուբինեան զարմին շառաւիղք էին: Հօր գութ եւ սէր թէպէտ ունէր Թորոս երկուքին վրայ հաւասարապէս, բայց Բաբկէն, որ գուշակութեան ձիրքն ունէր, «Սա պզտիկը հօրեղբօրը տեղ բռնելու յոյս կ'ուտայ, Ռուբեն հօրը զաւակն է, Լեւոն հօրեղբօրը ելած է»: Եւ իրօք, տղան դիտող բնաւորութիւն եւ մեծ համակրութիւն ունէր հօրեղբօրը, ամէն բերնեն ելած խօսքերուն ուշադրութիւն կ'ուտար, երբ Ռուբեն զուարճութիւնը ամէն բանէ աւելի կը սիրէր:

Քանի մը ամիս անցած էր Սարգսի այն դիպուածեն վերջը, երբ Թորոս օր մը որսի պիտի ելնէր Պեռամոյ ակունք ըսուած տեղը, յանկարծ երկինք մթնցաւ, եւ սոսկալի փոթորիկ մը արգիլեց «վաղը մեր որսը», ըսաւ Թոռնիկին, եւ երկրորդ առաւօտուն հեծաւ որսի, ինչպէս իր սովորութիւնն էր` կանուխ, չորս-հինգ հոգի միայն կային հետը: Իրեն ընկերացած էր նաեւ Լեւոն եղբօրորդին: Հազիւ թէ ձիերը ձգեցին, եւ իրենք սկսան ցրուիլ այծամներու խումբ մը պաշարելու համար, ահա Թոռնիկ, որ Լեւոնի քովն էր, նոյն միջոցին կանգ առաւ` «Ետեւես եկո՛ւ» ըսաւ եւ ճամփան փոխելով շիտակ դէպի այն (կողմը սրացաւ, ուր արշաւէր էր Թորոս, վասնզի գինուց փայլ մը կարծեց նշմարել այն կողմը, եւ իրօք, երբ քիչ մը յառաջացաւ` տեսաւ, որ չորս-հինգ սպառազէն Թորոսը շրջապատէր էին. իսկ նա այս յանկարծակի յարձակումը տեսնելով` մեծ ծառի մը բունին կռնակը տուած պաշտպանողական դիրքի մը մէջ անխռով կը դիտէր զինք պաշարողները, եւ դեռ Թոռնիկ չի հասած, իր ահագին Լեւոնեան սուրը շողաց, եւ երկու թշնամի սուրեր օդի մէջ թռան. ճիշտ այն միջոցին Թոռնիկ հասնիլն ու սուրի հարուածով անզգամներուն մէկը գետինը ձգելն մէկ ըրաւ. Լեւոն այն միջոցին իր եռանդուն տարիքին ձայնին միշտ լսելով` առանց սպասելու` քիչ մը հեռուն կեցած բարձրահասակ մարդ մը տեսնելով, որ սաղաւարտին դիմակովը ծածկուած` սուրը ձեռքը աւելի հանդիսատես կ'երեւէր եւ հրամանատար, յարձակեցաւ անոր վրայ, որ ճանճ մը վռնտելու պէս երիտասարդին սուրը կանգուններով հեռու նետեց եւ առանց քայլ մը առնելու, իր պատերազմողներուն վրայ կը նայէր անշարժ արձանի մը պէս, որոնք Թորոսի եւ Թոռնիկի հարուածներուն տակ կը կործանէին իրարու վրայ, եւ երբ տեսաւթէ չորս-հինգ հոգի արդէն ընկած էին եւ երկու-երէք ալ ծանր վտանգի մէջ, ետին դարձաւ` ցատկեց ահագին խրամ մը, եւ սկսաւ ժայռոտ ու մացառուտ լեռն ի վար ցատկել, բայց հազիւ թէ ութ-տասը քայլ վազած` երեք հոգի դիմացը արձանացան. Սարգիս իր երկու եղբայրներով` «Մէկդի՜», ըսաւ զրահաւորը հաստ, կամաց եւ անխռով ձայնով մը:

– Մէկդի՜… – ըսաւ Սարգիս, – ե՞ս, դաւաճաններու առջեւեն, ո՛վ որ լինին` սովորութիւն չունիմ փախչելու, թո՛ղ զէնքդ եւ անձնատուր եղի՛ր:

Այս խօսքերուն պատասխան` սոսկալի սուրի երկու հարուած ընդունեցաւ իրարու վրայ Սարգիս, ոչ միայն սուրբ ձեռքեն թռաւ, այլ նաեւ ձախ ուսին վրայ վիրաւորեցաւ. իր երկու եղբարք նոյն միջոցին վրէժխնդրութեան ոգուով յարձակուեցան զրահաւորին վրայ, բայց իրենց հարուածները ոչինչ էին այն մարդուն եւ իր զրահներուն դէմ, որ իբրեւ թէ կը ծիծաղէր. երբ Սարգիս առանց սուրի մնացած եւ թէպէտ վիրաւոր` բայց իր զարմանալի արագութեամբ եւ իբր թէ գետնեն սողալով մտաւ նորա սրունգներուն մէջ, եւ քաջը յերկիր կործանեց. կռիւը, որ լմնցած կը կարծուէր նորա ինկնալով` վայրկենին նորոգուեցաւ, վասնզի նա ժամանակ չի տուաւ եւ ի քթթել ական, ոտքի վրայ էր դարձեալ եւ պատրաստ իր երեք թշնամիները կործանելու, որոնք սատանայի մը, քան թէ մարդու հետ գործ ունենալ սկսան կարծել եւ ետ-ետ երթալ: Այս միջոցիս Թորոս, Թոռնիկ եւ Լեւոն վրայ հասան, եւ երբ նա վեց սուր իր վրան տեսնելով, անխռով, ճիշտ նոյն դիրքին մէջ, որու մէջ քիչ առաջ Թորոս կը գտնուէր, կռնակը ապահովցուցած` չի կրնալով համբերել «Հա՛, յարձակեցէք, տեսնեմ, թէ որ քաջ էք», պոռաց մեծ ձայնով, եւ ամէն զինք շրջապատողք իրարու երես նայեցան` Թորոս սուրը գետինը յեցած, ծանր ձայնով

– Մլե՜հ, – կանչեց, – թող զէնքդ, մեծ եղբայրդ եւ իշխանդ է, որ քեզ կը հրամայէ:

Մեծ եղաւ ամէնուն զարմանքը. այս խօսքերը հազիւ թէ լսուեցան` կարծես թէ աներեւոյթ զօրութիւն մը սանձահարեց զրահաւորը, սուրը խոնարհեցաւ եւ ձեռքեն ինկաւ, եւ երկու ձեռքն ամփոփելով կուրծքին վրայ կեցաւ:

– Առ սա սուրը, – ըսաւ Թորոս Թոռնիկին… – Հեծէ՛ք, տղաք, ետ դառնանք:

Լռութիւն տիրեց ամէնուն վրայ. շուտ մը Սարգսի վէրքը պատեցին եղբարքը, եւ երբ այն գործողութիւնն ալ լմնցաւ, հեծաւ Թորոս առջեւեն, Մլեհ եւ ամէնը ետեւեն: Ոչ ձայն, ոչ խօսք, ոչ քրթմնջիւն չէր լսուէր, այլ խիստ լռութիւն միայն ձիերու սմբակները կ'ընդհատէին, մինչեւ հասան Վահկայ: Երբ ձիեն իջաւ Թորոս, դարձաւ եղբօրը` «Գնա՛, նստէ՛ հովանոցդ, սպասէ հրամանիս», – ըսաւ: Մլեհ առանց պատասխանելու հնազանդեցաւ եւ գնաց:

Հազիւ թէ մտաւ Թորոս իր դիւանր, սուրհանդակներ գնացին բոլոր շրջակայ բերդերը եւ նոյն իրիկունը մեծ ժողովքի մը մէջ բոլոր իշխանաց եւ զօրավարաց ներկայութեան` Մլեհ բերուեցաւ, եւ իշխանը բոլոր նորա ըրաւծ անգթութիւնները, յիմար եւ անխելք վարմունքը, եղբօրն անձին դէմ բիւր սպառնալիքները եւ վերջի նոյն դաւաճանութիւնն համրելեն ետքը` աւելցուց եւ հարցուց.

– Հիմա, Մլեհ, թէ որ ես ասոնք ըրած լինէի, դու որ շիտակ կը խօսիս, զրուցէ, ի՞նչ կրնէիր:

– Այսչափ չէի սպասէր, շատոնց զքեզ սպաննած կը լինէի, – պատասխանեց նա խիստ ձայնով:

– Բայց ես չեմ ուզէր, որ Ռուբինեանց մէջ ոք զրուցուի պատմութեան մէջ թէ եղբօր արեան ձեռք մխեց. ուստի գնա՛ այս երկրեն դուրս, հեռացի՛ր, շատ է, որ ես երկու եղբայր բուռն մահուամբ կորուսի յունական ձեռքերէ: Ես կարծեցի թէ Ստեփանէի թշուառ մահը բաւական էր զքեզ զգաստացնելու համար, կարծեցի թէ այս աթոռուոյն օրինաւոր ժառանգ դու միայն մնալով զգաստացեր ես, բայց անօգուտ, դու մահապարտ ես, ես քեզի կը ներեմ, բայց չեմ ներէր, որ իմ մահվնես վերջը այս աթոռին վրայ նստիս, վասնզի դու ոչ միայն նախատինք, այլ մահաբեր կրնաս լինիլ այս իշխանութեան եւ ազգիդ:

Այս խօսքերեն վերջը եղբայրաբար եւ իշխանաբար վարուելով դարձեալ «Շատ ոսկի, արծաթ եւ ձի, եւ ջորի» տուաւ եւ հանեց գնա երկրեն: Իսկ նա գնաց դարձեալ առ սուլթան Նուրետտին:

ԳԼՈՒԽ ԻԸ ՅՈՒՆԱՑ ՎԵՐՋԻՆ ՃԻԳԸ

Այս տխուր դիպուածեն վերջը Թորոս զզուանք մը իմացաւ եղբօրմեն, ինչպէս իմացեր էր իր փեսեն: Մտքին մէջ շարունակ Դիոնիսին խօսքերը կը դառնային, որ երբեմն իշխանութեան ժառանգութեան վրայ ըսած էր. եթէ իրեն նման քանի մը յաջորդներու աթոռը ձգելու բարեբախտութիւնը ունենար, կրնար յուսալ թէ Ռուբինեանց հարստութիւնը տեւողութիւն պիտի ունենար, ուստի նայելով շուրջը` Ստեփանէի մեծ որդին ալ Ռուբեն նաեւ իր տղայամտութեամբ յուսահատութիւն կը բերէր իրեն. Լեւոն միայն` նորա պզտի եղբայրը յոյս մ՚էր, բայց Մլեհ եւ Ռուբեն արգեւք մ՚էին: Այս խորհրդածութեամբ, տխուր շատ անգամ կը մտածէր, եւ միտքը կը վազեր, այն հին Ելլա դա եւ Հռոմի հասարակութեանց, ուր ազգի մը բախտը մարդու մը կ'արողութենեն չէր կախուէր, այլ ազդին բարոյական զօրութենեն. բայց ո՞ւր էր այդ բարոյական զօրութիւնը, ո՞ւր էր այդ բարոյական զօրութիւնն ստեղծելու դաստիարակութիւնը: Այս մտածութիւններն ահա` իր Եւփիմէին սուգին յիշատակը առանց իր սրտեն վերցնելու` զինք հռրդորեցին, ժառանգ մը տալու համար աթոռին, ամուսնութիւն մը ընելու Թովմաս անուն իշխանի մը աղջկան հետ, որ ըստ իւր փափագանաց` մանչ զաւակ մը իրեն տուաւ եւ զօր ի յիշատակ ցեղապետին եւ իր սիրելի եղբօր Ռուբեն անուանեց:

Բայց բախտը չէր ներէր, որ Թորոս հանգիստ առնուր պատերազմներէ, կռիւ մը հազիւ կը վերջանար, նոր մը կը ծնէր. երբ իր երկիրն հիւսիս, հարաւ եւ արեւելքի կ'ողմերեն կ'ապահովէր, պէտք էր արեւմուտք իրեն դէմ թշնամի հարուստներ: Հիմա ալ նոյնպէս ահա հին օձը գլուխը կը վերցնէր. իր բանտերեն, իր գերութենեն ճողոպրած, Անդրոնիկոս Կոմսին Մանուէլ կայսեր հետ հաշտուած` մեծագանձ պարգեւներով ճոխացեալ, իմացաւ թէ իր վրայ կ'ուգայ, ուստի իր պատրաստութիւնները տեսաւ, եւ արթուն կը սպասէր արժանաւոր ընդունելութիւն ընելու համար: Եւ իրօք, երբ Մամեստիայ նստած էր Թորոս իր բանակաւ` լուր առաւ թէ յունաց նաւատորմը Ալեքսանդրիս ծոցը կը մտնէր, եւ Անդրոնիկոս ցամաք կ'ելնէր. գիտնալով թշնամուոյն յանդգնութիւնը` թոյլ տուաւ, որ նա իր բանակին վրայ արշաւի եւ նոյն միջոցին, ինք քանի մը ընտիր գունդեր հետն առած` Ամանոսի բարձանց վրայեն կը դիտէր յունական բանակին խլրտմունքը եւ աւարառուաց մեծ եւ պզտի խումբերու անզգուշութիւնքը յանկարծահաս յարձակմամբ մեծ բանակեն բաժնելով բնաջի՛նջ կը կոտորէր:

Իսկ Անդրոնիկոս թէպէտ հաւասար իր չարութեան` քաջութիւն` ալ ունէր, եւ ինչպէս անառակութեանց, նոյնպէս պատերազմներու մէջ ալ կը ծերանար, դիանալով նաեւ իր թշնամուոյն արթուն քաջութիւնը, որու փորձն առած էր, բայց ատելութեան կ'ատաղութենեն` կուրցած` արհամարհել կը ձեւացնէր իւր թշնամին, եւ ամբարտաւան պատգամաւորներ կ'ուղարկէր առ Թորոս, ի հնազանդութիւն գնա կոչելով: Իսկ Թորոս դեսպաններուն ամէն ըսածներուն լուրջ եւ հանդարտ մինչեւ ետքը մտիկ ընելեն վերջը, նոյն ինքն Մանուէլ կայսեր ոսկի հրովարտակը առջեւնին նետեց արհամարհանոք. «Գնացէ՛ք, ըսէ՛ք ձեր զօրավարին, – ըսաւ, – թէ ես զինքը ոչ օրինաւոր սպարապետ, այլ աւազակապետ մը կը համարիմ, թէ որ իր տէրը, որ մեծազօր ինքնակալաց յաջորդ է եւ չգիտէր իր այս հրովարտակը յարդել, թէ որ իր տեղակալք անգութ եւ անզգամ դաւաճանութեամբ ամէն դաշինք ոտնակոխ ըրին եւ զմեզ բռնադատեցին արդար վրէժխնդրութեամբ Յոյն իշխանութեան հետքն ու անունը այս երկրեն ջնջելու, հիմա նոյն կայսրը չամչնար, չի կարմրիր առնուլ իմ վրաս ղրկել այդ ոչինչ մարդը, որու գոռոզ ամբարտաւանութեան հաւասար է պատերազմական տգիտութիւնը: Յիրաւի ուրեմն արդար է, որ կ'իմանամ թէ ձեր կայսրը աստուածաբանական գիտութեանց ինքզինքը տալով, բոլորովին յիշողութիւնն ալ կորուսէր է, մոռցեր է թէ այդ իր ընտրած զօրավարը նոյն այդ մարդն է, որ ասկից տասնեւհինգ տարի առաջ իմ վրաս գալով եւ այսպէս դարձեալ մեծ-մեծ ջարդելով անարգաբար կիսամերկ փախաւ. թէպէտ նոյն ատենն ալ դարձեալ հռոմէական կեսար անունը կ'աղտոտէր եւ. սպարապետ անունը ծիծաղելի կ'ընէր. տէ՜, գացէ՛ք, դուք խեղճ մարդիկ, նայեցէք, որ իրմէ առաջ փախչելու ճարը տեսնէք, վասնզի հիմա իմ զօրքերս ձեր Անդրոնիկոսներուն, ձեր կեսարներուն, ձեր խեղճ զինուորներուն խնայութիւն ընել չեն գիտէր, այլ մինչեւ վերջինը սպաննել ուխտած են: Գնացէք ձեր բանակը, այսպէս պատմեցէք»:

Այս պատասխանը Անդրոնիկոսի կատաղութիւնը յիմարութեան վիճակի մը հասուց, եւ իր բանակին նորահնար ձեւ մը տալ ուզելով, կենդանուոյ մը կերպարանք տուաւ, կըսէ, պատմութիւնը, գլխով, ոտքերով եւ ագիով, եւ այսպիսի դասաւորութեամբ մը յարձակեցաւ Թորոսի բանակին վրայ: Իսկ Թորոս, որ այսպիսի պատկերահանութենէ չէր հասկնար, այլ միշտ իր լեռներուն եւ անտառներուն դիրքեն օգուտ քաղելէ կը հասկնար, նոյնպէս այս անգամ ամէն իր բանակն այնպէս յարդարեց, որ թշնամուոյն փախչելու ճամփայ չի ձգէ, ուստի ամէն կողմ թշնամին պատեց դարանամուտ զօրքով, եւ իր բանակին ճակատը հողապատնշներով ամրացնելեն վերջը, ընտիր հեծելագնդով մը անցաւ թշնամուոյն կռնակը, եւ երբ Անդրոնիկոս իր գլխովն ու. ոտքերով, թեւերովն ու ագիով կը պատերազմէր` իր դիմացի բանակին հետ աջեն ու ձախեն եւ կը ռնկեն հարուած հարուածի վրայ հասցնելով, բանակը քայքայուեցաւ եւ խորտակեցաւ եւ անխուսելի խայտառակութիւնը երկրորդ անգամ վերահաս նկատելով, երբ յուսահատ կը մտածէր, տեսաւ զթորոս զբաղուած խորտակելու իր զօրաց վերջին ճիգն իր աջ թեւին վրայ, գազանի մը պէս իր բոլոր զօրութեամբ յարձակեցաւ նորա վրայ, որ հազիւ ժամանակ ունեցաւ վահանը ընդդէմ դնելու անակնկալ հարուածին, եւ ձիեն վար ընկաւ: Բայց Անդրոնիկոս` երբ ինկած թշնամին վայրկենին ոտքի վրայ տեսաւ եւ որ դարձեալ հական քթթել նորէն ձիուն վրայ կը ցատկէր, իմացաւ վտանգը եւ ձիուն գլուխը դարձուց եւ բռնեց նոյն փախստեան Անտիոքայ ճամփան, որ երբեմն իր կեանքը ազատէր էր: Կեանք մը, որ ամէն չարութեամբ լեցուն` չարաչար սկսած` թէպէտ կայսերական գահույից վրայ չարաչար ալ պիտի վերջանար:

Անդրոնիկոսի այս պարտութեան լուրը երբ Կոստանդնուպոլիս հասաւ, Մանուէլ կայսրը այսչափ նախատինք բաւական չհամարելով, շուտ մը նոր բանակ մը կազմեց եւ Կոստանդին Կալաման դուքսը սպարապետ կարգելով` Թորոսի վրայ ղրկեց, վերջին փորձ մ՚ալ ընելով: Պատերազմն Տարսոնի քովերն տեղի ունեցաւ, եւ հոն յունական բանակն սպառսպուռ խորտակեալ եւ զօրավարը գերի բռնուեցաւ Թորոսենք եւ Բիւզանդիոյ կայսրութիւնը` իր բոլոր ամբարտաւանութեամբ իր ապստամբ թշնամուոյն ձեռքեն ծախու առնել զիջաւ այս մեծ իշխանը` ծանր փրկանք վճարելով:

Ա՛լ անկից վերջը խաղաղութեամբ տիրեց Թորոս բոլոր Կիլիկիոյ եւ մեծ մասին Իսաւյւիոյ եւ Փռիւգիոյ. հաստատեց իր աթոռը ի Մամեստիայ իբրեւ կեդրոն իւր իշխանութեան: Անոնք, որ իր քսանեւհինգ տարուան պատերազմներուն փառքովն եւ սպիներով էին զարդարուած` իշխանութեամբ եւ ասպետութեամբ բարձրացուց, վասընզի իր սկզբունքն էր առաքինութիւնը վարձատրել եւ անզգամութիւնը պատուհասել:

Իր օրով հայը, որ ամէն տեղ հարստահարեալ, թշուառութեան էր դատապարտեալ, Թորոսի երկիրոյ հանգստութիւն եւ պաշտպանութիւն կը գտնէր:

Զինուորը քաշ էր եւ աներկիւղ նորա օրով, եւ բոլոր շրջակայից ահաւոր եղաւ Ռուբինեան խաչը, որ հայ դրօշակին վրայ կը ծածանէր:

Տորոսի լեռներն ոչ միայն ուրախութեան ու նուագարանաց ձայներուն արձագանք կ'ուտային, այլ նոցայ երկիրը իր մետաղական հարստութեամբ աշխատող ժողովուրդը կը վարձատրէր:

Վանքերը Ս. լեռան վրայ ոչ միայն աստուծոյ փառաբանութիւնք հերկինս կը բարձրացնէին, այլ նաեւ ժողովրդեան դպրոցնէր էին: Կիլիկիոյ բեղմնաւոր դաշտերը մշակեալ` հասկերով եւ պտղատու ծառերով կը զարդարուէին, ամէն տեսակ ընտանի կենդանեաք հոտեր իր հարստութեան աղբիւրքն էին:

Քաջ պատերազմի մէջ, արդար եւ աշխարհաշէն խաղաղութեան մէջ` ոչ միայն մեծ իշխանի անուն ունեցաւ, այլ առաքինի եւ ազնիւ մարդու համարմունք ստացաւ: Իր բարեկամութիւնը փնտրեցին իր սահմանակից օտար իշխանք եւ թագաւորք եւ յարգեցին, վասնզի տեսան, որ պաշտպան էր որբոյն եւ տկարին:

Ո՛վ որ ազգային պատմութիւնն ուսնի ուշադրութեամբ, հայ դիւցազանց առաշին կարգին մէջ կը նշմաըէ այս մեծ հանճարը, որ ոչ միայն իր ժամանակեն, այլ նաեւ իր բախտեն վեր էր: Իր քաջութեան հաւասար էր իր խոհեմութիւնը, վասնզի գիտէր դժուարին եւ ապերախտ պարագաներէն օգուտ քաղել, գիտէր ժամանակին տեղի տալ եւ սպասել, որ իշխանաց առաշին կատարելութիւնն է թէպէտ ռամկական աչքեր չի շլացնէ:

Կրօնասէր առանց նախապաշարմունքի, այնպիսի ժամանակի մէջ` եւ այնպիսի քաղաքի մը մէջ դաստիարակուած` ուր իշխանք եւ ինքնակալք անբացատրելի աստուածաբանական խնդիրներով կը զբաղէին երկրին պիտոյքը երեսի վրայ թողած, նա գիտցաւ իր միտքը եւ իրենները անարատ պահել այդ յիմարական հիւանդութենեն, ինչպէս գիտցաւ կրօնքի ճշմարտութիւնները յարգել եւ յարգել տալ իր ժողովրդեան:

ԳԼՈՒԽ ԻԹ ԹՈՐՈՍԻ ՄԱՀԸ

Այսպէս ահա երբ խաղաղութիւն գտած երկրին բարեկարգութիւնն նկատելով` իր փոքրիկ Ռուբենին զարգանալը ախորժ աչօք կը տեսնէր, եւ նօթայ դաստիարակութեան կերպը կը մտածէր. երկու նպատակ մի կին իր մտաց մէջ, ազգն ու զաւակը, զօրս չէր կրնար զատել:

Բայց նախախնամութիւնը ուրիշ կերպ որոշէր էր: Բուռն հիւանդութիւն մը վրայ հասաւ, եւ այդ զօրաւոր կազմուածքը, որ այնչափ պատերազմաց, այնչափ մտատանջութեանց, այնչափ կսկիծներու եւ այնչափ բարոյական նեղութեանց անընկճելի դիմացեր էր, տեսաւ թէ մահը կը մօտենար, նորա առջեւն ալ դարձեալ անընկճելի կեցաւ եւ հանդարտ սպասեց: Իր հիւանդութեան լուրը բոլոր Կիլիկիոյ իշխանքն ու բերդակալք, զօրավարք, եւ ասպէտք եւ հայ ժողովուրդք ահուդողի եւ տխրութեան մէջ ընկղմեց: Մամեստիոյ ճամփաներն ու եկեղեցիներն ժողովուրդը կը խոներ, հոն իրարու կը հարցնէին առողջութեան ձայն մը, յոյս մը փնտրելու համար. հոս ծերք եւ կանայք, փոքրիկ տղայքը սուրբ սեղաններու առջին ձգած` անոնց անմեղութիւնը կ'ուզէին միջնորդ առնուլ առ աստուած: Արքունի սրահներուն եւ գաւյիթներուն մէջ կը վխտային ամէն հասակի, ամէն կարգի զինուորականք, եւ այդ խրոխտ արեւեն սեւցած, ժանգոտած կերպարանքները, որ պատերազմական փողին ձայնին, նոյնն է մահուան ձայնին, քսանեւհինգ տարիներ անխռով մնացեր էին, հիմա անձայն, անշշունջ իրարու կը մօտենային, առանց բարեւելու իրարու կը նայէին` շրթունքնին կ'ամփոփէին եւ վերջը անսովոր արցունք մը ծածկելու համար առանձին տեղուանք կը փնտրէին:

Բոլոր հայ Կիլիկիոյ մէջ անխռով մարդ մը միայն ինք Թորոս թերեւս մնացեր էր, որ մահուան անկողնին մէջ տարածուած, իր վերջին կամքերը կը կատարէր, եւ ի՞նչ էին իր վերջի կամքերը:

Փոքրիկ տղայ մը` Ռուբեն` վեց-յոթը տաբու, շփոթած ամէնուն արցունքն երէն եւ տխրութենեն, կեցէր էր հօրը մահճաց քով. տղուն պապ` Թոմաս իշխանը` տխուր, բայց յուսահատ տխրութեամբ արձանի պէս նոր,ա քով կը կենար. անկողէին միւս կողմը Գոհար ծունկի վրայ ծածուկ արցունքներէ եւ անքուն գիշերներէ աչքերուն փայլը կորուսած, մեյ մը հօրը երեսը, մեյ մը երկինք կը նայէր յուսոյ նշոյլ փնտրելով. քիչ մը անդին կեցած էին Ռուբեն եւ Լեւոն` իր եղբօրորդիքը լուռ եւ տխուր: Իսկ իշխանաց եւ զօրաւորաց երեւելիքը սենեկին չորս կողմր կազմած էին. շնչառութեան ձայն անգամ չէր լսուէր, լռութիւնն այնչափ սաստիկ էր:

Երբ ամէնքը չորս կողմը շարուած տեսաւ Թորոս, աչքերը փայլ մը առինչ հսկայ իրանը անգամ մը շարժեցաւ եւ հանդարտ ձայնով մը սկսաւ խօսիլ.

«Ո՜վ դուք, սիրելիք իմ, բարեկամք եւ նիզակակիցք իմ, որ հոս զձեզ փափագեցայ անգամ մ՚ալ տեսնելու` հրաժարական ողջոյնս տալու եւ վերջին յանձնաբարութիւնքս ընելու համար… դուք որ միշտ ձեր քաջութիւնը ցոյց տուիք մինչեւ այսօր, պէտք է որ այս հանդիսաւոր վայր կենիս նաեւ քաջ եւ անխռով կենաք, տկարութիւն հեռի՜ մեզմէ: Մտիկ ըրէք ուրեմն այն մարդուն վերջի կամքերը, որուն երեսուն տարի բարեբախտութիւն շնորհեց աստուած ձեր իշխանը լինելու: Այո՛, աստուածային մեծ շնորհքն էր, եւ ես կը խոստովանիմ եւ միշտ կը յիշեմ այն օրը, որ տարագիր, անծանօթ, պանդուխտ եւ մոռցուած այս ափունքը կ'ելնէի քանի մը ընկերներով եւ նաեւ չէի հավտար թէ իմ նախահարցս գործերէն աւելի մեծերը, անոնց իշխանութենեն աւելի ընդարձակը սահմանէր էր ինձի նախախնամութեան ձեռքը իմ ազգիս զիս առաջնորդ եւ պատսպարան ընելու համար, եւ այս գործիս մէջ ձեր քաջութեան ձեռնտուութիւնը ինձ տուաւ… Հիմա որ ես կ'երթամ, առաջի աստուծոյ` ետքը ձեզի աւանդ կը յանձնեմ այս տկար տղան. թէ որ տիրոջ կամքն է, այս ալ կը մեծնայ, կը զօրանայ` հօրը պէս իր ազգին նեցուկ եւ առաջնորդ լինելու մանաւանդ թէ ձեր կորովփ բազուկները օգնական լինեն իրեն: Ուրեմն սիրով եղէք, միաբան եղէք իրարու հետ, ազգին համար, ձեզի համար, եւ այս անմեղ տղուն համար: Մի մոռնաք թէ հայ խաչին դրօշակը այս լեռներուն վրայ եղբայրութեան սիրով հաստատուեցաւ, ատելութիւն, նախանձ, ամբարտաւանութիւն առաջին օրը, որ զայն կործանեն, գերութեան եւ թշուառութեան կը հասնին հաւասար ամէն մեր զաւկներուն վրայ, նաեւ ամէն այն հայոց վրայ, որ աշխարհիս յետին ծայրեն հոս կը դիմեն ազատութեան օդ շնչելու համար: Մնաք բարեաւ՜, սիրելի նիզակակիցք իմ, աստուած ձեզի օգնական լինի միշտ` ինչպէս երբեմն որ մէկտեղ էինք»:

Շրջանը աւրուեցաւ, հեկեկանաց ձայներ ոմանք ափերնուն մէջ, ոմանք թաշկինակներու մէջ կը խղդէին, ամենեն քաջերը աչքերնին արցունքով լեցուն կ'ուգային լռիկ` առնելու եւ համբուրելու այն աջը, որ այնչափ տարիներ առաջնորդէր էր իրենց պատերազմի եւ խաղաղութեան մէջ, եւ փառօք ու մեծութեամբ լցուցեր էր զիրենք: Բայց Թորոս դեռ դռան կը նայէր եւ առանց հարցնեղու մարդ կը փնտրեր: Բաբկէն չէր երեւար, խեղճ ծերը թէպէտ ութսունը անցած` իմանալուն պէս ելեր էր Ամուտայ բերդեն գալու համար, բայց դեռ չէր հասեր. Թոռնիկ հազիւ կրցաւ երեւալ եւ իր այլայլութիւնը ծածկելու համար փախուստ կ'ուտար:

Ամենեն թշուառը ամենեն երջանիկն էր նոյն միջոցին. Ռուբեն որդին, որ իր ապագայ թշուառութեան չափն ալ չէր կրնար իմանալ, եւ չէր կրնար հասկնալ խեղճ որբ` թէ այնպիսի հայր մը կորսնցնելով իշխանութեան ժառանգութիւնը սպառնալիք մ՚էր իր անմեղ կենաց:

Ոչինչ պակաս թշուառ չէր նաեւ Գոհարի ապագան, որ չէր գիտէր թէ ինչ ընդունելութիւն պատրաստած էին իր լամբրոնացիքը, որ հօրը վախեն մինչեւ այն օրը լաւ կը վարուէին իրեն հետ: Բայց խեղճ կինը զինք մոռցեր էր այն միջոցին, միայն այնպիսի հորմէ բաժնուիլը կը նկատէր:

Իսկ Թորոս այն վայրկենին, որ մահը դէմառդէմ տեսաւ, հանդերձեալ անմահութիւնն ալ տեսաւ. յանձնեց նախախնամութեան իր ազգն ալ, իր երկու զաւկներն ալ, իր հոգին ալ:

Կրօնական ամէն պարտաւորութիւնները կատարեց, եւ երկրորդ օրը եկեղեցին իր տխուր երգերը կ'երգէր, իսկ ազգը կոպար այնպիսի իշխանի մը վրայ, որ հայր եղեր էր ժողովրդեան, եւ նորա ողյբը տարիներ քաշեց, մինչեւ որ Լեւոնը իր հօրեղբօրը յաջորդելով` ազգին արցունքները սրբեց:

Թաղեցաւ Թորոս համանուն հօրեղբօր քով ի Դրազարկ, ուր Եւփիմէի աճիւնը տարիներով յառաջ իրեն կը սպասէր:

Վերջ

Genres and tags

Age restriction:
12+
Release date on Litres:
30 June 2017
Volume:
260 p. 1 illustration
ISBN:
9781772467963
Copyright Holder::
Aegitas
Download format:

Similar books